Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԳՆԱՀԱՏԱՔԸ ՅԱՅՏՆԵՑ «ԿՈԿԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ

Երկուշաբթի, 9 Ապրիլ 2018-ի առաւօտուն ընդունելով «Կոկիկեան» հիմնարկի ընդհանուր տնօրէնուհի Սուհէյլա Հայէքը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց անցնող տարիներու ընթացքին հիմնարկին կատարած կրթական մարզէն ներս աշխատանքներուն գծով։ Հիմնարկի տնօրէնուհիին ընկերացող Շանթ Վարդանեանին եւս Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու քաջալերանքը յայտնեց, որովհետեւ ան «Կոկիկեան» հիմնարկէն ստացած կրթաթոշակով ուսանած էր եւ վերջերս արտաքին գործոց նախարարութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒՀԻՆ

Երկուշաբթի, 9 Ապրիլ 2018-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի նորընտիր ընդհանուր քարտուղարուհին՝ Դոկտ. Սուրայյա Պաշաալինին, որուն կ՚ընկերանար Խորհուրդի գործադիր վարչութեան մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներէն Դոկտ. Ժան Սալմանեանը։   Դոկտ. Սուրայյա ընդհանուր գիծերով պարզեց իր ստանձնած պատասխանատուութենէն ասդին կատարած իր աշխատանքները ու յատկապէս յառաջիկայի իր ծրագիրները։ Վեհափառ Հայրաապետը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԻՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 5 Ապրիլ 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին հետ։ Արամ Ա. Կաթողիկոս նախ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Պապին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ Լիբանանի գծով իր ցուցաբերած զօրակցութեան համար։ Ապա Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ հարցերը Պապին ազնիւ ուշադրութեան յանձնեց.-   1) Պայմաններու հետեւանքով եկեղեցիներ Գրիգորեան եւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ ԵՐԴՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Յառաջիկայ Երկուշաբթի, 9 Ապրիլ 2018-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի նորընտիր նախագահ վսեմաշուք Արմէն Սարգիսեանի երդման արարողութեան, յատուկ պատուիրակութիւն մը յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ։   Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան՝ առաջնորդ Թեհրանի հայոց թեմին, Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան՝ առաջնորդ Յունաստանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՍՈՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔ Ն.Ս. ՄԱՐ ԱՖՐԱՄԻՆ

Երկուշաբթի, 2 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Նորին Սրբութիւն Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքը։ Երկու հոգեւոր պետերու միջեւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ երկար հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, որու ընթացքին արծարծուեցան հայ եւ ասորի եկեղեցիներու պատմական յարաբերութեան, Սփիւռքի զանազան գաղութներէն ներս ու յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ երկու եկեղեցիներու յարաբերութեան, ինչպէս…

«ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԽԱՉԻ ԶՕՐՈՒԹԵԱՄԲ ՏԱՐՈՒԱԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 1 Ապրիլ 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքը անգամ մը եւս ողողուած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ, որ եկած էր տօնելու Մեր Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Զատկական հայրապետական Ս. Եւ Անմահ Պատարագ, որու ընթացքին իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Մեծի Տանն…

«ԵԿԷ՛Ք ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀԵՏ ԹԱՂԵՆՔ ՄԵՐ ՄԵՂՔԵՐԸ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԻՐ ՅԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՆՔ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Աւագ Ուրբաթ, 30 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար հաւաքուած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, որ մասնակից դարձաւ Մեր Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի Թաղման Կարգին։ Արարողութեան հանդիսապետեց ու իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին սկիզբը յայտնեց, որ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջալոյսի դէպքերը պէտք է դիտել…

«ՍԷՐԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՃԱՌԱԳԱՅԹՆ Է ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ՝ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ՈՒ ՇՐՋԱՊԱՏԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՂ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հինգշաբթի, 29 Մարտ 2018-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հոգեպարար արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Հետեւելով Մեծ Վարդապետին օրինակին, Նորին Սրբութիւնը լուաց միաբան հայրերուն ու Դպրեվանքի սաներուն ոտքերը ու ապա տուաւ իր Հայրապետական պատգամը։   Իր պատգամին մէջ Հայրապետը ընդգծեց Քրիստոսի սէրը ու յայտնեց,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄԸ ՄԵՂՔԷՆ       Կորնթոսի նորադարձ քրիստոնեաներու մտքին մէջ շփոթ կար, անորոշութիւն կը տիրէր Քրիստոսի յարութեան մասին։ Կորնթոսի նորահաստատ եկեղեցւոյ ուղղած իր առաջին նամակին մէջ, Պօղոս Առաքեալի մօտեցումը կ’ըլլայ յստակ.- Քրիստոսի յարութիւնը իրողութիւն է, որովհետեւ ան հիմնուած է ականատեսի վկայութիւններուն եւ Աւետարանի ուսուցումներուն վրայ։ Ապա Առաքեալը կ’աւելցնէ թէ՝ Քրիստոս մեր մեղքերուն…

ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

    Աւագ Երեքշաբթի 27 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ Շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններուն առաջինը՝ Տասը Կոյսերու Յիշատակի ժամերգութիւնը, որ նուիրուած է Յիսուսի երկրորդ գալուստի խորհուրդին։   Աւետարանի ընթերցումէն ետք հինգ հայ աղջիկներ, որոնց վիճակուած էր «իմաստուն» գրութիւնը, վառ պահեցին իրենց մոմերը, իսկ միւս հինգը, որոնց վիճակուած էր…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՄԻ ՃԸՄԱՅԷԼԸ

Երեքշաբթի, 27 Մարտ 2018-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախագահ Սամի Ճըմայէլի այցելութիւնը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Լիբանանի այժմու կացութեան ու յատկապէս Մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց ժողովրդավարական սկզբունքները յարգելու եւ խռովարար մթնոլորտ մը ստեղծելու փորձերէն հեռու մնալու, ինչպէս նաեւ…

«ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԴԵՐ ՈՒՆԻ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԸ ՀՈԳԵՒՈՐ, ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԵԼՈՒ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

    Անթիլիասի Մայրավանքը Կիրակի, 25 Մարտ 2018-ին, իր շրջափակին մէջ ընդունեց հազարաւոր հայ ընտանիքներ, որոնք եկած էին տօնելու Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ եւ վերանորոգուելու տօնին պատգամով։ Այս առիթով, Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։   Մանուկներուն թափօրի աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը տուաւ…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ՀԱՍԱՒ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ

«ՏԻԱՐ ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ ԵՒ ՓՐՈՖ. ՌԻՉԸՐՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ ԻՐԵՆՑ ԽՕՍՔՈՎ ՈՒ ԳՈՐԾՈՎ ԱԶԱՏ ՈՒ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ ԴԱՐՁԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ       Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքին Վեհարանի դահլիճին մէջ 21 Մարտ 2018-ին ընթացք առած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նուիրուած համահայկական համաժողովը 23 Մարտին աւարտեց իր աշխատանքները։   Ընդամէնը տասը նիստերէ բաղկացած…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ՆԻՍՏԵՐԸ

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին, նախագահութեամբ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի, Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի եւ Տիար Երուանդ Փամպուքեանի, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի կ՚ունենայ եռօրեայ համաժողով՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-րդ ամեակին։   Դահլիճին մէջ համախմբուած ակադեմիկոսներն ու պատմաբանները, ինչպէս նաեւ պետական ու հասարակական գործիչները ցարդ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԻ ԲԱՑՄԱՆ

      Սոյն գրութիւնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամն է արտասանուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ կառուցուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակի Յուշակոթողի բացման, Չորեքշաբթի 21 Մարտ 2018-ին, ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Ն.Վ. Բակօ Սահակեանքի, Հայաստանէն եւ Սփիւռքի զանազան երկիրներէն ժամանած անձնաւորութիւններու եւ ժողովրդային հոծ բազմութեան։ Յուշակոթողին ծախսերը հոգացին Զուիցերիայէն Ազգային Բարերար Տէր…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԸ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՄԱՏՈՒՌԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐԱՐՆ Է, ԻՍԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ     Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի համահայկական համաժողովին առաջին օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ բացումը Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նուիրուած յուշակոթողին, որ բարձրացաւ է Անթիլիասի Մայրավանքին շրջափակին մէջ։   Չորեքշաբթի, 21 Մարտ 2018-ի երեկոյեան…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԱՆԹԻԼԻԱՍԸ ԵՌԱԳՈՅՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴՈՎ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄՈՎ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐ ԿԱԶՄԱՒՈՐԵՑ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ     Չորեքշաբթի, 21 Մարտ 2018-ին առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի եռօրեայ համաժողովը։ Համաժողովը կը հովանաւորէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը։ Համաժողովը կը վարեն նախագահներ՝ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան,…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ԱՋԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՕՐՀՆԵՑ ԲԱԶՄԱՀԱԶԱՐ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը տարիներու աւանդութեան համաձայն այս տարի եւս յիշատակեց մեր Հաւատքի Հօր, հայոց աշխարհի երկրորդ լուսաւորիչ՝ Ս. Գրիգոր Հայրապետի մուտն ի Վիրապ տօնը. տօն մը, որ Ս. Աթոռոյս համար տարբեր նշանակութիւն ունի, որովհետեւ այս տօնը Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի ՈՒԽՏԻ ՕՐն է։   Արդարեւ, 18 Մարտ 2018-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ…

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ՄՈՒՏՆ Ի ՎԻՐԱՊ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

    Շաբաթ, 17 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Անթիլիասի Ուխտի Օր»-ուան առիթով, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն, որուն նախագահեց եւ իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Արարողութեան մասնակցեցան միաբան հայրեր, դպրեվանեցիներ եւ ուխտաւոր ժողովուրդ: Խօսելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տօնին իւրայատկութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց,…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԱՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴԵՍՊԱՆ ՀԱՍԱՆ ՍԱԱՏԸ

Հինգշաբթի, 15 Մարտ 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց նախկին դեսպան եւ այժմ Լիբանանի պետութեան ներքին գործոց նախարարութեան մէջ խորհրդականի պաշտօն ունեցող Հասան Սաատը։   Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հայ գաղութներուն առնչուած աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն։ Դեսպանին ներկայութեան Նորին Սրբութիւնը հեռաձայնային կապ հաստատեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴԱՅԶԷԻ ԷՔԻՒՄԷՆԻՔ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 14 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ֆրանսայի մէջ հաստատուած Դայզէի էքիւմէնիք միաբանութեան ներկայացուցիչները, ընկերակցութեամբ մարոնիթ պատրիարքի փոխանորդ եպիսկոպսին: Հանդիպումին Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերոոթեան վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանը, Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանը եւ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը։ Վերոյիշեալ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԱՆԳԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 13 Մարտ 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Անգլիոյ դեսպան՝ Հիւկօ Շորթըրը։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները ու յատկապէս նախընտրական շրջանին Լիբանանի պարզած ներքին կացութիւնը։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Երկուշաբթի, 12 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան, Լիբանանի նախագահին ու վարչապետին հետ հանդիպում ունենալէ ետք այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք եւ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։   Վեհափառ Հայրապետին կողքին հանդիպումին ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, իսկ վարչապետ Կարապետեանին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նախարարներ։   Նորին Սրբութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՆԱՏԻՄ ԺԸՄԱՅԷԼԸ

  Շաբաթ, 10 Մարտ 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց նախկին նախագահ Պաշիր Ժըմայէլի զաւակին՝ երեսփոխան Նատիմ Ժըմայէլի այցելութիւնը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր քննարկում կատարելու Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ շրջանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն շուրջ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԱՍՊԵՏԻ ԿԱՐԳ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԱՐԱՄ ԵՒ ՌԱՖՖԻ ՄԱԼԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

Կիրակի, 11 Մարտ 2018-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետի Կարգ»ի շքանշանով պարգեւատրեց Արամ եւ Ռաֆֆի Մալեան եղբայրները։ Պարգեւատրումէն առաջ խօսք առաւ «Արարատ» օրաթերթի խմբագիր՝ Անի Եփրեմեանը եւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Մալեան եղբայրներուն կատարած բարերարութիւնները եւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը Լիբանանի հայութեան կեանքէն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԵՐԿԱՅ ՊԻՏԻ ԳՏՆՈՒԻ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ԱՐՁԱՆԻ ԶԵՏԵՂՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

8 Մարտ 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ՝ Իվան Սանդուս Եպիսկոպոսը։ Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութեան պաշտօնապէս յանձնել Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէր-նամակը, Հինգշաբթի 5 Ապրիլ 2018-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանի զետեղման արարողութեան։   Նշենք, որ յիշեալ արձանը Պապին նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Սերժ Սարգիսեանի կողմէ։ Արարողութեան…

«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԸԼԼԱԼ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԴԱՌՆԱԼ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՈՒ ԽՈՆԱՐՀ ՀԵՏԵՒՈՐԴԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Լիբանանի Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդառաջելով Լիբանանի Առաջնորդ Սրբազանին ու Ազգային Իշխանութեան հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Միջինքի Արեւագալի արարողութեան։ Վեհափառ Հայրապետին կողքին արարողութեան նաեւ ներկայ եղան միաբան հայրեր ու Դպրեվանքի սաներ։   Դպրեվանքի սաներուն կողմէ կատարուած Արեւագալի հոգեպարար ժամերգութեան աւարտին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ.…

ԴԱՆԻՈՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Երեքշաբթի, 6 Մարտ 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Տանիմարքայի կառավարութեան կրօնքի ազատութեան հարցերու ներկայացուցիչ՝ Ֆրանս Մայքըլ Մելպինը։ Վերջինս իր կառավարութեան կողմէ ուղարկուած էր Միջին Արեւելք, մօտէն տեղեակ դառնալու կրօնքի ազատութեան պարզած ներկայ կացութեան։   Վեհափառ Հայրապետը այս ծիրէն ներս իր ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ, նախ ընդհանուր կերպով անդրադարձաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԲՈՂՈՔԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 3 Մարտ 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժընեւի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ՝ Դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըրին, որ յատուկ կերպով Պեռնէն եկած էր հանդիպում ունենալու Վեհափառ Հայրապետին հետ։   Հանդիպումին ներկայ էին Ուեպսթըր համալսարանի դասախօս եւ Արմենօֆասի նախագահ՝ Տիկ. Թենի-Փիրրի Սիմոնեանը եւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը։  …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ “THE ARMENIAN CHURCH” (ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ) ԳԻՐՔԻՆ ՖՐԱՆՍԵՐԷՆ, ԳԵՐՄԱՆԵՐԷՆ ՈՒ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՄԲՈՂՋԱՑԱՆ

Շուրջ երկու տարիներ առաջ անգլերէն լեզուով գրած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին «The Armenian Church» (Հայ Եկեղեցին) գիրքին ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ արաբերէն թարգմանական աշխատանքները ամբողջացան։ Վերջին օրերու ընթացքին Ժընեւի մէջ, Վեհափառ Հայրապետը անձնապէս հետեւեցաւ յիշեալ գիրքին ֆրանսերէն ու գերմաներէն թարգմանութեան աշխատանքներուն։   Յայտնենք, որ ֆրանսերէն թարգմանութիւնը կատարուեցաւ Պէաթրիս Պէնկթըսոնի (Ֆրանսա) կողմէ, որ աստուածաբանութիւն ուսանած ըլլալով՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՅՂԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ՏԻԱՐ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անձնապէս եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան ու Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ջերմօրէն կը շնորհաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ՝ Արմէն Սարգիսեանը։         Նորին Վսեմութիւն Տիար Արմէն Սարգիսեան Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան Երեւան   Սիրելի՛ Պրն. Նախագահ,   Անհուն ուրախութեամբ կ’ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը, որպէս Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան, որ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՈՒՏՈՎ ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ ՊԻՏԻ ՈՒՂՂԷ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին թելադրութեամբ, Բերիոյ Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, 28 Փետրուար 2018-ի առաւօտուն, այցելեց Տէր Զօր՝ մօտէն տեղեակ դառնալու Տէր Զօրի Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ համալիրին կրած վնասներուն։ Առաջնորդ սրբազանը ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ նախ այցելեց Տէր Զօրի նահանգապետին եւ անոր փոխանցեց Նորին Սրբութեան ողջոյնները, ապա ան այցելեց Սրբոց Նահատակաց համալիր։…

«ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԱՌՈՅՑԸ ՄԵՆՔ ՋԵՐՄՕՐԷՆ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԵՆՔ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած միջ-կրօնական միջազգային համագումարին իր տուած դասախօսութեան սկիզբը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց արաբական աշխարհի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու միջեւ գործակցութեան կառոյց մը ստեղծելու որոշումը՝ շեշտելով, որ նման նախաձեռնութիւն հրամայական անհրաժեշտութիւն է ոչ միայն արաբական աշխարհէն, այլ աշխարհի բոլոր շրջաններէն ներս։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը եօթը կէտերու մէջ պարզեց այն հիմնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՎԻԵՆՆԱ ԵՒ ԺԸՆԵՒ

Կիրակի, 25 Փետրուար 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Վիեննա (Աւստրիա) մասնակցելու եւ դասախօսութիւն տալու քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու ժողովին։ Հանդիպումը կազմակերպուած է Ապտալլահ Բ. թագաւորին միջ-կրօնական երկխօսութեան կեդրոնին կողմէ։   Ապա Նորին Սրբութիւնը Վիեննայէն պիտի մեկնի Ժընեւ (Զուիցերիա), ուր միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ու Արմենօֆասի առնչուած յաջորդական հանդիպումներ պիտի ունենայ։ Սոյն ճամբորդութեան ընթացքին, որ պիտի տեւէ…

ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՏԻԱՐ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Շաբաթ, 24 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի նախագահական ընտրութեան թեկնածու Տիար Արմէն Սարգիսեանին։   Վեհափառ Հայրապետը մօտէն ճանչնալով Տիար Սարգիսեանը, ջերմօրէն ողջունեց անոր թեկնածութիւնը՝ շեշտելով, թէ Հայաստանի ներքին կեանքին եւ Սփիւռքին լայն չափով ծանօթ ըլլալով, ինչպէս նաեւ ակադեմական ու տնտեսական մարզերէն ներս իր ունեցած հարուստ փորձառութեամբ ու միջազգային շրջանակներուն…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ

11-12 Փետրուար 2018-ին, Ամմանի մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան յատկացուած համագումար մը՝ կազմակերպութեամբ Վիեննայի Ապտալլահ Բ. թագաւորին միջ-կրօնական երկխօսութեան կեդրոնին։ Յիշեալ համագումարը շարունակութիւնն էր 15-16 Դեկտեմբեր 2017 թուականին նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցած համագումարին։   Արդարեւ, առաջին համագումարով սկսուած քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան շարք մը փաստաթուղթեր իրենց վերջնական ձեւը ստացան։ Անոնք առնչուած էին քրիստոնեայ եւ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

19 Փետրուար 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Թեմի Ազգային Վարչութեան՝ գլխաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանին։ Թեմին Ազգ. Վարչութիւնը Մայրավանք եկած էր Լիբանանի հայ դպրոցներուն յառաջիկային դիմագրաւելիք նիւթական դժուարութիւններու նկատմամբ խորհրդակցելու Վեհափառին հետ ու անոր թելադրութիւնները լսելու։   Յայտնենք, որ Լիբանանի կառավարութեան որոշումով ուսուցիչներու ամսականի զգալի յաւելումը, բնականաբար իր լուրջ…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

20 Փետրուար 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Լիբանանի յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն երեք համայնքներու, կուսակցութիւններու ու բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչները։   Յանձնախումբը Նորին Սրբութեան պարզեց յառաջիկայ ամիսներուն իր կատարելիք ձեռնարկներու ծրագիրը, ուր Մարտ 21-ին Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունենալիք Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթողի բացման Լիբանանի հայութեան մասնակցութիւնը կարեւոր տեղ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

19 Փետրուար 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Պարոն Սամուէլ Մկրտչեանը։ Դեսպանը տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը Լիբանանի նախագահին Հայաստան կատարելիք այցելութեան, ինչպէս նաեւ յառաջիկային Հայաստանի վարչապետին Լիբանան տալիք այցելութեան մասին։ Նորին Սրբութիւնը ողջունելով Լիբանանի ու Հայաստանի միջեւ պետական բարձրագոյն մակարդակներու վրայ տեղի ունեցող փոխադարձ այցելութիւնները, ընդգծեց անոնց կարեւորութիւնը՝ երկու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՀԱՍԱՆ ՌՈՀԱՆԻԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իմանալէ ետք Թեհրան-Եասուջ իրանական թռիչքի օդանաւին ջախջախումը, ցաւակցական նամակ մը յղեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ՝ Հասան Ռոհանիի։   Ցաւակցագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը յանուն մեր Ս. Աթոռին եւ Իրանի հայ համայնքին իր ցաւակցութիւնը յայտնեց նախագահին, Իրանի ժողովուրդին եւ արկածին զոհերու ընտանիքներուն՝ աղօթելով, որ Աստուած զօրացնէ զիրենք իրենց ցաւին մէջ, ինչպէս նաեւ պահպանէ…

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Հինգշաբթի 15 Փետրուարէն Շաբաթ 17 Փետրուար 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական հանդիպում հին կաթոլիկ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ։   Յիշեալ եկեղեցւոյ կողմէ կը մասնակցէին Դոկտ. Հարըլտ Րէյն եպիսկոպոսը, որ եպիսկոպոսն է Զուիցերիոյ հին կաթոլիկ եկեղեցւոյ ու միաժամանակ ընդհանուր պատասխանատուն՝ նոյն եկեղեցւոյ պատկանող Պեռնի…

«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԸՍԵԼԻՔ ՈՒ ԸՆԵԼԻՔ ՈՒՆԻ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ՝ ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ, ԵՒ ԱՅԴ ՄԷԿԸ ՊԷՏՔ Է ԿԱՏԱՐԷ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՄԲ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի թելադրութեամբ ու Քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ Երիտասարդական Բաժանմունքներուն կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 14 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Երիտասարդական պատարագ։   Երիտասարդներու հոծ բազմութեան ներկայութեան, Նորին Սրբութիւնը տուաւ իր հայրապետական պատգամը։ Ողջունելէ ետք երիտասարդներուն ներկայութիւնը, ան…

«ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ ՈՒ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԼԵՑՈՒՆ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՒ ԴՊՐՈՑՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութենէն քառասուն օր ետք Հայ Եկեղեցին կը նշէ Տիրոջ տաճար ընծայման տօնը՝ Տեառնընդառաջը, որուն նախատօնակը կը նշուի Փետրուար 13-ին։   Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գիրգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակ եւ հանդիսաւոր Անդաստան՝ հանդիսապետութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Հանդիսաւոր Անդաստանէն եւ աւանդութիւն…

ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՄԱՐՈՔԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 13 Փետրուար 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Մարոքի դեսպան Մոհամմատ Քրին։ Դեսպանին առաջին այցելութիւնը ըլլալով, Վեհափառ Հայրապետը լայն ծանօթութիւններ տուաւ ընդհանրապէս Հայաստանի ու Սփիւռքի եւ յատկապէս Լիբանանի հայութեան մասին, միաժամանակ անդրադառնալով Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան։   Հանդիպման ընթացքին կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հրամայականը։ Այս ծիրէն…

ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ

Մեծ պահոց քառասնօրեակին կը նախորդէ Բուն Բարեկենդանի Կիրակին, որ Անթիլիասի Մայրավանքին Կիրակնօրեայ վարժարանը զայն կը նշէ փոքրիկներուն զանազան կերպարներու ծպտումով։ Այս առիթով, 11 Փետրուար 2018-ին, Ս. Եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Մայրավանքին Կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկները Վեհարանի դահլիճին մէջ։    Փոքրիկներով շրջապատուած Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Կիրակնօրեայ վարժարանին՝ անոր ջամբած…

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԸ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Հինգշաբթի, 8 Փետրուար 2018-ին, Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ ի յիշատակ 451 թուականին վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց նահատակուած Սրբոց Վարդանանց։ Պատարագին հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։   Պատարագիչ սրբազանը յաւուր պատշաճի փոխանցեց Վարդանանց պատգամը։ Ան յայտնեց, որ պատմութեան մէջ…

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ

  29 Յունուարէն 3 Փետրուար 2018-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ ոչ-քաղկեդոնական Արեւելեան Ուղղափառ քոյր Եկեղեցիներու եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան 15-րդ հանդիպումը: 2003 թուականին սկսած յիշեալ աստուածաբանական երկխօսութեան նպատակն է քննարկումներ կատարել զոյգ եկեղեցական ընտանիքները բաժնող աստուածաբանական ու դաւանական հարցերու շուրջ, հասարակաց մօտեցումները ու աւանդութիւնները աւելի ամրապնդել եւ տարբերութիւնները նուազագոյնի իջեցնող յստակեցումներ ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆԸ ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

6 Փետրուար 2018-ի յետ միջօրէին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային թաղումը Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Յակոբ Եափուճեանին։   Թաղման արարողութեան նախագահեց Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։ Սրբազանը հանգուցեալին հոգւոյն արտասանած դամբանականին մէջ մէջբերեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին վկայութիւնը. «Վերջին 40 տարիներուն ընթացքին, Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ հանգուցեալը եղաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ԿԻՊՐՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

5 Փետրուար 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի վերընտրութեան առիթով, անոր ուղղուած շնորհաւորական յատուկ գիրին մէջ ըսաւ. «Ձեր վերընտրութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է ձեր անձին նկատմամբ ժողովուրդին ունեցած վստահութեան, ինչպէս նաեւ ակնկալութեան»։ Ապա Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ իր նախագահական առաջին շրջանին «շնորհիւ հետեւողական եւ յանձնառու ճիգերուն, կարեւոր իրագործումներ կատարուեցան տնտեսական…

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՎԱՍՆ ՀՈԳՒՈՑՆ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱՑՆ ՍՐԲՈՅ ԱԹՈՌՈՅՍ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆ ՄԻԱԲԱՆԻՑ ՈՒԽՏԻՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

Կիրակի, 4 Փետրուար 2018-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին «Զարեհեան յուշարձան-դամբարան»ին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երջանկայիշատակ հայրապետներուն եւ լուսահոգի միաբան հայրերուն հոգեհանգստեան պաշտօնը՝ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։   Փետրուար ամսուան ընթացքին կատարուող այս հոգեհանգստեան պաշտօնը աւանդութիւն մըն է եւ տեղի կ՚ունենայ Անթիլիասի Մայրավանքին եւ Աթոռոյս…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Հինգշաթբի-Ուրբաթ, 1-2 Փետրուար 2018-ին, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան յաջորդական նիստեր տեղի ունեցան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս։   — Համապարփակ քննարկումի ենթարկուեցան առաջին հերթին 2017-ին իրագործուած եւ 2018-ի նախահաշիւ պիւտճէն, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանին ընդհանուր նիւթական կացութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ Կաթողիկոսարանին տնտեսական ընդհանուր կացութիւնը մնայուն հաշուեքննութեան ենթակայ է թէ՛ յանձնախումբին եւ թէ՛…

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

31 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ Տիար Երուանդ Փամպուքեանի ատենապետութեամբ, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի հանդիպումը։ Հանդիպումին ներկայ էր, յատկապէս այս առաքելութեամբ Հայաստանէն Անթիլիաս ժամանած, Հայաստանի Հանրապետութեան Աճառեան Լեզուի Հիմնարկի տնօրէն՝ Փրոֆ. Վիքթոր Կատուալեան։ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով ներկայացուց շուրջ երեք տարիներ առաջ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Յունուար 30-ին, Լիբանանի Հանրապետութեան Միւֆթիի կեդրոնատեղիին՝ Տար էլ-Ֆաթուայի մէջ, տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը՝ Գերմանիոյ նախագահ Ֆ. Սթէյնմէյըրի եւ Լիբանանի քրիստոնեայ ու իսլամ համայնքապետներուն միջեւ։ Յիշեալ խորհրդակցական հանդիպումին յանուն Վեհափառ Հայրապետին մասնակցեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։   Յայտնենք, որ Գերմանիոյ նախագահը Լիբանան կը գտնուի երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ։ Նաեւ յայտնենք, որ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Անցնող երեք օրերուն ընթացքին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը։ Խորհուրդի համաժողովին ընտրուած նորընտիր Վարչութեան առաջին ժողովն էր, որ տեղի կ՚ունենար՝ մասնակցութեամբ բոլոր անդամներուն։ Մեր եկեղեցին յիշեալ մարմնին կը մասնակցի երկու անդամներով՝ յանձինս Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի եւ Դոկտ. Ժան Սալմանեանի։   Գործադիր Վարչութիւնը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց համաժողովին եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԵՒ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Երկուշաբթի, 29 Յունուար 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ միաբան հայրերու, այցելեց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին։   Երկու կրօնական կեդրոններուն մէջ եղբայրական սիրալիր մթնոլորտի…

ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ԵՒ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Կ՚ուզենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնել, որ շինարարական կարեւոր ծրագիրներ իրագործման ընթացքի մէջ են արդէն՝ Անթիլիասի Մայրավանքէն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն եւ «Թռչնոց Բոյն»էն ներս։ 1) Անթիլիասի Մայրավանք.- ա) Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով յուշակոթող մը կը բարձրանայ Մայրավանքի շրջափակէն ներս՝ բարերարութեամբ Տէր եւ Տիկին Ալէքքօ եւ Անի Պէզիքեանի, Զուիցերիաէն։ Յուշակոթողին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Ուրբաթ, 26 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆին, ընկերակցութեամբ անոր խորհրդականներէն ժեներալ Փանոս Մանճեանի։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընհանուր անդրադարձ մը կատարելու Լիբանանի ներկայ կացութեան։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց լիբանանեան բանակին դերը որպէս երաշխիք Լիբանանի կայունութեան, ապահովութեան ու միութեան։

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

  Ուրբաթ, 26 Յունուար 2018-ի առաւօտուն, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանի, այցելութիւն մը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։   Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներն ու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

  Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց ղպտի եկեղեցիէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Պիշոյ Արքեպիսկոպոսը, Պըն Եամին Արք.ը, Լիբանանի ղպտի համայնքին առաջնորդը եւ Դոկտ. Կրկէս Սալէհը:   Պատուիրակութեան անդամները Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեցին ղպտի եկեղեցւոյ պետ Թաուատրոս Պատրիարքին ողջոյնները եւ ապա Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցեցան երկու…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ՃԱՆԱՉՈՒՄ ԵՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄ. ԵՐԻՏԹՈՒՐՔԵՐԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (1919-1921 ԵՒ 1926 ԹԹ.)-Ի ԱՆԳԼԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամը լոյս ընծայեց իր 10-րդ թիւը՝ Մելինէ Անումեանի «Ճանաչում եւ դատապարտում. երիտթուրքերի դատավարութիւնները (1919-1921 եւ 1926 ԹԹ.) մենագրութեան անգլերէն թարգմանութիւնը՝«Acknowledgement and Condemnation: The Trails of Young Turks in 1919-1921 and 1926»։ Աշխատասիրութեան թարգմանիչն է հանգուցեալ դոկտ. Արա Գաբրիէլեանը, իսկ անգլերէն հրատարակութեան խմբագիրն է Արեւիկ Գաբրիէլեանը:     Մենագրութիւնը…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԳԱՂՏՆԱՍԱՑՈՒԹԻՒՆ ԱՅԳԻԻՍ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Գէորգ Մելիտինեցի Գրական մրցանակի թիւ 91-հրատարակութիւնը՝ Յակոբ Պալեանի «Գաղտնասացութիւն այգիիս մէջ» բանաստեղծական գործը, խմբագրութեամբ՝ Նազարէթ Պէրպէրեանի։   Հատորը կը բաղկանայ աւելի քան վաթսուն բանաստեղծական յօրինումներէ, որոնք կը խօսին սիրոյ, խոկումի, առանձնութեան, յուշերու, տխրութեան, խոստովանութեան մասին. հոն կան նաեւ ազգային շունչով գրուած բանաստեծութիւններ։    

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԵՐ ԹԱՂԻ ՄԱՐԴԻԿԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս կը տեսնէ «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հիմնադրամի թիւ 22-րդ հրատարկութիւնը՝ Վաչէ Ատրունիի «Մեր թաղի մարդիկը», խմբագրութեամբ՝ Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի։   Գիրքը կը պատմէ հեղինակին մանկութիւնն ու պատանութիւնը՝ զաւեշտախառն դառն իրականութիւններով, երբեմն չափազանցուած, իսկ երբեմն ալ ներկայացուած այնպէս ինչպէս որ են։ Վ. Ատրունիի յուշերուն վրայ հինուած «Մեր թաղին մարդիկը» սովորական…

ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ (Զ. ՀԱՏՈՐ)

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի 89-րդ հատորը՝ Յակոբ Օշականի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» Զ. Հատորը (Բ. Հրատարկութիւն), խմբագրութեամբ Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեանի։ Այս հատորը կը պարունակէ Հայ գրականութեան Արուեստագէտ սերունդի գրողներէն Եղիղէ Դուրեանի, Դանիէլ Վարուժանի եւ Զապէլ Եսայեանի վաստակներուն ու անոնց գործերուն վերլուծումները։

«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յունուար 17-18, 2018-ին, Գահիրէի Ալ-Ազհար իսլամական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը «Ի պաշտպանութիւն Երուսաղէմին» ընդհանուր խորագիրով։ Համագումարին հրաւիրուած էր իր խօսքը ուղղելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ համագումարին իր հետ ունենալով Թեհրանի հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։…

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Այսօր, 22 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Գերմանիոյ դեսպանը՝ Մարթին Հութը եւ իր տիկինը։ Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցիլ յառաջիկայ շաբաթ Գերմանիոյ նախագահին Լիբանան կատարելիք այցելութեան շուրջ։   Արդարեւ, հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ քննարկելու Լիբանանի, Միջին Արեւելքի ու յատկապէս վերջերս Գահիրէի մէջ Երուսաղմի մասին տեղի ունեցած համագումարին…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԵՐԷ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ

Նախաձեռնութեամբ Վատիկանի եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը հռչակուած է «Եկեղեցիներու միութեան համար աղօթքի շաբաթ»։ Այս շաբթուան ընթացքին, աշխարհի բոլոր կողմերը, եկեղեցիներ քով-քովի գալով՝ աղօթքներու, շարականներու, աւետարանական ընթերցումներու եւ յատուկ քարոզներու ճամբով կը շեշտեն եկեղեցիներու միութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը։   Լիբանանին մէջ եւս այս աւանդութիւնը կը յարգուի. ամէն տարի յաջորդաբար եկեղեցւոյ մը մէջ կը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏ Ն.Ս. ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Գահիրէ ժամանումէն անմիջապէս ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Ղպտի Եկեղեցւոյ պետ՝ Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ. Պատրիարքին հետ։ Ապա, հանդիպումին միացաւ Մարոնիթ Եկեղեցւոյ պետ՝ Պշարա Րաաի Պատրիարքը։ Երկու եկեղեցիներու պատուիրակութեանց ներկայութեան տեղի ունեցաւ յիշեալ հանդիպումը։   Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի ու եկեղեցիներու գործակցութեան առնչութիւն ունեցող հարցեր։   Խաղաղութեան հարցին շուրջ Ալ-Ազհար…

«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ ՊԱՀԵԼ՝ ՅԱՐԳԵԼՈՎ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԿՐՕՆԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

  17 Յունուար 2018-ին, Եգիպտոսի մէջ Երուսաղէմի հարցին շուրջ կազմակերպուած միջազգային համագումարի առաջին նիստին, խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ “անհրաժեշտ է յարգել միջազգային օրէնքի տուեալները ու պատմութեան ընթացքին նուիրագործուած աւանդութիւնները՝ Երուսաղէմը նկատելով սուրբ քաղաք միաստուածեան երեք կրօններու”։ Ապա Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ 7 կէտերուն մէջ ամփոփեց իր տեսակէտը.-   1) Հարկ է միջազգային համայնքին յիշեցնել,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԱՍԻՆ ԱԶՀԱՐԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Այս գիշեր, Երեքշաբթի 16 Յունուար, Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Գահիրէ, մասնակցելու Երուսաղէմի հարցին շուրջ Ազհարի կազմակերպած միջազգային համագումարին։ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանան Թեհրանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։   Համագումարը տեղի կ՚ունենայ նախագահութեամբ Եգիպտոսի եւ Պաղեստինի նախագահներուն ու մասնակցութեամբ կրօնական, պետական ու քաղաքական բարձրաստիճան…

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 16 Յունուար 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրանեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի փտածութեան դէմ պայքարի նախարար՝ Նիքոլա Թուէյնին։   Նախարարը Նորին Սրբութեան զեկուցեց իր նախարարութեան կողմէ կատարուող աշխատանքին մասին։ Հայրապետը գնահատելով նախարարին աշխատանքը՝ յիշեցուց, որ ներկայ ընկերութեան կեանքէն ներս փտածութիւնը դարձած է ընկերութիւնը բարոյապէս ու տնտեսապէս հիւծող չարիք մը, որուն դիմաց անհրաժեշտ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԿՈՆԴԱԿԸ

Ազատ ու անկախ ապրելու տենչը եւ կամքը, նո՛յնիսկ իմացեալ մահով, հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ամենէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկը դարձած է՝ Հայկ Նա­հա­պե­տէն սկսեալ։ Հարուստ է մեր պատմութիւնը բռնակալութեան դէմ հերոսական մարտնչում­ներով։   Այսպէ՛ս եղաւ 28 Մայիս 1918 թուականը մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ, երբ հայ ժողովուրդը, բոլոր ժամանակներու Վարդան Մամիկոնեաններու ու Ղեւոնդ Երէցներու հա­ւատքով թրծուած եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2018 ԹՈՒԱԿԱՆԸ ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ

Կիրակի, 14 Յունուար 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լոսաւորչի Մայր Տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական Սրբատառ կոնդակը։   Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակին նուիրուած կոնդակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը  կը նշէ. «Ազատ ու անկախ ապրելու տենչը եւ կամքը, նո՛յնիսկ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԸ

12 Յունուար 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Պէյրութի նահանգաապետ՝ Զիատ Շպիպը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի քաղաքապետութեան յանձնախումբի անդամ՝ Արամ Մալեանի։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որ նահանգապետը լայն տեղեկութիւններ փոխանցէ Վեհափառ Հայրապետին Պէյրութի առաւել զարգացման առնչուած յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։ Նորին Սրբութիւնը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց ի լուր Պէյրութի առաւել կազմակերպումին ու ծաղկումին նպաստող ծրագիրներուն…

NDU ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

11 Յունուար 2018, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց NDU համալսարանի նախագահ՝ Դոկտ. Հայր Փիէռ Նաժըմը, ընկերակցութեամբ նոյն համալսարանի արտաքին յարաբերութեանց պատասախանատու՝ Մաժըտ Պու Հատիրի։  Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին պարզել համալսարանի յառաջիկայ ծրագիրները եւ իմանալ Նորին Սրբութեան տեսակէտները որպէս ընդհանրապէս համալսարանական աշխարհին քաջատեղեակ անձ։ Հայրապետը ողջունեց նոր բաժանմունքներու յաւելումով եւ ուսանողական ու ուսուցչական կազմի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՕՏԱՐ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ

11 Յունուար 2018-ի առաւօտուն, խումբ մը համալսարանականներ, իրենց երկու փրոֆէսորներուն գլխաւորութեամբ, այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք, ունկնդրելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին դասախօսութիւնը ընդհանրապէս քրիստոնէութեան դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ յատկապէս հայ եկեղեցւոյ ներկայ առաքելութեան մասին։  Ուսանողական խումբը բաղկացած էր ամերիկացի, գերմանացի եւ շուէտացի համալսարանականներէ։   Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց քրիստոնէութեան ներկայ պատկերը՝ ներքին բաժանումներով, անդրադարձաւ եկեղեցիներուն…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՐԲԱՏԱՌ ԿՈՆԴԱԿԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ

  Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, յառաջիկայ Կիրակի, 14 Յունուար 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ներս, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին պիտի կարդացուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակը։   Կոնդակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտելէ ետք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին համահայկական կարեւորութիւնը՝ կոչ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԵՐԿԻՐ ԾԻՐԱՆԻ» ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԶԱՐՈՒՀԻ ՓՈՍՏԱՆՋԵԱՆԸ

10 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան նախագահ՝ Զարուհի Փոստանջեանը։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Սփիւռքի Նախարարութեան Լրագրողներու Համակարգող Խորհուրդի նախագահ եւ Սփիւռքի Նախարարութեան Հասարակական Խորհուրդի անդամ՝ Շահան Գանտահարեանը։   Տիկին Զարուհի Փոստանջեանը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց իր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները Հայաստանի ներկայ ու յառաջիկայ քաղաքական…

ԳՄԳՄ-Ի ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻ «ALLÉGORIA»-Ն

2017-ի տարեվերջին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս ընծայուեցաւ Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի 92-րդ հատորը՝ թատերագիր, արձակագիր եւ հրապարագիր Արա Արծրունիի «Allegoria»-ն, խմբագրութեամբ՝ Ժիրայր Դանիէլեանի։   Հեղինակը իր երկը բնորոշած է երեւակայածին վէպ, որուն մէջ ընթերցողը պիտի հանդիպի «սովորական ոճերէն տարբեր եղող» իր մօտեցումներուն ու մտահոգութիւններուն։   Արա Արծրունիին գրական այս վերջին ստեղծագործութեան մէջ, հակառակ երեւակայածին վէպ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Երկուշաբթի, 8 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը։ Հոգեւոր Տիրոջ կ՚ընկերանային Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Գէորգ Ասատուրեան, Արհիապատիւ Մանուէլ Եպս․ Պաթագեան եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու՝ Գերպ. Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Գերշ. Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՍՏԱՑԱՒ ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԷՆ

5 Յունուար 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի ներկայացուցիչ Իվան Սանդուս Եպիսկոպոսը եւ Ֆրանսիս Պապին կողմէ փոխանցեց շնորհաւորական նամակ մը նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով։ Նամակին մէջ Պապը իր բարեմաղթութիւնները կը ներկայացնէ հայ ժողոուրդին, հայ եկեղեցւոյ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ կը մաղթէ, որ խաղաղութիւն հաստատուի աշխարի մէջ, յատկապէս հոն՝ ուր…

ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

  «ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՅԱՐԳԱՆՔԸ ՀԻՄՔՆ ԵՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ» ՊԱՏԳԱՄԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Շաբաթ, 6 Յունուար 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի զանգերու ղօղանջներուն ներքոյ եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, Հայրապետական թափօրը Վեհարանէն ուղղուեցաւ Մայր Տաճար, Ս. եւ Անմահ Պատարագով նշելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Աստուածայայտնութեան տօնը։ Պատարագին ներկայ էին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Հ.Կ. ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐ ՎԱՀՐԱՄ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԸ

Այս առաւօտ, 3 Յունուար 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Կուսակցութեան ազգային ժողովի երեսփոխաններու խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը՝ իր ընտանիքով։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Հայաստանին, Արցախին ու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

      Մ Ա Ր Դ Ը՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ ՄԱՐԴԵՂՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ   Աստուածայայտնութեան տօնին սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին, հետեւեալ սրբասացութիւնը կ’երգուի.- “Զի Աստուածն յաւիտենական ի յերկրի երեւեցաւ եւ ընդ մարդկան շրջեցաւ, զի կեցուսցէ զանձինս մեր”։   Եկեղեցւոյ պատմութեան առաջին դարերէն սկսեալ, մատենադարան մը լեցնելու չափ հատորներ գրուած են Քրիստոսի մարդեղութեան, անձին ու առաքելութեան…

ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻՆԵՐ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Այս առաւօտ, 30 Դեկտեմբեր 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան եւ նոյն միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ու Սփիւռքի հայութեան առնչուած հարցերու ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու։ Նորին…

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐՈՒ ԱՌԻԹՈՎ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿԻԶԱԿԷՏԸ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ ընկերային ծառայութիւնը. Ս. Աթոռիս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաճախ կը շեշտէ, թէ Հայ եկեղեցին ըլլալով ժողովուրդին եկեղեցին, հարկ է, որ ընկերային ծառայութիւնը դարձնէ առանցքային ներկայութիւն իր կեանքին ու առաքելութեան մէջ։   Այս ծիրին մէջ ու ամէն տարուան նման, այս տարի եւս Նոր տարուան եւ…

ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ԵՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Նոր Տարուան առիթով, հետեւեալ ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ,-   — Նոր Տարուան գիշերը, Կիրակի, ժամը 12:00-ին, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ միաբան հայրերու մասնակցութեամբ, տարիներու աւանդութեան համաձայն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ կրօնական արարողութիւն եւ պիտի ղօղանջեն Մայր Տաճարին զանգերը։ — Նոր Տարուան գիշերը, ժամը 12:00-ին, դիմատետրի (Facebook) Cilicia…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ԱԶՈՒՆԻԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԸ

Հինգշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով այցելեց Ազունիէի ազգային բուժարանը։ Տօնախմբութեան ներկայ էին բուժարանին բնակիչները, տնօրէնութիւնը, խնամակալութիւնը, բժշկական կազմն ու պաշտօնէութիւնը։   Նորին Սրբութեան ջերմ ընդունելութեան յաջորդեց գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին մամիկներն ու պապիկները, միաբան հայրերուն հետ միասնաբար, արտասանութիւններով, հոգեւոր ու ազգային երգերով…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԵՀՈՄ-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԿԸ ՏՕՆԷ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐԸ

Շաբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողները Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ Ծննդեան եւ նոր տարուան սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբուեցան։   Վեհափառ Հայրապետին ժամանումէն անմիջապէս ետք, միութեան ատենապետը՝ Բարշ. Կարէն Կիս. Սրկ. Եօսուլքանեան, յանուն ՀԵՀՈՄ-ականներուն բարի գալուստի խօսք արտասանեց, որմէ ետք ՀԵՀՈՄ-ական Ռիթա Աստիքեանը ջութակով ելոյթ մը ունեցաւ՝ ճոխացնելով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑ

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով կատարած իր այցելութիւններուն ծիրին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Չորեքշաբթի, 27 Դեկտեմբեր 2017-ին, այցելութիւն տուաւ Պուրճ Համուտի ազգային ծերանոց, ուր զինք դիմաւորեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, ծերանոցի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թէրզեան, խնամակալութիւնն ու տիկնաց յանձնախումբը։   Հանդիպումը ընթացք առաւ «Խորհուրդ Մեծ» շարականի երգեցողութեամբ,…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ «ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԵՒ ՀՍԿՈՒՄԻ ԵՐԳԵՐ»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրատարակչատունը վերահրատարակեց «Արեւագալի Եւ Հսկումի Երգեր» հատորը, հրամանաւ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ աշխատասիրութեամբ՝ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանին։   Սոյն նօթագրեալ շարականներու գործը ուղեցոյց մըն է Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանին շարականներու ու երգերու երգեցողութեան։ Գիրքը բաժնուած է երկու մասերու՝ Արեւագալի երգեր, որոնք ձայնագրուած են Լեւոն Չիլինկիրեանի կողմէ եւ կ՚ընդգրկեն «Յարեւելից»,…

«ԹՈ՛Ղ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՆԱԶԱՆ ՁԵՒԵՐՈՎ ԴԱՌՆԱՅ ՄՆԱՅՈՒՆ ԱՐԺԷՔ ՈՒ ՃՇՄԱՐԻՏ ՃԱՆԱՊԱՐՀ» ԸՍԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

  Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 24 Դեկտեմբեր 2017-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին ու նախավկային տօնը՝ Ս. եւ Անմահ Պատարագով։ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։   Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ նշեց, որ Ս. Ստեփանոս…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԻՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏՈՎ ԿԸ ՏՕՆԱԽՄԲԷ ԻՐ ԿԱՂԱՆԴԸ

  Ուրբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, դպրեվանեցիներ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրաետին գլխաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ տեսչական կազմին ու միաբան հայրերու մէկ յարկի տակ համախմբուելով նշեցին Դպրեվանքի կաղանդը:   Դպրեվանեցիներ երգեցին կաղանդի եւ ազգային զանազան երգեր՝ ճոխ մթնոլորտ մը ստեղծելով: Ապա, Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան խօսք առնելով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին,…

ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Չորեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր ­2017-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանէն խումբ մը ուսանողներ իրենց՝ «Արեւելեան ժամանակակից եկեղեցիներ» դասանիւթի դասախօս դոկտ. Ռիմա Նասրալլահ Վան Սաանէի հետ այցելեցին Անթիլիասի մայրավանք։ Անոնց այցելութիւնը սկիզբ առաւ «Կիլիկիա» թանգարանէն, որմէ ետք հանդիպեցան միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութեանց փոխվարիչ՝ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանի հետ։ Հայր սուրբը հակիրճ ձեւով ներկայացուց Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան գլխաւոր…

ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄԸ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ

  17-18 Դեկտեմբեր 2017-ին, Արցախի մէջ տեղի ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներէն Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսին ծննդեան 150-ամեակին եւ վախճանման 65-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ, կազմակերպութեամբ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան։   Սոյն ձեռնարկներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։ Ձեռնարկները սկիզբ առին Կիրակի, 17…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Նախաձեռնութեամբ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորին՝ Վիէննայի մէջ հիմնած կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան համաշխարհային կեդրոնին, 15-16 Դեկտեմբեր 2017-ին, Յորդանանի մէջ տեղի ունեցաւ միջկրօնական ժողով մը: Ժողովը քննեց արաբական աշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն եւ անոնց կրօնական հաստատութիւնններուն միջեւ երկխօսութեան եւ գործակցութեան համար հարթակի մը ստեղծման կարելիութիւնը: Սոյն Ժողովին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՏԻԿԻՆ ՎԵՐՈՆԻՔ ԿԱՐԵՒՈՐԵԱՆԸ

  19 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի Դահլիճին մէջ, միաբան հայրերու ու հիւրերու ներկայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով պարգեւատրեց Տիկ. Վերոնիք Կարեւորեանը։   Նախքան պարգեւատրում, ֆրանսերէն լեզուով կարդացուեցաւ Տիկ. Վերոնիքի ողբացեալ ամուսնոյն՝ Տոքթ. Յարութիւն Կարեւորեանի կենսագրութիւնը ու յատկապէս իր բերած նպաստը հայ գրականութեան ու մշակոյթին։ Ապա, ֆրանսերէն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԱՍՊԵՏ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ՆԱԶԱՐԷԹ ԵՒ ՊԵՏԻԿ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

  Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2017-ին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Վեհարանի Դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի ատեանին վերանորոգման բարերարութիւնը ստանձնած Տիարք Նազարէթ եւ Պետիկ Սապունճեան եղբայրներու պարգեւատրումը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշանով։   Այս առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, գնահատեց Սապունճեան եղբայրներուն նախաձեռնութիւնը։…