Նուիրապետական Աստիճաններ

Հայ Եկեղեցւոյ Նուիրապետականութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ աստիճաններէն՝

Կաթողիկոս

Կաթողիկոսը եկեղեցւոյ սրբազնագոյն հոգեւոր պետն է, որ կը ճանչուի նաեւ իբրեւ քահանայապետ, եպիսկոպոսապետ եւ ազգապետ։ Կաթողիկոսը ցմահ գահակալութեամբ կ՚ընտրուի Ազգային Ընդհանուր Ժողովին կողմէ՝ երկու երրորդ աշխարհիկ եւ մէկ երրորդ կղերական պատգամաւորներով, որոնք կը բաղկանան բոլոր թեմերէ եկած ազգայիններէ ու տարբեր աստիճաններու կղերականներէ։ Որեւէ եպիսկոպոս կրնայ կաթողիկոսի իր թեկնածութիւնը առաջադրել՝ անկախ տարիքի եւ Նուիրապետական Աթոռի։ Ընտրութեան, որ տեղի կ՚ունենայ եկեղեցւոյ մէջ, կը նախագահէ կաթողիկոսական տեղապահը։ Կաթողիկոսը իշխանութիւն ունի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ Ս. Միւռոնի օրհնութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ առաջնորդներու ընտրութիւնները վաւերացնելու եւ ըստ պահանջի կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակելու։ Կաթողիկոսներու օծումը, որ սկսած է 9-րդ դարուն, տեղի կ՚ունենայ առ նուազն 3 եպիսկոպոսներու ներկայութեամբ։ Արարողութիւնը, որ կ՚ընդգրկէ Միւռոնը գլուխէն վար հոսեցնելը, կը նմանի հին ժամանակի հայ արքաներու թագադրութեան արարողութեան։

Պատրիարք

Պատրիարքը աթոռ կը բարձրանայ՝ չ՚օծուիր. ան տեղական իշխանութիւն ունի եւ կը ճանչնայ կաթողիկոսին հոգեւոր գերագոյն իշխանութիւնը։ Երուսաղէմի Պատրիարքը կ՚ընտրուի Պատրիարքութեան միաբանութեան կողմէն, իսկ Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքը կ՚ընտրուի ծուխերը ներկայացնող կղերականներէ եւ աշխարհիկ պատգամաւորներէ կազմուած ժողովի կողմէն։

Արքեպիսկոպոս

Արքեպիսկոպոսը պատուոյ տիտղոս  մըն է՝ կաթողիկոսական կոնդակով երէց սրբազաններու շնորհուած՝ իբրեւ գնահատանք երկարամեայ ծառայութեան։ Կը շնորհուի նաեւ մեծ թեմ եւ օգնական եպիսկոպոսներ ունեցող թեմական առաջնորդի մը։

Եպիսկոպոս

Եպիսկոպոսը կաթողիկոսին կողմէ կը ձեռնադրուի եւ կ՚օծուի՝ երկու եպիսկոպոսներու ընթերակայութեամբ։ Կանոնագրութեան համաձայն, Ազգային Իշխանութիւնը կ՚ընտրէ իր թեմին առաջնորդը, որ եպիսկոպոս կ՚օծուի նախքան թեմին ծառայութեան նուիրուելու։ Կաթողիկոսը կրնայ եպիսկոպոս ձեռնադրել նաեւ կղերական մը ոչ-թեմական պատասխանատուութեան առաքելու։

Վարդապետ Եւ Ծայրագոյն Վարդապետ

Վարդապետ կը նշանակէ եկեղեցական բժիշկ, քարոզիչ, ուսուցիչ։ Ակադեմական տիտղոս է, որ եկեղեցական արարողութեամբ կը տրուի միայն կուսակրօն քահանաներուն՝ կաթողիկոսին կամ եպիսկոպոսի մը կողմէ։ Վարդապետական կարգը բաղկացած է 14 աստիճաններէ, որուն չորսը վարդապետութեան է եւ տասն՝ ծայրագոյն վարդապետութեան։ Իւրաքանչիւր աստիճան ունի իր յատուկ ասան, որուն վրայ կը տեսնենք խոհեմութիւն եւ իմաստութիւն խորհրդանշող իրարու հիւսուած երկու օձագլուխներ եւ անոնց վրայ ալ՝ խաչ։ Այս աստիճանները անջատաբար կը շնորհուին՝ նկատի ունենալով, որ թեզի պատրաստութիւն եւ պաշտպանութիւն կը պահանջեն։ Կուսակրօն քահանային կարելի է շնորհել եպիսկոպոսութիւն՝ առանց նշեալ աստիճանները ստանալուն, բայց այդ պարագային խնդրոյ առարկան չի կրնար իր կարգին վարդապետութիւն շնորհել կղերականի մը։

Կուսակրօն Քահանայ

Կուսակրօն քահանան կամ աբեղան կ՚ապրի վանքը եւ իր օրերը կը նուիրէ ուսման եւ ծառայութեան։ Կարգ մը պարագաներու կրնայ նաեւ թեմական գործերով զբաղիլ։ Կաթողիկոսը, եպիսկոպոսները, վարդապետները եւ աբեղաները բոլորը կուսակրօն քահանաներ են։ Ամուսնացեալ քահանայութիւնը հայ եկեղեցւոյ մէջ ընդունուած է 5-րդ դարուն։

Ամուսնացեալ Քահանայ

Ամուսնացեալ քահանան ծխատէր քահանայ է. ան կ՚ապրի իր ընտանեկան տան մէջ եւ իր հօտին հետ ու իր առաքելութիւնը կը կատարէ թեմի առաջնորդին վերահսկողութեամբ։ Իր ծառայութեան տարիներուն համար քահանան աւագ քահանայութիւն կը ստանայ։ Իր կնոջ՝ երէցկնոջ մահանալուն պարագային կրնայ պսակուիլ կամ կուսակրօնութիւն ընդունիլ՝ Կաթողիկոսին արտօնութեամբ։

Սարկաւագ

Սարկաւագութիւնը Եկեղեցւոյ Նուիրապետութեան առաջին կարգն է։ Սարկաւագին պաշտօնը Պատարագի ժամանակ քահանային կամ եպիսկոպոսին օժանդակութիւնն է։ Ան կրնայ նաեւ որոշ կերպով հովուական եւ կրթական ծառայութիւն մատուցել՝ թեմի առաջնորդին վերահսկողութեան տակ

Հետեւեալ տիտղոսները կ՚օգտագործենք կղերականներուն,-

  • Կաթողիկոսին՝ Նորին Սրբութիւն
  • Պատրիարքին՝ Նորին Ամենաբանութիւն
  • Տեղապահին կամ փոխանորդին՝ Բարձրաշնորհ
  • Արքեպիսկոպոսին՝ Գերաշնորհ
  • Եպիսկոպոսին՝ Գերաշնորհ
  • Ծայրագոյն վարդապետին՝ Գերապատիւ
  • Վարդապետին՝ Հոգեշնորհ
  • Աբեղային՝ Հոգեշնորհ
  • Ամուսնացեալ քահանային՝ Արժանապատիւ
  • Սարկաւագին՝ Բարեշնորհ

Կղերականներուն դմելու ժամանակ կ՚օգտագործենք հետեւեալ կոչականները,-

  • Կաթողիկոսին՝ Վեհափա՛ռ Տէր
  • Արքեպիսկոպոս կամ եպիսկոպոս՝ Սրբազա՛ն Հայր
  • Վարդապետին, ծայրագոյն վարդապետին կամ աբեղային՝ Հա՛յր Սուրբ
  • Ամուսնացեալ քահանային՝ Տէ՛ր Հայր

Հայ Եկեղեցին ունի կղերականները ողջունելու յատուկ ձեւ՝ ըստ աստիճանի։ Ամուսնացեալ քահանայ մը կ՚ողջունենք «օրհնեա՛ տէր» ըսելով, որուն պատասխանը կ՚ըլլայ՝ «Աստուած օրհնէ՛ ձեզ»։ Երբ կղերական մը նախ ինք պիտի բարեւէ՝ «Ողջոյն ձեզ» կ՚ըսէ։ Կուսակրօն բոլոր քահանաները կ՚ողջունենք՝ «Աստուած օգնական» ըսելով, որուն պատասխանը կ՚ըլլայ՝ «Աստուած պահապան»։ Իսկ կղերական մը մեկնումի ժամանակ կ՚ըսէ՝ «Մնացէ՛ք խաղաղութեամբ»։

ՈՐՈՇՈՒՄ ԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳՆԵՐԸ

Հայ Եկեղեցւոյ կազմութեան առաջին օրերէն իսկ աշխարհականներ մասնակից եղած են եկեղեցւոյ տարբեր աշխատանքներուն՝ ներառեալ առաջնորդներու եւ կաթողիկոսներու ընտրութիւններու, աստուածաբանական, կանոնագրային, իրաւական եւ վարչական հարցերու։ Սկիզբը այս մասնակցութիւնը յատուկ համակարգի մը չհետեւեցաւ։ Վարչական, ժողովական եւ գործառական մարմինները վերջնական ձեւ ստացան 19-րդ դարուն, 2 սահմանադրութիւններու ընդմէջէն՝ Պոլոժենիա կանոնագրութեան (1836, Ռուսիա), եւ Ազգային Սահմանադրութեամբ (1863, Օսմանեան Կայսրութիւն)։ Հայաստանի մէջ եկեղեցւոյ հարցերու մէջ աշխարհականներու մասնակցութիւնը բաւական նուազած էր, մինչ Օսմանեան տիրապետութիւնը սաստկացուցած եւ ծաւալած էր աշխարհիկներու մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ հարցերուն եւ որոշում կայացնելու համակարգին մէջ։ Երկու պարագաներուն ալ նոյն կերպով կը շարունակուի այս համահարգը։ Ս. Էջմիածնի որոշման համակարգը առաւելաբար հիմնուած է Պոլոժենիայի կանոնագրութեան վրայ եւ, հետեւաբար, ունի կղերակեդրոն վարչահամակարգ եւ որոշումներու համակարգ, ու միայն իր թեմերէն քանի մը հատը կը հետեւին Ազգային Սահմանադրութեան սկզբունքներուն։ Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը առաւելաբար ժողովրդակեդրոն է եւ ամբողջովին հիմնուած է Ազգային Սահմանադրութեան վրայ։

Հետեւեալ վարչաձեւը կ՚օգտագործուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ իր թեմերուն մէջ՝

