Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Յունաստանի հայոց թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութեան երրորդ օրը, այցելեց հայ աւետարանական եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւոր պատասխանատուներուն եւ շրջեցաւ հայ դպրոցները:
Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ազգային «Զաւարեան» վարժարանը, ուր ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ: Նորին Ս. Օծութեան այցելութեան առիթով, վարժարանի աշակերտութիւնը հայ երգերով, ասմունքներով ու պարերով գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը ներկայացուցին: Յայտագրի աւարտին, Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան Հայրապետին մօտէն ծանօթացուց վարժարանին կատարած աշխատանքները ու յետագայ ծրագիրները:
Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչաց կազմը՝ անոնց ազգանուէր գործունէութեան համար: Ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, թէ հայ դպրոցը նուիրական հաստատութիւն է. հետեւաբար, գիտակցութեամբ պէտք է հայ դպրոցին մօտենանք, որովհետեւ մեր ազգի ապագան կախեալ է հայ դպրոցէն: Հայրապետը հայակերտման անհրաժեշտութիւնը վեր առնելով՝ շեշտեց, թէ հայ դպրոցը միայն ուսում ջամբող հաստատութիւն չէ. հայ դպրոցը սրբավայր է՝ հայը ճշմարտօրէն եւ գիտակցօրէն հա՛յ դարձնելու լծուած:
Ապա, Հայրապետը այցելեց Յունաստանի հայ աւետարանական համայնքի կեդրոնը: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, հայ աւետարանական համայնքի հոգեւոր պետ Վերպ. Վիգէն Չոլագեան Նորին Ս. Օծութեան պարզեց համայնքին ներկայ կացութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Վերպ. Չոլագեանի աշխուժ ու գործօն ծառայութիւնը հայ գաղութի կեանքին մէջ:
Նոյն օրը, Հայրապետը այցելեց Ազգ. «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարան: Հոն եւս, Վեհափառ Հայրապետի օրհնաբեր այցելութեան առիթով, վարժարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտութիւնը հրամցուց գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչաց կազմը՝ հայակերտումի նուիրական աշխատանքին անոնց բերած կարեւոր նպաստին համար: Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական խօսքին մէջ ըսաւ, թէ հայ դպրոցը սովորական դպրոց մը չէ, ուր միայն գիտելիք կ՚ամբարենք, այլ հոն կը բացուինք մեր արժէքներուն ու ձգտումներուն: Հայ դպրոցին մէջ հայ աշակերտը հայօրէ՛ն կը կազմաւորուի: Ահա թէ ինչու դաստիարակիչ դեր ունի հայ դպրոցը: Այս գիտակցութեամբ մենք պէտք է մօտենանք հայ դպրոցին: Սփիւռքի դժուար պայմաններուն մէջ, ջարդերէն ետք, եկեղեցւոյ կողքին, հայ դպրոցը դարձաւ մեր գոյութեան ամրոցը: Ուստի, ամէն գնով պէտք է կենսունակ ու աշխուժ պահել հայ դպրոցը:
Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Յունաստանի հայ կաթողիկէ առաջնորդարան, ուր ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ:
Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գերյ. Տ. Յովսէփ Ծ. Վրդ. Պէզազեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Նորին Սրբութեան հովուական բազմաբեղուն ծառայութեան: «Եղաք բարի հովիւ՝ դառնալով ժողովուրդին ցաւակից ու յուսադրելով զայն. եղաք քաջ հովիւ՝ պաշտպանելով հայ ազգի հաւատքն ու լեզուն. եղաք հայր՝ երթալով մանուկներուն ու երիտասարդներուն, ձեռք երկարելով աղքատներուն ու կարիքաւորներուն. եղաք արի հովիւ՝ պահանջելով հայ ազգի ու եկեղեցւոյ արդար իրաւունքները: Ուստի, կրնանք վկայել, որ Քրիստոսի օրինակին հետեւելով՝ ընծայեցիք Ձեր անձը՝ Ձեզի յանձնուած հօտին», ըսաւ առաջնորդ հայր սուրբը:
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ նախ ողջունեց հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդը, ապա կարեւորութեամբ շեշտեց, որ դաւանական տարբերութիւններէն անդին՝ մենք կը պատկանինք մէկ եկեղեցւոյ՝ Քրիստոսի եկեղեցւոյ, եւ տեղայնական տարբերութիւններէն անդին՝ կը պատկանինք մէկ ազգի, ո՛ւր որ ալ ըլլանք: Այս միութեան մէջ է քրիստոնէական ու ազգային մեր զօրութեան աղբիւրը: Նորին Ս. Օծութիւնը անդարադառնալով Յունաստանի հայ երեք համայնքներուն միջեւ գոյացած գործակցական սերտ յարաբերութեանց՝ ըսաւ. «Այստեղ, Յունաստանի մէջ, մեր երեք համայնքները ոչ միայն սովորական իմաստով յարաբերութիւն մշակած են իրարու հետ, այլ եղբայրական ջերմ սիրով ու սերտ գործակցութեամբ կ՚աշխատին՝ ի խնդիր գաղութի ծաղկման ու հզօրացման: Հետեւաբար, կ՚ողջունենք երեք համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն կատարած եկեղեցանուէր ու ազգանուէր ծառայութիւնը»:
Հանդիպման ընթացքին, հայ կաթողիկէ առաջնորդ՝ Գերյ. Տ. Յովսէփ Ծ.Վրդ. Պէզազեան, Նորին Սրբութեան ներկայացուց հայ կաթողիկէ համայնքին ներկայ իրավիճակը: Նորին Ս. Օծութիւնը, իր կարգին, բարձր գնահատեց հայր Յովսէփի տարած ծառայութիւնը՝ Յունաստանի հայ գաղութի կեանքէն ներս: