ՀԱՍԿ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական ամսագրի, ՀԱՍԿի առաջին թիւը հրատարակուած է Յունուար 1932-ին, Բաբգէն Ա. աթոռակից Կաթողիկոսին կողմէ։ Առաջին թիւի խմբագրականին մէջ Վեհափառը կը գրէ.

«Աստուծոյ Թագաւորութեան օրինա՛կն է լեցուն հասկը: … Ամսօրեայ հրատարակութիւն մը պիտի ըլլայ ՀԱՍԿ, իբրեւ պարբերական տեղեկագիրը Հայրապետանոցիս եւ Առաջնորդարաններու գործառնութեանց, որպէսզի ստոյգ եւ կանոնաւոր տեղեկութիւնները եւ լուրերը ուղղակի իր ակնաղբիւրէն իմանայ մեր ժողովուրդը: Կրօնական, գրական, եւ այլն, նիւթեր ալ պիտի բովանդակէ ՀԱՍԿ՝ իր տրամադրելի մասերուն մէջ»:

 ՀԱՍԿի մէջ կը շարունակուի հրատարակուիլ Կաթողիկոսարանի եւ անոր թեմերուն գործունէութեանց լուրերը, Հայրապետական Կոնդակներ, պաշտօնական խօսքեր, քարոզներ, ինչպէս նաեւ կրօնական ու գրական յօդուածներ:

Ներկայիս ՀԱՍԿի գլխաւոր խմբագիրն է Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան։

Կապ.- hask@armenianorthodoxchurch.org 

Make your selection from the list below to download an issue in PDF: