Ուրբաթ, 31 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Միացեալ Նահանգներու մօտ Լիբանանի նախկին դեսպան դոկտ. Սիմոն Քարամի այցելութիւնը:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ դժուարութիւններուն ու յատկապէս հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան առնչուած աշխատանքներուն: