ԶԳԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԿՈՉ ԻՐԵՆՑ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ԱՆՏԵՍՈՂ ԳՈՐԾԱՏԷՐԵՐՈՒՆ

Կարելի չէ՛ այլեւս լուռ մնալ, երբ համաճարակին ստեղծած տնտեսական տագնապին պատճառով, գործատէրեր ո՛չ միայն իրենց պաշտօնեաներուն եկամուտին նուազագոյն բաժինը կը զլանան տալ, այլ նաեւ սկսած են դադրեցնել անոնց ընկերային ապահովագրութիւնը, գործէ արձակել եւ նո՛յնիսկ չվճարել անոնց կենսաթոշակը:   Համաճարակի ու տնտեսական տագնապի առաջին շրջանին լուռ մնացինք այն սպասումով, որ ոմանք, մեկնելով բարոյական սկզբունքներէ, մարդասիրական ոգիէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ

Երկուշաբթի, 13 Յուլիս 2020-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կապ հաստատեց Հայաստանի վարչապետ մեծայարգ Նիկոլ Փաշինեանին հետ եւ իր օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց հայոց քաջարի բանակին։   Նոյն օրը երեկոյեան, Նորին Սրբութիւնը նաեւ կապ հաստատեց Արցախի Հանրապետութեան մեծարգոյ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ: Հայրապետը իր մտահոգութիւնը յայտնելէ ետք ստեղծուած կացութեան, իր հայրական օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը…

«ԱՐԺԷՔՆԵՐ ՈՏՆԱՀԱՐԵԼՈՒ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ ԱՆՏԵՍԵԼՈՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎԱՐՔԱԳԻԾԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Համացանցի ճամբով իմացանք, թէ թրքական դատարանը որոշած է Կոստանդնուպոլսոյ յունաց Այա Սոֆիա պատմական Մայր Տաճարը վերածել մզկիթի։   Արդարեւ, 537 թուականին կառուցուած այս տաճարը բիւզանդական ճարտարապետական արուեստի գագաթը կը նկատուի։ Բիւզանդական կայսրութեան անկումով եւ Օսմանեան կայսրութեան գրաւումով, 1453-ին տաճարը վերածուած էր մզկիթի եւ ապա, 1935-ին՝ թանգարանի։   Անցնող օրերուն, եկեղեցիներու պետեր եւ ընդհանրապէս միջազգային շրջանակներ…

ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՌՈՒԹԻՒՆ

Դպրեվանքի 90 ամեակին առիթով, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսին եւ գործակցութեամբ Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը կրթական տարեշրջանի սկիզբը ձեռնարկեց շարունակական ուսումնառութեան ծրագրին:   Դպրեվանքը աւարտած եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան շարքերուն անցած հոգեւորականներուն համար յատուկ պատրաստուած շարունակական ուսումնառութեան այս ծրագիրը պատրաստեց եւ շաբաթական դրութեամբ փոխանցեց Դպրեվանքի եւ Հայկազեան Համալսարանի ուսուցչուհի՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ

Անցնող երկու օրերու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ.- ա) Լիբանանի Հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի գլխաւորութեամբ, Տէր եւ Տիկին Ալէքքօ եւ Անի Պեզիքեանի կողմէ հաստատուած Լիբանանի կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան հիմնադրամի յանձնախումբ: բ) Տիար Գառնիկ Մկրտիչեան, Լիբանանի թեմի Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ: գ) Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական եւ Լիբանանի վարչութեանց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿ

Հայրապետական Մաղթանք   Այսօր 25-ամեակն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական ընտրութեան ու օծման: Այս առիթով յատուկ ծրագիրներ մշակուած էին Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս՝ նշելու ու արժեւորելու Նորին Սրբութեան 25 տարիներու ծառայութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով՝ հայ ժողովուրդին, հայ եկեղեցւոյ ու Հայաստանին: Նոյնպէս հանդիսութիւններ տեղի պիտի ունենային թեմերէն ներս: Սակայն, նկատի ունենալով համաճարակի ստեղծած կացութիւնը…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱԼԵՔՔՕ ԵՒ ԱՆԻ ՊԷԶԻՔԵԱՆ ՄԷԿ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՆԵՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը խոր գոհունակութեամբ ու ջերմ շնորհակալութեամբ կը յայտարարէ, թէ Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակին առիթով, Ազգային Բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցաբար, եւ նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը, մէկ միլիոն տոլար պիտի յատկացնեն, որպէս օժանդակութիւն Լիբանանի հայ համայնքի կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Յայտնենք, որ անցնող երկու ամիսներուն, Տէր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒՀԻՆ

Հինգշաբթի, 18 Յունիս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանին եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայաստանի կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ մասնաւորաբար Լիբանանի հայութեան առնչուած հարցեր: Այսօր Վեհափառ Հայրապետին նաեւ այցելեց Լիբանանի կառավարութեան…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ

Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, իր հիմնադրութենէն 25 տարիներ ետք Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ, ընդհանուր վերանորոգման ու վերադասաւորման ենթարկուեցաւ վերջին ամիսներու ընթացքին: Կատարուած ծախսերուն բարերարութիւնը ստանձնեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային Իշխանութեան ատենապետ տիար Կարօ եւ տիկին Սօսի Էշկիեան ամոլը:   Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 17 Յունիս 2020-ին, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, «Կիլիկիա» թանգարանի…

«ԸՆԴԴԷՄ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐՈՒՆ»

Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի հրատարակութեամբ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի մեկենասութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Ընդդէմ Եհովայի Վկաներուն» հատորը մեր Ս. Աթոռին միաբաններէն հոգելոյս Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի աշխատութեամբ։   422 էջնոց գործը կը սկսի յիշեալ բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբեկեան հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Վեհափառ Հայրապետի հետ Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց առնչուած հարցեր։   Նորին Սրբութիւնը նաեւ հեռաձայն մը ստացաւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանին կողմէ։

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԿԸ ՆՇԷ ԻՐ 90-ԱՄԵԱԿԸ

1930 թուականը յատկանշական թուական է իւրաքանչիւր Դպրեվանեցիի համար, որովհետեւ անիկա տարին է բոլորին հոգեհարազատ Դպրեվանքի հիմնադրութեան: Հոգեմտաւոր, հայակերտ ու մշակութապահպան իր նկարագիրով ու առաքելութեամբ, Դպրեվանքը 90 տարիներէ ի վեր կը գործէ ի փառս Աստուծոյ եւ ի հզօրացումն ազգիս հայոց:   Այս տարի 90-ամեակն է Դպրեվանքին հիմնադրութեան: Սակայն պայմաններու բերումով չկարողացանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ վայելուչ կերպով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 4 Յունիս 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպա Տորոթի Շին՝ ընկերակցութեամբ դեսպանատան զանազան բաժանմունքներու երկու պատասխանատուներուն:   Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր. այսպէս՝ համաճարակի ստեղծած կացութեան հետեւանքները ու զանոնք դիմագրաւելու…

«ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ՋԵՐՄՕՐԷՆ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԵՆՔ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻՆ ԴԷՄ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐՈՒՆ ՀԵՏԵՒԻԼ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երկուշաբթի, 1 Յունիս 2020-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովին հանդիպումը։ Քննարկուեցան մեր եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներքին կեանքին ու թեմերուն առնչուած շարք մը ծիսական, դաստիարակչական, հրատարակչական, միջ-եկեղեցական, տեղեկատուական եւ ընկերային ծառայութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: Յիշեալ բնագաւառներուն շուրջ տրուեցան զեկոյցներ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՆ

Երկուշաբթի, 1 Յունիս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հարապետը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցան: Վեհափառ Հայրապետը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Վարչապետին ու իր ընտանիքին եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ ընդհանրապէս Հայաստանի ներկայ կացութեան ու յատկապէս համաճարակին յառաջացուցած դժուարութիւններուն գծով:   Վարչապետ Փաշինեան անհրաժեշտ բացատրութիւնները տուաւ Նորին Սրբութեան «քորոնավիրուս»ի տարածման ու առաջքը առնելու աշխատանքներուն…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 102-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան տօնը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբեկեանի։   Հինգշաբթի, 28 Մայիս 2020-ին, աշխարհի չորս ծագերէն հայորդիներ, Կաթողիկոսարանին «Սիլիսիա Թի. Վի.»-ի ճամբով, միացան Անթիլիասի Մայրավանք եւ առցանց կերպով մասնակից դարձան Հայաստանի…

ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Մայիս 28-ն նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին անուանակոչութեան օրն է: Վեհափառ Հայրապետը ձեռնադրուած է 1968-ին, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան յիսնամեակին եւ այդ առիթով ստացած է Արամ անունը:   Արդարեւ, Հինգշաբթի, 28 Մայիս 2020-ին, միաբան հայրեր շնորհաւորեցին Վեհափառ Հայրապետը եւ իր հայրական օրհնութիւնը ստացան: Միաբանութեան զգացումներուն, մաղթանքներուն ու մտածումներուն թարգմանը հանդիսացաւ երիտասարդ միաբան հայրերէն Հոգշ. Տ. Աւետիք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ԻՍԼԱՄՈՒԹԵԱՆ «ՖԸԹԸՐ» ՏՕՆԸ

Իսլամական աշխարհի «Ֆըթըր» տօնին առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց.- «Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր իսլամ եղբայրներն ու քոյրերը, Լիբանանէն սկսեալ աշխարհի տարածքին։ 7-րդ դարէն սկսեալ հայ ժողովուրդը փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան մթնոլորտի մէջ գոյակցած է ու կը շարունակէ գոյակցիլ իսլամութեան հետ՝ Միջին Արեւելքէն սկսեալ։ «Քորոնավիրուս»ի ստեղծած ներկայ տագնապը բոլոր կրօնները պէտք է…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԿԻՆ ԵՒ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 21 Մայիս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Վսեմաշուք Բակօ Սահակեանին հետ։ Անոնք անդրադարձ կատարեցին անցնող տարիներուն իրենց ունեցած սերտ գործակցութեան՝ ի խնդիր Արցախի առաւել հզօրացման։   Ապա, նորընտիր նախագահին՝ Վսեմաշուք Արայիկ Յարութիւնեանին հետ ունեցած խօսակցութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը վերահաստատեց նոյն ոգիով ու յանձնառութեամբ Մեծի Տանն…

ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ “THE ARMENIAN CHURCH” ԳԻՐՔԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՄԲ

Վերջին տարիներուն, հանրութեան տրամադրութեան տակ կը գտնուի դիւրին ընթեռնելի, պարզ լեզուով ու ամփոփ, եւ յատկապէս երիտասարդութեան դիւրամատչելի, սակայն միաժամանակ համապարփակ կերպով գրուած Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը՝ շնորհիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, զոր գրուած է անգլերէն լեզուով՝ “The Armenian Church” եւ ցարդ թարգմանուած է երեք լեզուներու՝ ֆրանսերէնի, ռուսերէնի եւ պարսկերէնի։   Արդարեւ, ուրախութեամբ կ՚ուզենք յայտնել, որ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՂՕԹՔԻՆ ՕՐՈՒԱՆ

Ֆրանսիս Պապին եւ Ալ Ազհարի միացեալ նախաձեռնութեամբ, 14 Մայիսը հռչակուեցաւ Համաշխարհային Աղօթքի Օր: Յիշեալ նախաձեռնութեան միացաւ նաեւ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը, միջազգային այլ կազմակերպութիւններ եւ կրօններ:   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական հրաւէր ստացաւ, Կազմակերպիչ կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ մասնակից դառնալու համաշխարհային աղօթքին: Վեհափառ Հայրապետը իր կողմէ խմբագրուած արաբերէն ու անգլերէն աղօթքները ղրկեց յանձնախումբին: Ապա,…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՆԻԼ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

Ինչպէս մեր բոլոր գաղութներէն ներս, նոյնպէս նաեւ Լիբանանի հայ համայնքէն ներս ստեղծուած ընկերատնտեսական դժուարութիւնները կը շարունակուին՝ հարուածելով մեր կառոյցները եւ յատկապէս ընտանիքները։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը չէր կրնար անտարբեր մնալ այս կացութեան դիմաց։   Անցնող ամիսներուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւողական կերպով թելադրեց թեմերուն՝ իրենց կարելին կատարելու մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակելու գծով: Միաժամանակ Լիբանանի…

ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Երեքշաբթի, 28 Ապրիլ, 2020-ին, միաբանական հաւաք մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, մասնակցութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերուն: Հաւաքը սկիզբ առաւ «Տէրունական Աղօթք»ով: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով ներկայացուց համաճարակի հետեւանքով ստեղծուած կացութիւնը ներկայ աշխարհէն եւ յատկապէս հայ կեանքէն ներս: Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը լայն կերպով անդրադարձաւ մեր թեմերուն եւ հոն…

ԱՊՐԻԼ 24-Ի ՆՇՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ ԼՈԶՈՒՆՔ ՉԷ, ԱՅԼ ԱՄԵՆՕՐԵԱՅ ՏԱԳՆԱՊ, ԱՊՐՈՒՄ ՈՒ ՁԳՏՈՒՄ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը իր զանգերը ղօղանջեց 24 Ապրիլ 2020-ի առաւօտուն՝ նշելով Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 105-ամեակը՝ Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ, որուն հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Պատարագը մատուցեց Լիբանանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ՏԻԱՐ ԱՐԱՅԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻԲՐԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր վսեմաշուք նախագահ տիար Արայիկ Յարութիւնեանին ուղղած նամակով մը շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը։     Իր նամակին մէջ Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Արցախի հանրապետութեան ամրացումը, հայոց բանակի հզօրացումը եւ տնտեսութեան զարգացումը մեր Սուրբ Աթոռին համար միշտ եղած են առաջնահերթ յանձնառութիւն։ Անցնող տարիներու ընթացքին, մեր յանձնառութիւնը գործի վերածող ծրագիրներ մշակած ենք,…

Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՔՐԻՍՏՈՍ ԸՍԱՒ ՈՒ ՄԻՇՏ Կ՚ԸՍԷ՝ ՁԵԶԻ ՀԵՏ ԵՄ, ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՔ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ     «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի սրբազան խորանէն, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան առաւօտուն, մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կ՚ըսեմ, մեր եկեղեցւոյ պարզ, բայց խորիմաստ բառերով. «Քրիսոտս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

«ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԵՑԷ՛Ք, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԵՍ ՅԱՂԹԵՑԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ»     Աստուծոյ Որդին դէպի Գողգոթա ուղղուելէ առաջ, իր աշակերտներուն վախն ու անորոշութիւնը տեսնելով կ’ըսէ՝ «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33)։   Աստուծոյ Որդին մարդեղացած էր երկրաւոր նպատակներու ու նիւթական շահերու վրայ հիմնուած աշխարհի մարդակեդրոն համակարգը քանդելու եւ հաստատելու՝ երկնային ճշմարտութիւններուն վրայ հիմնուած…

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«Ո՜Վ ՔՐԻՍՏՈՍ, ՓՐԿԻՉ ԱՇԽԱՐՀԻ, ԵԿՈՒՐ ԵՒ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԷ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Կիրակի, 5 Ապրիլ 2020-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ծաղկազարդի տօնին նուիրուած Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն հաւատացեալները կարողացան հետեւիլ Կաթողիկոսարանի ընկերային լրատուամիջոցներու ցանցին ճամբով։ Պատարագը մատուցեց Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ.…

ՄԻՆՉԵՒ ԱՊՐԻԼ ԱՄՍՈՒԱՆ ԱՒԱՐՏԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ԱՌԱՆՑ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, երկու Վեհափառ Հայրապետներու տնօրինումով որոշուած էր եկեղեցիներէն ներս եկեղեցական արարողութիւնները կատարել դռնփակ, մինչեւ Աւագ Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ 2020: Նկատի ունենալով, որ համաճարակը նոյն թափով կը շարունակուի, եւ շատ մը երկիրներ մինչեւ Ապրիլ ամսուան աւարտը աւելի խիստ միջոցներու դիմած են, Վեհափառ Հայրապետները ներկայ կացութեան լոյսին տակ որոշեցին երկարաձգել մեր եկեղեցիներէն ներս…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ԱՋՈՎ ՕՐՀՆՈՒԵՑԱՒ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագէն հաւատացեալներ թէեւ ֆիզիքապէս բացակայեցան՝ համաշխարհային համաճարակ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, սակայն անոնք կարողացան Կաթողիկոսարանի ընկերային լրատուամիջոցներու ցանցին ճամբով աղօթակից դառնալ միաբանութեան եւ խումբ մը դպրեվանեցիներու:   Անթիլիասի Մայրավանքի Ուխտի Օրուան առիթով եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ մատուցուած Ս. Պատարագի աւարտին, Հայրապետը համայն…

ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ

Ուրբաթ, 27 Մարտ 2020-ին, Արցախի նախագահ տիար Բակօ Սահակեան հեռաձայնային կապ հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ՝ մօտէն իմանալու ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն ու յատկապէս Լիբանանէն ներս ստեղծուած կացութեան մասին: Այս առիթով անոնք նաեւ խորհրդակցեցան Արցախի առնչուած հարցերու շուրջ:   Նորին Սրբութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Արցախի մեր ժողովուրդը չէ ազդուած «քորոնավիրուս»ի…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ ստեղծուած տնտեսական ծանր պայմանները եւ մեր ընտանիքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, Կաթողիկոսարանը կը շարունակէ իր ընկերային ծառայութիւնը։ Ընկերային կառոյցներուն, լրատուական օրկաններուն, շտապ մարմնին եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն կատարուած օժանդակութեան առընթեր, վերջերս 200 ընտանիքներու ուտեստեղէն տրամադրուեցաւ՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին ճամբով։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ՅԱՅՏՆԵՑ «ՔՈՐՈՆԱՎԻՐՈՒՍ»Ի ՊԱՏՈՒԱՍՏԻ ԳԻՒՏԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷՅԵԱՆԻՆ

Երեքշաբթի, 24 Մարտ 2020-ին, երկար զրոյց մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ «Քորոնավիրուս»ի պատուաստանիւթի մը գիւտին գծով յարատեւ աշխատանքի լծուած Նուպար Աֆէյեանին միջեւ։   Տիար Աֆէյեան լայն բացատրութիւններ տուաւ Վեհափառ Հայրապետին իր ընկերութեան կատարած մասնագիտական աշխատանքներուն գծով։   Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց պարոն Աֆէյեանին՝ անոր աշխատանքը նկատելով համամարդկային առաքելութիւն, որ…

ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱԶՆԻՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱԶՆԻՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ   Կ՚ապրինք անբնական պայմաններու մէջ։ Ներկայ տագնապին ստեղծած անորոշութիւնը, վախը եւ անձկութիւնը դարձած են ամէնօրեայ մտահոգութիւն՝ մեր անձնական, ընտանեկան, համայնքային ու ազգային կեանքէն ներս։ Միշտ կ՚աղօթեմ, որ Աստուած հեռացնէ այս չարիքը աշխարհէն, հիւանդներուն բժշկութիւն պարգեւէ եւ մեր զաւակները պահէ անվտանգ։   Այս դժուար պայմաններուն մէջ յատկապէս, եկեղեցին պէտք է իր ժողովուրդին…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՆ «ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻՆ ՍՏԵՂԾԱԾ ՆԵՐԿԱՅ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ

Երէկ եւ այսօր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կապ մը հաստատեցին իրարու հետ «քորոնա» ժահրին ստեղծած ներկայ կացութեան առնչուած:   Վարչապետ Փաշինեան մօտէն հետաքրքրուեցաւ Լիբանանի եւ ընդհանրապէս ներկայ պայմաններուն մէջ Կաթողիկոսութեան դիմագրաւած մտահոգութիւններուն գծով: Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, իր մտահոգութիւնը յայտնեց ներկայ համաշխարհային համաճարակի հետեւանքներուն ուղղութեամբ՝ աղօթելով, որ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԸ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

Կ’ուզենք մեր ժողովուրդի զաւակները, յատկապէս Լիբանանի հայութիւնը տեղեակ պահել, որ Վեհափառ Հայրապետը Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանին այլ առաքելութիւն մը վստահած ըլլալով, Լիբանանի հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ նշանակեց Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը։   Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը իր նոր պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնէ վաղը, Ուրբաթ 13 Մարտի առաւօտուն։                                                                             ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

2019-2020 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ    

Շաբաթ, 22 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի աշակերտական մրցանքին բացումը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մրցանքի վարիչ Վարուժան Թէնպէլեան, որ լուսարձակի տակ առնելէ ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրական թելադրանքով 2009-ին հաստատուած «Խաչիկ Պապիկեան» աշակերտական մրցանքին վերջին տասը տարիներու նուաճումները՝ յայտնեց,…

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՃԱՆԱՉՈՂԱԿԱՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Միջ-քրիստոնէական յարաբերութեանց գրասենեակին, եւ հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, խոնարհաբար, երկու միաբանակից եղբայրներուս հետ՝ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտճեանին եւ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանին, մասանակցեցանք ճանաչողական եւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեան այցելութեան մը, ի Հռոմ, Վատիկան։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ներկայացնող մեր պատուիրակութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն ներկայացնող երեք…

ԹՄՄ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՐՄՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

ԶԱՐԹՕՆՔ — Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2020-ի յետմիջօրէին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Յակոբ Գասարճեանին, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Անի Լաչինեան-Մակարեան, Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան եւ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:   Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ ժողովուրդը յուզող հարցեր, ի մասնաւորի Լիբանանի ներկայ իրավիճակն ու լիբանանահայութեան այսօրուան դժուարին ընկերատնտեսական…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏ

Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի հանդիպումը տեղի ունեցաւ: Հանդիպումին ներկայ էին ժողովի համա-ատենապետներ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ ժողովի վանաբնակ անդամները:   Նիստի ընթացքին քննարկուեցան ծիսական, միջ-եկեղեցական, հրատարակչական եւ դաստիարակչական բնոյթ ունեցող շարք մը հարցեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:   Վեհափառ Հայրապետին եւ դեսպանին զրոյցը առաւելաբար կեդրոնացաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան վրայ: Այս ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը իր կարգ մը մտահոգութիւնները փոխանցեց դեսպանին:

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Ազդակ.- Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի նիստը, որ կայացաւ 29 փետրուարէն 1 մարտ 2020-ին Անթիլիասի մէջ, յստակացուց լրագրողներու համահայկական յառաջիկայ աշխատանքներու ընդհանուր ուղղութիւնները: Քննարկուեցան թէ՛ տարածաշրջանային, եւ թէ համընդհանուր մակարդակներով մասնագիտական բովանդակութեամբ խորհրդաժողովներ, աշխատանոցներ եւ համաժողովներ կազմակերպելու կարելիութիւնները:   Համակարգող խորհուրդի քննարկումներու օրակարգին մէջ ներառուած էին Անթիլիասի մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած Լրագրողներու համահայկական համաժողովին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԸ

Կիրակի, 2 Մարտ 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Մոսկուայէն միօրեայ այցելութեամբ Լիբանան ժամանած Ռուբէն Վարդանեանը: Տիար Վարդանեան Հայաստանի ու Արցախի մէջ նախաձեռնած է զանազան ծրագիրներ, որոնցմէ հանրածանօթ է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման նպաստ բերող «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը (Aurora Humanitarian Initiative): Տիար Վարդանեան Կիրակի օր ներկայ գտնուեցաւ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՖՈՐՈՒՄԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Կիրակի, 1 Մարտ 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց լրագրողներու համահայկական ֆորումը համակարգող խորհուրդը, որուն մաս կը կազմէին, Սաթիկ Սէյրանեան («168 ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ Հայաստանի ժուռնալիստներու միութեան նախագահ), Տիգրան Յարութիւնեան («Նոյան Տապան» լրատու գործակալութեան հիմնադիր եւ տնօրէն, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ), Միքայէլ Հաճեան (Լրագրող, հրապարակախօս, հրապարակագիր, քաղաքական վերլուծաբան), Արամ Անանեան («Արմենփրես» լրատու…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹԱԳԻՐՔԸ՝ ԼԱԹԱԿԱԶՄ ԵՒ ՓԱԿԱԹԵԼՈՎ ԹՂԹԱԿԱԶՄ ՏԱՐԲԵՐԱԿՆԵՐՈՎ

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հրատարակչատունէն լոյս կը տեսնէ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքը, որուն աշխարհաբար թարգմանութիւնը կատարած է Թորգոմ Եպս. Գուշակեանը։   Այս հրատարակութեան մէջ բառերու եւ լեզուական հնացած ձեւերու շատ թեթեւ փոփոխութիւններ կատարուած են՝ լեզուն պատշաճեցնելու համար արդի աշխարհաբարին։    Գիրքը ունի իր թէ՛ լաթակազմ եւ թէ փակաթելով թղթակազմ…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ Է ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԱՐԴԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրախութեամբ կ՚ուզենք յայտնել, որ հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրատարակչատունէն լոյս տեսած է Աստուածաշունչի նոր աշխարհաբար թարգմանութիւնը՝ համեմատաբար յունարէնի եւ գրաբարի, որ կ՚ընդգրկէ Նոր Կտակարան եւ Սաղմոսներ։   Այս թարգմանութիւնը իւրայատուկ է, որովհետեւ անոր աշխատանքը արդիւնքն է Աստուածաշունչը նոր սերունդին նոր լեզուով փոխանցելուն։ Հոս շեշտը դրուած է բովանդակութեան ու մտածումին թարգմանութեան՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԻՐԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 25 Փետրուար 2020-ին, Թեհրանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, ինչպէս նաեւ նորընտիր պատգամաւորներու ուղղած իր նամակով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն շնորհաւորեց անոնց ընտրութիւնը:   Յայտնենք, որ Թեհրանի եւ Հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր ընտրուեցաւ Արա Շահվերդեանը, իսկ Սպահանի եւ Հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր ընտրուեցաւ Ռոպերդ Բեգլարեանը: Երկու պատգամաւորները Իրանի հայութեան կեանքի գործօն մասնակցութիւն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 24 Փետրուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Զուարթնոց Կեդրոնի Վարչութիւնը:   Յայտնենք, որ Զուարթնոց Կեդրոնը յատուկ կարիք ունեցող փոքրերու ու պատանիներու կեդրոն է, հաստատուած Պուրճ Համուտի մէջ: Կեդրոնը մասնագիտական մօտեցումով հսկայ աշխատանք կը կատարէ յատուկ կարիք ունեցող մեր զաւակներուն: Ինը հոգիներէ բաղկացած վարչութեան ատենապետն է օրդ. Անի Պուճիքանեան, իսկ կեդրոնին տնօրէնուհին է…

“ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մեծ Պահքի այս առաջին օրերուն, Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Բաժանմունքը հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ, որպէսզի մեր ժողովուրդը հաղորդ պահէ հոգեւոր կեանքին առնչուած Նորին Սրբութեան մտածումներուն ու թելադրութիւններուն։   1) Ուրախ ենք Վեհափառ Հայր, ու մեծապէս շնորհակալ որ Մեծ Պահոց շրջանը Ձերդ Սրբութեան հետ մեր ունեցած ներկայ հարցազրոյցով կը բացուի։ Մեծ Պահքը հոգեւոր կեանքի…

ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ

Մեծ պահոց քառասնօրեակին կը նախորդէ Բուն Բարեկենդանի Կիրակին, որ Անթիլիասի Մայրավանքին Կիրակնօրեայ Վարժարանը զայն կը նշէ փոքրիկներուն զանազան կերպարներու ծպտումով։ Առ այդ, Կիրակի, 23 Փետրուար 2020-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Կիրակնօրեայ Վարժարանի փոքրիկները: Նորին Սրբութիւնը իր գնահատական խօսքին…

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Հինգշաբթի, 20 Փետրուար 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» մղուած մեր պատմութեան ամէնէն պատգամաբեր դէպքերէն՝ Վարդանանց Ճակատամարտի ոգեկոչումը։   Եկեղեցական եւ ազգային այս տօնին նուիրուած Ս. եւ Անմահ Պատարագը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։…

ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 18 Փետրուար 2020-ին, Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնը յատուկ հանդիսաւորութեամբ տօնուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ: Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին, «Քրիստոս Աստուած մեր» մաղթանքին ընդմէջէն յիշուեցան Աւարայրի  ճակատամարտին նահատակուած բոլոր հոգեւորականներու անունները:   Երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ միաբանական հաւաքական ընթրիք տեղի ունեցաւ: Ընթրիքի աւարտին, միաբաններէն մէկը կարդաց Ս. Ղեւոնդ Երէց…

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Կիրակի, 16 Փետրուար 2020-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին կից գտնուող «Զարեհեան Յուշարձան-Դամբարան»ին մէջ, ներկայութեամբ միաբան հայրերու եւ հաւատացեալներու, կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսոութեան երջանկայիշատակ հայրապետներուն եւ լուսահոգի միաբաններուն հոգեհանգիստը, որուն նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։   Արդարեւ, սոյն հոգեհանգստեան պաշտօնը, որ աւանդութիւն դարձած է Փետրուար ամսուան ընթացքին…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԷՆ ԵՐԵՔ ԵՐԻՏԱՍԱԱՐԴ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐ ՄԵԿՆԵՑԱՆ ՎԱՏԻԿԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ երեք երիտասարդ միաբան հայրեր՝ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտճեան (առաջնորդական փոխանորդ Հիւսիսային Յունաստանի), Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ Շէրնէզեան (տեսուչ «Կիլիկիա» Թանգարանի), Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան(վարիչ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին), մեկնեցանՎատիկան՝ընդառաջելով Վատիկանի միջ-քրիստոնէական յարաբերութեանց բաժանմունքի հրաւէրին: Հայր սուրբերուն պիտի միանայ Հռոմի մէջ ուսանող Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան:  …

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 14 Փետրուար 2020-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Գերմանիոյ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութեան մը՝ առաջնորդութեամբ Ուտօ Պենտզ եպիսկոպոսին։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի  Ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Սուրայյա Պաշաալանի եւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ Տիկին Սեդա Խտըշեան։   Այցելութեան նպատակն էր ծրագրել Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու այցելութիւնը Գերմանիա, որպէսզի եկեղեցիները…

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

«ՄԵՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ ՊԷՏՔ Է ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԻՆ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԷՆ ՈՒ ԴՊՐՈՑԷՆ ՆԵՐՍ» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ երեկոյեան ժամերգութեան ղօղանջները բարձրացան Տեառնընդառաջի նախատօնակին առիթով, որուն հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Աւանդութեան համաձայն, հոգեպարար արարողութեան ընթացքին կատարուեցան հանդիսաւոր Անդաստան եւ մանուկներու տաճար ընծայում, իսկ…

«ՍՈՒՐԻՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ 100 ՏԱՐԻՆԵՐ ԱՌԱՋ ԱՐԴԷՆ ԻՍԿ ՃԱՆՉՑԱԾ ԷՐ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԻՐ ՀՈՂԻՆ ՎՐԱՅ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՎ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՊՐՈՂՆԵՐԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Քիչ առաջ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշար Ալ Ասատին ուղղած իր նամակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ջերմօրէն ողջունեց Սուրիոյ Հանրապետութեան Խորհրդարանին կողմէ, այս առաւօտ Հայոց Ցեղասպանութեան միաձայնութեան ճանաչումը:   «Վստահ ենք, որ Դուք եւ Ձեր հանգուցեալ հայրը կարեւոր դեր ունեցաք ցեղասպանութեան դատապարտումի ու ճանաչումի գծով՝ Ձեր հրապարակային կեցուածքներու ճամբով անցնող տարիներու ընթացքին: Այս առիթով, կ’ուզենք…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹ ՈՒՆԵՑՈՂ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ

Շաբաթ, 8 Փետրուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական ժողովի հանդիպումը:   Ժողովական հայրեր յաջորդաբար քննարկեցին քրիստոնէական դաստիարակութեան, քահանայից պատրաստութեան, Դպրեվանքի, Հիւսիսային Ամերիկայի համալսարանականներու յատուկ դասընթացքին, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական հանդիպումներու ու աշխատանքներու, վանաբնակ երիտասարդ միաբաններու յատուկ դասընթացքի, Սուրբ Գրոց թարգմանութեան, Հայրապետական ու Հանրապետական մաղթանքներու բարեփոխութեան,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՒ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

26 Յունուարէն 1 Փետրուար 2020-ին, Աթշանէի  Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ կայացաւ Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու երկխօսութեան Միջազգային Աստուծաբանական յանձնախումբի 17-րդ հանդիպումը։ Ներկայ հանդիպումին նիւթն էր «Եկեղեցւոյ Խորհուրդներու Աստուածաբանական հիմքերը»։ Յանուն Ս. Էջմիածնի Կաթողիկոսութեան, ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանն ու Հոգշ. Շահէ Ծ.Վրդ. Անանեանը, իսկ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝…

ԱՌԱՋԱՒՈՐԱՑ ՊԱՀՔԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 5 Փետրուար 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ժամերգութենէն անմիջապէս ետք, տեղի ունեցաւ Առաջաւորաց Պահքի հաւաքական խոստովանանք եւ ջրօրհնէք, որմէ ետք մեր ժողովուրդի ուխտաւոր զաւակները ստացան Ս. Հաղորդութիւն։ ****** Առաջաւորաց պահքը յատուկ է միայն Հայ Եկեղեցւոյ եւ կը նշուի Սուրբ Սարգիսի տօնին նախորդող Երկուշաբթի օրը՝ տարածուելով հինգ օրերու վրայ, սակայն կեանքի…

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Երեք օրերու վրայ տարածուած Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած միջազգային համագումարը հասաւ իր աւարտին Կիրակի օր: Յայտնենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ տեղի ունեցած համագումարին նպատակն էր միջ-եկեղեցական շարժումին համար նոր տեսլական մը զարգացնել՝ համահունչ ներկայ ժամանակներու եւ եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:   Երեք օրեր շարունակ յիշեալ թեմային շուրջ երկար տարիներու միջ-եկեղեցական ծառայութիւն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ԵՐԿԱՐ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՎԱՍՏԱԿ ՈՒՆԵՑՈՂ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՆՁԵՐ

Այս օրերուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի կ՚ունենայ միջազգային միջ-եկեղեցական ժողով՝ նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Արդարեւ, Շաբաթ, 1 Փետրուար 2020-ին, Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն ներկայ եղան ժողովականներ, միաբանութիւն եւ Լիբանանի հայ գաղութի կառոյցներու ներկայացուցիչներ:   Խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը՝ ողջունեց ներկաները եւ շեշտեց միջ-եկեղեցական շարժումին կարեւորութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ,…

Միջ-Եկեղեցական Միջազգային Համագումար Անթիլիասի Մէջ — «ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ ՆՈՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուրբաթ, 31 Յունուար 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ միջազգային միջ-եկեղեցական համագումարին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ 30 աստուածաբաններու ու միջ-եկեղեցական շարժումի փորձագէտներու՝ Հարաւային Քորէայէն, Ինտոնեզիայէն, Հնդկաստանէն, Յորդանանէն, Քենիայէն, Կանայէն, Պուրունտիէն, Ռուսիայէն, Զուիցերիայէն, Վատիկանէն, Շուէտէն, Ֆինլանտայէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Լիբանանէն:     Վեհափառ Հայրապետը, որ նախաձեռնողն է համագումարին, պաշտօնական բացումը կատարելով…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

28 եւ 29 Յունուար 2020ին‚ Քուէյթի մէջ տեղի ունեցաւ Ծոցի Երկիրներու Եկեղեցիներու Խորհուրդի տարեկան ժողովը‚ ուր յանուն Հայ եկեղեցւոյ իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան‚ Առաջնորդ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի‚ եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի։   Երկու օրերու վրայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԷՆ ՔԱՐՏԻՆԱԼ ՔՈԽԸ

Չորեքշաբթի, 29 Յունուար 2020-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ՝ Կարտինալ Քոխը:   Վեհափառ Հայրապետին եւ Կարտինալին միջեւ մտերմիկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, որուն ընթացքին արծարծուեցան միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող հարցեր: Հանդիպումը նաեւ առիթ եղաւ վերաշեշտելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ գործակցութիւնը:   Ապա, Կարտինալ Քոխ ընթրիքի հիւրը եղաւ…

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

31 Յունուարէն 2 Փետրուար 2020-ին, միջազգային միջ-եկեղեցական համագումար մը տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս: Համագումարը կազմակերպուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ: Անոր նպատակն է նոր մարտահրաւէրներու ու տագնապներու դիմաց գտնուող միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ կացութիւնը համապարփակ քննութեան ենթարկել եւ ապա որոնել նոր ուղղութիւն ու տեսլական միջ-եկեղեցական շարժումին:   Համագումարին պիտի տրուին երկու…

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՊԷՏՔ Է ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ ԱՐՏԱՅԱՅՏԷ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երեքշաբթի, 28 Յունուար 2020-ին, Պքերքէի Մարոնիթ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու հանդիպումը: Հանդիպման նպատակն էր քննել Լիբանանէն ներս վերջին երեք ամիսներուն տեղի ունեցող ժողովրդային ցոյցերը, յատկապէս ժողովուրդին պահանջքները, եւ պարզել եկեղեցւոյ տեսակէտը: Ներկայ հոգեւոր պետերը իրենց մօտեցումները արտայայտեցին՝ բնականաբար ընդգծելով եկեղեցւոյ դիրքորոշումը երկրէն ներս ստեղծուած կացութեան եւ ժողովրդային պահանջքներու գծով:   Խօսք առաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆ ՎԱՀԱԳՆ ԱԹԱԲԷԿԵԱՆ

Հինգշաբթի, 23 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի այցելութիւնը:   Դեսպանը Նորին Սրբութեան փոխանցեց Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի Վսեմաշուք Նախագահ Բակօ Սահակեանի նամակները:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Հայաստանի ու Լիբանանի այժմու կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց հետ աղերս ունեցող խնդիրներու:

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ «ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ» ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻՆ

Կազմակերպութեամբ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) «Ուխտագնացութիւն Դէպի Խաղաղութիւն եւ Արդարութիւն» յանձնաժողովին եւ հիւրընկալութեամբ «Խաղաղականի Եկեղեցիներու Խորհուրդ»-ին, 13-23 Յունուարին Խաղաղական ովկիանոսի Ֆիճի կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ յանձնաժողովին վեցերորդ համախմբումը՝ մասնակցութեամբ Ե.Հ.Խ.ի անդամ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու, տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներու եւ մասնագէտ հիւրերու։ Յիշեալ յանձնաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչն է Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան։   Յանձնաժողովը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒՀԻ ՎԱՐԴԻՆԷ ՕՀԱՆԵԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 22 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի նոր կառավարութեան մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան՝ ընկերակցութեամբ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Բագրատունիին: Վեհափառ Հայրապետը իր շնորհաւորութիւնը եւ օրհնութիւնը փոխանցեց նոր նախարարուհիին:   Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան մէջ ամէնէն երիտասարդ նախարարն է Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը: Ծնած է 1984-ին, յաճախած է Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ

Միջ-եկեղեցական շարժումին նախաձեռնութեամբ Յունուար ամսուան 3-րդ շաբաթը յատկացուած է Քրիստոնէական Միութեան Աղօթքին:   Այս ծիրէն ներս աշխարհի բոլոր եկեղեցիներէն ներս աղօթքներ տեղի կ’ունենան եկեղեցիներու միութեան համար: Երբեմն եկեղեցիներ առանձնաբար եւ երբեմն միասնաբար կրօնական հաւաքներ կը կազմակերպեն` աղօթասացութեամբ, խորհրդածութեամբ եւ քարոզխօսութեամբ շեշտելով եկեղեցիներուն միութեան հրամայականը:   Յայտնենք, որ անցեալ տարի Լիբանանէն ներս աղօթքի շաբթուան փակումը տեղի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ

Ընդառաջելով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Նուրհան Արք. Մանուկեանի հրաւէրին, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան եւ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան մեկնեցան Երուսաղէմ՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելու Աստուածայայտնութեան տօնին առնչուած արարողութիւններուն: Յայտնենք, որ հակառակ շրջանէն ներս ստեղծուած քաղաքական ու ապահովական դժուարութիւններուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Պապական նուիրակ Ժոզեֆ Եպիսկոպոս Սփիթերին:   Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին ողջոյնները եւ Ս. Ծննդեան առիթով իր բարեմաղթութիւնները պարունակող նամակը: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին Պապական նուիրակէն խնդրեց իր եղբայրական ողջոյնները փոխանցել Սրբազան Քահանայապետին ու յիշեցուց, որ Մեծի Տանն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆ

Երեքշաբթի, 14 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ պատանիներու «Զուարթնոց» կեդրոնը, Պուրճ Համուտի մէջ:     33 տարիներ առաջ, Վեհափառ Հայրապետի՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդութեան օրերէն սկիզբ առած յիշեալ կեդրոնը, վերջին տարիներուն օժտուած է ներկայ ժամանակներու մասնագիտական բոլոր կարելիութիւններով: Կեդրոնին տնօրէնուհին է Տիկին Վարդի Գէորգեանը: Կեդրոնը ունի իր…

2020-ը՝ ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱ­ՐԻ

Պ Ա Տ Գ Ա Մ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍԻ ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ     Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, Ազգային Իշխանութեանց եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայ­­րա­վանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէա­կան ջերմ սի­րով եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհա­նուր Ժո­ղովը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօ­նական ու Քա­ղա­քական…

«ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ» ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ Կ՚ԸՆԹԵՐՑՈՒԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆՍ ԲՈԼՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հաստատած աւանդութիւններուն մաս կը կազմէ իւրաքանչիւր տարի հայ ժողովուրդի կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող արժէքի կամ իրադարձութեան մը անդրադառնալն ու տուեալ տարին այդ թեմային նուիրելը։ Այդ իմաստով, Վեհափառ Հայրապետը 2020 տարին հռչակեց «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի», իսկ Հայրապետին պատգամը Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ ընթերցեց Գերշ. Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ԱՄԵՆ. Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 11 Յունուար 2020-ին, Պոլսոյ մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գահակալութեան արարողութիւնը Կոստանդնուպոլսոյ Նուիրապետական Աթոռի նորընտիր գահակալ Ամենապատիւ Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքին: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արարողութեան մասնակցեցան Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Առաջնորդ Յունաստանի թեմին, եւ Գերաշնորհ Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Առաջնորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմին:    Յընթացս արարողութեան, կարդացուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՖՈՐՈՒՄԻՆ

Կազմակերպութեամբ Ապտալլա Բ. Թագաւորի Միջ-կրօնական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնին (KAICIID) եւ «Ալ Հայաթ» Քաղաքացիական Հասարակութեան Զարգացման կազմակերպութեան, 20-22 Դեկտեմբեր 2019-ին, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ ընթացք առաւ «Միջ-եկեղեցական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Համար Արաբական Երիտասարդական Ֆորում»ը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հրակ Տէտէեանը։   Եռօրեայ այս համագումարին մասնակցած էին արաբական աշխարհի մէջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Ն.Ս. Աֆրամ Պատրիարքին ներկայացուցիչը

Հինգշաբթի, 9 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը լեռնալիբանանի առաջնորդ Ճորճ Սալիպա Արքեպիսկոպոսին: Ան Մայրավանք եկած էր յանուն Ն.Ս. Աֆրամ Պատրիարքին շնորհաւորութիւնը յայտնելու Ս. Ծննդեան եւ  Աստուածայայնութեան տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ խորհրդակցելու միջ-եկեղեցական հարցերու շուրջ:   Յայտնենք, որ օր մը առաջ Նորին Սրբութեան այցելած էր նաեւ Մարոնիթ եկեղեցւոյ հոգեւոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2020 ՏԱՐԻՆ ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ «ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ»

Վեհափառ Հայրապետը 2020 թուականը հռչակած է «ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ»: Առ այդ, Կիրակի, 12 Յունուարին, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Նորին Սրբութեան հռչակագիրը պիտի ընթերցուի Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Նոյն հռչակագիրը նաեւ պիտի ընթերցուի թեմերու եկեղեցիներէն ներս։   Կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն ներկայ գտնուելու Պատարագին՝ լսելու համար Վեհափառ…

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ

Չորեքշաբթի, 8 Յունուար 2020-ի երեկոյեան, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը:   Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Լիբանանի եւ շրջանէն ներս տիրող ընդհանուր կացութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան: Երկու հոգեւոր պետեր կարեւորութեամբ շեշտեցին մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութեան ամրապնդման հրամայականը:

ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ ԾՆՈՒՆԴԸ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԷՋՔՆ Է ԵՐԿԻՐ ՈՐՊԷՍ ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐ ՊԱՐԳԵՒ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցան Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօները։ Այս առիթով, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, իսկ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց…

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 5 Յունուար 2020-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ Պատարագը։   Պատարագի աւարտին, լուսարարապետ Սրբազան Հայրը Ս. Խորանէն վար բերաւ Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը եւ յանձնեց Նորին Սրբութեան։ Հայրապետը, իր կարգին, բաշխեց հաւատացեալներուն, որոնք իրենց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Շաբաթ, 4 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Միջին Արեւելքի Քրիստոնէութեան Զօրակցութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Թուֆիք Պաաքլինին՝ ընկերակցութեամբ կազմակերպութեան Լիբանանի կեդրոնի պատասխանատու Ալեքսիս Մուքարզելի։   Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած յիշեալ կազմակերպութեան մաս կը կազմեն պետական, քաղաքական, կրօնական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Անոր նպատակն է զանազան միջոցներով զօրակցիլ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան։   Վեհափառ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ ԾՆՈՒՆԴԸ՝ ՀՐԱՒԷՐ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ     Եբրայեցւոց ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս Առաքեալ նորադարձ քրիստոնեաներուն կը պատուիրէ ըսելով՝ “չըլլայ որ փրկութեան ճամբէն հեռանանք” (2, 1)։ Անհրաժեշտ է արթնութեան ու զգաստութեան հրաւիրող Առաքեալին այս կոչը լուսարձակի տակ բերել ա՛յս օրերուն մանաւանդ, երբ կը պատրաստուինք հոգեւոր ցնծութեամբ դիմաւորելու աշխարհի Փրկչին ծնունդը։ Եկէք նախ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՄԵՐ ԴԻՄԱՑ՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական ջերմ սիրով կ’ողջունեմ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։   Արդարեւ, անցեալէն՝ ապագային եւ հինէն՝ նորին անցնելու սա պահը մեզ կը հրաւիրէ ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան եւ ապա՝ ապագայատեսիլ ոգիով ճշդելու մեր ազգն ու հայրենիքը առաւել հզօրացման առաջնորդող ճամբան։   Կը գտնուինք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 30 Դեկտեմբեր 2019-ին, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար այցելեց Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոց, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի եւ Հաճնոյ Հայ Կրթական Բարեսիրական Միութեան կեդրոնները:   Նորին Սրբութեան այցելութեան նպատակն էր իր գնահատանքն ու զօրակցութիւնը յայտնել կեդրոններուն կողմէ կատարուող բարեսիրական ու մարդասիրական աշխատանքներուն:   Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը…

Տ. ԼԵՒՈՆ ԵՒ Տ. ՕՇԻՆ ԱԲԵՂԱՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբան հայրերէն Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեան եւ Հոգշ. Տ. Օշին Աբղ. Չուալերթանեան ստացան Վարդապետական Մասնաւոր Իշխանութեան չորս աստիճաններ:   Վարդապետական Գաւազանի տուուչութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 29 Դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին՝ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ձեռամբ Գերշ.…

ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 28 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Իրանի դեսպանատան մշակոյթի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Տոքթ. Ապպաս Խամայարը, ընկերակցութեամբ իր երկու խորհրդականներուն: Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ շարունակուող միջ-կրօնական երկխօսութեան յառաջիկայ ծրագիրներու մասին:  

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅԻՆ ՏՕՆԸ

«ՄԵՆՔ ԱՅՍՕՐ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ ԱՅՆՊԻՍԻ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ՈՐՈՆՔ ԻՐԵՆՑ ԿԵԱՆՔՈՎ ԵՒ ԳՈՐԾՈՎ ՕՐԻՆԱԿ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Կիրակի, 22 Դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոսին՝ Ս. Ստեփանոս նախավկային յիշատակի տօնը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր…

ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆԻ «ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԿԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԱԾՈՒ» ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մատենադարանի տեսչութեան, Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Բարսեղ Կանաչեանի «Երաժշտական Երկերու Ժողովածու» հատորներուն շնորհահանդէսը։   Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի անդամներէն Շողիկ Եփրեմեան։ Ան նշեց, թէ շնորհահանդէսը առիթ է մեծարելու Կոմիտաս Վարդապետի վաստակը տարածող…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՏՆՕՐԷՆԸ

Կիրակի, 15 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեանը։ Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ կատարելու Համահայկական Հիմնադրամին աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն։   Յայտնենք, որ դեսպան Աթաբէկեան եւ Հիմնադրամի տնօրէն Արշամեան նաեւ ներկայ գտնուեցան առաւօտեան Անթիլիասի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԿՈՄԻՏԱՍԸ ՎԵՐԱՊՐԵՑՈՒՑ ՆԵՐԿԱՆԵՐՈՒ ՀՈԾ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ

Ուրբաթ, 13 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, նշեց Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը։   Ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, աւելի քան 50 անդամներէ բաղկացած երգչախումբը եւ անոր ընկերակցող նուագախումբը, որ կ՚ընդգրկէր ջութակ, քանոն, տուտուկ, դհոլ եւ դաշնակ, հրամցուցին մեր…