Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՏՈՒԱՒ ՀԱԼԷՊԻ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ԿՈՒՍԱԿՑԱՊԵՏԻՆ

Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2023-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, հոգեւորականներէ եւ ազգայիններէ բաղկացած պատուիրակութեամբ, ցաւակցական այցելութիւն տուաւ Հալէպի նահանգապետին՝ Հուսէյն Տիապին, ինչպէս նաեւ կուսակցապետին՝ Ահմատ Մանսուրին։

 

Նորին Ս. Օծութիւնը զօրակցելով Սուրիոյ ժողովուրդին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ցաւակցութիւն յայտնեց նահանգապետին եւ կուսակցապետին, աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքով զոհուած սուրիացիներուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց բոլոր վիրաւորներուն։

 

Նահանգապետն ու կուսակցապետը շնորհակալութիւն յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին՝ վշտակցութեան եւ ցաւակցական այցելութեան համար։