28 March, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց հետեւեալ այցելութիւնները.-

 

— Երկուշաբթի, 27 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այցելեց Նորին Ս. Օծութեան։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան, Լիբանանի այժմու կացութեան, յատկապէս նախագահական ընտրութեան առնչուած հարցերու։

 

— Կիրակի, 26 Մարտ 2023-ին, Հայրապետը ընդունեց եւ իր օրհնութիւնը փոխանցեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Լիբանան ժամանած Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան բժիշկներու պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի։ Բժիշկները յառաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին զանազան շրջաններու մէջ օգտակար պիտի հանդիսանան բժշկական խնամքի կարօտ մեր հայորդիներուն։