Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱԶՈՒՆԻԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներու այցելութեանց ծիրին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու, Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2018-ին այցելեց Ազունիէի Ազգային Բուժարան, ուր տնօրէնութեան, խնամակալութեան, բժշկական կազմին ու պաշտօնէութեան կողմէ սիրալիր ընդունելութենէն ետք, ականջալուր դարձաւ մամիկներուն ու պապիկներուն պատրաստած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրին։   Արդարեւ, Նորին Սրբութիւնը իր սրտի խօսքին մէջ նշեց, որ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով այցելութիւն մը տուաւ «Թռչնոց Բոյն»ի որբերուն, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան, խնամակալութեան եւ Գայեանեան Քոյրերուն կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը աշակերտութեան հետ ժամանակ անցուց, լսեց մանուկներուն կողմէ Իրեն համար պատրաստուած Նոր տարուան ու Սուրբ Ծննդեան յատուկ երգերն ու արտասանութիւնները եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Պրն. Վահագն Աթաբէկեանը։   Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին ընդհանուր ծանօթացումէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը կարգ մը հիմնական տեղեկութիւններ փոխանցեց պարոն դեսպանին՝ յատկապէս Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան­­-Սփիւռք…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԻԹՆԵՐՈՎ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑԻ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒՆ

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Չորեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2018-ին, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու, այցելեց Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոց։ Նորին Սրբութիւնը թափօրով եւ «Խորհուրդ Մեծ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց ծերանոց, ուր դիմաւորուեցաւ ծերանոցի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թէրզեանի, խնամակալութեան ու տիկնաց յանձնախումբին կողմէ։ Ապա, միաբան հայրերն ու մամիկները-պապիկները միասնաբար երգեցին Ս. Ծնունդի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2019 ՏԱՐԻՆ ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական յատուկ պատգամով 2019 տարին կը հռչակէ «ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ»։   Արդարեւ, 2003-էն սկսեալ, իւրաքանչիւր տարի մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին հետ սերտ աղերս ունեցող երեւոյթի մը կամ արժէքի մը նուիրելու Վեհափառ Հայրապետին որոշումը մեր ժողովուրդին մօտ լայն արձագանգ գտաւ. ան առիթ հանդիսացաւ տուեալ տարուան նիւթին մասին խօսելու, գրելու, քննարկումներ կատարելու,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՈՒՂՂԱԾ ՆԱՄԱԿԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

Ինչպէս երէկ յայտնած էինք, Երկուշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Հայաստանի մէջ հանդիպում ունեցած էր Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի պաշտօնակատար վսեմաշուք Նիկոլ Փաշինեանի հետ ու շնորհաւորած նոր Ազգային Ժողովի ընտրութիւնը։ Այս առիթով, Նորին Սրբութեան կողմէ պատուիրակութիւնը Պրն. Փաշինեանին նամակ մը յանձնած էր։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

Երկուշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Երեւանի Կառավարութեան շէնքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի պաշտօնակատար Վսեմաշուք Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Պատուիրակութեան մաս կը հազմէին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համաատենապետներ Տեարք Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերէճեան, Միաբանութեան Տնօրէն ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան…

ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՏՕՆԱԾԱՌՆ ՈՒ Ս. ՄՍՈՒՐԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԵՑԱՆ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀՈԾ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Ուրբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին, Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին նախատօնակը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը կազմակերպած էր Նոր տարուան յատուկ երեկոյ մը, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ եւ փոքրիկներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՓԱՐԻԶԻ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Երեքշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2018-ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսական «Արեւելքի Վտանգուած Քրիստոնեաներու Համակարգում»ին (ՔՐԷՏՕ) կողմէ կազմակերպուած «Վերջ տալ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն եւ Փոքրամասնութիւններուն դէմ կիրարկուած խտրութեան» խորագրեալ միջազգային խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան Միջին Արեւելքի քրիստոնէական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, իսլամ կրօնականներ, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի պետական ներկայացուցիչներ ու դիւանագէտներ: Խորհրդաժողովին հիմնական նպատակն էր նեցուկ կանգնիլ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն:   Սոյն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՅՂԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ ՈՂՋՈՒՆԵԼՈՎ ՆՈՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

10 Դեկտեմբեր 2018   Մեծայարգ Տիար Արմէն Սարգսեան Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան Երեւան   Վսեմաշուք Պրն. Նախագահ,   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՚ողջունենք Ձեզ ու հայրենի մեր սիրելի ժողովուրդը։   Կիրակի, 9 Դեկտեմբեր 2018 նշանակալից օր մըն էր Հայաստանի համար։ Մեր ժողովուրդը իր հաւաքական կամքը արտայայտեց նոր Ազգային…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՍՊԻՏԱԿԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ 30-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

  Կիրակի, 9 Դեկտեմբեր 2018-ին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն, 1988 թուականին Հայաստանի Սպիտակ քաղաքին մէջ ահաւոր երկրաշարժին զոհ գացած բազմահազար հայորդիներու հոգիներուն համար։ Հոգեհանգստեան արարողութեան ընդմէջէն հոգեւորականաց դասը ու բոլոր հաւատացեալները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, որ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԵՏ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 1 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսարանի ճարտարապետներուն հետ հանդիպումներ ունեցաւ Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ։   Առաջին հանդիպումը առնչուած էր միաբանական շէնքին կից եպիսկոպոսներու ու հիւրերու համար շինութեան ընթացքի մէջ գտնուող կառոյցին։ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց շինութեան ընթացքը, որ ճշդուած ժամանակամիջոցին համաձայն պիտի աւարտի յառաջիկայ ամրան սկիզբը։   Շինարարական երկրորդ ծրագիրը առնչուած է…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2018-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փամպուքեանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արեւմտահայերէնի յանձնաժողովի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:   Աշխատանքային հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան կատարուած աշխատանքները, ի մասնաւորի ուղղագրութեան առնչուած ուղեցոյցը: Որոշ փոփոխութիւններէ ետք, յիշեալ ուղեցոյցը պիտի ղրկուի յանձնաժողովին Սփիւռքատարած անդամներուն՝ ստանալու համար անոնց տեսակէտը։ Նոյն ուղեցոյցը նաեւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ ՏԱՐՈՒՈՂ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց ազգային ծերանոցի տնօրէն Վեր. Սեպուհ Թերզեանը: Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահել ազգային ծերանոցէն ներս կատարուող աշխատանքներու շուրջ: Նորին Սրբութիւնը լսելէ ետք տնօրէնին զեկոյցը եւ իմանալէ յետոյ հոն կատարուող նուիրական ծառայութեան մասին, իր բարձր գնահատանքը յայտնեց, տնօրէնութեան, խնամակալութեան, բժշկական կազմին ու բուժ-քոյրերուն:   Վեհափառ…

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Շաբաթ, 24 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միջին Արեւելքի Համաշխարհային Քրիսոնեայ Ուսանողներու Միութեան (World Student Christian Federation) Լիբանանի վարչութիւնը, որուն ատենապետն է Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) անդամ՝ Կարէն Եոսուլքանեանը։   Յայտնենք, որ վարչութիւնը իր ժողովը գումարեց Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, որմէ ետք հանդիպում ունեցաւ Նորին Սրբութեան հետ։ Սոյն հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ ՅՂԵՑ ԻՐԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Երկուշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իմանալէ ետք Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Գերմանշահ նահանգին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին մասին, որուն զոհ գացին աւելի քան հարիւրաւոր քաղաքացիներ, ցաւակցական նամակ մը յղեց Հանրապետութեան նախագահ՝ Հասան Ռոհանիին։   Ցաւակցագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը յանուն մեր Ս. Աթոռին եւ Իրանի հայ համայնքին իր ցաւակցութիւնը յայտնեց նախագահին, Իրանի ժողովուրդին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ԼԵՌՆԱԳՆԱՑ ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԸ

Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանին հետ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ միաբան հայրերու, Դպրեվանքի տիկնաց խորհուրդին, դպրեվանեցիներու եւ Դպրեվանքի բարեկամներու։   Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ հայ ժողովուրդի իւրայատկութիւններէն մէկն է անհատական նուաճումներ…

«ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է. ԱՅՍ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՔԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԹԵՄԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄՈՎ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս վերջին Ազգային Ընդհանուր Ժողովին ուղղած իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպման հրամայականը։ Անդրադառնալով Հայաստան-Սփիւռք համաժողովին իր կատարած հաստատումին, թէ Հայաստանը կը պարպուի եւ Սփիւռքը կը մաշի, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «հաւաքական ճիգով թոյլ պէտք չէ տանք, որ ո՛չ Հայաստանը պարպուի եւ ոչ ալ Սփիւռքը մաշի։ Սա մեր դիմաց գտնուող մեծագոյն մարտահրաւէրն…

«ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ՉԷ. ԱՆ ԿԸ ՔՆՆԷ ԱՍՏՈՒԱԾ-ՄԱՐԴ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ԽՆԴԻՐՆԵՐ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր Լիբանանի առաջնորդական օրերէն ի վեր, աստուածաբանութիւն կը դասաւանդէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն ներս։ Ամէն Չորեքշաբթի առաւօտ, Նորին Սրբութիւնը, շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ, Դպրեվանքի աւարտական դասարանին նախ տեսական աստուածաբանութիւն եւ ապա հովուական ասուածաբանութիւն կը դասաւանդէ։ Կաղապարուած ու աւանդական մօտեցումներէ հեռու մնալով, Նորին Սրբութիւնը նիւթը կը ներկայացնէ աստուածաբանական ժամանակակից մտածողութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿ ՃՈԶԵՖ ՍՓԻԹԵՐԻԻՆ

20 Նոյեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մօտ Պապական նուիրակ Ճոզեֆ Սփիթերիին հետ։ Այցելութեան նպատակն էր շնորհակալութիւն յայտնել Ֆրանսիսկոս Պապին Վեհափառ Հայրապետին ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով իր ինքնաբուխ ղրկած ներկայացուցիչին եւ պատգամին համար։   Այցելութիւնը նաեւ առիթ մը եղաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս Լիբանանի եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու առնչուած ներկայ կացութիւնը։  …

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԸ

20 Նոյեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հրաժեշտի այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ զրուցելու հիմնականօրէն Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան մասին։   Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց դեսպանին շուրջ երեք տարիներու դիւանագիտական ծառայութիւնը՝ յատկապէս հայ համայնքին հետ իր մշակած սերտ գործակցութիւնը։

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաճախակի առիթներով հանդիպումներ կ՚ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կիզակէտը դարձած նոր սերունդի ներկայացուցիչներու հետ։ Այս ծիրին մէջ, Նորին Սրբութիւնը, Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, ընդունեց Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, ուսուցիչներն ու ծնողները։   Արդարեւ, Վեհափառ Հայրապետը  իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես ծնողներուն՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴՈԿՏ. ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԸ

Հինգշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2018-ին, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը, որ Նիւ Եորքէն յատուկ կերպով ժամանած էր Խրիմեան Հայրիկի մասին իր պատրաստած մենակատարութիւնը ներկայացնելու Լիբանանահայութեան:   Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան աւելի քան 50 տարիներու հարուստ վաստակ ունի, որպէս գրականագէտ, թատերագիր, բանախօս ու թարգմանիչ: Ան հեղինակ է բազմաթիւ հայերէն ու անգլերէն հատորներու:   Նորին Սրբութիւնը մօտէն ծանօթ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորընտիր վարչութեան:   Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Հայաստանի այժմու կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ու յատկապէս Լիբանանի ներքին կացութեան հետ աղերս ունեցող հարցերուն:   Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց նորընտիր Վարչութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց իր ազգային ծառայութեան մէջ, միաժամանակ շեշտելով միջ-կուսակցական…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ 39-ՐԴ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՄԱՆ

ԱՐԺԷ՛Ք է ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ     Սոյն գրութիւնը խտացումն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, խօսուած Հայ Գիրքի 39-րդ Ցուցահանդէսի բացման, Անթիլիասի Մայրավան­քին մէջ, Կիրակի, 11 Նոյեմբեր 2018-ին։     Հայ գիրքի 39-րդ ցուցահանդէսը բացուած կը յայտարարեմ՝ մեր ժողովուրդի պատմութենէն մեզի փոխանցուած անհերքելի ճշմարտութիւն մը վերահաստատելով, թէ՝ ԱՐԺԷ՛Ք է հայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Դոկտ. Համբիկ Սարաֆեան, Ալեքս Քէօշկէրեան եւ Սեպուհ Գալփաքեան։ Հանդիպումը առիթ եղաւ ընդհանուր վերարժեւորում մը կատարելու մեր ժողովուրդը, հայրենիքը, եկեղեցին ու Սփիւռքը յուզող հարցերուն ու դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Վեհափառ Հայրապետը եւ կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեցին…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ԻՐ ԴՌՆԵՐԸ ԲԱՑԱՒ ԸՆԹԵՐՑԱՍԷՐ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑ

Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 11 Նոյեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, տեղի ունեցաւ հայ գիրքի համահայկական 39-րդ ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը։   Յետ Ս. եւ Անմահ պատարագին, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ ցուցահանդէսին տաղաւարը։ Վեհափառ Հայրապետը տաղաւարի մուտքին դիմաւորուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շեփորախումբին կողմէ եւ պաշտօնական բացումը կատարեց ցուցահանդէսին։   Իր պատգամին  մէջ, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ հայ գիրքը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏՈՒԱՒ ՀԵՀՈՄ-Ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) նորընտիր վարչութիւնը, որուն կը գլխաւորէր միութեան նորանշանակ հոգեւոր խորհրդատու՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեանը։   Հանդիպման ընթացքին խօսք առաւ հոգեւոր խորհրդատուն եւ իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնելէ ետք ներկայացուց վարչութեան անդամները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան, որ յատուկ տեղ տուած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԻՒՄՐԻԻ «ՎԱՐԴԱՆ ԱՃԵՄԵԱՆ»Ի ԱՆՈՒԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԻԿԱԿԱՆ ԹԱՏՐՈՆԸ

Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ ընդունեց Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութենէն պատուիրակութիւն մը եւ վերջինիս հրաւէրով Լիբանան ժամանած Գիւմրիի «Վարդան Աճեմեան»ի անուան պետական դրամատիկական թատրոնը։ Հանդիպման ընթացքին խօսք առաւ Գիւմրիի պետական թատրոնին գեղարուեստական ղեկավար եւ բեմադրիչ Լութֆիկ Յարութիւնեան, որ, ներկայացնելէ ետք դերասանները, հակիրճ կերպով խօսեցաւ թատերախումբին մասին,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԸ

Երեքշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ՝ Պերճ Սեդրակեանին։ Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած շարք մը հարցեր։

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԲԱԶՄԱՎԷՊԻ 175-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

19 եւ 20 Հոկտեմբեր 2018-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Բազմավէպ» հայագիտական հանդէսին 175-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը, կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային եւ Մխիթարեան միաբանութեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցած եւ գիտաժողովին իր մասնակցութիւնը բերած էր Կաթողիկոսարանիս կրթական-հայագիտական կեդրոնի տնօրէն Ժիրայր Դանիէլեան։   Բացման նիստին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեան գիրը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԸ

«ԻՐԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ» ՇԵՇՏԵՑ ԴԵՍՊԱՆԸ   Երեքշաբթի, 6 Նոյեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան՝ Մուհամմէտ Ճալալ Ֆրուզնին: Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Իրանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ գործակցութեան, ինչպէս…

ԱՆԿԼԻՔԱՆ-ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎ

Անկլիքան-Արեւելեան Ուղղափառ (ոչ-քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միջազգային Յանձնախումբը իր եօթներորդ ժողովը գումարեց 22-26 Հոկտեմբեր 2018-ին, Աթշանէի (Լիբանան) Ասորի պատրիարքական կեդրոնին մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն ժողովին մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան եւ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան:   Առաջին հերթին յանձնախումբը խոր կսկիծով յիշեց իր հիմնադիրներէն՝ ժողովին նախկին Արեւելեան Ուղղափառ ատենապետ, Ղպտի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 4 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը։ Հոգեւոր Տիրոջ կ՚ընկերանային Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, Արհիապատիւ Մանուէլ Եպս․ Պաթագեան եւ պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու՝ Գերպ. Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՊԵՌՆԻ ՄԷՋ

Պեռն (Զուիցերիա) կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, 26-28 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ այցելութիւններն ու հանդիպումները ունեցաւ.-   1) Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ քաղաքական ու տնտեսական հարցերուն առնչուած Զուիցերիոյ պետութեան ներկայացուցիչ՝ Ուլֆկանկ Ամատէոս Պրուէլհարթին հետ։ Նոյն անձին հետ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպած էր շուրջ տարի մը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՔԱՐՈԶԵՑ ՊԵՌՆԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 28 Հոկտեմբեր 2018-ին, Պեռնի (Զուիցերիա) Հին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մայր տաճարին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ներկայ գտնուեցաւ պատարագի արարողութեան եւ իր պատգամը ուղղեց ներկայ ժողովուրդին։   Իր պատգամին ներածական բաժինին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ եկեղեցին Քրիստոսատուր առաքելութիւն է։ Հետեւաբար, եկեղեցին իրեն յատուկ առաքելութիւն չունի, այլ կոչուած է Քրիստոսի առաքելութիւնը շարունակելու։ Քրիստոսի առաքելութիւնը…

ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԳԱՐԱՆԸ

Ուրախութեամբ կ՚ուզենք յայտարարել, որ հրամանաւ եւ քաջալերանքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ լոյս տեսաւ 410 էջերու մէջ ամփոփուած մեծածաւալ «ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԳԱՐԱՆԸ» հատորը։   Այս աշխատութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաջին փորձն է՝ եղածները հաւաքելու, անոնց տէր ըլլալու եւ նոր հեղինակներ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԵՌՆԻ ՄԷՋ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ

Շաբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պեռն կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, դասախօսութիւն մը տուաւ միջ-եկեղեցական շարժումին ներկայ իրավիճակին մասին, քաղաքի մայր տաճարին մէջ։   Դասախօսութենէն առաջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն նաեւ մասնակցեցան Վեհափառ Հայրապետին ընկերացող միաբան հարերը՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՊԵՌՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 26 Հոկտեմբեր 2018-ին, Պեռնի (Զուիցերիա) համալսարանին մէջ դասախօսութիւն մը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Միջին Արեւելքին Ու Քրիստոնէութեան Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ՝ ընդառաջելով համալսարանի տնօրէնութեան հրաւէրին։   Իր խօսքին սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ Միջին Արեւելքի առնչուած որեւէ նիւթի մասին խօսիլը դիւրին չէ, որովհետեւ ան բարդ շրջան մըն է եւ այսպէս եղած է…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Չորեքշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2018-ին, պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Զուիցերիա՝ ընդառաջելով Զուիցերիոյ Հին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հրաւէրին:   Վեհափառ Հայրապետը Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի համալսարանին մէջ պիտի տայ դասախօսութիւն մը, ինչպէս նաեւ յաջորդաբար հրապարակային խօսքեր պիտի արտասանէ միջ-եկեղեցական հարցերու եւ Միջին Արեւելքի քրիստոէնութիւնը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն մասին: Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը պիտի ուղղէ Պեռնի մայր եկեղեցւոյ…

ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ

Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2018-ին, Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեանին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին միջեւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այս առիթով, վսեմաշուք նախագահը անգամ մը եւս իր ջերմ շնորհաւորութիւնները յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, իր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով։   Սոյն հաղորդակցութիւնը առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու Արցախի Հանրապետութեան ներկայ վիճակին մասին։ Նորին Սրբութիւնը անգամ մը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՆ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ժընեւի մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Արմէն Սարգիսեանի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի միջեւ։   Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Հայաստանի ներքին կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած կարգ մը հարցեր։   Նախագահ Սարգիսեան անգամ եւս իր ջերմ շնորհաւորութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՆԿԼԻՔԱՆ-ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ

23 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց անկլիքան եկեղեցւոյ եւ ուղղափառ (ոչ-քաղկեդոնական) եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբը։ 18 անձերէ բաղկացած յանձնախումբը, որ կը գործէ վերջին շուրջ 20 տարիներուն, կը քննարկէ ընդհանրապէս աստուածաբանական ու դաւանաբանական յատուկ կարեւորութիւն ունեցող եւ յատկապէս եկեղեցիներու բաժանման պատճառ հանդիսացած կնճռոտ հարցեր։   Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնելով կատարուող աշխատանքին գծով՝…

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ՏԻԿՆՈՋ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ

Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր 2018-ին, “Le Royal” պանդոկին մէջ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ ի յարգանս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ իր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով։   Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ՝ Գրիգոր Մահսերեճեան. կարդացուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեանի ուղերձը եւ ապա յաջորդաբար խօսք առին վարչապետի պաշտօնակատար Տիար Նիկոլ Փաշինեանն ու…

ԱՌԱՆՁԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ

Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր 2018-ի յետ միջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ առանձին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։   Շուրջ ժամ մը տեւած մտերմիկ հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած շարք մը հարցեր։   Նշեալ մարզերու գծով Նորին Սրբութիւնն ու վարչապետի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր 2018 թուականը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ կարեւոր օր մը դարձաւ, երբ մեր ժողովուրդը հանդիսաւոր կերպով իր յարգանքը մատուցանեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ իր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով։ Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը փափաքած էր, որ այս նշումը ըլլայ սահմանափակ, առանց թեմերու մասնակցութեան, կրօնական արարողութեան շրջագիծէն ներս։ Սակայն, հակառակ այս իրողութեան, Վեհափառ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Ուրբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, գումարուեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի լիակատար նիստը։   Ժողովի ընթացքին յաջորդաբար լայն քննարկումի նիւթ դարձան Կաթողիկոսարանի կալուածներու ու շինարարութեան առնչուած աշխատանքներ ու ծրագիրներ, շահարկման ու տնտեսական հարցեր, թեմերու վերակազմակերպումի գործընթացքին հետ աղերս ունեցող աշխատանքներ, յարաբերութիւն ու գործակցութիւն Հայաստանի ու Արցախի հետ, Կաթողիկոսարանի…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հինգշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2018-ին, ամբողջ օրը, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի լիակատար հանդիպումը։   Հանդիպման ընթացքին զեկոյցներ ներկայացուեցան եւ լայնօրէն քննարկուեցան Կաթողիկոսութեան առաքելութեան առնչուած հետեւեալ մարզերը.- քրիստոնէական դաստիարակութիւն, երիտասարդութիւն, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւն, Դպրեվանք, տեղեկատուական աշխատանքներ, կրօնական ու դաստիարակչական հրատարակութիւններ, ՀԱՍԿ…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 89-ՐԴ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ-ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 14 Հոկտեմբեր 2018-ին, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով տարիներու աւանդութեան համաձայն, տեսչական պատարագ մատուցուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան։ Պատարագի աւարտին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Վեհարանի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի ուսումնական-կրթական 89-րդ տարեշրջանի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՋԵՐՄՕՐԷՆ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՖՐԱՆՍԱԽՕՍ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ 17-ՐԴ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒՄԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին գումարումը Երեւանի մէջ կը նկատենք կարեւոր դէպք մը ու միաժամանակ եզակի իրագործում մը Հայաստանի համար՝ դիւանագիտական, քաղաքական, մշակութային ու տնտեսական մարզերէն ներս։ Մեծապէս կը գնահատենք վեհաժողովին կազմակերպուածութիւնը եւ հիւրերուն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ հիւրասիրութիւնը ու բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութիւնը։ Նաեւ ջերմօրէն կը գնահատենք Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Արմէն Սարգիսեանի եւ վարչապետ՝ Տիար…

ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

27 Սեպտեմբերէն 1 Հոկտեմբեր Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Աստուածաշնչային Միացեալ Ընկերութիւններու միջեւ գործակցութեան միջազգային համաժողովը։ Սոյն համաժողովին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ կը մասնակցէր Գերշ. Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը, որ միաժամանակ անդամ է վերոյիշեալ համաժողովի մնայուն յանձնախումբին։   Երկու եկեղեցական ընտանիքներէն եւ…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Կիրակի, 7 Հոկտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն, քանի մը օրեր առաջ իր հոգին աւանդած աշխարհահռչակ երգիչ՝ Շարլ Ազնաւուրի հոգիին համար։   Յայտնենք, որ Շարլ Ազնաւուր ամէն անգամ որ Լիբանան այցելէր կ՚այցելէր նաեւ Մայրավանք եւ հանդիպում կ՚ունենար Վեհափառ Հայրապետներուն հետ։…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ՍՓԻՒՌՔ ԵՒ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ» ՀԱՏՈՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչակտան հիմնադրամին թիւ 12-րդ հրատարակութիւնը՝ «Սփիւռք եւ ինքնութիւն» հատորը, խմբագրութիւն՝ Շահան Գանտահարեանի։ Հատորը կ’ամփոփէ հա­մա­նուն թեմայով կազմակերպուած եւ յատկապէս սփիւռ­քա­հայու ինքնահասկացողութեան յատկաց­ուած համագումարին ներկայացուած զեկուցումները։ Համագումարը կը նա­խագահէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, ներ­կայութեամբ ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի եւ 30 մասնա­կիցներու։ Այդ զեկուցումները…

«ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ, ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՈՒ ՄՆԱՅՈՒՆ ՇԱՀԵՐԸ ՀԱՐԿ Է ՎԵՐ ՆԿԱՏԵԼ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ՇԱՀԵՐԷ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մտահոգութեամբ կը հետեւինք Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն։ Սփիւռքը դիտողի կրաւորական ու անտարբեր վիճակին մէջ չի կրնար ըլլալ։ Սփիւռքը Հայաստանի անանջատելի մասը կը կազմէ։ Ան ընելիք ու ըսելիք ունի հայրենիքը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն նկատմամբ։ Հայրենիքին ընդհանրական, մնայուն ու գերագոյն շահերը պէտք է գերիվեր նկատել անհատական թէ կուսակցական, կողմնակի թէ ժամանակաւոր շահերէն: Հայրենիքը, ամէն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԺԸՆԵՒ

Երեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կարճ այցելութեամբ Ժընեւ մեկնեցաւ՝ յաջորդաբար հանդիպումներ ունենալու Սիսի Կաթողիկոսարանի դատի իրաւաբաններու եւ «Մետաքսեայ Ճամբուն» մասին Անթիլիասի մէջ տեղի ունենալիք համագումարի նախապատրաստական յանձնախումբին հետ, ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող այլ հանդիպումներ։   Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանք պիտի վերադառնայ Շաբաթ օր։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ

Երկուշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիր նամակ մը յղեց Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքին՝ յայտնելով իր խորազգաց ցաւակցութիւնը այս տխուր առիթով։ Ցաւակցագիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց այն եզակի դերին, զոր Շարլ Ազնաւուր ունեցաւ միջազգային մակարդակի վրայ, յատկապէս երաժշտական մարզէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց  Շարլ Ազնաւուրին բերած կարեւոր նպաստը հայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՍԱՄՈՒԷԼ ԹԱԴԵՒՈՍԵԱՆԸ

Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին հայրենի բեմադրիչ եւ ռեժիսոր՝ Սամուէլ Թադեւոսեանը եւ Հ.Յ.Դ. «Շուշի» կոմիտէի քարոզչական մարմինի ղեկավար՝ Կիրօ Գարակէօզեանը՝ ընկերակցութեամբ Լիբանանի Հայաստանի դեսպատանատան քարտուղարներէն՝ Վլատիմիր Պօղոսեանի:   Պարոն Թադեւոսեանը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց իր կատարած աշխատանքները եւ խօսեցաւ Լիբանանի մէջ վերջերս ցուցադրուած Արցախի նուիրուած…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ «ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒ ՈՐՈՆՈՒՄ»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հիմնդարամի 25-րդ հրատարակութիւնը՝ Յակոբ Պալեանի «Արմատներու որոնում» վէպը։   Սիրային վէպ մը ըլլալէ աւելի՝ պատմութիւնն է Արեւելքի թէ Արեւմուտքի մէջ հասակ առնող հայորդիներուն, որոնք նօրօրեայ կեանքի պայմաններուն տակ, ընթացքին մէջն են օտարացման, ձուլման։ Անոնց ծնողները գաղթականներ չեն, բայց արթուն է իրենց մէջ յիշողութիւնը։ Թաղային…

Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.-Ը ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

20-22 Սեպտեմբեր 2018-ին, Եգիպտոսի Նասր քաղաքի Ս. Մարկոս կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Համաշխարհային Քրիստոնեայ Ուսանողներու Միութեան (World Students Christian Federation) Միջին Արեւելքի շրջանային ժողովը։ Ժողովին կը մասնակցէր Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան ատենապետ՝ Կարէն Եօսուլքանեանը։ Ժողովին ներկայ էին այլ եկեղեցիներու 22 ուսանողական միութիւններ եւս։   Ժողովը սկիզբ առաւ նախորդ տարուան ժողովին արժեւորումով եւ ապա ընթերցուեցաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ Տ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՔ. ԶԷՔԻԵԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը Պոլսոյ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ եւ Մխիթարեան Միաբանութեան վանահայր՝ Գերապայծառ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկումի ենթարկելու Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան, միջ-եկեղեցական գործակցութեան, հայագիտութեան եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթին առնչուած նիւթեր ու ծրագիրներ։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց…

«ՆԷԼՍԸՆ ՄԱՆՏԷԼԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ ԿԸ ՄՆԱՅ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՉ-ԲՌՆԻ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՎ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼՈՒ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Քանի մը օրեր առաջ, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կազմակերպութեամբ, Նիւ Եորքի (Ա.Մ.Ն.) մէջ տեղի ունեցաւ Նէլսըն Մանտէլայի յիշատակին նուիրուած համագումար մը՝ իր ծննդեան 100-ամեակին առիթով։ Նկատի ունենալով, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անձնապէս ճանչցած ու հանդիպում ունեցած է Նէլսըն Մանտէլային հետ, այս առիթով Cilicia TV-ն դիմեց Վեհափառ Հայրապետին որոշ տեղեկութիւններ քաղելու ու իր տպաւորութիւնները ունենալու ափրիկեան…

ՎԱՆԱԲՆԱԿ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ վանաբնակ միաբաններուն հետ։ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով ներկայացուց ամրան ընթացքին Մայրավանքէն ներս կատարուած աշխատանքները, յատկապէս միաբան հայրերու կողմէ եւ շեշտեց Միաբանութեան ծառայութիւնը թէ՛ Մայրավանքէն եւ թէ թեմերէն ներս վերակազմակերպելու ու վերաշխուժացնելու հրամայականը՝ միշտ ընդառաջելով մեր ժողովուրդի կարիքներուն ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ։ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ԼՈՒՏԵՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Շաբաթ, 22 Սեպտեմբեր 2018-ին, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց լուտերական եկեղեցւոյ Ուրթըմպըրկ շրջանի հոգեւոր պետ՝ Դոկտ. Ֆրանք Օդֆրիտ Ժուլին պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ։   Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութիւնն ու վկայութիւնը, անդրադարձաւ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց պարզած վիճակին, շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան հրամայականը եւ ընդհանուր ակնարկով մը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՔԻՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-ամեակին առիթով, Կիրակի, 23 Սեպտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեահափառ Հայրապետին եւ ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար՝ Մխիթար Հայրապետեանին եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան՝ Սամուէլ Մկրտչեանի եւ դեսպանատան ներկայացուցիչներուն, տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք։   Հանրապետական Մաղթանքի աւարտին,…

«ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ՊԷՏՔ Է ԳՐԱՒԷ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ուրբաթ, 21 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքի յանձնախումբին հետ։ Հանդիպման ներկայ էին Հոգշ. Տ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան։   Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը մօտէն իրազեկ դարձաւ Երիտասարդական Բաժանմունքին կողմէ ծրագրուած նոր աշխատանքներուն ու…

«ՄԵՐ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՂԲԻՒՐ Է ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԶՕՐՈՒԹԵԱն ՈՒ ԵՐԱՇԽԻՔԸ՝ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-ամեակի առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հայ ժողովուրդին ուղղեց պատգամ մը, որուն ընդմէջէն լուսարձակի տակ առաւ հայ ժողովուրդին անկախութիւն կերտելուն ու վերակերտելուն հաւաքական հաւատքին եւ ամուր վճռակամութեան եւ մանաւանդ միասնակամութեան հրամայականը։   Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ անկախ հայրենիքը բնականաբար ունեցաւ թերութիւններ ու յաջողութիւններ, սակայն ան շարունակեց հայրենաշինութեան աշխատանքը շնորհիւ մեր ժողովուրդին գործօն…

ԳՄԳՄ-Ի ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»-ի 97-րդ հրատարակութիւնը, որ Արշակ Ալպօյաճեանի «Անհետացող դէմքեր» գործն է՝ նուիրուած Գրիգոր Զոհրապի կեանքին ու գործին։ Գործին խմբագիրն է Ժիրայր Դանիէլեանը։   Այս անգտանելի մենագրութիւնը, որ առաջին անգամ լոյս տեսած է Պոլիս 1919 թուականին, Գ. Զոհրապի կեանքին առընչուող նոր մանրամասնութիւններ կը բացայայտէ։ Օգտագործելով արխիւային…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ-ԻՆՍՏԻՏՈՒՏԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

14 Սեպտեմբեր 2018-ին, Երեւանի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտէն ներս տեղի ունեցաւ Հոգաբարձութեան Խորհուրդի հանդիպումը։ Հոգաբարձութեան Խորհուրդին անդամ է նաեւ մեր Ս. Աթոռը։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին, յիշեալ հանդիպման իր մասնակցութիւնը բերաւ «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի յանձնախումբի փոխ-ատենապետ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։   Հոգաբարձութեան Խորհուրդի նիստի գլխաւոր օրակարգն…

ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

10-12 Սեպտեմբեր 2018–ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայաստանէն ժամանած հետեւեալ արուեստի ու մշակոյթի մասնագէտները ընդունեց.-   ա) Շուրջ երեք օրերու այցելութեամբ Մայրավանքի հիւրերը դարձան Դոկտ. Աշոտ Գրիգորեան, Փրոֆ. Արամ Իսաբեկեան եւ Փրոֆ. Կետիկ Պաղտասարեան։ Անոնք եկած էին Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրին ընդառաջելով, որպէսզի ուսումնասիրեն Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս հայոց պատմութեան կարեւոր շրջանները ու խորհրդանշանները ներկայացնող դէպքերու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 8 Սեպտեմբեր 2018-ին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմի նոր առաջնորդի ընտրութիւն, որու ընթացքին առաջնորդ ընտրուեցաւ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին ուղղած իր հայրապետական գիրով վաւերացուց առաջնորդի ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր առաջնորդ սրբազան հօր իրեն վստահուած առաքելութեան մէջ։ Միաժամանակ,…

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԳԱՆՁԱՏՈՒՆԸ ԿԸ ՀԱՐՍՏԱՆԱՅ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՆՈՐ ՍՊԱՍՆԵՐՈՎ

Անցնող շաբաթներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին շուրջ համախմբուած կամաւորներ, մէկ շաբթուան վրայ երկարող աշխատանքէ մը ետք իրականացուցին բիւրեղեայ քարերով զարդարուած Ս. Խորանի ձեռագործ վարագոյրներ, ինչպէս նաեւ Ս. Սեղանի եւ այլ ծածկոցներ։   Այս աշխատանքներուն միացան նաեւ, երիտասարդական Պատարագէն եւ ուրբաթօրեայ գիշերային «Նարեկեան Աղօթասացութենէն» ետք, Ս. Գրոց ճամբարի տղաքը եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Նիւ Եորքի միջազգային հռչակ ունեցող «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին (“Metropolitan Museum”) մէջ, 22 Սեպտեմբեր 2018-ին, բացումը տեղի պիտի ունենայ հայ մշակոյթին նուիրուած մեծ ցուցահանդէսին։ Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին մշակութային իւրայատուկ արժէք ունեցող իրեր՝ Հայաստանի պետական թանգարանէն, մատենադարանէն, Ս. Էջմիածինէն, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութենէն, Ս. Ղազարու Վանքէն (Վենետիկ), Գալուստ Կիւլպէնկեան թանգարանէն (Լիզպոն), Ամերիկեան հայկական թանգարանէն (Պոսթըն), Ալէքս եւ Մարի Մանուկեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ, ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Հինգշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի նորընտիր առաջնորդին, Ազգային Վարչութեան Քաղաքական ու Կրօնական Ժողովներուն։ Անոնք, գլխաւորութեամբ առաջնորդ սրբազանին, եկած էին Վեհափառ Հայրապետին մօտ, թեմին առջեւ ծառայական նոր շրջան բացուող ներկայ հանգրուանին, լսելու Նորին Սրբութեան թելադրանքը։   Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով նոր առաջնորդին ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ զայն կանխող Ազգային Վարչութեան…

«ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՀԵՏ ԱՂԵՐՍ ՈՒՆԵՑՈՂ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ, ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԻՒ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԸՍԵԼԻՔԸ ՈՒՆԻ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Չորեքշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2018-ին, հրաւէրով Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Համալսարանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս դասախօսութիւն մը տուաւ «Աստուածաբանութիւն Եւ Քաղաքականութիւն» նիւթին շուրջ։ Յայտնենք, որ ամբողջ շաբթուան վրայ տարածուած ու համալսարանին կողմէ կազմակերպուած համագումարին նիւթն էր յիշեալ թեման, որուն Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով հրաւիրուած էր եզրափակիչ դասախօսութիւնը տալու։   Համալսարանի նախագահը՝ Դոկտ. Ճորճ Սապրան ներկայացնելով Նորին Սրբութիւնը՝…

ՀԱՅԱՍԷՐ ԲԱԲԱ ՔԻՒՆՑԼԷՐԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք զուիցերիացի մարդասէրներու շարքին Բաբա Քիւնցլէր կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ մարդասիրական ծառայութեան ծիրէն ներս, յատկապէս Լիբանանի մէջ։ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Բաբա Քիւնցլէրի գիւղին մէջ (Զուիցերիա) ներկայ եղած էր ի յարգանս անոր համար կազմակերպուած ցուցահանդէսին եւ իր խօսքը ուղղած։   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատան հետ համատեղ,…

HIS HOLINESS ARAM I RECEIVES (KAICIID) COMMITTEE MEMBERS

On September 3rd, 2018, His Holiness Aram I received the King Abdullah Bin Abdulaziz International Center for Interreligious and Intercultural Dialogue (KAICIID) committee members in Antelias.   During the meeting, His Holiness presented his perspective on the Christian-Muslim dialogue and cooperation, focused on the recent circumstances of the region and answered their questions. In turn,…

KAICIID-Ի ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Բ. թագաւորին անունը կրող միջ-կրօնական յարաբերութիւններու կեդրոնը Վիեննայի մէջ հաստատուած, վերջին երկու տասնամեակներուն կարեւոր դեր կը կատարէ միջազգային մակարդակի վրայ միջ-կրօնական յարաբերութեան ու գործակցութեան զարգացման իմաստով։ Անոր աշխատանքին մաս կը կազմեն զանազան մարզերու մասնագէտներ ու աշխատակիցներ՝ տարբեր կրօնները ներկայացնող։   Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան բնագաւառը յիշեալ կազմակերպութեան համար միշտ կը մնայ առաջնահերթութիւն։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՓՈԽ-ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Կիրակի, 2 Սեպտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահ՝ Վահրամ Բալայեանի։ Անոր կ՚ընկերանար Լիբանանի Հայ Դատի յանձնախումբը։ Անոնք նախ մասնակցեցան Վանքի մատրան մէջ մատուցուող Ս. եւ Անմահ Պատարագին եւ ապա հանդիպում ունեցան Նորին Սրբութեան հետ։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ հոն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 1 Սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետները՝ Գառնիկ Մկրտիչեանն ու Կարօ Սալխանեան։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի Թեմի նորընտիր առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ նախկին առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։ Անոնք Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին 31 Օգոստոս 2018-ի Երեսփոխանական…

ՃԷԶԻՐԷԷՆ ՆԵՐՍ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԶԳԱՅՈՒՆ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ԳԾՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա., Ն.Ս. ԱՖՐԱՄ Բ. ԵՒ Ն.Ս. ԵՈՒՆԱՆ Գ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ

Չորեքշաբթի, 29 Օգոստոս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ն.Ս. Աֆրամ Բ. եւ Ն.Ս. Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան պատրիարքներուն միջեւ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Ճէզիրէ շրջանէն ներս, յատկապէս համայնքային դպրոցներու գծով ստեղծուած դժուարութիւններու շուրջ։   Յայտնենք, որ վերջին շաբաթներուն յիշեալ շրջանէն ներս տիրական ներկայութիւն դարձած քիւրտերու իշխանութիւնը կարգ մը քայլերու դիմած է համայնքային դպրոցներէն ներս…

«ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԵՐԱԾԱՂԿՈՒՄԻՆ ՄԷՋ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԴԵՐԸ ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է» ԸՍԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Երեքշաբթի, 28 Օգոստոս 2018-ին, երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան ժամանած Զուիցերիոյ նախագահը՝ Ալան Պերսէ Տիմանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերուն հետ։ Հանդիպումին սկիզբը յաջորդաբար խօսք առին մարոնիթ պատրիարքը եւ նախագահը։   Ապա, խօսք առնելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, յայտնեց՝ թէ «Արեւմուտքի Զուիցերիոյ ու Արեւելքի Զուիցերիոյ՝ Լիբանանի այս հանդիպումը իւրայատուկ նշանակութիւն մը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 29 Օգոստոս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեանին հետ։   Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս վերահաստատեց իր ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ամրապնդման ձգտող բոլոր աշխատանքներուն եւ նոյն այդ աշխատանքներուն նուիրուած Արցախի նախագահին։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, թէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ամրապնդումը ճակատագրական նշանակութիւն…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ ԼԷՕ ԹՈԼՍԹՈՅԻ «ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐ»Ը

«Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի թիւ 96-րդ հրատարակութիւնը եղաւ Լէօ Թոլսթոյի «Պատմուածքներ»ը (Բ. հրատարակութիւն), որուն թարգմանական աշխատանքը կատարած է Հոգշ. Տ. Եփրեմ Վրդ. Թապագեանի (այժմ արքեպիսկոպոս)։ Պատմուածքները իրենց պարզ, յաճախ աղքատ գիւղացի, աստուածաբաններու կամ ազնուական կղերական հերոսներու ճամբով կը խօսին վատ ընկերութեան մը մէջ մարդ անհատին զոհաբերումին ու նուիրականութեան պատրաստակամութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական տիպար կեանքի մը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂԱՍՍԱՆԻ ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ՏԱՆ ԻՇԱՆԽ Ն.Ս. ՂԱՐԻՈՍ ԷԼ-ՉԵՄՈՐ Է. ԻՇԽԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 22 Օգոստոս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ ընդունեց Ղասսանի Արքայական Տան Իշխան Նորին Վսեմութիւն Ղարիոս Էլ-Չէմոր Է.։ Անոր կ՚ընկերանային միջ-եկեղեցական երկխօսութեան միջազգային տնօրէն՝ Անթուան Գալայճեան, հանրային կապերու պատասխանատու՝ Փետրօ Աշգար եւ Իշխանի օգնական՝ Քարլ Տումիթ։   Վեհափառ Հայրապետին ու Իշխանին միջեւ հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Ղասսանի Արքայական Տան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԸ

Շաբաթ, 25 Օգոստոս 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ՝ Պերճ Սեդրակեանին։   Երկար հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առնչուած շարք մը հարցեր։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ՃԱՄԲԱՐ

Ուրբաթ, 24 Օգոստոս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց «Թռչնոց Բոյն» հաւաքուած շուրջ 150 փոքրիկներուն, որոնք կը մասնակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպած Ս. Գրոց ճամբարին (Bible Camp)։   Փոքրիկները Վեհափառ Հայրապետին ընդունելութենէն ետք, բարի գալուստի խօսք արտասանեց բաժանմունքի վարիչ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայրապետին նոր…

«ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ ԼԻՑՔԱՒՈՐՈՒԱԾ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ, ԱԶԳԻՆ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ԿՈՉՈՒՄԸ ՈՒՆԵՑՈՂ ՄԱՐԴՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՄԻՇՏ ՄՆԱՅ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Իր վարդապետութեան օրերէ սկսեալ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը միշտ կապուած եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին՝ զայն նկատելով մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայութեան լծուելու կոչուած մարդոց հոգեմտաւոր կազմաւորման դարբնոց։ Ան նոյնիսկ իր հայրապետական գահակալութեան շրջանին շարունակեց ու կը շարունակէ յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերել Դպրեվանքին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ հոն կը դասաւանդէ «սիսթեմաթիկ» եւ հովուական աստուածաբանութիւն։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ «ՔՐԷՏՕ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երկուշաբթի, 20 Օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Դոկտ. Անթուան Շէտիտ՝ Ֆրանսայի ՔՐԷՏՕ կազմակերպութեան ներկայացուցիչը։ Յիշեալ կազմակերպութեան նպատակը Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ընկերային, մարդասիրական ու քաղաքական զօրակցութիւն ապահովել է՝ զանազան նախաձեռնութիւններու ճամբով։   Դոկտ. Շէտիտի այցելութեան հիմնական նպատակը Նորին Սրբութեան հրաւիրել էր յառաջիկայ ամիսներուն Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք համագումարի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ՆԽԱԱԳԱՀ ԱՄԻՆ ԺԸՄԱՅԷԼԸ

Երկուշաբթի, 20 Օգոստոս 2018-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի նախկին նախագահին՝ Ամին Ժըմայյէլին։ Շուրջ ժամ մը տեւած այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքն ու Լիբանանը յուզող քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային հարցերու։

«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԳԻՏՆԱՅ, ՈՐ ԻՆՔ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՏԵՂ ՈՒՆԻ ԵՒ ԿՈՉՈՒԱԾ Է ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ» ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Առնուած «Ազդակ»-էն     «Ազդակ»-ի կազմակերպած Լրագրութեան վարժողական ծրագիրի աւարտը խորհրդանշող իբրեւ եզրափակիչ հանդիպում, Ուրբաթ, 17 Օգոստոս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ. Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց «Ապագայ լրագրող»-ները` ընկերակցութեամբ ծրագիրի պատասխանատու` «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեանի:   Հանդիպումին սկիզբը Ա. Պալեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց Լրագրութեան վարժողական ծրագիրի ընդգրկած աշխատանքները եւ այդ ծրագիրին հետեւող…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՇԷՆՔԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԸ ՀԱՍԱՒ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ

Շաբաթ, 18 Օգոստոս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ հաստատուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի շէնք եւ իր գնահատանքը յայտնեց տեսուչ հայր սուրբին, ինչպէս նաեւ տեսչական անդամներուն, Դպրեվանքէն ներս կատարուող վերանորոգման աշխատանքներուն նկատմամբ իրենց ցուցաբերած բծախնդրութեան ու նախանձախնդրութեան համար։ Յայտնենք, որ ննջարաններու եւ յարակից սենեակներու վերանորոգութեան աշխատանքներուն իրենց նիւթական օժանդակութեամբ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Ուրբաթ, 17 Օգոստոս 2018-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի Խորհրդարանի նախագահ՝ Նապիհ Պըրրիի անձնական ներկայացուցիչները։ Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել Խորհրդարանի նախագահին բարեմաղթութիւնները Ս. Աստուածածնի տօնին առիթով եւ պաշտօնապէս հրաւիրել Մուսա Սատրի նուիրուած յիշատակի հանդիսութեան։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի…

ՍԱՔԻԷԹ ԷԼ ՄԸՍԸՔ-ՊԱՀԸՐՍԱՖ ԵՒ ՊԻՔՖԱՅԱ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ուրբաթ, 17 Օգոստոս 2018-ին, Սաքիէթ Էլ Մըսըք եւ Պիքֆայա շրջաններու քաղաքապտները՝ Միշէլ Նասըր եւ Նիքոլ Ճըմայյէլ, այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ։ Անոնք Վեհափառ Հայրապետին յիշատակի նուէր մը փոխանցեցին եւ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին օգտակար հանդիսանալաու Վանքին առնչուած ոեւէ մէկ ծրագիրի կամ խնդրի։   Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց իրենց ցուցաբերած հոգածութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՊԵՏՐՈՍ ԹԵՐԶԵԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 15 Օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի պաշտօնակատար՝ Պետրոս Թերզեանը։ Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց Տիար Թերզեանի, որուն ծանօթ է երկար տարիներէ ի վեր, նշանակումը յիշեալ յոյժ կարեւոր պատասխանատուութեան եւ իր համոզումը յայտնեց, թէ ան պիտի կարենայ իրեն վստահուած կարեւոր…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՕԺՏՈՒԵՑԱՒ «ՆՈՒՆԷ ԵՒ ՆԻՆԱՐԷ ՆԱԶԱՐԵԱՆ» ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆՈՎ

Ուրբաթ, 10 Օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը վերանորոգեալ «Նունէ եւ Նինարէ Նազարեան» մատենադարանին, որուն բարերարութիւնը ստանձնած է քուէյթահայ ազգային՝ Տէր եւ Տիկին Անուշաւան եւ Անահիտ Նազարեան ամոլը։ Յայտնենք, որ մատենադարանը կը կրէ անոնց դուստրերուն անունները։   Ժապաւէնի հատումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը արտասանեց…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ԽՕՍՔՈՎ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ՀԱՍԱՒ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ

Ուրբաթ, 10 Օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական խտացեալ դասընթացքին փակումը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին թելադրութեամբ եւ նախագահութեամբ այս ծրագիրին նպատակն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի թեմերու երիտասարդներուն մատակարարել թէ՛ եկեղեցագիտութիւն, եւ թէ քրիստոնէական դաստիարակութիւն, ինչպէս նաեւ ծանօթացնել զանոնք Կաթողիկոսարանի առաքելութեան:   Այս առումով, Նորին Սրբութիւնը…