Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ

Սփիւռքին պարզած գոյավիճակն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները նկատի ունենալով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2022 եւ 2023 թուականները յաջորդաբար հռչակած էր «Սփիւռքի Տարի»՝ լուսարձակի տակ բերելու աշխարհացրիւ հայ գաղութներուն մտահոգութիւններն ու տագնապները: Անցնող տարուան ընթացքին շեշտուեցաւ Սփիւռքեան հայ կեանքի ինքնաքննութիւնը։ Իսկ այս տարուան Հայրապետական հռչակագրով Նորին Սրբութիւնը թելադրեց, քննարկումներէ անդին, քննարկել գործադրութեան հեռանկարներուն եւ միջոցներուն կարելիութիւնները՝ յատկապէս թեմերու շրջագծէն ներս:

 

Առ այդ, Կիրակի, 12 Մարտ 2023-ի յետմիջօրէին, Աթէնքի Զաւարեան կեդրոնի սրահին մէջ, Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ, գումարուեցաւ ժողով մը՝ քննարկելու վերակազմակերպման գործընթացքը: Ժողովին մասնակցեցան Յունաստանի հայոց թեմին Ազգ. Երեսփոխանական ժողովը, գաղութին մէջ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

 

Ժողովին բացումը կատարեց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան: Սրբազան հայրը նախ ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին 2022 տարուան «Սփիւռքի Տարի» հռչակագրէն Սփիւռքի ներկայ վիճակը բնորոշող, դիմագրաւած դժուարութիւնները լուսարձակի տակ առնող եւ վերակազմակերպման ընթացքին գործօն ու ներդաշնակ աշխատանք կատարել թելադրող հատուածները: Ապա, լայն շրջագծով ներկայացուց ներկայ տարուան հռչակագիրը:

 

Վեհափառ Հայրապետը՝ ողջունելով Յունաստանի հայոց թեմին մէջ գործող մարմիններն ու կազմակերպութիւնները, ըսաւ, թէ Հովուապետական այցելութեան հիմնական նպատակն է մեր թեմերուն դիմագրաւած դժուարութիւնները լսել եւ վերանորոգման գործընթացք միասնաբար ծրագրել: Նորին Սրբութիւնը խօսելով Սփիւռքի վերակազմակերպման մասին, յայտնեց, թէ վերակազմակերպում ըսելով պէտք է հասկնալ վերանորոգում, վերակենսաւորում ու վերաշխուժացում: Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ մեր թեմերը հայ գաղութներուն առանցքն են: Իւրաքանչիւր թեմ, տեղական պայմաններուն բերումով, իւրայատուկ մտածելակերպ ու գործելակերպ ունի: Կարելի չէ միատեսակ լուծում որդեգրել, այլ հարկ է, որ իւրաքանչիւր թեմ վերակազմակերպման ու վերանորոգման գործընթացքը ի՛նք ծրագրէ: Վեհափառ Հայրապետը, հայ եկեղեցւոյ կեդրոնական դերին անդրադառնալով, ըսաւ, որ երբ թեմ կ’ըսենք՝ կը հասկնանք եկեղեցի: Հայ եկեղեցին մեր կեանքին մէջ կեդրոնական տեղ գրաւած է: 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք, հայ ժողովուրդը, ուր որ ալ հաստատուեցաւ, նախ եկեղեցի կառուցեց եւ անոր շուրջ հաւաքուեցաւ: Հետեւաբար, կարելի չէ զայն ձգել իր ներկայ վիճակին մէջ, այլ՝ հրամայական անհրաժեշտութիւն կը նկատենք եկեղեցին ներկայ պայմաններու համահունչ դարձնելը. եւ ա՛յս պատճառով, Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքները պիտի սկսինք թեմերէն, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը:

 

Հայրապետը յատուկ կերպով շեշտեց, որ Սփիւռքի վերակազմակերպումը մեծապէս պիտի նպաստէ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման: Ո՛չ Սփիւռքը, ո՛չ Հայաստանը եւ ո՛չ ալ Արցախը ինքնակեդրոն իրականութիւններ են, այլ՝ իրենց տարբերութիւններով հանդերձ, մէկ ամբողջութիւն են: Մեր տարբերութիւնները՝ տարբեր դերերով ու տարբեր շեշտաւորումներով, ներդաշնակութեամբ միասին պէտք է գործեն մէկ կամարի տակ: Այսօր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մշակած շրջանային թէ՛ միջազգային սերտ յարաբերութիւնները պիտի օգնեն Հայաստանին ու Արցախին:

 

Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ հայու ինքնութեան հարցին, ըսելով՝ «Այսօր պայմանները փոխուած են: Կարելի չէ հին մտայնութեան հետեւելով հայու ինքնութիւնը որոշել: Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալը ընտրութեան հարց է: Մենք հայ մնալու համար կը տագնապինք ու կը պայքարինք: Ուստի, մենք մեր ինքնութիւնը բնորոշելու համար աւելի լայն չափանիշներու պէտք ունինք»:

 

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը աւարտեց ըսելով, որ արծարծուած բոլոր հարցերը, ուղղակի թէ՛ անուղղակիօրէն առնչուած են հայ երիտասարդութեան: Մեր հիմնական մտահոգութիւնը երիտասարդութիւնն է: Փաստօրէն երիտասարդութիւնը հետզհետէ կը հեռանայ մեզմէ, ամէն տեղ: Վերջին հարիւր տարիներուն երիտասարդութիւնը կազմակերպեցինք, սակայն այսօր պայմանները տարբեր են. մեր երիտասարդութեան հետաքրքրութիւնները փոխուած են: Ուստի, մեր կառոյցները պէտք է գրաւիչ դարձնել հայ երիտասարդութեան համար: Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ այսօր մեր ժողովէն կը պակսին երիտասարդները. մեր փափաքն է, որ յառաջիկայ ժողովներուն ներկայ ըլլան անոնք, իրենց սպասումները արտայայտեն գաղութի ղեկավար մարմիններուն:

 

Նորին Սրբութեան խօսքէն ետք, ժողովականները խօսք առին եւ ներկայացուցին գաղութին մէջ կատարուելիք վերակազմակերպման աշխատանքին գծով իրենց ունեցած պատկերացումները: