ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 21 Մարտ 2023-ին, Վատիկանի մէջ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850 ամեակի նշման նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս, Վատիկանի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի (ներկայացուցիչ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան), Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի (ներկայացուցիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան) եւ Գերշ. Տ. Վարդան Եպս. Պօղոսեան (ներկայացուցիչ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութեան) միջեւ:

 

Յաջորդ օրը Նարեկ Արք. այցելեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Բաժանմունքի նորանշանակ նախագահ Գլուատիօ Կուճերոթի Արքեպիսկոպոսին ու յանուն Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորեց զինք այս պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելուն առիթով: Հանդիպման ընթացքին ընդգծուեցան Վատիկանի ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմական սերտ կապերը եւ անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակին ու նախագահական ընտրութեան գծով Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ մարոնիթ եկեղեցւոյ Ռայի Պատրիարքին միացեալ ճիգերուն:

 

Կուճերոթի Արքեպիսկոպոս յայտնեց, որ մօտէն կը ճանչնայ Վեհափառ Հայրապետը եւ կը հետեւի իր աշխատանքներուն: Այս առիթով, ան իր ջերմ ողջոյնները յղեց Նորին Ս. Օծութեան: