8 May, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Շաբաթ, 6 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը։
 
Վեհափառ Հայրապետին եւ Պապական Նուիրակին միջեւ խորհրդակցութիւնները առաւելաբար կեդրոնացան Լիբանանի ներքին կացութեան եւ մասնաւորաբար նախագահական ընտրութեան վրայ։ Այս ծիրէն ներս եղան տեղեկութիւններու ու տեսակէտներու փոխանակում՝ կարեւորութեամբ շեշտելով շուտափոյթ նախագահական ընտրութիւն կատարելու հրամայականը։
 
Յայտնենք, որ Պապական Նուիրակը Ն.Ա. Ֆրանսիս Պապին կողմէ նամակ մը յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին։