Պատմական Ակնարկ

Հայ Եկեղեցւոյ Հիմնադրութիւնը

Ըստ աւանդութեան, Հայաստանի մէջ քրիստոնէական հաւատքի սերմերը ցանած են Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողոմէոս առաքեալները,- հայոց առաջին լուսաւորիչներն ու Հայ Եկեղեցւոյ հիմնադիրները։ Անոնց մասին մեզի հասած տեղեկութիւնները սակաւ են. ըստ եկեղեցւոյ պատմիչ Եւսեբիոս Կեսարացիին, Եդեսիոյ Աբգար Թագաւորը, մորթի հիւանդութենէ մը տառապած ըլլալով, Յիսուսին կը գրէ՝ խնդրելով դարման։ Ընդառաջելով խնդրանքին, Յիսուս կը խոստանայ թագաւորին քով ղրկել Իր առաքեալներէն մէկը։ Տիրոջ համբարձումէն ետք, Ս. Թադէոս Առաքեալ կ՚ուղղուի Եդեսիա եւ Քրիստոսի դէմքի կտորով կը բժշկէ թագաւորը, որ դէպքէն ետք, իր ընտանիքով միասին, կ՚ընդունի քրիստոնէութիւնը։ Առաքեալը ապա մուտք կը գործէ Հայաստան, ուր շատերու դարձի կը բերէ՝ ներառեալ հայոց Սանատրուկ Արքայի դուստրը՝ Սանդուխտ Իշխանուհին։ Այս լսելով, արքան նախ կը փորձէ իր դստեր եւ Ս. Թադէոսին ուրանալ տալ քրիստոնեայ հաւատքը, սակայն, երբ չի յաջողիր, սպաննել կու տայ զանոնք։ Այս արարքով, Սանդուխտ Իշխանուհին կը դառնայ հայոց առաջին կին մարտիրոսը։ Միւս կողմէ, Ս. Բարդողիմէոս Առաքեալ Հնդկաստանի մէջ քարոզելէ ետք կ՚անցնի Հայաստան։ Ան եւս կը հագնի մարտիրոսութեան պատմուճանը՝ քրիստոնէութիւնը քարոզած ըլլալուն համար։

Հայ Եկեղեցւոյ առաքելական արմատները սրբազան ժառանգութիւն եւ հոգեւոր վերանորոգման աղբիւր են, որոնք կը ներթափանցեն կեանքի բոլոր ոլորտներու մէջ։

Կաթողիկոսական գահը առաքելական գահ է, իսկ առաքելականութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ մշտական յիշեցումն է՝ հաւատարիմ մնալու եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն եւ հիմնադիր սերունդին հաւատքի զօրութեան։

Հայաստանի Մէջ Քրիստոնէութիւնը Իբրեւ Պետական Կրօնք

Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակուեցաւ 301 թուականին։ Այս պատմական դէպքին հիմնական դերակատարը եղաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ՝ հայոց երկրորդ լուսաւորիչը, պաշտպան սուրբն ու առաջին կաթողիկոսը։ Սուրբին հարուստ կտակը խորունկ արմատներ ունի հայոց պատմութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, իսկ յիշատակը քանի մը անգամ կը նշուի տարուան ընթացքին, ինչպէս՝ Խոր Վիրապի մուտքին եւ ելքին ու մասունքներուն յայտնաբերութեան նուիրուած տօներով։ Կաթոլիկ եւ Արեւմտեան ու Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիները եւս կը նշեն սուրբին տօնը ու տարբեր եկեղեցիներու յայսմաւուրքերուն մէջ կը գտնենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին մասին։

Քաղքեդոնի Ժողովի Մերժումը

506 թուականին, Հայ Եկեղեցին մերժեց 451 թուականին գումարուած Քաղքեդոնի Տիեզերական Ժողովը։ Այս մերժումը Հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին համար անկիւնադարձային էր եւ ունեցաւ հետեւանքներ։ Այսպէս, Բիւզանդական Կայսրութիւնը որոշումը նկատեց անհաւատարմութիւն եւ Կոստանդնուպոլսոյ Եկեղեցին բաժնելու քայլ։ Ի դէպ, Քաղքեդոնի Ժողովը գումարուած էր արծարծելու Նեստորեաններուն ու Եւտիքեաններուն աղանդներ ըլլալը, ինչպէս նաեւ երեք Աթոռներուն՝ Հռոմի, Կոստանդնուպոլիսի եւ Աղեքսանդրէթի իրաւական պայքարը։ Ժողովը արծարծած էր նաեւ աճող փախումը Աղեքսանդրեան Աստուածաբանական Դպրոցին՝ որ հիմք եղաւ Քրիստոսի աստուածային եւ մարդկային բնութիւններու միացման, եւ Անտոքեան Աստուածաբանական Դպրոցին՝ որ ընդգծեց քրիստոսի երկու բնութիւնը։

Ըստ կարգ մը Արեւմտեան Եկեղեցւոյ հայրերու, Հայ Եկեղեցին մերժեց Քաղքեդոնը, որովհետեւ ներկայ չէր ժողովին, իսկ ժողովին արձանագրութիւնները՝ յունարէնէ հայերէն, ամբողջական չէին։ Այնուամենայնիւ, նախաքաղքեդոնական եւ յետքաղքեդոնական ժամանակաշրջանի պատմական իրողութիւնները դիտել կու տան, որ Հայ Եկեղեցւոյ մերժումը բխած էր իր քրիստոսաբանական ուսուցումներէն, որոնք հիմնուած էին առաջին երեք տիեզերական ժողովներուն եւ Աղեքսանդրեան Աստուածաբանական Դպրոցին փաստարկումներուն հիման վրայ։ Հայ Եկեղեցւոյ կազմութեան առաջին օրերէն ի վեր, Կեսարիոյ հետ եւ Աղեքսանդրիոյ եկեղեցիներուն հայրերու հետ սերտ յարաբերութիւնները, ի մասնաւորի անոնց թարգմանական աշխատանքներուն ընդմէջէն, արդէն իսկ Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը դրած էր Աղեքսանդրիոյ ուսուցումներուն հիման վրայ։ Հետեւաբար, Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի քրիստոսաբանական մօտեցումը՝ «մի բնութիւն Բանին մարմնացելոց»-ը, կը ծառայէ իբրեւ Հայ Եկեղեցւոյ քրիստոսաբանական դիրքորոշում՝ ի դէմ Քաղքեդոնի Ժողովին։

Յաջորդող դարերուն ընթացքին տեղի ունեցած քաղաքական ճնշումները, պատերազմական սպառնալիքները, նոյնիսկ Բիւզանդական Կայսրութեան կողմէն կատարուած մեծ խոստումները, չկարողացան Հայ Եկեղեցւոյ դիրքորոշումը փոխել։ Աստուածաբանական ազդակներու կողքին, իւրաքանչիւր կողմ ազդուած էր նաեւ քաղաքական հաշիւներէ։ Յոյները հաւատացին, որ հայերուն՝ Քաղկեդոնի Ժողովի ընդունումը պիտի արագացանէ հայերուն իրենց ենթարկուիլը։ Հայերը վախցան, որ Քաղկեդոնի ընդունումը իրենց անկախութիւնը վտանքի տակ պիտի դնէ եւ պատճառ դառնայ Բիւզանդական Կայսրութեան տակ հայերուն ձուլման։

Հայկական Կիլիկիոյ Կազմաւորումը

11-րդ դարու կէսերուն, Սուրբ Աթոռը, իր հաւատացեալներով միասին, Հայաստանէն ուղղուեցաւ դէպի Կիլիկիա։ Կիլիկիոյ մէջ Հայ Եկեղեցին կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ հայերուն գոյութեան եւ միակամութեան ապահովման։ Ան նաեւ քրիստոնեական միութեան երաշխիք եղաւ՝ շնորհիւ սուիրական, յունական եւ լատինական եկեղեցիներուն հետ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն եւ աստուածաբանական երկխօսութիւններուն։ Իր մշակութային նախաձեռնութիւններուն ընդմէջէն, Հայ Եկեղեցին նաեւ մեծ ներդրում ունեցաւ Արեւելքի մէջ քրիստոնեական քաղաքակրթութեան բարգաւաճման մէջ. Կիլիկիոյ մէջ բազմաշերտ միջավայրերու հետ յարաբերութիւնները ու քրիստոնեայ Արեւմուտքին եւ իսլամ Արեւելքին հետ մշտական կապը  Հայաստանի քաղաքական եւ կրօնական մշակոյթը հարստացուցին նոր ուղղութիւններով եւ հեռանկարներով՝ ընդլայնելով հայերուն տեսակէտներն ու դիրքերը այդ ժամանակաշրջանի քաղաքական, ընկերային եւ աստուածաբանական հարցերու մէջ։ Այս փոխ-յարաբերութիւնը նաեւ միահամուռ տեսլական եւ քաղաքա-կրօնական ռազմավարութիւն մը յառաջացուց՝ օժտուած երկու յատկանիշներով,- 1) հաւատարմութիւն Հայ եկեղեցւոյ հիմնական ուսուցումներուն, հայկական մշակոյթի գլխաւոր արժէքներուն եւ ազգային գաղափարախօսութեան, 2) յարգանք եւ հանդուրժողականութիւն այլ եկեղեցիներու, մշակոյթներու եւ ազգերու հանդէպ։

Հայոց պատմութեան մէջ Կիլիկիոյ այս ժամանակաշրջանը ճանչուած է իբրեւ Արծաթէ Դար։ Հռոմկլա, Սկեւռա, Դրազարկ, Ակներ եւ այլ վանքեր, որոնք մշակութային եւ բարձր ուսման կեդրոններ դարձան, հոգեւոր եւ մշակութային վերազարթօնք մը յառաջացուցին։ Կիլիկիոյ մէջ հայեր իրենց գոյապայքարի ճամբուն վրայ սորվեցան ինչպէ՛ս ապրիլ այլոց հետ յարաբերութեան մէջ մտնելով։ Ներկայ Հայկական Սփիւռքը, որ մեծաւ մասամբ Կիլիկիոյ հայերու շառաւիղն է, շարունակած է գոյատեւել համակեցութեամբ։ Մինչ այդ, հակառակ Պատմական Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական անորոշութիւններուն, կրօնա-մշակութային կեանքը կենդանի պահուած էր՝ ի մասնաւորի Տաթեւի, Գլաձորի, Սանահինի եւ Հաղբատի վանքերուն մէջ։

Հայկական Ցեղասպանութիւն

19-րդ դարուն երկրորդ կիսուն, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերուն դէմ ճնշումները սաստկացան։ Օսմանեան Կայսրութիւնը անտեսեց Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագրերը։ Հայ Եկեղեցին բազմիցս Եւրոպայէն խնդրեց բարեխօսել Օսմանեան Իշխանութեան, բայց բոլոր ջանքերը ի զուր մնացին։ 19-րդ դարու աւարտին, Օսմանեան Իշխանութիւնը սկսաւ հայերուն դէմ հրահրել տեղական ցեղախումբեր՝ ամբողջ կայսրութեան տարածքին։ Օսմանաթրքական Կառավարութիւնը կազմակերպեց 1894-1895-ի Սասնոյ եւ 1908-1909 Ատանայի ջարդերը։ Երիտասարդ Թուրքերը, որոնք ուժի հասած էին 1908 թուականին, իրենց ծրագիրին առաջնահերթութիւնը տուին Փանթուրանական Կայսրութեան վերականգնման՝ Միջերկրական Ծովէն Կասպից Ծով երկարող, հիմնուած թրքական ազգայնամոլ եւ աշխարհիկ գաղափարախօսութեան վրայ։ Հայերը, որոնք Օսմանեան Կայսրութեան տնտեսական, մշակութային եւ մտաւորական կեանքի անբաժան մասնիկ էին, կը նկատուէին այս ծրագիրին հիմնական խոչընդոտը։ Համաշխարհային Ա. Պատերազմը առիթ հանդիսացաւ, որ Օսմանաթրքական Կայսրութիւնը դիմէ իր վերջին լուծումին՝ հայութեան բնաջնջումին։

Արեւմուտքի մեծ պետութիւնները ոչ մէկ ճիգ թափեցին 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը կասեցնելու։ Պատմական փաստեր եւ վկայութիւններ ցոյց կու տան, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանաթրքական Կայսրութեան կողմէն կանխամտածուած եւ ծրագրաւորուած ոճիր մըն էր։ Ցեղասպանութիւնը հայ ազգին եւ Եկեղեցւոյ գոյատեւումը վտանգի տակ դրաւ։ Մէկ ու կէս միլիոն հայեր ջարդուեցան, իսկ վերապրողները, ներառեալ հազարաւոր որբեր, ապաստան գտան Սուրիոյ, Լիբանանի եւ այլ արաբական երկիրներու մէջ, որոնք յարգանքով եւ կարեկցանքով ընկալեցին զանոնք։ Հազարաւոր եկեղեցիներ, վանքեր, կրօնական վայրեր, դպրոցներ, համայնքային կեդրոններ քանդուեցան եւ իւրացուեցան՝ ներառեալ եկեղեցական, համայնքային կամ անհատական կառոյցներ, բազմաթիւ կղերականներ սպաննուեցան, անհամար թանկարժէք ձեռագիրներ եւ ծիսական առարկաներ գողցուեցան կամ քանդուեցան։ Մեծ թիւով հայեր բռնի ուժով իսլամացան, ի մասնաւորի գիւղական շրջաններու մէջ, եւ հետեւաբար հայաթափուեցաւ կայսրութիւնը՝ ի բացառեալ Կոսդանդնուպոլսոյ մէջ պզտիկ համայնքէ մը։

Սահակ Բ. Կաթողիկոս իր յուշերուն մէջ կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս հրահանգ եկաւ թրքական իշխանութիւններէն՝ պարպելու Կաթողիկոսութիւնը Սիսէն, եւ թէ ինչպէ՛ս Կաթողիկոսարանը աւերուեցաւ եւ քանդուեցաւ թրքական ուժերուն կողմէ։ Սահակ Բ. Կաթողիկոս կը գրէ. «Մնաս բարով Սուրբ Աթոռ…»։ Սիսի մէջ ծառայած վերջին կաթողիկոսը, իր բառերով, դարձաւ Աւերակներու Կաթողիկոս, եւ իր հօտին պէս աքսորուեցաւ Սիսէն Ատանա, ապա Երուսաղէմ, Դամասկոս, Հալէպ, Պէյրութ, Կիպրոս, եւ վերջապէս, 1930-ին, դարաւոր կաթողիկոսութիւնը իջեւանեցաւ Անթիլիասի մէջ, Լիբանան։ Ցեղասպանութեան վերապրողներուն զաւակները մինչեւ օրս արցունքով աչքերով կ՚երգեն՝ «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա, Աշխարհ՝ որ ինձ ետուր արեւ…»։

Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով մէջտեղ եկաւ Հայկական Սփիւռքը։

Սովետական Հայաստանն Ու Հայկական Սփիւռքը

Հայ Եկեղեցին 20-րդ դարուն կը յատկանշուի 3 հիմնական երեւոյթներով՝  Ցեղասպանութիւն, Արեւելահայաստանի Խորհրդայնացում եւ Սփիւռքացում։ Դժբախտաբար, Սովետական Հայաստանը եւ Սփիւռքը իրարմէ հեռացան եւ յաճախ իրար դէմ լարուեցան։ Այս իրավիճակը ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին վրայ։

Սփիւռքի մէջ, հայերը իրենց կեանքը անգամ մը եւս վերաշինեցին։ Սկիզբը, դժուարութիւն ունեցան հաստատուելու եւ յարմարուելու տեղական պայմաններուն։ Այս անցումային շրջանը՝ պատսպարեալէ համայնքի, ժամանակի կարօտեցաւ։ Այս կացութիւնը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ վրայ։ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը, Արաբ-Իսրայէլեան պայքարին պատճառով, հետզհետէ տկարացաւ եւ կորսնցուց իր հոգեւոր դասուն, հաւատացեալներուն եւ իշխանութեան մեծ տոկոսը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ վերաշխուժացնելու եւ վերոնորոգելու Սփիւռքի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը՝ բաւական բարդ եւ ճգնաժամային պայմաններու մէջ։ Անթիլիասի մէջ Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյցէն գնեց հողաշերտ մը, որուն վրայ 1922-1928 թուականներուն հայկական որբանոց մը կը գտնուէր։ Շատ կարճ ժամանակի մը ընթացքին հոն կառուցուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յուշարձան-մատուռը եւ Դպրեվանք մը։ Անթիլիասի մէջ հաստատուելու առաջին հանգրուանին յաջորդեց ներքին հոգեւորական կեանքին եւ առաքելութեան թափ տալու հանգրուանը։

Քաղաքական կուսակցութիւններն ու մշակութային, մարդասիրական եւ ընկերային կազմակերպութիւններ վերադասաւորուեցան, զարգացան եւ մասնակցեցան համայնքաշինութեան ջանքերուն։ Կարգ մը համայնքներու մէջ Խորհրդային Միութեան կողմնակից եւ դէմ հակումներ ներքին պայքարներ յառաջացուցին։ Այնուամենայնիւ, Հայկական Սփիւռքը մնաց Սովետական Վարչակարգի բուռն հակառակորդ։ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը՝ Հայ դատը, Սփիւռքի առաջնահերթութիւնը դարձաւ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան կենդանի վկան է, համայնքաշինութեան ռահվիրան եղաւ՝ յառաջապահը հակախորհրդային միութիւն պայքարին, եւ ուժեղ ջատագով հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքին։