ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՈՒ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՏՆՕՐԷՆՆ ՈՒ ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐԸ

Կիրակի, 19 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Կիպրոսի համալսարանի աստուածաբանական ու փիլիսոփայական բաժանմունքի տնօրէն փրոֆ. Քրիսթոս Էքոնոմու, ընկերակցութեամբ համալսարանի դասախօսներու:

 

Տնօրէնը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց համալսարանի դասընթացքները: Ան յայտնեց, թէ Կիպրոսի համալսարանը կը գործակցի Թեսաղոնիկէի (Յունաստան) համալսարանին հետ:

 

Յայտնենք, որ Կիպրոսի հայոց թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան յիշեալ համալսարանին մէջ իր բարձրագոյն ուսամը կը կատարէ՝ ստանալու համար աստուածաբանութեան մագիստրոսի տիտղոսը:

 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ զրուցելու աստուածաբանական հարցերու շուրջ: Նորին Սրբութիւնը իր տեսակէտները պարզեց՝ յատկապէս ուղղափառ աստուածաբանութեան իւրայատկութիւններուն գծով: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց ուղղափառ մտածողութիւնը հայրաբանութեան շրջագծէն դուրս բերելու եւ ներկայ ժամանակներու իրականութիւններուն ներդաշնակելու անհրաժեշտութիւնը: Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ համալսարանէն ներս տուեալ նիւթ մը զանազան մօտեցումներով ներկայացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի ուսանողներ առիթը ունենան աւելի լայն հորիզոնի վրայ տեսնելու քննարկուող նիւթերը: