Ընդառաջելով Վատիկանի միջ-քրիստոնէական յարաբերութեանց բաժանմունքի հրաւէրին, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ տնօրինութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ հոգեւորականներէն Հոգշ․ Տ․ Արտաւազդ Վրդ․ Շարոյեան (տեսուչ «Կիլիկա» թանգարանի), Հոգշ․ Տ․ Եղիա Աբղ․ Մալխասեան (Թեսաղոնիկէի (Յունաստան) Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ) եւ Արժ․ Տ․ Մովսէս Քհն․ Շաննագեան (Կլէնտէյլի (Ա.Մ.Ն. արեւմտ.) Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ), Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւորականներուն հետ միասին մասնակցեցան երիտասարդ հոգեւորականներու փոխադարձ այցելութեան եւ ծանօթացման ծրագիրին, 18-24 Փետրուար 2023-ին։
Մէկ շաբթուան կեցութեան ընթացքին, մասնակից հոգեւորականները առիթը ունեցան այցելելու Վատիկանի եկեղեցական եւ պետական տարբեր բաժանմունքները ու կեդրոնները, հանդիպելու պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ, լսելու կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծրագիրները ու դիմագրաւող մարտահրաւէրները եւ ծանօթանալու այդտեղ տարուող աշխատանքներուն։
Յիշեալ ծանօթացման ծրագիրը կ՚ընդգրկէր նաեւ այցելութիւններ Վատիկանի գրադարան եւ թանգարան, զանազան համալսարաններ, պատմական վայրեր ու սրբատեղիներ։ Հանդիպումներու ընթացքին տեղի ունեցաւ նշեալ հաստատութեանց պատմութեան ու գործունէութեան ներկայացում եւ փորձառութիւններու փոխանակում։
Հոգեւորականները առիթը ունեցան նաեւ հանդիպելու կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ մասնակցելու Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. եւ Անմահ Պատարագին։