Նուիրապետական Աթոռներ

Հայ Եկեղեցին բաղկացած է չորս Նուիրապետական Աթոռներէ՝ երկու կաթողիկոսութիւններէ եւ երկու պատրիարքութիւններէ։ Այս կացութեան պատճառը պատմական իրողութիւններն են։

− Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն կամ Ս. Էջմիածին,- Կաթողիկոսին նստավայրը՝ Կաթողիկոսարանը, Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ վարչական կեդրոնն է։ Ինչպէս Հայ Եկեղեցւոյ պատմագիր Մաղաթիա Արք. Օրմանեան Պատրիարք կը նշէ, Կաթողիկոսութիւնը իր անուանումը չէ ստացած իր գտնուած վայրէն, այլ անտկէ անկախ միշտ կոչուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն։ Այնուամենայնիւ, զանազան պատճառներով, Կաթողիկոսութիւնը ճանչուած է իր գտնուած վայրին անուանումով՝ թէեւ իր իրաւասութիւնն ու իշխանութիւնը ծաւալած է այդ վայրէն անդին։ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ երկու կաթողիկոսութիւններ երեւան գալէն ետք՝ նկատի ունենալով, որ Ս. Էջմիածինը Կաթողիկոսութեան նախնական վայրն է, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը նաեւ կոչուած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Կաթողիկոսութիւն։ Նոյնպէս, նկատի ունենալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը երկար տարիներ գտնուած է Սիսի մէջ, կոչուած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն կամ Սիսի Կաթողիկոսութիւն։

Առաջին կաթողիկոս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչն ու իր առաջին յաջորդները նստավայր ունեցած են Ս. Էջմիածինը։ Պատմութեան ընթացքին, Քաղաքական կեանքի կեդրոններու փոփոխութեան եւ քաղաքական ու ապահովական պայմաններու ճնշման տակ, Կաթողիկոսարանը իր Աթոռը բազմիցս անգամ տեղափոխած է։ Բայց եւ այնպէս, բոլոր կացութիւններու շուքին տակ, Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարը, իբրեւ հայերուն դարձի պաշտօնական նշան, պահած է իր հոգեւոր խորհրդապաշտութիւնը եւ պատմական յատկանշանակութիւնը։ Ըստ պատմաբաններու, նախքան քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակուիլը, Հայ Եկեղեցւոյ կեդրոնը եղած է Արտազ (43-300 թուականներուն ընթացքին)։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Կաթողիկոսութիւնը հաստատած է Ս. Էջմիածնի մէջ, Հայաստանի մայրաքաղաք Վաղարշապատի մէջ։ Հոն շուրջ երկու դար մնալէ ետք (302-485), Կաթողիկոսարանը Հայաստանի մէջ տեղափոխուած է Դուին (485-927), ապա Ձորավանք (927-930), Աղթամար (931-949), Արկինա (949-992), Անի (992-1062), որմէ ետք Սեբաստիա (1051-1057)՝ Կիլիկիոյ մօտ, եւ յետոյ Կիլիկիա, ուր հաստատուած է Թաւբլուր (1062-1072), Ծամնթաւ (1072-1116), Շուղր (1105-1120), Ծովք (1116-1147), Հռոմկլա (1147-1293) եւ վերջապէս, 1293-ին Սիս՝ Կիլիկիոյ Մայրաքաղաք։

Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք, 1375-ին, Կիլիկիան կռուադաշտ դարձած է Սելճուքներուն, Մեմլուքներուն, Թաթարներուն եւ այլ ուժերու համար։ Կիլիկիոյ մէջ Հայ Եկեղեցւոյ վատթարացուցիչ իրավիճակը եւ լատինական ազդեցութեան սաստկացումը մէկ կողմէ, եւ Հայաստանի մէջ յարաբերաբար աւելի լաւ պայմանները միւս կողմէ, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ կղերականութեան յառաջադէմ քաղաքականութենէ եւ Հայաստանի պահպանողական կղերականութենէն բխած լարուածութիւններուն մագլցողականութիւնը, շատ հաւանաբար մղած է, որ Հայաստանի կղերականները Ս. Էջմիածնի մէջ Կաթողիկոս ընտրեն Կիրակոս Ա. Վիրապեցի (1441-1443), մինչ Կաթողիկոս Գրիգոր Թ. Մուսաբեկեանց (1439-1446) Սիսի մէջ ունէր իր իշխանութիւնը։ Հետեւաբար, 1441-ին երկու Կաթողիկոսութիւններ մէջտեղ ելած են Հայ Եկեղեցւոյ մէջ՝ հաւասար իրաւունքներով, առանձնաշնորհումներով եւ իրաւասութիւններով։

− Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն,- Ինչպէս վերը նշեցինք, քաղաքական եւ ապահովական պատճառներէ մեկնած, Կաթողիկոսութեան նստավայրը փոխադրուած է մէկ տեղէ միւսը, մինչեւ որ 11-րդ դարուն կիսուն հաստատուած է Կիլիկիա։ 1441-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ նոր Կաթողիկոս ընտրելու շարժառիթները, երբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի օրինական յաջորդը արդէն իր գահին նստած էր Սիսի մէջ շատ յստակ չէ։ Այդ ժամանակի աղբիւրները անյստակ պատճառներ կու տան ներքին իրավիճակներու մասին, որոնք մղած են Հայաստանի մէջ այլ կաթողիկոսի մը ընտրութեան։ Պատմաբաններ եւ ուսումնասէրներ հայեցաբանած են քանի մը շարժառիթներ, որոնցմէ մէկը կ՚ըսէ, թէ Հայաստանի կղերականները Գրիգոր Թ. Մուսաբեկեանց Կաթողիկոսը հրաւիրած են Սուբր Աթոռը Էջմիածին փոխադրելու, սակայն երբ մերժած է այդ մէկը կատարել՝ իր յառաջացած տարիքին համար, կղերականները նոր կաթողիկոս ընտրած են՝ առանց օրինական կաթողիկոսին իմաց տալու։ Ազգին այս աշխարհաքաղաքականութեան բաժանումին լոյսին տակ, Կիլիկիոյ եւ Հայաստանի կղերականութիւնը՝ Կաթողիկոս Մուսաբեկեանցի հաւանութեամբ, ընդունած են, որ Եկեղեցին կառավարուի երկու կաթողիկոսներով։ Յստակ փաստերու, վկայութիւններու եւ հիմնաւորուած պատճառաբանութիւններու եւ ապացոյցներու բացակայութիւնը մղած է ենթակայական եւ միակողմանի վերլուծութիւններու։ Հայաստանի կղերականութիւնը յառաջացուցած է Աթոռին Հայաստան «վերադառնալու» գաղափարը, որ Կիլիկիոյ կղերականութեան մօտ կտրականօրէն վիճարկուած եղած է։ Ամէն պարագայի,  Հայաստանի մէջ Կիրակոս Ա. Վիրապեցիի ընտրութիւնով, Գրիգոր Թ. Մուսաբեկեանց Կաթողիկոսի հետ եղբայրական բարեմաղթութիւններ եւ անբաժանելի միութիւն ապահովուած է Հայ Եկեղեցւոյ մէջ։ Յաջորդող դարերուն, Հայ Եկեղեցւոյ ամուր միութեան յանձնառութիւնը գոյատեւած է դժուարին աշխարհաքաղաքական կացութիւններուն մէջ։ Կաթողիկոսութիւնը իր Աթոռը Սիս պահած է մինչեւ 1921 թուական։ 1915-ի Ցեղասպանութեան եւ բռնի տեղահանութեան եւ անորոշ ժամանակաշրջանէ ետք, Աթոռը եկած է հաստատուելու Պէյրութի արուարձաններէն Անթիլիասի մէջ, 1930-ին։

 

− Երուսաղէմի Պատրիարքութիւն,- Երուսաղէմի մէջ հայերուն ներկայութիւնը արձանագրուած է 4-րդ դարէն սկսեալ, երբ հայեր ուխտագնացութեամբ կ՚ուղղուէին Սուրբ Երկիր եւ հայ վանականներ հոն կը հաստատուէին։ 638 թուականին հայերը հոն հաստատած են իրենց Արքեպիսկոպոսը որպէսզի հայկական վանքերու եւ եկեղեցիներու վերհսկողութիւնը վերցնէ։ Աբրահամ Արքեպիսկոպոս ճանցուած էր իբրեւ Խալիֆէ եւ ծառայած է մինչեւ 669 թուական։ 1311-ին, Երուսաղէմի հայ Եպիսկոպոսը, Սարգիսը, Եգիպտոսի Սուլթանին կողմէ ստացած է Պատրիարք տիտղոսը։ 1853-ին, Օսմանեան Սուլթան Ապտուլ Մաժիտը Հայկական, Յունական եւ Լատինական պատիրարքութիւններուն տուած է եկեղեցիներու եւ սրբավայրերու վրայ խնամապահութեան կարգավիճակ։

 

Արաբ-Իսրայէլեան պատերազմները եւ հայերուն արտագաղթը Սուրբ Երկրէն, Եաֆայէն եւ Հայֆայէն, շատ մեծ դժուարութիւններ պատճառած են պատրիարքութեան, որ Երուսաղէմի Հին Քաղաքի հայկական թաղամասին մէջ կը գտնուի։ Այս դժուարութիւններով հանդերձ, Պատրիարքութիւնը շարունակած է տիրութիւն ընել իր իրաւունքերուն եւ առանձնաշնորհումներուն՝ Սուրբ Յարութիւն Տաճարի, Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցիի, Ս. Մարիամ Աստուածածնի Գերեզմանի եւ Ս. Ծննդեան Տաճարի կապակցութեամբ։ Պատրիարքարանը նաեւ ունի պատմական եկեղեցիներ, վանքեր եւ սրբավայրեր Երուսաղէմի, Եաֆայի, Հայֆայի եւ Ռամլայի մէջ։ Այս եկեղեցիները Պատարագ կը մատուցեն  իրենց յատկացուած յատուկ ժամանակներու ընթացքին՝ հիմնուած աւանդութիւններու վրայ։ Պատրիարքութիւնը առանձնաշնորհում ունի Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի հայ համայնքի վրայ։ Կը կարծուի, թէ Հայկական Պատրիարքարանի նստավայրը Երուսաղէմի առաջին Եպիսկոպոսին՝ Սուրբ Յակոբոսի տան վայրն է։ Հետեւաբար, Հայկական Պատրիարքարանը նաեւ կը ճանչցուի Ս. Յակոբեանց վանք եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւն։ Ներկայիս, Երուսաղէմի Պատրիարքն է Տէր Նուրհան Արք. Մանուկեան՝ 97-րդ պատրիարք։

Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութիւն,- Այս Նուիրապետական Աթոռը հիմնուած է 1461-ին Մեհմետ Ֆաթիհ Սուլթանին կողմէ, Կոստանդնուպոլիսը նուաճելէն ետք։ Առաջին Պատրիարքը եղած է Յովակիմ Ա.-ը։ Հայ պատրիարքները իրենց առաքելութիւնը ծաւալած են բարդ իրավիճակներու տակ, քանի որ ենթակայ եղած են իրենց ներքին հարցերուն մէջ պետութեան անընդհատ միջամտութիւններու։ Կարգ մը հայ պատրիարքներ պաշտօնանկ եղած եւ արտաքսուած են պետութեան բռնութիւնները դատապարտած ըլլալնուն համար։ Պատրիարքարանը դարձած է ազգային կեանքի կեդրոն, յատկապէս Ազգային Սահմանադրութեան հիմնադրուելէն ետք։ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, Պատրիարքութիւնը կորնսցուցած է իր դարաւոր կենսունակութիւնը՝ փակուած է դպրեվանքը, բռնագրաւուած են եկեղեցւոյ կալուածները եւ խիստ արգելափակումներ դրուած են եկեղեցւոյ եւ համայնքին վրայ։ Այս դժուար պայմաններուն հանդերձ, Պատրիարքութիւնը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը թուրքիոյ հայերուն նկատմամբ։ Ներկայիս Սահակ Եպս. Մաշալեան Աթոռին 85-րդ պատրիարքնն է։

Կաթողիկոսութիւններն ու Պատրիարքութիւնները լոկ վարչական կեդրոններ չեն։ Այս կեդրոններուն մէջ մեծ թիւով աշխատանքներ կը ծաւալին։ Կեդրոնները կը պարունակեն Կաթողիկոսի կամ Պատրիարքի բնակավայրն ու գրասենեակները, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներ, մատուռներ եւ միաբանութեան բնակավայրեր, քրիստոնէական դաստիարակութեան, երիտասարդական, կանանց, ընկերային ծառայութեան, հրատարակութիւններու եւ տեղեկատուական բաժանմունքներ։ Այս բաժանմունքներու մէջ Դպրեվանքը կը գրաւէ յառաջատար տեղ։ Նուիրապետական Աթոռները ունին իրենց ամսական պաշտօնաթերթերը,- Ս. Էջմիածինի ունի «Էջմիածին»-ը, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնի ունի «Հասկ»-ը, Երուսաղէմինը ունի «Սիոն»-ը եւ Կոստանդնուպոլիսինը ունի «Շողակաթ»-ը։

 

ԵՐԿՈՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՄԷԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երկու Կաթողիկոսութիւններու եւ երկու կաթողիկոսներու մէկ եկեղեցւոյ մէջ գոյակցիլը, տարբեր կրօնաքաղաքական միջավայրերու մէջ ապրիլը, բաւական բարդ եւ ճգնաժամային կացութիւններու տակ ծառայելը, տարբեր մարտահրաւէրներ եւ առաջնահերթութիւններ դիմագրաւելը յաճախ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ յառաջացուցած է լարուած վիճակ եւ փախումներ, որոնք ազդած են հաւատացեալ ժողովուրդին կենցաղին։ Յարաբերութիւնները աւելի լարուած են Հայաստանին՝ Ցարական Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ գտնուած ընթացքին, երբ Սփիւռքի մեծամասնութիւնը հակասովետ հակումներ ունէր։ Իրաւաբանական հարցեր աւելի խորացուցած են երկու կաթողիկոսութիւններու մէջ խնդիրները։ Հակառակ ասոր, 1441-էն սկսեալ, երկու կաթողիկոսութիւնները հաւատարմաբար ծառայած են Հայ Եկեղեցւոյ։ Թէեւ Կիլիկիոյ Եկեղեցին պատւոյ առաջնութիւն կու տայ Ս. Էջմիածնին, սակայն երկու կաթողիկոսները հաւասար աստիճան, եկեղեցական հեղինակութիւն, պատասխանատուութիւն, իրաւունքներ եւ առանձնաշնորհումներ կը վայելեն Հայ Եկեղեցւոյ մէջ։