ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Ուրբաթ, 5 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Գանատայի նորանշանակ դեսպան Սթեֆանի ՄըքՔալըմին։ Հանդիպման ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանը եւ դեսպանին քաղաքական հարցերու խորհրդականը։ Նկատի ունենալով, որ դեսպանին առաջին այցելութիւնն էր Մայրավանք՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառոյցներն ու առաքելութիւնը։…