Ազունիէի ազգային բուժարան

Ազունիէի ազգային բուժարանը Լիբանանի միակ հիւծախտի կեդրոնն է եւ առողջապահական եւ բժշկական ծառայութիւն կը մատուցէ բոլոր անոնց, որոնք բժշկական խնամքի կարիքը ունին՝ առանց որեւէ կրօնական կամ համայնքային խտրութեան։

Բուժարանը կը գտնուի Պէյրութ-Դամաասկոս միջազգային ճանապարհին վրայ, Ազունիէ գիւղին մօտ, ծովու մակերեսէն 1200 մեթր բարձրութեան վրայ։ Ունի 8 մասնաշէնքեր եւ հոն կը գործեն շուրջ 70 բժիշկ եւ հիւանդապահ. ունի իր բարձր չափանիշներով հիւանդանոցը։ 2012 թուականին, բուժարանը ունեցաւ իր սրահը, ուր տեղի կ՚ունենան աւելի քան 100 կազդուրուողներու համար կազմակերպուած զանազան հաւաքներ։

Այն ոչ-հասութաբեր հաստատութիւն մըն է եւ կը ֆինանսաւորուի հայ ժողովուրդի զաւակներուն նուիրատուութիններով, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի Հայ ամերիկեան մարդասիրական ֆոնտին կողմէն։ Բուժարանը կը պատկանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու միութեան։

Ազունիէի Ազգային բուժարանի խնամակալութեան անդամներն են՝ տիկ.  Թալին Գուլպաշեան, տիար Ներսէս Պաղտոյեան, տիար Միսակ Ներսէսեան, տիար Գրիգոր ԿԷօքճեան, տիար Սարգիս Բարմաքսըզեան, տիկ. Սօսի Փօլատեան, տիկ. Մարիա Պաքքալեան եւ տիար Կարօ Գատեան։

Հասցէ՝


Պէյրութ

Beirut Office Sanatorium – Azounieh
P.O.Box 70927 Lebanon
Հեռ. եւ ֆաքս։ +961 1 248851

Ազունիէ՝

Հեռ.:  +961 5 220160, 220405/6/7
ֆաքս: +961 5 220344 ext: 222

Ե-նամակ՝ ArmSanat@cyberia.net.lb
Կայք՝ www.armeniansanatorium.org