ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «ՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ» ԺԲ. ՀԱՏՈՐԸ

Հրամանաւ եւ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանին տպարանէն լոյս տեսաւ «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» շարքին ԺԲ. հատորը (երեք մասերով), խմբագրութեամբ՝ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեանին եւ համակարգչային պատրաստութեամբ՝ Սարգիս Սրկ. Յովհաննէսեանին։

Այս հատորը կը բովանդակէ սուրբերուն նուիրուած բոլոր կանոններն ու շարականները՝ հետեւելով Ձայնքաղ Շարականի բովանդակութեան շարքին։

ԺԲ. հատորին Ա. մասը կ՚ընդգրկէ հետեւեալ կանոնները.- Աստուածամօր առնչուած, Անապատական Անտոնի, Թէոդոս թագաւորին, Տրդատ թագաւորին, Դաւիթ մարգարէին եւ Յակոբ առաքեալին, Ս. Ստեփանոսին, Պօղոս եւ Պետրոս առաքեալներուն, Որոտման սուրբ որդիներուն՝ Յակոբ առաքեալին եւ Յովհաննու աւետարանիչին, ընդհանուր առաքեալներուն, տասներկու առաքեալներուն, Քրիստոսի 72 աշակերտներուն, Յովնան մարգարէին, Ս. Սարգիս զօրավարին, Ս. Թէոդորոս զօրավարին, Երուսաղէմի Ս. Կիւրեղ հայրապետին, Երուսաղէմի Ս. Յովհաննէս հայրապետին, սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին։

ԺԲ. հատորին Բ. մասը բաժնուած է երկու մասերու. առաջինին մէջ կը գտնենք Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին յաջորդող շաբթուան վեց օրերը՝ իբրեւ ամբողջացում Շարակնոցի բոլոր շարականներուն, եւ Յովհանննէս Մկրտիչի գլխատման յիշատակին կանոնը։ Ապա, Ապրիլեան նահատակներու նուիրուած կանոնը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը ներառուի Շարակնոցին մէջ, պաշտօնապէս ընդունուելէ ետք հայ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովին կողմէ, Ցեղասպանութեան զոհերու հաւաքական սրբադասումէն ետք։ Այս մասին մէջ կը գտնուին նաեւ հետեւեալ կանոնները.- Յովհաննէս Մկրտիչի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի որդիներուն եւ թոռներուն, Մեծն Ներսէս հայրապետին, Ս. Իսահակ հայրապետին, սրբուհի Սանդուխտին, սուրբ մարգարէներուն, սուրբ նախահայրերուն եւ սուրբ թարգմանիչներուն։

Վերջապէս, ԺԲ. հատորին Գ. բաժինը կը բովանդակէ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին, Բեթղեհէմի մանուկներուն, սուրբ հրեշտակապետներուն եւ երկնային համայն զօրքին, սուրբ հայրապետներուն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարի գիւտին, ամենայն սրբոց, Սրբոց Վարդանանց, Սրբոց Ղեւոնդեաց, Ս. Իգնատիոս հայրապետին, Ս. Յովհաննու Ոսկեբերանի, Ս. Գրիգոր Աստուածաբանին, Ս. Նիկողայոս հայրապետին եւ այլ սուբերու։

Շարականներու այս ձայնագրութիւնը կատարուած է հետեւելով մեր տրամադրութեան տակ ունեցած աւանդութիւններուն եւ մասնագէտ ու եկեղեցական երաժշտութեան լաւատեղեակ երաժիշտներու ձայնագրութեան, միաժամանակ՝ պահելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիսութեան աւանդական երգեցողութիւնը։

Նշենք, որ ԺԲ. հատորի Ա. մասի մեկենասութիւնը ստանձնած է Հիւսիային Ամերիկայի Արեւելեան թեմը, երկրորդինը՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը, իսկ երրորդինը՝ Գանատայի թեմէն Կարօ եւ Լենա Պոսթաճեան ամոլը, ի յիշատակ իրենց մօր՝ Ազատուհի Դաւիթեան-Պոսթաճեանին։

Եւ, այսպիսով, ԺԲ. հատորին հրատարակութեամբ վերջ կը գտնէ 40 տարի առաջ հոգելոյս Զարեհ սրբազանին եւ Օշական սրբազանին նախաձեռնած հայ եկեղեցւոյ շարականները ամբողջութեամբ եւրոպական ձայնագրութեամբ արձանագրելու ծրագիրը։