Լոյս Տեսաւ «Խաչիկ Պապիկեան» Հրատարակչական Հիմնադրամին 17-րդ Հատորը
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի 17-րդ հատորը լոյս տեսաւ Կաթողիկոսարանի տպարանէն։ Հատորին խորագիրն է «Armenian Cultural Genocide» (A Contribution For The Typification Of Cultural Genocide As An International Crime). հեղինակն է իրաւունքի եւ ընկերային գիտութիւններու դոկտոր, ուրուկուէյցի Օսքար Լոփէզ Կոլտարսենան, որ աշխատասիրութիւններ ունի մարդկութեան դէմ ոճիրի, ռազմական յանցագործութիւններուն եւ զանոնք միջազգային քրէական դատարանին…