ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՆԻԿՈՍԻՈՅ ԱԶԳ. ՆԱՐԵԿ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
«ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԿԱՐԵՒՈՐ ՍԻՒՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ. ԶԱՅՆ ՊԷՏՔ Է ՊԱՀԵԼ ԱՄՈՒՐ ՈՒ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Նիկոսիոյ Ազգ. Նարեկ վարժարանի տոմարին մէջ վերոնշեալ արձանագրութիւնը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, երբ երէկ՝ Երկուշաբթի, 20 Մարտ 2023-ին, իր շքախումբով հայրական այցելութիւն մը տուաւ յիշեալ վարժարանին: Ազգային երգերով ու արտասանութիւններով աշակերտները…