  • Ազգային Պատգամաւորական Ժողովը կը գումարուի կաթողիկոսի ընտրութեան համար։ Ժողովին պատգամաւորներուն մէկ երրորդը կը բաղկանայ կղերականներէ, որոնց կուսակրօն քահանաները կ՚ընտրուին Միաբանութեան Ժողովէն, իսկ ամուսնացեալ քահանաները՝ Ազգային Վարչութեան Կրօնական Ժողովէն կամ թեմերու կրօնական ժողովներէն։ Մնացեալ պատգամաւորները՝ երկու երրորդը, աշխարհականներ են՝ ընտրուած թեմերու Ազգային Երեսփոխանական ժողովներէն։ Իւրաքանչիւր թեմի պատգամաւորի քանակը կը ճշդուի թեմականներու թիւին համեմատ։ Թեմական առաջնորդները ի պաշօտնէ որպէս պատգամաւոր կը մասնակցին։ Ս. Էջմիածինի Ազգային Պատգամաւորական Ժողովը կը կոչուի Ազգային Եկեղեցական Ժողով։
  • Ազգային Ընդհանուր Ժողովը եկեղեցւոյ բարձրագոյն ժողովն է, որուն պատգամաւորները կ՚ընտրուին թեմերու Ազգային Երեսփոխանական Ժողովներէն՝ իւրաքանչիւր 6 աշխարհական պատգամաւորի վրայ 1 կղերականի համեմատութեամբ։ Թեմերու առաջնորդները ի պաշտօնէ կը մասնակցին ժողովին իբրեւ պատգամաւոր, իսկ մնացեալ պատգամաւորներու թիւը կ՚որոշուի թեմականներու թիւին համաձայն։ Կայ նաեւ միաբանութեան ներկայացուցիչները՝ 2 պատգամաւորներով, եւ միւս կղերականներու պատգամաւորները, որոնք կ՚ընտրուին իրենց ներկայացուցած թեմերուն կողմէն։ Ազգային Ընդհանուր Ժողովը ընդհանրապէս չորս տարին անգամ մը կը հաւաքուի՝ թեմերու եւ կաթողիկոսարանի ընդհանուր գործերը քննարկելու եւ յաջորդ հանգրուանի ծրագիր մշակելու համար։ Ս. էջմիածի մէջ նոյնանման ժողովը կը կոչուի Եկեղեցական Պատգամաւորներու Ժողով։
  • Կեդրոնական Վարչութիւնը Ազգային Ընդհանուր Ժողովին կողմէն ընտրուած գործադիր մարմին է՝ բաղկացած Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներէ։ Այս ժողովները ունին հաւասար թիւի անդամներ եւ կը պաշտօնավարեն մինչեւ յաջորդ Ազգային Ընդհանուր Ժողով։ Կրօնական Ժողովը կը զբաղի աստուածաբանական, ծիսական, միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական յարաբերութիւններու, եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան վերաբերեալ հարցերու, քրիստոնէական դաստիարակութեան, ծառայական կազմաւորման, երիտասարդական, տիկնանց, հովուական եւ ընկերաբարոյական խնդիրներով։ Քաղաքական Ժողովին ծրագիրները կը ներգրաւեն վարչական եւ տնտեսական խնդիրներ։ Զոյգ ժողովները կրնան միացեալ ժողով գումարել արծարծելու համար եկեղեցւոյ ընդհանուր իրավիճակը՝ ի մասնաւորի Կաթողիկոսարանի վերաբերեալ արտակարգ իրավիճակներու, մտահոգութիւններու եւ ծրագիրներու պարագային։ Ս. Էջմիածինը ունի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը, որ կը նշանակուի կաթողիկոսին կողմէ եւ կը բաղկանայ հաւասար թիւով կղերականներէ եւ աշխարհականներէ։

Թեմերը նոյնպէս ունին նոյնանման համակարգ՝

  • Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը թեմին օրէնսդիր բարձրագոյն ժողովն է, որուն անդամներուն ներկայացչական չափանիշը Ազգային Ընդհանուր Ժողովին նման է։ Կարգ մը թեմերու մէջ աշխարհական պատգամաւորներ ուղղակիօրէն ժողովուրդին կողմէն կ՚ընտրուին, իսկ այլ թեմերու մէջ՝ ծուխին ժողովներէն։ Կղերական պատգամաւորները կ՚ընտրուին թեմին Կրօնական Ժողովէն կամ Քահանայից Դասէն։ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը տարին անգամ մը ժողով կը գումարէ՝ թեմին աշխատանքներու մասին քննարկումներ ընելու եւ յառաջիկայի ծրագիրներ մշակելու։ Թեմական առաջնորդը կ՚ընտրուի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին կողմէն՝ կաթողիկոսին առաջարկած թեկնածուներուն ցանկէն։ Ըստ կանոնագրին, առաջնորդը կ՚ընտրուի ցմահ, սակայն վերջին տասնամեակներուն ընթացքին որդեգրուած է 4-6 տարուան պաշտօնավարութիւն։
  • Ազգային Վարչութեան Խառն Ժողով, որ թեմին գործադիր մարմինն է եւ կ՚ընտրուի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին կողմէն 2 տարուան պաշտօնավարութեան համար։ Ունի իր Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները՝ հաւասար թիւով անդամներով։ Առաջինը՝ կրօնական խնդիրներու, իսկ երկրորդը տնտեսական եւ վարչական խնդիրներու կ՚անդրադառնայ, յատուկ յանձնախումբերու ընդմէջէն։ Ժողով կը գումարուի ի պահանջեալ հարկին։
  • Ծխական Ժողովը կը բաղկանայ ծխայիններէ եւ կ՚ընտրէ ծխական խորհուրդը։ Ժողովը ծուխի հարցերուն հետամուտ կ՚ըլլայ եւ ընդհանրապէս տարին 1 կամ 2 անգամ կը հաւաքուի։
  • Ծխական Խորհուրդի անդամները կրնան ընտրուիլ ուղղակիօրէն ծխայիններուն հանրային քուէով եւ կամ՝ ծխական ժողովին կողմէ։ Խորհուրդը կը բաղկանայ աշխարհականներէ ու կը զբաղի ծխային հարցերով։

Այս մարմիններու կողքին, Հայ Եկեղեցին կը գործէ նաեւ հետեւեալ մարմիններով,-

  • Եպիսկոպոսաց Ժողով, որ աստուածաբանական, վարդապետական, ծիսական, բարոյագիտական եւ կանոնական հարցեր կ՚արծարծէ։ Այս մէկը մշտական մարմին մը չէ եւ կը հաւաքուի հարկ եղած պարագաներու։ Անցեալին, վերոնշեալ հարցերը կը քննուէին աշխարհականներու կողմէ, որ բացառիկ ապացոյց է, թէ ինչպէ՛ս Հայ Եկեղեցին իր հոգեւոր կեանքին մէջ ներառած է նաեւ աշխարհականները՝ բան մը, որ պէտք է վերականգնի։
  • Միաբանական Ժողովներ, որոնք խորքին մէջ Նուիրապետական Աթոռներու կը պատկանին։ Միաբանական Ժողով մը տարբեր աստիճաններու պատկանող կուսակրօն քահանաներուն ժողովն է։ Իւրաքանչիւր Միաբանութիւն ունի իր կանոնագրութիւնը, որ իր ներքին վանական կեանքին կը պատկանի։ Կարգ մը միաբաններ կը ծառայեն Կաթողիկոսարանին մէջ, իսկ ուրիշներ՝ առաջնորդարաններուն մէջ, իբրեւ Թեմի առաջնորդ, հոգեւոր հովիւ, ուսուցիչ եւ քարոզիչ։

Բոլոր գործադիր մարմինները հաշուետու են իրենց ընտրող մարմիններուն։ Անոնք կրնան ժամանակաւոր մասնագիտական յանձնախումբեր յառաջացնել՝ որոշ հարցերու կամ ծրագիրներու անդրադառնալու համար։

Բոլոր որոշում կայացնող համակարգերու նախագահութիւնը, ի պաշտօնէ, համաշխարհային մակարդակի վրայ կաթողիկոսն է, թեմական մակարդակի վրայ առաջնորդն է, իսկ ծուխի մակարդակի վրայ հովիւը կամ ծխատէր քահանան է։ Հաշուետուութեան կարգը կը սկսի ծուխէն (ծխատէր քահանայէն), կը բարձրանայ թեմին (առաջնորդին) եւ վերջապէս՝ կաթողիկոսութեան (կաթողիկոսին)։ Ի սկզբանէ, հակառակ բազմատեսակ քաղաքա-կրօնական միջավայրին, Հայ Եկեղեցին միշտ ալ եղած է ժողովրդավար կառոյց։ Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը բրգաձեւ չէ, որուն ապացոյցը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ աշխարհականներու մասնակցութիւնն է ։ Աւելի՛ն, եկեղեցւոյ բոլոր զաւակները՝ անկախ կղերականի եւ աշխարհականի կարգավիճակի, տարիքի եւ սեռի, անխտիր մասնակից են բոլոր մակարդակներու աշխատանքներու եւ որոշումի կառոյցի մէջ։