ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՆԻԿՈՍԻՈՅ ԱԶԳ. ՆԱՐԵԿ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

«ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԿԱՐԵՒՈՐ ՍԻՒՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ. ԶԱՅՆ ՊԷՏՔ Է ՊԱՀԵԼ ԱՄՈՒՐ ՈՒ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Նիկոսիոյ Ազգ. Նարեկ վարժարանի տոմարին մէջ վերոնշեալ արձանագրութիւնը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, երբ երէկ՝ Երկուշաբթի, 20 Մարտ 2023-ին, իր շքախումբով հայրական այցելութիւն մը տուաւ յիշեալ վարժարանին:

 

Ազգային երգերով ու արտասանութիւններով աշակերտները գողտրիկ յայտագիր մը ներկայացուցին Վեհափառ Հայրապետին: Վարժարանի տնօրէնուհին լայն բացատրութիւն տուաւ Նիկոսիոյ, Լառնագայի ու Լիմասոլի մէջ գտնուող Ազգ. Նարեկ վարժարաններու հիմնադրութեան ու գործունէութեան մասին:

 

Իր հայրական խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքն ու քաջալերանքը փոխանցեց աշակերտներուն, անոնց ծնողներուն, վարժարանի տնօրէնութեան ու ուսուցչաց կազմին՝ յիշեցնելով հայ դպրոցին վերապահուած կարեւոր առաքելութիւնը, յատկապէս Սփիւռքին մէջ մեր գաղութներու հայապահպանման հաւաքական պայքարի ծիրէն ներս: