ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՏՆՕՐՀՆԷՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Գեղեցիկ են մեր եկեղեցւոյ աւանդութիւնները, որոնք աւելի քան 1700 տարի պահած ենք՝ հակառակ զանազան արտաքին արգելքներու, եւ թէկուզ դարուն հետ համահունչ ըլլալու համար փոփոխութիւններու ենթարկուած ըլլալով։ Այսպէս՝ անցեալին, Զատիկը կանխող օրը կը կոչուէր Ճրագալոյց, որովհետեւ հաւատացեալները ամբողջ օրը կը նուիրէին ինքնապատրաստութեան աշխատանքի՝ վառ հաւատքով մասնակից դառնալու Ս. Յարութեան խորհուրդին։ Ներկայիս, Ճրագալոյց կը կոչենք Ս. Յարութեան նախատօնակը (նոյնպէս նաեւ՝ Ս. Ծնունդինը), որուն ընթացքին եկեղեցւոյ կանթեղները, ճրագները եւ մոմերը կը վառուին եւ Քրիստոսի Լոյսը կը բաշխուի հաւատացեալներուն։

 

Քրիստոսի յաղթանակը մահուան դէմ եւ մեր փրկութիւնը յիշատակող Ս. Յարութեան տօնին պատրաստութեամբ, Շաբաթ, 8 Ապրիլ 2023-ին, Ճրագալոյցի օրին, նախագահութեամբ Սրբազնագոյն Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետին, Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ ձեռամբ Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանին։

 

Յաւարտ Ս. Պատարագին, Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան Ս. Խորանէն իջեցուց Յարութեան լոյսը ու փոխանցեց Նորին Ս. Օծութեան։ Հայրապետ, միաբան հայրեր, դպրեվանեցիներ եւ ներկայ հաւատացեալ հայորդիներ միաբերան երգեցին Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը աւետող «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց Փեսայն անմահ» հոգեթով շարականը։ Ապա, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Վեհարանի դահլիճ, ուր կատարուեցաւ զատկական տնօրհնէքի արարողութիւնը։

 

Հայ եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) անդամները Ս. Յարութեան շարականներ նուագեցին՝ ստեղծելով առաւել տօնական մթնոլորտ։

 

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ժողովուրդին փոխանցեց Քրիստոսի Յարութեան աւետիսը՝ ըսելով.

 

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ.

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։