Armenian church Cilicia Analytic Platform

«ԿԻԼԻԿԻԱ ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ»Ի ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 8 Սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։   Օրակարգին ներառուած էին Միջին Արեւելքի եւ հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւնները, Կազայի պատերազմը, անոր զուգահեռ Լիբանանի դիմագրաւած պատերազմի վտանգն ու այդ բոլորի ազդեցութիւնը միջին արեւելեան հայ համայնքներուն վրայ։ Յատուկ կէտով քննարկումներ կեդրոնացան…

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՄԱՆ 33-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, ազգային վառ ապրումներով եւ վերանորոգ հաւատքով, կամքով ու տեսիլքով կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները՝ ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի: Հայ ժողովուրդը կ՚ապրի իր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրական հանգրուանը: Հայաթափուած է Արցախը, Հայաստանը կը մնայ ենթակայ Ազրպէյճանի սպառնալիքներուն: Փաստօրէն Հայաստանը առանձին է, իրաւ բարեկամ չունի: Ահաւոր վտանգներով եւ…

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ՝ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԻՒՐԸ

Երեքշաբթի, 3 Սեպտեմբեր 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, ընդունեց Լիբանանի մօտ Գանատային դեսպան Սթեֆանի ՄըքՔալըմ։ Հանդիպումը առիթ եղաւ ընդհանուր գիծերով անդրադարձ կատարելու Կազայի պատերազմին, Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, Հայաստանի ու Գանատայի յարաբերութեան, Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք կենսոլորտի նուիրուած համագումարին եւ Գանատայի հայ համայնքին շուրջ։ Դեսպանը ընթրիքի հիւրը եղաւ Վեհափառ Հայրապետին։

the Armenian church in Greek Aram I

ՅՈՒՆԱՐԷՆԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ “THE ARMENIAN CHURCH” ԳԻՐՔԸ

2016 թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հեղինակած «The Armenian Church» (Հայ Եկեղեցին) հատորը ցարդ թարգմանուած է արաբերէնի, ֆրանսերէնի, պարսկերէնի, ռուսերէնի եւ գերմաներէնի։ Յիշեալ թարգմանութիւններու կողքին, վերջերս աւելցաւ նոյն հատորին յունարէն թարգմանութիւնը եւ հրատարակութիւնը։ Սոյն յունարէնի հրատարակութիւնը կատարուած է Յունաստանի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ՝ Սինոտին որոշումով։ Թարգմանութիւնը կատարած է յոյն եկեղեցւոյ յայտնի հոգեւորականներէն Մեթրոփոլիթ Գաբրիէլ,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 29 Օգոստոս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազեն: Այս առիթով, դեսպան Ալ-Խազեն Հայրապետին պարզեց Վատիկանի կողմէ տարուող աշխատանքները՝ Լիբանանը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն լուծում տալու ճիգերու շուրջ: Դեսպանը նաեւ Վեհափառ Հայտապետին փոխանցեց Վատիկանի մէջ վերջերս Նորին Սրբութեան տուած դասախօսութեան դրական արձագանգներուն մասին տեղեկութիւններ։ Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, իր…

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԵՑԱՒ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ 50 ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԸ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսաւ «Շնորհալի» երգչախումբի յոբելեանականին նուիրուած «50 Տարի Երաժշտութիւն Եւ Ինքնութիւն» խորագիրով յուշամատեանը։ Յուշամատեանը համապարփակ ներկայացումն է երգչախումբին երկարամեայ գործունէութեան, որուն ամբողջացման համար խմբագրակազմը դիմած է Կաթողիկոսարանի «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթին, ինչպէս նաեւ անհատներու ու նախկին անդամներու վկայութեան։ Յառաջաբանէն ետք հատորը կը բացուի Կաթողիկոսարանի երգչախումբի հիմնադիր հայրապետ երջանկայիշատակ Տ.Տ.…

Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ հոգեւոր տէր

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ

Երեքշաբթի, 20 Օգոստոս 2024-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ, որուն կ՚ընկերանար օգնական եպիսկոպոս Լիբանանի հայ կաթողիկէ համայնքին Գերապայծառ Տ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահ։ Հանդիպման Հայրապետին կողքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Կաթողիկոսարանի “Կիլիկիա” մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ.…

Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնը նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ 2024

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ամբողջ շաբաթ մը Ս. Աստուածածնի պահոց եւ Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի տօնին առնչուած արարողութիւններու մասնակից դառնալէ եւ Աստուածամօր երկրաւոր առաքելութեան խորհուրդով հաղորդուելէ ետք` Սուրբ Աստուածածին Վանքի մատրան մէջ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպած հոգեւոր խորհրդածութիւններու ճամբով, մեր եկեղեցին Ս. եւ անմահ Պատարագի մատուցումով կը նշէ Աստուածամօր վերափոխման տօնը։ Այս առիթով նաեւ կը կատարուի աւանդական խաղողօրհնէքի…

Սուրբ Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օր

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄ՝ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ՝ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ   ԵՐԵՔ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՆԵՐ ԱՂՕԹՔԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԻՔ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ —  —  —  —  — Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնը Ուխտի Օրն է Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին, որ ամէն տարի յատուկ հանդիսաւորութեամբ կը նշուի՝ ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ։   Այս տարի, Շաբաթ…

Սուրբ Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օր

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՏԱՂԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՅՐ

Ուրբաթ, 16 Օգոստոս 2024-ի իրիկունը, աւանդութիւն դարձած սովորութեան համաձայն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Սուրբ Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան առիթով պատրաստութեան ընթացքի մէջ եղող մատաղի պատրաստութեան վայրը։ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Ս. Աստուածածին Վանքի պատասխանատու հայր սուրբին, Դպրեվանքի տեսչութեան ու աշակերտութեան, Մայրավանքի տիկնաց յանձնախումբին եւ մատաղի պատրաստութեան լծուած կամաւորներուն կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց բոլոին նուիրական աշխատանքն ու…

Մայրութեան Խորհուրդը

Խաչափայտին վրայ, հոգեվարքի պահուն, Փրկիչը խորիմաստ պատգամ մը կու տայ Իր չարչարակից մօր. «Ո՜վ կին, ահա քու որդիդ», եւ սիրելի աշակերտին` Յովհաննէսին. «Ահա՛ քու մայրդ»: (Յվհ. 19:26-27): Աստուածաշնչական այս հաստատումը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին կողմէ պարգեւ մըն է. Ան Իր մայրը իբրեւ օգնական եւ շնորհք` կու տայ աշխարհին, շնորհք` մանաւանդ եկեղեցւոյ եւ այն հաւատացեալներուն, որոնք դարերու ընթացքին…

ԱՂՕՐՀՆԷՔ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով նաեւ կը նշենք Սուրբ Աստուածածին Վանքի ուխտի օրը։ Այս առիթով, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը, ամբողջ շաբթուան ընթացքին, կը կազմակերպէ հոգեւոր լսարաններ, որոնց ընթացքին կը կատարուին հոգեւոր խորհրդածութիւններ, աղօթասացութիւններ եւ սաղմոսասացութիւններ։ Այս հոգեւոր խորհրդածութիւնները ուխտաւորներուն առիթ կ՚ընծայեն ա՛լ աւելի խորանալու Աստուածամօր կեանքին ու առաքելութեան պատգամին։ Առ…

Պիքֆայա, Սուրբ Աստուածածին Վանք, Վեհարան, Անթիլիաս, Մայրավանք

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅԱԶԳԻ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐ

Անցնող օրերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Գոլոմպիայի մօտ Լիբանանի դեսպան Արա Խաչատուրեանը եւ Քաթարի մօտ Լիբանանի հիւպատոս Շանթ Վարդանեանը: Ողջունելով անոնց այցելութիւնը՝ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց որպէս դիւանագէտներ անոնց բերած ծառայութիւնը Լիբանանին: Ան յիշեցուց, որ Լիբանանի գլխաւոր համայնքներէն մէկն է հայ համայնքը՝ իր պարտաւորութիւններով ու իրաւունքներով: Ուրախութեամբ հարկ է հաստատել , որ մեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց կարգ մը թեմերու առաջնորդ սրբազան հայրերը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹԵՄԱԿԱԼ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ

Անցնող քանի մը օրերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կարգ մը թեմերու նորընտիր առաջնորդները.- Կիպրոսի Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան եւ Յունաստանի Հայոց Թեմի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԷՍԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Մաշտոցեան Մատենադարանի նախաձեռնած Հայագիտական Միջազգային Քոնկրէսին, որուն բացումը կատարուեցաւ Ուրբաթ, 19 Յուլիս 2024-ի առաւօտուն: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան ներկայ գտնուեցան պաշտօնական բացման: Այս միջոցին կազմակերպուած «Գրատօն» հայագիտական գիրքի ցուցահանդէս-տօնավաճառին, ուր ներկայացուեցան Հայաստանի եւ Սփիւռքի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԻՐՈՎ ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆԸ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ

Կ՚ուզենք յայտնել մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, յատկապէս Կիպրոսի հայութեան, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը, Հայրապետական գիրով, Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեանը նշանակեց Կիպրոսի Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ: Սրբազան հայրը շուտով պիտի ստանձնէ իր նոր առաքելութիւնը: Կոմիտաս սրբազան անցնող տասնամեակներու ընթացքին վանական ու թեմական զանազան պաշտօններ վարած է Սուրիոյ, Յունաստանի եւ Վենըզուելայի մէջ: Դպրեվանքը աւարտելէ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՁԵՌԱԳՐԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ՆԻՍՏԻՆ

Չորեքշաբթի, 17 Յուլիս 2024-ին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան իր մասնակցութիւնը բերաւ հայ հոգեւոր ձեռագրական կեդրոններու հիմնադիր առաջին նիստին, ուր Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւններն ու ողջոյնները փոխանցեց եւ զեկուցեց Կաթողիկոսութեան ձեռագրական ժառանգութեան մասին։ Ժողովը քննարկեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 12 Յուլիս 2024-ին, Լիբանանի Գարակէօզեան Հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան եւ Ռաքէլ Քէչէճեան ու Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեան այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու համար անոր հայրական օրհնութիւնը։ Անոնք Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեցին Գարակէօզեան հաստատութեան աշխատանքներուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներու մասին: Հանդիպումը առիթ եղաւ նաեւ անդրադառնալու մեր ժողովուրդին դիմագրաւած բժշկական, ընկերային եւ մտային առողջութեան վերաբերող խնդիրներն ու մարտահրաւէրները։…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ 2023-2024 ՀՈՒՆՁՔԻՆ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄԸ

Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի 2023-2024 կրթական տարուան վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 9 Յուլիս 2024-ի յետմիջօրէին, Դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» սրահին մէջ, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Հանդիսութեան ներկայ էին միաբան հայրեր, բաժանմունքի յանձնախումբի անդամներ, Կեդրոնի ուսուցիչներ, ուսանողներ եւ շրջանաւարտներու ընտանիքներ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կեդրոնի տեսուչ Ահարոն Շխրտըմեան։ Ան դիտել տուաւ, որ յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԻՐԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԱՍՈՒՏ ՓԵԶԵՇՔԵԱՆԸ

Երկուշաբթի, 8 Յուլիս 2024-ին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանին ուղղած իր յատուկ նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, թեմերուն եւ յատկապէս Իրանի հայութեան, ջերմօրէն շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը՝ որպէս նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան:   Իր նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով հայ եւ պարսիկ ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Իրանի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ Ե.Հ.Խ.Ի ԷՔԻՒՄԷՆԻՔ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) «Էքիւմէնիք Դաստիարակութեան Եւ Կազմաւորման Յանձնաժողով»ը իր առաջին անձամբ ժողովը գումարեց Յունիս ամսու վերջին շաբթուան ընթացքին, Սէուլի Եոնսէյ համալսարանին մէջ, Հարաւային Քորէա։ Յանձնաժողովը օրակարգի վրայ ունէր ութամեայ գործունէութեան ծրագրաւորումը, յատկապէս երկու տարին անգամ մը կազմակերպուող ԿԷԹԻ Համաշխարհային Էքիւմէնիք Աստուածաբանական Ինստիտուտի ծրագրի եւ էքիւմէնիք կազմաւորման առցանց դասապահերու նոր ծրագրի մը՝ Պոսէյի Էքիւմէնիք Ինստիտուտի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Շաբաթ, 6 Յուլիս 2024-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայրենիքին ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ ընդհանրապէս հայ կեանքը յուզող խնդիրներուն եւ տարածաշրջանը դիմագրաւող տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն։

«Ո՞Վ ԵՄ ԵՍ» (Այլակերպութեան Տօնին Առիթով)

Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն երեք տարի շարունակ քարոզելէ, հրաշագործելէ, կազմաւորելէ ետք` անոնց անսպասելի քննութենէ մը կ՚անցընէ` հարցնելով. «Մարդիկ ի՞նչ կ՚ըսեն Մարդու Որդիին մասին. ո՞վ եմ ես» (Մտ 16.13)։ Անոնք, իրենց կարգին, ինչ որ բազմութենէն լսած էին Յիսուսի մասին յայտնեցին. «Ոմանք քեզ Յովհաննէս Մկրտիչը կը կարծեն, ոմանք՝ Եղիա մարգարէն, իսկ ուրիշներ՝ Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը» (Մտ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԲՆԱԳԱՒԱՌԷՆ ՆԵՐՍ ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՔԱՋԱԼԵՐՈՂ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

2006 թուականին Լիբանանի մէջ հիմնուած «Ատիէն» (Adyan) կազմակերպութիւնը տարեկան այլազան բնոյթի հանդիպումներ կազմակերպելով՝ կը փորձէ հասարակաց արժէքներու շուրջ համախմբել Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ու իսլամ հոգեւորականներ, երիտասարդներ, մտաւորականներ եւ զանազան բնագաւառներու պատկանող մասնագէտներ։ Այս կազմակերպութիւնը գրասենեակներ ունի տարբեր երկիրներու մէջ։ Անոր նպատակն է երկխօսութիւն ու համագործակցութիւն յառաջացնել կրօններու միջեւ, յատկապէս իսլամութեան ու քրիստոնէութեան։ Առ այդ, Շաբաթ,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ռ.Ա.Կ.Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 5 Յուլիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Լիբանանի վարիչ մարմինի պատուիրակութեան այցելութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առնչուող հարցեր եւ մասնաւորաբար Լիբանանի այժմու կացութեան վերաբերող զարգացումներ:

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՏՊԱՐԱՆԷՆ ԼՈՅՍ ԿԸ ՏԵՍՆԵՆ ԱՐՄԵՆԱԿ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆԻ «ԴԺՈԽՔԷՆ ԴՐԱԽՏ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԵՒ ՀՍԿՈՒՄԻ ԺԱՄԱԳԻՐՔԻՆ Ե. ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

«ԴԺՈԽՔԷՆ ԴՐԱԽՏ» Հայոց ցեղասպանութեան եւ կամաւորական բանակի վերաբերեալ Արմենակ Անդրանիկեանի յուշագրութիւնը՝ «Դժոխքէն դրախտ» վերնագրեալ, լոյս կը տեսնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տպարանէն։ Հատորին խմբագիրն է Վազգէն Ղուկասեան։   Խմբագրական նշումներուն մէջ Ղուկասեան կը գրէ, որ գիրքը պատումն է Անդրանիկեանի կեանքի առաջին երեք տասնամեակներուն (1893-1920) եւ կարեւոր վկայութիւն է նախքան ցեղասպանութիւնը Կարնոյ Քղի գաւառի աւելի քան…

«ՀԱՍԿ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔ»Ը ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՏՊԱՐԱՆԷՆ

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսսաւ «Հասկ հայագիտական տարեգիրք»ի ԺԳ. տարուան թիւը՝ ձօնուած Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850-ամեակին։ Հատորին խմբագիրն է «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։   Հրատարակութիւնը իրականացաւ մեկենասութեամբ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ ընտանիքին՝ ի յիշատակ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի։   Արամ Ա.…

29 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԱՆՄՆԱՑՈՐԴ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ

1995-էն ի վեր իւրաքանչիւր տարուան Յունիս ամիսը բոլորիս համար առիթ է նշելու եւ ըստ արժանւոյն յարգելու Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հոգեւոր անդաստանի եւ ազգային կեանքի բնագաւառներէն ներս մատուցած բոլորանուէր ծառայութիւնը: Վեհափառ Հայրապետին 29 տարիներու վրայ երկարող արդիւնաւէտ գործունէութիւնը եւ իր բազմաթիւ իրագործումները խօսքի սահմաններու մէջ կարելի չէ ամբողջականօրէն ներկայացնել, սակայն կարելի է անվարանօրէն հաստատել, որ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 1 Յուլիս 2024-ի երեկոյեան, Յունաստանի Հայոց Թեմի Երեսփոխանական Ժողովը արտակարգ նիստ գումարեց՝ օրակարգ ունենալով նոր առաջնորդի ընտրութիւն։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պաշտօնական նամակը, ուղղուած ժողովին, ընթերցուելէ ետք, ժողովին ներկայացուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ղրկուած ընտրելիներու ցանկը՝ բաղկացած երեք միաբան հայրերէ։ Ապա կայացաւ առաջնորդի ընտրութիւն եւ ձայներու մեծամասնութեամբ Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդ ընտրուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒՀԻՆ

Շաբաթ, 29 Յունիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քրիստոսի Միացեալ Եկեղեցւոյ նախագահուհի դոկտ. Քարէն Թոմփսընի, ընկերակցութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Մ.) եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեանին: Նախագահուհին Լիբանան այցելած էր ներկայ գտնուելու Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Մ. 100 ամեակի հանդիսաւոր պաշտամունքին եւ 77-րդ Համաժողովին։…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երեքշաբթի, 2 Յուլիս 2024-ին, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Հայաստան կատարած իր այցելութենէն ետք, հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայաստանը, Սփիւռքը եւ Լիբանանը յուզող շարք մը խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու:

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 29 ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կիրակի, 30 Յունիս 2024-ին, Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք (Գոհաբանական Աղօթք)՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր Ս. Աթոռի արժանընտիր գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 29-րդ տարեդարձին առիթով։ Միաբան հայրեր Ս. Խորան բարձրացան եւ գոհաբանական աղօթքներով, շարականի երգեցողութեամբ եւ…

«ԽՍՏԱՊԱՀԱՆՋՈՒԹԻՒՆԸ, ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՄՔԸ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ ՄԵՐ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՐԱԳՐԻՆ ՈՒ ԿԵԱՆՔԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այսպէս բնորոշեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան նկարագիրը, կեանքը ու կոչումը, եպիսկոպոսաց դասուն եւ ապա վանաբնակ միաբանութեան հետ յաջորդաբար իր ունեցած հանդիպումներու ընթացքին: «Մենք անհատ միաբաններ չենք, այլ Միաբանութիւն ենք՝ հաւաքական մէ՛կ անձնաւորութիւն: Այս գիտակցութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կոչուած ենք մտածելու ու գործելու, ծառայելու ու կազմակերպելու մեր անհատական ու հաւաքական կեանքը,…

«ADANA PROJECT»Ը ՍՏԱՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 26 Յունիս 2024-ի առաւօտեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայաստանէն ժամանած «Adana Project» խումբը։ Խումբը Լիբանան կը գտնուի, յառաջիկայ օրերու ընթացքին, լիբանանահայ արուեստասէր հանրութեան առջեւ համերգով հանդէս գալու համար։ Խումբի անդամները Վեհափառ Հայրապետին հակիրճ կերպով ներկայացուցին խումբի կազմութեան հոլովոյթը, նպատակը եւ ազգային ու մշակութային առաքելութիւնը։ Արամ Ա.…

ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

«ՓՈԹՈՐԻԿԻ ՄԷՋ ՄՆԱՑԱԾ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆԱՒԸ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ ՆԱՒԱՊԵՏԻ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Այսպէս արտայայտուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Երեքշաբթի, 25 Յունիս 2024-ին, մարոնիթ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքերքէի մէջ կայացած Լիբանանի քրիստոնեայ ու իսլամ հոգեւոր պետերու հաւաքին։ Մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ Ռայի պատրիարքին հրաւէրով տեղի ունեցած յիշեալ հաւաքի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Ռայի պատրիարք, քարտինալ Փարոլին, Արամ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ.Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երկուշաբթի, 24 Յունիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հ.Յ.Դ.ի Հայաստանի գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ.ի Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ու Կեդրոնական Կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայաստանի ներքին կացութեան եւ վերջին շրջանին տեղի ունեցող զարգացումներուն:

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 2023-2024 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՓԱԿՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Այնպէս ինչպէս Դպրեվանքի ուսումնական-կրթական տարեշրջանը կը բացուի Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին, նոյնպէս ալ կը փակուի Թարգմանչաց վարդապետներէն՝ Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի տօնին։ Առ այդ, վերջինիս զուգադիպող Կիրակիին՝ 23 Յունիս 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ձեռամբ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ.…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԵԶՐԱՓԱԿԷ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԼՍԱՐԱՆԻ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը, իր բազմաճիւղ գործունէութեան ծիրէն ներս, միշտ յատուկ կարեւորութիւն տուած է հոգեւոր լսարաններու։ Այս ուղղութեամբ, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիլիկեան Ուխտի միաբան հայրեր շաբաթական դրութեամբ Մայրավանքէն ներս կը կատարեն աստուածաշնչական սերտողութիւններ ու հոգեւոր դասախօսութիւններ։ Անցնող իննը ամիսներու ընթացքին, ամէն Երեքշաբթի առաւօտ, Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 18 Յունիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մուճթապի Ամանին, ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական պատասխանատուներուն: Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը եւ այս ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում: Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով Արցախի հարցին՝ շեշտեց արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը, միջազգային հովանաւորութեան ներքեւ, եւ յիշեց Ազրպէյճանի մօտ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՆԿԱԽ ՔԱՂԱՔԱԳԷՏՆԵՐ» ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց «Քրիստոնեայ Անկախ Քաղաքագէտներ» խմբակցութիւնը: Այցելութեան նպատակն էր քննել Լիբանանը յուզող հիմնական հարցերը, ինչպէս նաեւ տեղեակ դառնալ մի քանի օրեր առաջ Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան կատարած այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑՈՎ

Մի քանի օրեր առաջ, Վատիկանի մէջ Ֆրանսիս Պապին հետ ունեցած իր հանդիպման ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախ իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց անցնող շրջանին Արցախի հարցին գծով անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար՝ միաժամանակ խնդրելով, որ նոյն զօրակցութիւնը շարունակուի Արցախի հայութեան միջազգային երաշխաւորութեամբ Արցախ վերադառնալու եւ Ազրպէյճանի մէջ գտնուող հայ բանտարկեալներուն շուտափոյթ ազատ արձակման գծով: Վերոյիշեալ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Վատիկան կատարած իր միօրեայ այցելութեան ընթացքին, որուն նպատակը Վատիկանի Արեւելեան եւ Գրիգորեան համալսարանէն ներս դասախօսութիւն տալ էր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի հետեւեալ բաժանմունքներու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ.- ա) Վատիկանի վարչապետը նկատուող քարտինալ Փարոլինի բացակայութեան, Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար քարտինալ Քալաղըրին հետ: Քննարկուեցան յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւնները եւ Ազրպէյճանի մօտ գտնուող հայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԻՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 12 Յունիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին հետ: Հանդիպման ընթացքին տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ առաջարկուած հետեւեալ կէտերուն շուրջ.- ա) Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու առաւել ծաւալումը ու յարաբերութիւնը գործակցութեան վերածելու հրամայականը: բ) Սուրբ Յարութեան տօնը բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ միասնաբար նոյն թուականին նշելու հարցը: գ) Երրորդ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

«ԿՐՕՆԻ ԴԵՐԸ ԱՆԺԽՏԵԼԻ Է ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Երեքշաբթի, 11 Յունիս 2024-ին, «Կրօնի դերը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ» նիւթին շուրջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութիւն մը տուաւ Վատիկանի Արեւելեան Համալսարանին մէջ: Դասախօսութիւնը կազմակերպուած էր յիշեալ համալսարանի, Կրեկորեան համալսարանի եւ Լիբանանի դեսպանատան միացեալ նախաձեռնութեամբ: Նորին Սրբութիւնը նախ պարզեց հին դարերէն սկսեալ կրօնի առանցքային դերը աշխարհաքաղաքականութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՎԱՏԻԿԱՆ

Երեքշաբթի, 11 Յունիս 2024-ի առաւօտուն, միօրեայ այցելութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պիտի մեկնի Վատիկան: Նորին Սրբութիւնը հրաւիրուած է Վատիկանի Արեւելեան Համալսարանին մէջ դասախօսութիւն տալու՝ «Կրօնքին դերը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ» նիւթին շուրջ: Վատիկան կատարելիք իր միօրեայ այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ պիտի ունենայ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին, Վատիկանի արտաքին գործոց նախարարին, միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահին եւ…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Երկուշաբթի, 10 Յունիս 2024-ին, Պքերքէի մարոնիթ պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը կայացաւ Նորին Ամենապատուութիւն Ռայի Պատրիարքին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին միջեւ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ ու մտահոգութիւններ, յատկապէս՝ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը։ Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահեց մարոնիթ Պատրիարքը, որ յաջորդ օրը՝ Երեքշաբթի, պիտի մեկնի Վատիկան՝ Արեւելեան Համալսարանին մէջ…

ԵՐԵՔ ԴՊՐԵՎԱՆԵՑԻՆԵՐ ՄԻԱՑԱՆ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ԴԱՍՈՒՆ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, երեք դպրեվանեցիներ՝ Մինաս կիս. Ճանսըզեան, Յովհաննէս կիս. Պայտունեան եւ Գէորգ կիս. Եագուպեան, ձեռնադրութեամբ ստացան հայ եկեղեցւոյ երեք նուիրապետական աստիճաններէն առաջինը՝ սարկաւագական կարգ։ Ձեռնադրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Կիրակի, 9…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Շաբաթ, 8 Յունիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի։ Հանդիպման առանցքը Հայաստանի մէջ եւ տարածաշրջանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներն էին։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Ս.Դ.Հ. ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՏՈՔԹ. ՀԱՄԲԻԿ ՍԱՐԱՖԵԱՆԻ

Ուրբաթ, 7 Յունիս 2024-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան, ընկերակցութեամբ նոյն կուսակցութեան Լիբանանի վարիչ մամինի անդամներուն։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները։ Շեշտուեցաւ Հայաստանը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն դիմաց մեր ազգի ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը։

ԴՊՐԵՎԱՆԵՑԻ 9 ՍԱՆԵՐ ԿԸ ՄԻԱՆԱՆ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴՊԻՐՆԵՐՈՒ ՈՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԵՐՈՒՆ

Կիրակի, 2 Յունիս 2024-ին, հայ եկեղեցին նշեց Կաթուղիկէ Ս. Էջմիածնի տօնը։ Արդարեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին, ձեռամբ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի տեսչական կազմէն Հոգշ. Տ.…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆՈՒՀԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Չորեքշաբթի, 29 Մայիս 2024-ին, շուրջ մէկ ժամ հանդիպում կայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Լիբանանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանուհի Լիզա Ճոնսընի միջեւ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան յատկապէս Լիբանանի հետ կապուած շարք մը հարցեր՝ մասնաւորաբար Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն, ընկերատնտեսական տագնապի յաղթահարում եւ ընդհանուր բարեկարգում: Այս հարցերուն գծով Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց իր…

«ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՉԻ՛ ԿՐՆԱՐ ԱՆՏԱՐԲԵՐ ՄՆԱԼ Ի ՏԵՍ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՔԱՆԴՈՒՄԻՆ» — Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

«Քիչ առաջ իմացանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Սարդարապատ մուտքի ժամանակ ոստիկաններուն կողմէ եղած խոչընդոտին մասին։ Խստօրէն կը դատապարտենք այս մեծապէս ամօթալի երեւոյթը, որ խոտոր կը համեմատի մեր ազգի վարքագիծին եւ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներուն։ Ո՞ւր կ՚երթայ Հայաստանը՝ մեր սիրելի Հայրենիքը, որուն անկախութեան ու յաւերժութեան ի խնդիր դարեր շարունակ մեր սուրբերը աղօթեցին, մեր նախահայրերը…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մօտէն կը հետեւի Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ այս գծով Վեհափառ Հայրապետները մնայուն կապի մէջ են իրարու հետ։ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Մայիս 28-ի պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց Հայաստանի անկախութիւնը, հողային ամբողջականութեամբ ու անվտանգութեամբ, ամուր պահելու հրամայականը, որպէս գերագոյն արժէք մեր ողջ ազգին համար։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց մեր…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 106-ԱՄԵԱԿԻ ԵՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ ու հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 25 Մայիս 2024-ին, Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք (Գոհաբանական Աղօթք) եւ Հայաստանի դրօշի օրհնութիւն՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման 106-ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ՝ հոգեհանգստեան պաշտօն անկախութիւնը կերտելու ճամբուն վրայ նահատակուած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ

Ուրբաթ, 24 Մայիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.) Լիբանանի վարիչ մարմինին ներկայացուցիչները: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ընդհանրապէս Հայաստանէն ներս տիրող վերջին զարգացումներուն եւ մասնաւորաբար Լիբանանի այժմու կացութեան, ինչպէս նաեւ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ միջ-կուսակցական գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը՝ մեր գաղութները յուզող հարցերուն շուրջ:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Հինգշաբթի, 23 Մայիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ասորի եկեղեցւոյ պատրիարք Նորին Սրբութիւն Աֆրամ Բ.ի հետ միասին, ներկայ գտնուեցաւ Արեւելքի քրիստոնէութեան նուիրուած համագումարի բացման նիստին: Համագումարը կազմակերպուած է Հունգարիոյ Արեւելքի Քրիստոնէութեան Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին եւ ասորի եկեղեցւոյ պատրիարքութեան կողմէ: Համագումարին կը մասնակցին 50 անհատներ, Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն: Բացման նիստին նաեւ ներկայ էին պետական ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 20 Մայիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդին՝ Այաթուլլահ Ալի Խամինիին յղած նամակով, իր խոր ցաւակցութիւնը յայտնեց ժամեր առաջ ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով իրենց կեանքը կորսնցուցած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Ալ-Սայէտ Իպրահիմ Ռայիսիի, արտաքին գործոց նախարարին, Արեւելեան Ատրպատականի կառավարիչին եւ անոնց ուղեկցող պետական անձնաւորութիւններու մահուան առիթով: Նորին Ս. Օծութիւնը նաեւ…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ԱՆԻ ՊԷԶԻՔԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 19 Մայիս 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հանգուցեալ ազգային բարերար Անի Պէզիքեանի մահուան քառասունքին առիթով։ Արարողութեան ներկայ էին հանգուցեալին ամուսինը՝ Ալեքքոն, եւ զաւակները՝ Արամն ու Զարեհը, Իտալիայէն ու Զուիցերիայէն ժամանած։ Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Կաթողիկոսարանի սեղանատան մէջ, հանգուցեալի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՍ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐԸ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՅԱՏՈՒԿ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ ԵՒ ԳԱՒԱԶԱՆ ԿՐԵԼՈՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՑԱՆ

Օրհնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիլիկիան միաբանութեան չորս աբեղաները՝ Հոգշ. Տ. Եզեկիէլ Աբղ. Սելլումեան, Հոգշ. Տ. Եսայի Աբղ. Էօրտէքեան, Հոգշ. Տ. Եզրաս Աբղ. Թէնէքէճեան եւ Հոգշ. Տ. Եղիա Աբղ. Մալխասեան, ներկայացուցին Վարդապետութեան աստիճանի թեկնածութեան իրենց աւարտաճառերը եւ յընթացս կիրակնօրեայ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, յատուկ արարողութեամբ, ստացան նշեալ աստիճանները։ Աւարտաճառի ներկայացում եւ պաշտպանութիւն…

ԱՐԱՄ Ա․, ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ․ ԵՒ ԱՖՐԱՄ Բ․ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 10 Մայիս 2024-ին, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ․ Ղպտի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետը եւ Նորին Սրբութիւն Աֆրամ Բ․ Ասորի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետը միօրեայ հանդիպում մը ունեցան Ղպտի Եկեղեցւոյ Պատրիարքարանին մէջ, Գահիրէ, Եգիպտոս։ Յիշեալ հանդիպումը մաս կը կազմէ երեք հոգեւոր պետերու միջեւ երկու տարին անգամ մը տեղի ունեցող աշխատանքային հանդիպումներու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԵՐԷՑՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ

Շաբաթ, 4 Մայիս 2024-ին երեկոյեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, ընդառաջելով Իսլամական Երէցներու Խորհուրդի հրաւէրին, Ապու Տապիի ցուցահանդէսներու կեդրոնին մէջ արաբերէն լեզուով բանախօսեց համերաշխութեան եւ գոյակցութեան նիւթին շուրջ: Փոխանցելէ ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին զօրակցութիւնը կրօններու միջեւ գործակցութեան, սրբազան հայրը իր բանախօսութեան մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԾՈՒԻԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆԸ

Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. պատգամաւոր եւ «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպչական ներկայացուցիչ Ալպէր Պալապանեանի։ Հանդիպման նպատակը եւ քննարկումներուն առանցքը Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներն էին եւ յատկապէս Երեւանի…

ԵՐԿՈՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Երեքշաբթի, 7 Մայիս 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կապ հաստատելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ՝ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց նոյն օրը Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան գծով՝ Հայաստանէն ներս ստեղծուած կացութեան առնչուած։ Վեհափառ Հայրապետները տեսակէտներու փոխանակում ունեցան Հայաստանը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն շուրջ, մասնաւորաբար Տաւուշի մարզէն ներս ստեղծուած կացութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 6 Մայիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակութեան Լիբանանի վարիչ մարմնի ատենապետ՝ Վանիկ Տագէսեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Բագրատունի, եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ տոքթ. Աւետիս Տագէսեան։   Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց միջ-կուսակցական գործակցութիւնը եւ կարեւորութեամբ շեշտեց զայն աւելի ծաւալելու հրամայականը։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՊԷՍ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը իր 51-րդ նիստին ընթացքին Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան ընտրեց որպէս թեմակալ առաջնորդ։ Այս առիթով ժողովի դիւանը պաշտօնական նամակով մը ընտրութեան արդիւնքները փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ խնդրեց անոր վաւերացումը։ Նորին Սրբութիւնը Հայրապետական պաշտօնագրով մը իր օրհնութիւնը տուաւ ժողովական անդամներուն եւ վաւերացուց Սրբազանին ընտրութիւնը։ Գեղամ սրբազան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը: Վարչութեան անդամները Հայրապետին ներկայացուցին Միութեան աշխատանքային յառաջիկայ ծրագիրները, յատկապէս Մայիս ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք Մայիսեան Փառատօնին առնչուած: Այս ուղղութեամբ շրջանային վարչութեան անդամները խնդրեցին Նորին Սրբութեան բարձր հովանաւորութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ եւ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ ՎԵՐԱՇԵՇՏԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՈՒՐ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Երեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին անոնք խորհրդակցեցան Հայաստանը յուզող ներկայ խնդիրներուն ու տագնապներուն շուրջ:   Վեհափառ Հայրապետները վերաշեշտեցին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը ու անվտանգութիւնը ամուր պահելու հրամայականը եւ այս ուղղութեամբ հայ եկեղեցւոյ անխախտ յանձնառութիւնը:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Հայաստանի եւ Յունաստանի դեսպանները: Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ Նորին Սրբութեան զրոյցը կեդրոնացաւ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ Ապրիլ 24-ի նշումին վրայ՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ: Յունաստանի դեսպանուհի Տեսփինա Քուքուլոփուլուն եկած էր իր զօրակցութիւնը յայտնելու հայ ժողովուրդին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով: Ան յայտնեց, որ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը եւ Նորին Սրբութիւնը Ֆրանսիս Պապին կողմէ նամակ մը յանձնեց Հայրապետին։   Վեհափառ Հայրապետին եւ պապական նուիրակին խօսակցութեան առանցքը դարձաւ ընդհանրապէս Լիբանանի կացութիւնը եւ յատկապէս նախագահական ընտրութիւնը։

«ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ՈՐԲԵՐԸ» ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ, Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի առաւօտուն, «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Հայ Որբերը» հատորին շնորհահանդէսը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի յարկին տակ, ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ին կազմակերպած «Արցախի Իրաւունքներու Վերականգնումի Հրամայականը Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» խորագրեալ համագումարի մասնակիցներուն եւ «Թռչնոց Բոյն»ի խնամակալութեան ու տեսչութեան։   Բացման խօսքով…

ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ՝ Ի ՆՊԱՍՏ ԱՐՑԱԽԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱՑՄԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի կազմակերպութեամբ, 20-22 Ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի Իրաւունքներու Վերականգնումի Հրամայականը՝ Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» խորագրով միջազգային համագումարը։ Եռօրեայ նիստերուն մասնակցեցան Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի տարբեր շրջաններէն շուրջ 30 պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ։ Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով համագումարին…

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՈՒՐԲԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԾԱՂԿԵՊՍԱԿՆԵՐՈՒ ԶԵՏԵՂՈՒՄ

Այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը կը նշենք ա՛լ աւելի ծանր մարտահրաւէրներու ներքոյ, սակայն առանց կորսնցելու փրկութեան մեր հաւատքը ու արդարութեան տիրանալու մեր պայքարի ոգին։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ի սկզբանէ ըլլալով ճակատագրակից իր ժողովուրդին, նաե՛ւ պայքարակից է անոր դատին։ Առ այդ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ի առաւօտուն, Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ…

«ԱՊՐԻԼ 24-Ը ՍՈՍԿ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԻ ՕՐ ՉԷ, ԱՅԼ ՄԵՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ԿԱՄՔԸ ԱՌԱՒԵԼ ԱՄՐԱՑՆԵԼՈՒ ԿՈՉ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի մէջ, Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչման առիթով։ Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին մեծ թիւով հայորդիներ եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ։…

ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

«Արցախի Իրաւունքներու Վերականգնումի Հրամայականը՝ Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուող համագումարը, կազմակերպուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ին, իր վերջին երկու նիստերը գումարեց Երկուշաբթի, 22 Ապրիլ 2024-ին։ Համագումարի փակման նիստին եզրափակիչ օրհնութեան խօսքը արտասանեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Իսկ նիստերու աւարտին, «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ը փակ նիստով լայնօրէն քննարկեց համագումարի նիստերէն բխած…

ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԳՈՒՄԱՐՈՒՈՂ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐԸ

Կիրակի երեկոյեան, 21 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ կայացող «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ին կազմակերպած «Արցախի Իրաւունքներու Վերականգնումի Հրամայականը՝ Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» գիտաժողովը շարունակեց իր աշխատանքային նիստերը։ Օրուան առաջին նիստով զեկոյց ներկայացուց Շահան Գանտահարեան։ Ան անդրադարձաւ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կիրարկած ցեղասպանական գործողութիւններու արձագանգներու երեք ուղղութիւններուն՝ պաշտօնական (Երեւանի ու Ստեփանակերտի) ուղղութիւն, ոչ-պետական՝ սակայն միջազգային հեղինակութիւն…

«ԱՐՑԱԽԸ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ԱՆՑԵԱԼ ՉԷ ԵՒ ԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Կիրակի, 21 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական պագամ յղեց հաւատացեալ ժողովուրդին՝ հիմնականօրէն անդրադառնալով արցախահայութեան տագնապին գծով լուծումներ որոնելու եւ արցախահայութեան տուն վերադառնալու իրաւունքը հաստատելու պայքարին մէջ հայ եկեղեցւոյ առած քայլերուն։ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագին, հաւատացեալներու…

ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ԳՈՒՄԱՐԵԼ ԻՐ ՅԱՋՈՐԴԿԱՆ ՆԻՍՏԵՐԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ եւ «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող «Արցախի Իրաւունքներու Վերականգնումի Հրամայականը՝ Ընդդէմ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Քաղաքականութեան» գիտաժողովը իր առաջի օրուան աշխատանքները աւարտեց վեց նիստերով։ Բացման նիստէն ետք հանդէս եկաւ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, որ համապարփակ կերպով անդրադարձաւ Ազրպէյճանի աւելի քան մէկ դարէ ի վեր իր սահմանակից երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն դէմ կատարած պատմամշակութային…

ԱՐՑԱԽԻ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 20 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գրասենեակին մէջ հանդիպում մը կայացաւ Արցախի առնչուած եւ յատկապէս Արցախի հայութեան վերադարձի ու քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցերուն գծով: Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր եւ առաջին նախագահ դատախազ դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՈՎ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱՒ «ԸՆԴԴԷՄ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

«Արցախի էջը փակուած չէ մեզի համար» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը՝ ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» համագումարը նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ին, ընթացք առաւ Շաբաթ, 20 Ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ՝ ներկայութեամբ Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր դատախազ դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփոյի…

ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԴԱՏԱԽԱԶ ԴՈԿՏ. ԼՈՒԻՍ ՄՕՐԷՆՕ ՕՔԱՄՓՕ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ, Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր ու առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ դասախօսեց լիբանանահայ կազմակերպութիւններու, կրթական ու ընկերային միութիւններու, կուսակցական եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներուն ներկայութեան։ Դասախօսուոթեան նիւթն էր «Ցեղասպանութեան հռչակագրի հռչակումէն 75 տարի ետք, ինչո՞ւ աշխարհը կը ձախողի հռչակագրի հրամայականներուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՐԷԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԴՈԿՏ. ԼՈՒԻՍ ՄՕՐԷՆՕ ՕՔԱՄՓՈՅԻ

Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր եւ անոր առաջին դատախազ (2003-2012) Դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ լայնօրէն անդրադառնալու Ազրպէյճան-Արցախ-Հայաստան վերջին տարիներու յարաբերութեանց, Արցախի դէմ Ազրպէյճանի 44-օրեայ պատերազմին, Արցախի շրջափակումին եւ անոր հետեւած Արցախի ժողովուրդի բռնագաղթին եւ Արցախի հայութեան դատը միջազգային օրէնքի լոյսին տակ Միջազգային Քրէական…

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ԿԱՐԵՒՈՐ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

— Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, «Թռչնոց Բոյն»ի հաստատման 100-ամեակին նուիրուած, «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Հայ Որբերը» հատորին շնորհահանդէսը եւ քննարկում տեղի պիտի ունենայ «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ, Ճըպէյլ:   — Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, պիտի դասախօսէ Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր եւ առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ: Նիւթ՝ «Ցեղասպանութեան հռչակագրի հռչակումէն…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՏԵՍՈՒՉ ՀԱՅՐ ՍՈՒՐԲԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

2-5 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան այցելեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն (Էջմիածին)՝ գործակցութեան աշխատանք մեկնարկելու Դպրեվանքին եւ Գէորգեան ու Վազգէնեան հոգեւոր ճեմարաններու միջեւ։ Արդարեւ, Դպրեվանքի հայր սուրբը եւ Գէորգեան ու Վազգէնեան ճեմարաններու տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, ունեցան աշխատանքային հանդիպումներ,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Վերջին օրերուն, Վեհափառ Հայրապետին այցելած պաշտօնական հիւրերու կարգին յիշենք հետեւեալները.- — Քանի մը օրեր առաջ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը, որուն հետ քննարկեց Հայաստանին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը։ — Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութեան փոխ նախագահուհի դոկտ. Մաթին Նաժըմ Քթայլին, եւ քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԻՇԽԱՆԻ ԿԱՐԳ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԲԱՐԵՐԱՐ ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆԸ

Ընդառաջելով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի խնդրանքին եւ ի գնահատութիւն երկար տարիներու ազգանուէր ու եկեղեցանուէր գործունէութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Իշխանի Կարգ»ի շքանշանով պարգեւատրեց բարերար Երջօ Սամուէլեանը։ Այս առիթով հրապարակուած Հայրապետական սրբատառ կոնդակին մէջ Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ կերպով բնութագրած է եկեղեցական ու ազգային բնագաւառին մէջ բարերար…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻՆ  ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴՐԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՄԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»ի աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, 20-22 Ապրիլ 2024-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ համագումար՝ «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը՝ ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» ընդհանուր խորագիրին ներքոյ։ Այս առիթով Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ սփիռքեան տարբեր երկիրներէ հրաւիրուած են 30 պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ։ Համագումարի թուական նկատի առնուած…

ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԻՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԺՈՂՈՎԸ

Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2024-ին, Հարիսայի (Լիբանան) Բեթանիա հիւրանոցին մէջ գումարուեցաւ Սուրբ Գրոց Ընկերակցութեան նորընտիր Գործադիր Խորհուրդին ընդհանուր ժողովը: Մէկ օրուան վրայ տարածուած ժողովի ընթացքին, նախ Ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Մայք Պասսուս պարզեց Ընկերակցութեան առաքելութիւնը, ապա անդրադարձաւ Գործադիր Խորհուրդի անդամներուն ստանձնած պատասխանատուութեան: Քննարկուեցան նախորդ շրջանին աշխատանքները եւ որոշուեցաւ յաջորդ երեք տարիներու աշխատանքային ուղեգիծը: Յայտնենք, որ օրհնութեամբ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ

Ուրբաթ, 5 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ռաֆայէլ ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ հոգեւոր հայրեր։ Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով բարեմաղթութիւններու փոխանակման, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարելու Լիբանանը, Հայաստանը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը յուզող խնդիրներուն:  

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Կիրակի, 31 Մարտ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ՄԵՐ Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափաշ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, մատուցուեցաւ Հայրապետական Ս. Եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին իր պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։ Հաւատացեալներու կողքին Ս. Պատարագին ներկայ…

Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՏՆՕՐՀՆԷՔ՝ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Մեր եկեղեցիներէն ներս Ս. Յարութեան նախատօնակին կը մատուցուի Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ Պատարագ, իսկ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ս. Պատարագի աւարտին, կը կատարուի տնօրհնէքի արարողութիւն։ Ճրագալոյցի Պատարագի ընթացքին է, որ եկեղեցւոյ կանթեղները, ճրագները եւ մոմերը կը վառուին ու Քրիստոսի Լոյսը կը բաշխուի հաւատացեալներուն։ Այս առիթով, Աւագ Շաբաթ, Ճրագալոյցի օրին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մայրավանքի…

ՄԵՐ ՓՐԿԻՉԻՆ՝ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Աւագ Ուրբաթ օրուան եկեղեցական արարողութիւնը՝ Մեր Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Թաղման Կարգը, գեղեցիկ շարականներու եւ սաղմոսասացութիւններու ճամբով կատարուեցաւ 29 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ արարողութեան աւարտին հաւատացեալներուն ուղղեց օրուան խորհուրդին առնչուած իր Հայրապետական պատգամը։ Յատկանշական է, որ Աւագ Ուրբաթին, «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

    ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱ՛Ւ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ   Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Ամուր հաւատքով շաղախուած ու հոգեւոր ցնծութեամբ լեցուն ա՛յս վկայութեամբ քրիստոնեաներ զիրար կʼողջունեն ու աշխարհին կʼաւետեն հրաշափառ յարութիւնը Աստուծոյ Որդւոյն: Սա սովորական արտայայտութիւն մը չէ, այլ քրիստոնէական կրօնին էութիւնը կազմող հաւատքի վկայութիւն մը՝ պատմական անհերքելի իրողութեան վրայ հաստատուած: Արդարեւ, հաւատքի այս վկայութեամբ առաքեալներ Երուսաղէմէն դուրս…

ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԳԻՇԵՐԸ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Աւագ Հինգշաբթի, 28 Մարտ 2024-ին, տեղի ունեցաւ մեր Տիրոջ ու Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Կարգ Չարչարանացը (Խաւարման Գիշեր)։   Մեր ժողովուրդի զաւակներուն խուռներամ ներկայութեամբ՝ աւետարանական ընթերցումներուն, հոգեզմայլ շարականներուն եւ «Ո՞ւր ես, մայր իմ» հոգեթով ու յուզումնախառն երգին ընդմէջէն յիշատակուեցաւ Քրիստոսի վերջին ընրթրիքի, Յուդայի մատնութեան եւ Քրիստոսի չարչարանքներուն դրուագները։   Եկեղեցական…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՈՏՆԼՈՒԱՅ՝ ՁԵՌԱՄԲ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Աւագ շաբաթը լի է Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին հանգրուանը յիշատակող հոգեպարար արարողութիւններով, որոնք հաւատացեալին անգամ մը եւս ապրիլ կու տան Քրիստոսի երկրորդ գալստեան խոստումը, մարդկութեան փրկութեան համար կրած չարչարանքները, խաչելութիւնը, թաղումը՝ հասնելու համար հրաշափառ Յարութեան։ Աւագ Հինգշաբթին իւրայատուկ է, որովհետեւ հոն կը տեսնենք Քրիստոսի ծունկի գալով առաքեալներուն ոտքերը լուալը՝ զանոնք թելադրելով ընելու նոյնը ապագային։…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄՆԱՅՈՒՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

10-15 Մարտ 2024-ին, Պոլսոյ մէջ, Տիեզերական Պատրիարքութեան հրաւէրով, գումարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Համախոհութեան եւ Համագործակցութեան Մնայուն Յանձնախումբի տարեկան ժողովը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ ժողովին մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։ Յանձնախումբը ունի 14 անդամ-անդամուհի՝ եօթը Ուղղափառ ու Արեւելեան Ուղղափառ եւ եօթը Բողոքական Եկեղեցիներէ. յանձնախումբը կ՚ընտրուի եօթը տարին անգամ մը գումարուող Ե.Հ.Խ.ի համաժողովէն…

ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Աւագ Երեքշաբթի, 26 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ «Տասն Կուսանաց» յիշատակի ժամերգութիւնը՝ մասնակցութեամբ Մայրավանքի կիրակնօրեայ դպրոցի խումբ մը աշակերտուհիներու։ Տասը կոյսերը խորհրդանշող տասը աշակերտուհիները, իւրաքանչիւրը իր ձեռքին բռնած լապտեր մը, ներկայացան եկեղեցւոյ դաս եւ ներկայացուցին Քրիստոսի երկրորդ գալստեան հինգ պատրաստ (իմաստուն) եւ հինգ անպատրաստ (յիմար) կոյսերը։ Աւետարանական ընթերցումի…