Հայ համալսարանաւարտներու համախմբում (ՀՀՀ)

Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումը հիմնուած է 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի որոշումով ու ցուցմունքով։

Համախմբումին նպատակն է Կաթողիկոսարանի հովանիին տակ համախմբել համալսարանաւարտ երիտասարդները համասփիւռքեան մաշտապով, քաջալերելով զանոնք, որ իրենց մասնագիտութիւնները ի սպաս դնեն մեր ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյ հզօրացման նպաստող ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն։

Համախմբումը իր գործունէութիւնը կը տանի յատուկ ցանցի միջոցաւ։ Ան կը կազմակերպէ հրապարակային եւ ներքին ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ եւ հարցախոյցներ։