Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 60 ամեակը՝ ձեռնարկելով հայ ուսանողութիւնը հայ ինքնութեան հետ առնչող զանազան ծրագիրներու, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին 2023 թուականը Սփիւռքի վերակազմակերպման տարի հռչակելուն ծիրէն ներս։
Առ այդ, Շաբաթ, 25 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ ընթացք առաւ վերոյիշեալ ծրագիրներու սեմինարներերու շարքին առաջինը, աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին։ Միօրեայ այս առաջին սեմինարը կրեց «Հայ Համալսարանականը՝ Մշակոյթի Դեսպան» թեման, որուն անդրադարձ կատարուեցաւ գիրի ու գրականութեան մշակոյթի եւ ուսման տեսանկիւններէն։
Բացման խօսքը արտասանեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի ատենապետ Սէրուժ Խանճիհանեան, որ վեր առնելով հայ մշակոյթը՝ ընդգծեց Սփիւռքի մէջ հայօրէն ապրելու կոչուած հայ երիտասարդին պարտականութիւնը։ Ան շեշտեց մշակոյթին էական դերը ինքնութեան պահպանման մէջ ու այս բոլորը դիտել տուաւ մեկնելով Վեհափառ Հայրապետին 2023 տարուան հռչակագիրին մէջ հնչած Սփիւռքի վերականգման ու վերակազմակերպման կոչէն։
Օրուան առաջին կիսուն, բացման նիստին, Նորին Ս. Օծութիւնը երկխօսութիւն ունեցաւ մասնակից երիտասարդներուն հետ, որոնք եկած էին լիբանանահայ վարժարաններէն եւ երիտասարդական ուսանողական զանազան միութիւններէն։ Իր խօսքին մէջ Հայրապետը կեդրոնացաւ Սփիւռքի վերականգման աշխատանքներուն մէջ մշակոյթին կարեւորութեան վրայ եւ այս իմաստով մատնանշեց երիտասարդներուն դերակատարութիւնը։ Ապա, մասնակիցները աւելի խորացան նիւթերուն մէջ կլոր սեղանի մը ընդմէջէն՝ Լուիզա Պապոյեանի, դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի եւ Զաքար Քէշիշեանի հետ, զրուցավար ունենալով Արազ Գոճայեանը։ Կէսօրուան ճաշի դադարէն ետք, մասնակիցները հաւաքական աշխատանոց մը ունեցան՝ հայ մշակոյթը արդիական կերպերով հանրութեան ներկայացնելու թեմայով, գլխաւորութեամբ դոկտ. Քրիստին Արզումանեան-Ղազարեանի։
Հայրապետ-ուսանող զրոյցի ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը սկսաւ բարձր գնահատելով ուսանողներուն մասնակցութիւնը այս ծրագիրին եւ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի նախաձեռնութիւնը՝ նշելով, որ սա պերճախօս վկայութիւն է երիտասարդութեան կապուածութեան մեր ժողովուրդի արժէքներուն, մշակոյթին, աւանդին ու պահանջատիրութեան՝ հակառակ առօրեայ կեանքին մէջ տիրող ընկերատնտեսական բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն։ Այս առիթով Հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց իր սկզբունքը՝ «երիտասարդութիւնը մեր կեանքի լուսանցքին վրայ պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ մայր էջին վրայ» եւ ըսաւ, որ այս սկզբունքէն մեկնելով երիտասարդը իր ըսելիքն ու ընելիքը պիտի ունենայ մեր հաւաքական կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ։
Վեհափառ Հայրապետը ապա անդրադարձաւ Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներուն մէջ երիտասարդին դերակատարութեան ու մասնակիցներէն լսեց մարտահրաւէրները շրջանցելու ուղղութեամբ անոնց կարծիքներն ու սպասումները։ Նկատի ունենալով, որ օրուան թեման մշակոյթն էր, Հայրապետը վերասահմանեց մշակոյթ հասկացողութիւնը՝ մէկ քայլ անդին տանելով դասական սահմանումէն։ Ան նշեց, որ մշակոյթը, ըլլալով հաւաքականութեան մը ինքնարտայայտութեան միջոց, իր մէջ կը պարփակէ նաեւ կենցաղակերպ, մտածելակերպ, գործելակերպ, իտէալներ։ Նորին Սրբութիւնը կեդրոնացաւ մշակոյթի ծաւալման մէջ կրօնքի ներդրումին վրայ եւ բացատրեց ազգերու մշակոյթներուն մէջ քրիստոնէութեան ու իսլամութեան ազդեցութեան տարբերութիւնները։
Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ անդրադարձաւ ուսանողներուն եւ երիտասարդներուն կենցաղին ու որոշումներուն վրայ գերիշխող ներկայ աշխարհին պայմաններուն ու իրավիճակին։ Այս գծով ան ըսաւ, որ անցեալին մեր ազգին շուրջ դրուած ցանկապատները ամուր պահեցին մեր ինքնութիւնը, սակայն ներկայիս նոյն կերպով ու ոճով ապրիլը հակառակ ազդեցութիւն կ՚ունենայ։ Այնուամենայնիւ, բոլոր երկսայրի սուրերուն պատասխանները կը գտնուին ամուր հայ ընտանիքին մէջ. ուստի, իրապաշտ պէտք է ըլլանք մեր մօտեցումներուն մէջ՝ միշտ ամուր պահելով ընտանիք ամրոցը, ընդգծեց Հայրապետը։
Խօսելով Սփիւռքի վերականգնումին մասին, Նորին Ս. Օծութիւնը քաջալերեց ուսանողները ըլլալ ներկայ աշխարհին հետ համահունչ՝ մտածելակերպով ու գործելակերպով, խուսափիլ ծայրայեղութիւններէ եւ ժամանակավրիպութիւններէ։ Այս իմաստով, Հայրապետը յորդորեց երիտասարդները, ի պահանջել հարկին, ձայն բարձրացնելու մեր կառոյցներուն մէջ, սակայն առանց քանդելու ու կործանելու ցարդ կատարուած իրագործումները։ Ան շեշտեց, որ մեր կառոյցները, սկսեալ եկեղեցիէն, կարիքը ունին ինքնաքննութեան, որպէսզի առաւել ներկայութիւն ըլլան ներկայ աշխարհին պայմաններով ապրող երիտասարդութեան կեանքին մէջ։
Երիտասարդներուն հետ զրոյցի ընթացքին Հայրապետը նաեւ խօսեցաւ հայու ինքնութեան, Արցախի ու Հայաստանի ներկայ իրավիճակին, Լիբանանի տագնապին եւ երիտասարդութեան վրայ Սփիւռքին անկազմակերպուածութեան ժխտական ազդեցութեան մասին։
Օրուան երկրորդ նիստին տեղի ունեցաւ կլոր սեղանը։ «Հայ Համալսարանականը՝ Մշակոյթի Դեսպան» թեմային Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան անդրադարձաւ գիրի ու գրականութեան, Զաքար Քէշիշեան՝ մշակոյթի եւ Լուիզա Պապոյեան՝ ուսման ընդմէջէն։ Զրոյցը վարեց Արազ Գոճայեանը, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց հիւրերը ու առաջին հերթին խօսքը փոխանցեց մասնակից երիտասարդներուն, որպէսզի աւելի քան ժամ մը տեւած Վեհափառ Հայրապետին հետ զրոյցէն բխած գաղափարներուն մասին առիթ ունենան աւելի խորանալու. իսկ երեք զրուցակիցները իրենց փորձառութիւններէն եւ մասնագիտութիւններէն մեկնելով՝ աւելի հարստացուցին զրոյցը ու հարցերու պատասխան տուին։
Կլոր սեղանի ընթացքին առաւելաբար անդրադարձ կատարուեցաւ սերունդներուն լեզուամտածողութեան տարբերութեան՝ ի միտի ունենալով ներկայ դարուն արհեստագիտութիւնը, տարբեր սերունդներու միտքերու արտայայտութեան մակարդակին, ժողովրդական մշակոյթին համաշխարհայնացման, ասպարէզի ընտրութեան մէջ ներկայ ընկերատնտեսական իրավիճակին ազդեցութեան, առօրեայ կեանքէն անդին հայերէն լեզուի օգտագործման սահմանափակումներուն ու առիթներուն եւ անցեալէն սորվելով ու ներկայ առիթներէն օգտուելով դէպի ապագայ նայելու մասին։ Կլոր սեղանի ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ հայ մշակոյթի դեսպան ըլլալու կերպերուն մասին, ուր հայ երիտասարդը պէտք է տիրապետէ իր մշակութային արժէքներուն ու աւանդներուն եւ իմանայ օտար մշակոյթներու մասին։
Սեմինարին վերջին բաժինով դոկտ. Քրիստին Արզումանեան-Ղազարեան ներկայացուց ներկայ դարուն մեր ունեցած հմտութիւնները եւ ստեղծագործութիւնները լաւապէս տարածելու եւ անոնց շուրջ հետաքրքրութիւն ստեղծելու մասին։ Աշխատանոցի ընթացքին, մասնակիցները բաժնուեցան վեց խումբերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ընտրեց մշակութային արժէք մը եւ աշխատանոցէն սորված հմտութիւնները օգտագործելով՝ նորօրեայ branding-ով ծանուցելու ծրագիրներ մշակեց։
Աւարտին, Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան իր փակման խօսքը արտասանեց, ուր շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն եւ հիւր զեկուցաբերներուն ու զրուցավարին։ Ան ընդծեց, որ երիտասարդը իր խօսքով ու գործով առջեւ կը տանի ժողովուրդի մը ազատութեան եւ անկախութեան երթը։ Ան խրախուսեց երիտասարդները, որ շարունակեն անվհատ պայքարիլ՝ մանաւանդ Սփիւռքին մէջ, ու ամէն միջոց ի գործ դնեն հայ մշակոյթին գոյատեւման։
Նշենք, որ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի 60 ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին ցարդ տեղի ունեցած է միջ-դպրոցական հայերէն մեքենագրութեան եւ նուագի մրցաշարքերը, իսկ ընթացքի մէջ են նախկին անդամներու, ատենապետներու եւ հոգեւոր խորհրդատուներու հետ հանդիպումները։
Աւելցնենք նաեւ, որ այս սեմինարներու շարքին յաջորդ սեմինարը տեղի պիտի ունենայ Մայիսին՝ «Հայ Երիտասարդը Եւ Եկեղեցին» նիւթով, Հոկտեմբերին՝ «Հայ Համալսարանականը Համալսարանէն Ներս» թեմայով, իսկ դարձեալ Մայիս ամսուան ընթացքին պիտի կայանայ երգի մրցում։
Այս հարթակէն կոչ կ՚ուղղենք նաեւ մեր նախկին Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ականներուն, որ եթէ կը փափաքին իրենց յիշատակները գրութեամբ մը կամ յօդուածով մը լոյս տեսնէ 60 ամեակի յատուկ հրատարակութեան մէջ, կապ հաստատեն մեզի հետ։