Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմին շնորհած հովուապետական այցելութեան երրորդ օրը՝ Հինգշաբթի, 11 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ այցելեց Քուէյթի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր դիմաւորուեցաւ դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանի կողմէ: Դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց Նորին Ս. Օծութեան այցելութիւնը Քուէյթ եւ մանաւանդ ներկայութիւնը՝ դեսպանատունէն ներս։
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին զրոյց տեղի ունեցաւ Քուէյթի եւ Հայաստանի միջեւ զարգացող յարաբերութիւններուն եւ անդրադարձ կատարուեցաւ այս ծիրէն ներս քուէյթահայութեան դերին մասին:
Թղթակցութիւն՝ Նարինէ Գոնճայեան-Արապաթլեանի