11 May, 2023

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՔՈՒԷՅԹԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 10 Մայիսի առաւօտուն, Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Քուէյթի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մուհամմատ Իրանի եւ անոր քաղաքական հարցերու խորհրդատուն։ Հանդիպման ներկայ էր Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերապատիւ Տէր Պետրոս Ծայրագոյն Վարդապետ Մանուէլեանը։

 

Նկատի ունենալով, որ դեսպանը նախապէս Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպանը եղած է, խօսակցութիւնը առաւելաբար կեդրոնացաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցին շուրջ։ Այս ծիրէն ներս Հայրապետին եւ դեսպանին միջեւ տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ։ Դեսպանը գնահատելով Լիբանանի հայութեան դրական դերակատարութիւնը՝ շեշտեց կողմերու միջեւ մօտեցման դրական դեր կատարելու կարեւորութիւնը։