31 March, 2023

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ Ե.Հ.Խ.Ի ԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) անդամ եկեղեցիներու աւելի քան 60 միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքներու պատասխանատուներ առցանց ժողով մը գումարեցին 21-23 Մարտ 2023-ին։ Սոյն ժողովին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան։

Ժողովը կը նպատակադրէր ամրացնել Ե.Հ.Խ.ի անդամ եկեղեցիներուն մասնակցութիւնը Խորհուրդի կեանքին ու գործին, իրար հետ բաժնել շրջանային փորձառութիւններ, ինչպէս նաեւ ներդրում ունենալ անոր ապագայ աշխատանքներու ծրագրաւորման։ Այս ժողովէն բխած ցանցը նաեւ կը նպաստէ անդամ եկեղեցիներուն եւ պատասխանատուներուն համագործակցութեան։ Աւելցնենք, որ օրակարգի վրայ էր նաեւ Զուիցերիոյ մէջ 21-27 Յունիսին տեղի ունենալիք 11-րդ ընդհանուր ժողովին կողմէ ընտրուած Ե.Խ.Հ. Կեդրոնական Վարչութեան առաջին ժողովին նախապատրաստական աշխատանքները։

Նշենք, որ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որ երկու յաջորդական ընտրաշրջանի համար ատենապետ եղած է Ե.Հ.Խ.ի Կեդրոնական ու Գործադիր վարչութիւններուն, ներկայիս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի նախագահներէն մէկն է՝ ներկայացնելով արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքը եւ Միջին Արեւելքը։