Չորեքշաբթի, 22 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Քույէթի եւ շրջակայից թեմի Ազգային Իշխանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանի։
Այցելութեան հիմնական նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրել հովուապետական այցելութիւն տալու Քուէյթի եւ շրջակայից թեմին, 9-13 Մայիս 2023-ին:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու ընդհանրապէս Քուէյթին եւ յատկապէս թեմին ու շրջակայ երկիրներու մեր համայնքային կեանքին առնչուած հարցերու ու աշխատանքներու շուրջ:
Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց Կաթողիկոսական փոխանորդ հայր սուրբին ու պատուիրակութեան՝ շրջանէն ներս մեր ժողովուրդին ուղղուած իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար:
Յայտնենք, որ նոյն օրը, Կաթողիկոսական փոխանորդ հայր սուրբին գլխաւորութեամբ, պատուիրակութիւնը այցելեց Լիբանանի մօտ Քուէյթի դեսպանին: