Անցնող շաբթուան ընթացքին, յատուկ հանդիսութեամբ նշուեցաւ Լեռնալիբանանի շրջանին մէջ Ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդարանին հիմնադրման յիսնամեակը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ յիսնամեակի առիթով յատուկ պատրաստուած հատորի շնորհանդէսը։ Հատորին հեղինակն է Ճորճ Եպս. Սալիպա: Հանդիսութեան ներկայ էին Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Աֆրամ Բ. Պատրիարքը եւ զանազան համայնքներէն ներկայացուցիչներ: Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութեան վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանն ու Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատեհճեանը:
Նոյն շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցաւ տասը տարի առաջ Հալէպի մէջ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Պուլոս Եպս. Եազճիի եւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Եուհաննա Եպս. Ըպրահիմի առեւանգման նշումը: Նշման ներկայ էին համայնքային, քաղաքական եւ ընկերային մարզերէն ներս գործող անձնաւորութիւններ ու քրիստոնէական համայնքներէ հոգեւորականներ: Յիշեալ հանդիպումին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայ գտնուեցաւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանը: