«Շնորհալի» երգչախումբ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը հիմնուած է 1973-ին, Երջանկայիշատակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ Հոգելոյս Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Ազնաւորեանի ու Տիար Գէորգ Գանտահարեանի ջանքերով։

Երգչախումբը «Շնորհալի» կոչուեցաւ ի յիշատակ երաժշտագէտ ու երաժշտասէր Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին, որուն վախճանման 600 ամեակը կը զուգադիպէր նոյն տարուան։

«Շնորհալի» երգչախումբը կը կատարէ հանդիսաւոր առիթներու եւ տօնական օրերու Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին երգեցողութիւնը. Երգչախումբը կու տայ տարեկան հրապարակային համերգներ։ Ելոյթներ ունեցած է Լիբանանի, Սուրիոյ, Կիպրոսի եւ Յունաստանի զանազան քաղաքներու մէջ։

Երգչախումբին ղեկավարութիւնն ու խմբավարութիւնը վարած են՝ Զարեհ Վարդապետ Ազնաւորեան, Գէորգ Գանտահարեան, Կոմիտաս Վարդապետ Օհանեան, Մեղրիկ Վարդապետ Բարիքեան, Զաքար Քէշիշեան, Թորգոմ Վարդապետ Տօնոյեան, Գարեգին Վարդապետ Շխրտըմեան։ Այժմու ղեկավարն է՝ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանը։

«Շնորհալի» երգչախումբին մաս կազմել փափաքողները կրնան դիմել Հոգ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանին, հեռաձայնելով 79 305 838 թիւին ամէն օր երեկոյեան ժամը 7:00-էն 9:00, կամ ներկայանալով Մայրավանք ամէն Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերը, երեկոյեան ժամը 8։00-9։30։

Ե-նամակ,- shnorhali@armenianorthodoxchurch.org