ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ռ.Ա.Կ. ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Շաբաթ, 4 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Գերագոյն Խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Հրաչ Գույումճեանը։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Հայաստանը, Արցախը ու Սփիւռքը յուզող այժմէական հարցերու վրայ, շեշտուեցաւ մեր ազգին ոյժերը համախմբելու կարեւորութիւնը եւ այս գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերը, յատկապէս Սփիւռքի մէջ։

 

Նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ընդունեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազէնը։ Քննարկումները կեդրոնացան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան շուրջ։