ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, 19 Փետրուար 2023-ին, կը զուգադիպի Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանը կանխող Բուն Բարեկենդանը։ Աւանդութեան համաձայն, Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, գլխաւորութեամբ վարժարանի տնօրէնուհիին, կ՚այցելեն Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը։   Արդարեւ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի…