ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՆՈՐ ԱՏԵԱՆԻ ՍՐԲԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՕԾՈՒՄ

  Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2017-ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի նոր ատեանին սրբանկարներուն օծումը։   Նոր ատեանի շինութեան ծրագիրը իրագործուեցաւ բարերարութեամբ Տիարք Նազարէթ եւ Պետիկ Սապունճեան եղբայրներուն, որոնք այս բարերարութիւնը կատարած են ի յիշատակ իրենց ծնողքին՝ Ճորճի եւ Անժել…

ՏՕՆԱԾԱՌԻ ՈՒ Ս. ՄՍՈՒՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒՄ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

  Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ու կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր ­2017-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան ու նոր տարուան տօնածառի եւ մսուրի լուսաւորում՝ մեծ թիւով փոքրերու ու ծնողներու ներկայութեան։ Վեհափառ Հայրապետը իր մաղթանքը ուղղեց եւ տօնածառին ու մսուրին լուսաւորումը կատարեց։ Ապա տեղի ունեցան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»

Այս առաւօտ, 16 Դեկտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց «Թռչնոց Բոյն» մօտէն իրազեկ դառնալու այդտեղ կատարուող աշխատանքներուն։ Ան հանդիպումներ ունեցաւ տնօրէնութեան ու խնամակալութեան հետ եւ այցելեց զանազան բաժանմունքներ, ինչպէս նաեւ իր հայրական թելադրութիւնը կատարեց «Թռչնոց Բոյն»-ի պզտիկներուն։   Նորին Սրբութիւնը խորհրդակցաբար խնամակալութեան հետ ճշդեց «Թռչնոց Բոյն»-ի այն բաժինը, որ արժանդինահայ բարերարուհիի մը կողմէ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ԿՐՕՆ ԵՒ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ» ՅԱՅՏԱԳՐԻՆ

26-էն 30 Նոյեմբեր 2017-ին, Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ տեղի ունեցաւ «Կրօն եւ միջնորդութիւն» խորագիրով յատուկ յայտագիր մը, որուն հետեւեցան 18 մասնակիցներ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, սոյն յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան։   Իբրեւ շարունակութիւն 21-էն 23 Մայիսին Պերլինի մէջ տեղի ունեցած «Կրօններ եւ քաղաքականութիւն» հաւաքին, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս անգամ…

Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

  Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետ մեր եկեղեցւոյ ամէնէն սիրելի սուրբերէն մէկն է։ Անոր տօնը կը նշուի 12-18 Դեկտեմբերի զուգադիպող շաբաթ օրը։ Այս տարի Ս. Յակոբ Մծբնացիի տօնը կը զուգադիպի 16 Դեկտեմբեր 2017-ին.։ Այս առիթով, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ նախատօնակ։ Արարողութեան ընթացքին…

ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՆՈՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒՀԻՆ

  Երէկ, 14 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը մարոնիթ եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ՝ Փոլ Սայյահին։ Արքեպիսկոպոսը Վեհափառ Հայրապետին մօտ եկած էր ներկայացնելու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին նոր ընդհանուր քարտուղարուհին՝ Սուրայյա Պաշաալանին, որ կը պատկանի յիշեալ եկեղեցւոյ։ Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութենէն թելադրութիւններ լսել ընդհանրապէս էքիւմէնիք շարժումին եւ յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս էքիւմէնիք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Այս առաւօտ, 14 Դեկտեմբեր 2017-ին, Պքէրքէի մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերու համագումար։ Համագումարին նպատակն էր հաւաքական կեցուածք ճշդել Երուսաղէմի հարցին շուրջ։ Ինչպէ ծանօթ է, վերջերս ԱՄՆ նախագահ՝ Տանըլտ Թրամբ պաշտօնապէս Երուսաղէմը ճանչցած էր որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք։ Նախագահին այս որոշումը ընդվզումի հսկայ ալիք յառաջացուց թէ՛ պաղեստինցի ժողովուրդին մէջ եւ թէ՛ իսլամ ու քրիստոնեայ…

«ՄԵՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՀԱՒԱՏՔՈՎ, ՅՈՅՍՈՎ ՈՒ ՏԵՍԻԼՔՈՎ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ» ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ԱՒԱՐՏԻՆ

Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ազգային ընդհանուր ժողովը 2017 Դեկտեմբերին իր յարկին տակ առաւ շուրջ 100 պատգամաւորներ, թեմակալ առաջնորդներ եւ հիւրեր, որոնք չորս օրուան վրայ քննեցին ու քննարկեցին Ազգային ընդհանուր ժողովին Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն քառամեայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ յատուկ զեկուցաբերներու միջոցով ներկայացուցին Կաթողիկոսութեանս հիմնախնդիրներէն քրիսոտնէական եւ հայեցի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Չորեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ՝ Հարես Շեհապը, ընկերակցութեամբ նոյն յանձնախումբին հայ համայնքի ներկայացուցիչ՝ Դոկտ. Ժան Սալմանեանի։ Այցելութեան նպատակն էր Հայրապետը տեղեակ պահել վերջին շրջանին յանձնախումբին կատարած հանդիպումները Երուսաղէմի հարցին գծով, ինչպէս նաեւ հրաւիրել Նորին Սրբութիւնը քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու ժողովին։   Արամ Ա. Կաթողիկոս անգամ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԻՇԽԱՆ»-Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Երկուշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Կիպրոսի նախագահական պալատին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսը։ Պարգեւատրումէն առաջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Նորին Սրբութեան եւ Նախագահին միջեւ՝ ներկայութեամբ Կիպրոսի Հայոց Կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, Կիպրոսի հայոց պետական ներկայացուցիչ՝ Վարդգէս Մահտեսեանի, ինչպէս նաեւ Վեհափառ Հայրապետին…

ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ԱՐԾԱՐԾՈՂ ՅԱՏՈՒԿ ՆԻՍՏ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Ազգային ընդհանուր ժողովը չորս օրուան վրայ գումարեց Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու քառամեայ գործունէութիւնը քննարկող նիստեր, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաջնահերթ խնդիրներ, ի մասնաւորի քրիստոնէական եւ ազգային դաստիարակութիւն, երիտասարդութիւն, ընկերային ծառայութիւն, Սփիւռքի եւ թեմերու վերակազմակերպում, պահանջատիրութիւն։   Այս գծով, Յակոբ Բագրատունի (Լիբանանէն), Միհրան Քիւրտօղլեան (Յունաստանէն) եւ Տարօն Տէր Խաչատուրեան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն)…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԻՐԱԶԵԿ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱԾ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԴԱՐՁԻ ԴԱՏԻՆ ՆԵՐԿԱՅ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ ՄԱՍԻՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը աննախադէպ եւ անկիւնադարձային քայլ մը առնելով, Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի գծով դատ բացած էր։ Երկու տարուան հետեւողական եւ տքնաջան աշխատանքներէ ետք, դատը ներկայիս քաղաքական արգելքներու դիմաց կը գտնուի։ Այս առնչութեամբ, Ազգային Ընդհանուր Ժողովը յատուկ նիստով մը ժողովականներուն տրամադրութեան տակ դրաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ձեռնարկած հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման…

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԼՈՒՏԵՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՈՒՆԱՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

9 Դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Երուսաղէմի լուտերական եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Մունիպ Եունանը։ Արդարեւ, Երուսաղէմի լուտերական եկեղեցւոյ երկար տարիներու առաջնորդը եւ լուտերական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ Եունան եպիսկոպոս Երուսաղէմէն ուղղակի եկած էր Վեհափառ Հայրապետին մօտ, խորհրդակցելու Երուսաղէմի հարցին շուրջ ստեղծուած տագնապին գծով։   Երկար խորհրդակցութենէ ետք, որոշուեցաւ թելադրել Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին, Միջին Արեւելքի…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԱՌԱՆՁԻՆ ՆԻՍՏ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ

Նկատի ունենալով, որ վերանորոգումը կ՚իրականանայ միայն երիտասարդ ոգիով օժտուած մարդուժով, Ազգային ընդհանուր ժողովը առանձին նիստ տրամադրած էր երիտասարդներուն՝ լսելու անոնց մտահոգութիւնները, եկեղեցիէն ակնկալութիւնները, մարտահրաւէրներն ու առաջարկները։   Այս նիստին հանդէս եկան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Նշան Վրդ. Լախոյեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն օրիորդ Անի Նաճարեան, Նոր Ջուղայէն տիար Արիս Դաւթեան,…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ՅԱՏՈՒԿ ՆԻՍՏԵՐ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ ՔՐԻՍՈՏՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԹԵՄԱՆԵՐՈՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին Վեհարանին Դահլիճին մէջ Ազգային ընդհանուր ժողովը իր Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն տեղեկագիրներուն ներկայացումէն եւ քննարկումէն ետք, նիստերը տրամադրեց զեկոյցներու միջոցով քննելու եւ քննարկելու ընդհանրապէս հայկական սփիւռքեան իրականութիւնը  եւ յատկապէս կաթողիկոսութիւնը  յուզող հարցերը: Այս ծիրին մէջ, Ժողովը կարեւոր տեղ տուած էր քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան։   «Քրիստոնէական դաստիարակութիւն» թեմայով նիստին զեկոյցներ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ ԻՍԼԱՅԷԼԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ ՆԿԱՏԵԼՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Այս առաւօտ, 7 Դեկտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին տուած այցելութեան ընթացքին, Նախագահին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը ներկայացնող պատուիրակութեան առջեւ անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութեան, մերժեց Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող Միացեալ Նահանգներու մօտեցումը, որ չի համապատասխաներ միջազգային օրէնքի արդարութեան ու պատմական իրողութեան։ Միաժամանակ, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ Երուսաղէմը…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ ՔԱՌԱՄԵԱՅ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի բացման նիստէն ետք, յաջորդական 5 նիստերու վրայ, ներկայացուեցան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու քառամեայ գործունէութեան տեղեկագիրները՝ տեսերիզի ճամբով, եւ տեղի ունեցան քննարկումներ: Կրօնական ժողովին տեղեկագիրին մէջ մեծ տեղ գրաւած էին Դպրեվանքին աշխատանքները, որոնք առնչուած էին առաւելաբար Դպրեվանքը ժողովուրդին տանելու ու զայն հարազատօրէն ներկայացնելու ճիգին։ Անդրադարձ կատարուեցաւ…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը կարեւորութեամբ կը շեշտէ, թէ Ազգային ընդհանուր ժողովը իր յառաջիկայի աշխատանքներուն մէջ յատուկ ուշադրութեամբ ծրագրէ եկեղեցւոյ առաքելութեան հետեւեալ մարզերը՝ Կրօնական եւ ազգային դաստիարակութիւն, Ընկերային ծառայութիւն, Երիտասարդութիւն, Պահանջատիրութիւն, Թեմերու վերակազմակերպում, Սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւն   Երեքշաթի, 4 Դեկտեմբեր 2017-ին առաւօտեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վեհարանի դահլիճին մէջ ընթացք առաւ Ազգային…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

  Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, 5-8 Դեկտեմբեր 2017-ին տեղի պիտի ունենայ Ազգային Ընդհանուր Ժողովը: Չորս տարին անգամ մը գումարուող այս ժողովին պիտի մասնակցին Կաթողիկոսութեանս թեմակալ առաջնորդները, ինչպէս նաեւ թեմերէն ժամանած շուրջ 100 պատգամաւորներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:   Չորս օրերու վրայ երկարող Ազգային Ընդհանուր Ժողովը ընթացք պիտի առնէ Վեհափառ Հայրապետին պատգամով, որմէ ետք տեղի պիտի…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՍՊԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, 28 Նոյեմբեր 2017-ի առաւօտուն, ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Սպանիոյ դեսպան՝ Ժօզէ Մարիա Ֆերրէի։     Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր։ Յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը առաւել ամրապնդելու հրամայականը։ Հանդիպումը առիթ եղաւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԱՀԿ-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԱԾ ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼԵԼՈՒ ԵՒ ՀԱԿԱԶԴԵԼՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ

21 – 22 Նոյեմբեր 2017-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեաներուն դէմ գործադրուած ատելութեան յանցագործութիւնները կանխարգիլելու եւ հակազդելու խորհրդաժողով մը։ «Կանխարգիլել եւ Հակազդել Քրիտոնիաներուն եւ այլ Կրօնական Խումբերու Անդամներուն Դէմ Գործադրուած Ատելութեան Յանցագործութիւնները – Հեռանկարներ՝ ԵԱՀԿ-էն ու Անդին» խորագիրով խորհրդաժողովը կազմակերպուած էր ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան եւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական Հաստատութիւններու եւ Մարդկային Իրաւանց Գրասենակին կողմէ եւ հիւրընկալուած Հայաստանի…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Ինչպէս հաղորդած էինք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ տարի համահայկական համաժողովով պիտի նշուի Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը։   100-ամեակի համաժողովի կազմակերպման յանձնախումբը իր նիստը գումարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ, 20 նոյեմբեր 2017-ին։ Նիստին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը։ Կը մասնակցէին Համաժողովի նախապատրաստութեան յանձնախումբի անդամներ՝ Երուանդ Փամպուքեան (Լիբանան), փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան (Հայաստան), Շահան Գանտահարեան (Լիբանան), Կիրօ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՆԱՏԱԿԱՆ-ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Այս առաւօտ, 21 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը գանատական-լիբանանեան համալսարանի նախագահ՝ Քրիստիէն Պու Նախըլը։ Համալսարանի նախագահը Նորին Սրբութեան պարզեց ակադեմական մարզէն ներս համալսարանին կատարած աշխատանքները ու յառաջիկայ ծրագիրները։   Վեհափառ Հայրապետը համալսարանական կեանքէն ներս իր ունեցած լայն փորձառութեամբ, իր գնահատանքին առընթեր, իր թելադրութիւնները կատարեց համալսարանէն ներս հաստատուած շարք մը դասընթացքներուն տարբեր…

ԻՏԱԼԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆՆԵՐԸ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

  «Մետիասեթ կրուփ»-ը «Էքս. սթայլ» պատկերասփիւռի ծրագիրին ընդմէջէն ներկայացուցած է տեղեկատւութիւն մը Լիբանանի եւ անոր մայրաքաղաքին մասին` լայն տեղ յատկացնելով հայութեան վերաբերող բաժինին: Իտալացի լրագրողներ՝ Թիզիանա Քափրիոնի եւ Ռաֆայէլա Պիանչի Լիբանան ժամանեցին եւ նիւթեր հաւաքեցին այս ծրագիրին համար:   Այս ծիրէն ներս անոնք նաեւ այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանք, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք եւ…

ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԻՒՐԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

  17-19 Նոյեմբեր 2017-ին, Շուէտի «Ալեքսանտրիա» հաստատութեան կազմակերպութեամբ, Լիբանանի Ճիպէյլ քաղաքին մէջ կայացաւ միջազգային ժողով մը  “Perspectives on the Role of Religion in Diplomacy, Foreign Policy and International Affairs” նիւթով: Սոյն ժողովին եւ կլոր սեղանի զրոյցներուն հրաւիրուած էին նաեւ Կիպրոսի Religious Track of the Cyprus Peace Process Under the Auspices of the Embassy of Sweden-ի…

ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 38-ՐԴ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 19 Նոյեմբեր 2017-ին, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ հայ գիրքի համահայկական 38-րդ ցուցահանդէսին բացումը։ Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան տիար Սամուէլ Մկրտչեան, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր, ազգայիններ, մտաւորականներ եւ ընթերցասէր հոծ բազմութիւն մը։   Բացման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ հայրապետական թափօրով դէպի ցուցահանդէսին տաղաւարը, ուր…

ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆԻ ԵՒ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՏԱԽՏԱԿՆԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄ

«Լիբանանահայութիւնը Պիտի Շարունակէ Մնալ Սփիւռքահայութեան Սիրտը, Որ Միշտ Պիտի Բաբախէ Կայտառ, Որպէսզի Կարենայ Աւիւն Հայթայթել Մեր Միւս Գաղութներուն»   Հաստատեց  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս   Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, երէկ` ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

16 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ներկայութեամբ եւ Երուանդ Փամպուքեանի ատենապետութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս գումարուեցաւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի քարտուղարութեան նիստը։ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անմիջական հովանաւորութիւնը վայելող ներկայ յանձնաժողովին կ՚անդամակցին հայագէտներ ու լեզուագէտներ՝ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն։ Անոր վարիչ-քարտուղարութիւնը ստանձնած է Ժիրայր Դանիէլեան, որ միաժամանակ Կաթողիկոսարանիս հայագիտական դասընթացքի տեսուչն է…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԱԶԻՃԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Այս առաւօտ, 14 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Անտիոքի յոյն ուղղափառ Պատրիարք՝ Եազիճի Գ.ին ներկայացուցիչ, Աքքարի ու Թարթուսի առաջնորդ՝ Մետրոպոլիտ Պասիլիոս Մանսուրը։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ կատարելու Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ եկեղեցիներու գործակցութեան, ինչպէս նաեւ շրջանը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն։ Մետրոպոլիտ Պասիլիոս նաեւ պատգամ մը փոխանցեց Նորին Սրբութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴԱՆԻՈՅ ԼՈՒՏԵՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Դանիոյ լուտերական եկեղեցին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը։ Քսան անձերէ բաղկացած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին հոգեւորականներ, համալսարանի դասախօսներ եւ եկեղեցւոյ զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ։   Հանդիպումին, պատուիրակութեան խօսնակը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի եկեղեցական կեդրոնի մը մէջ, որ միշտ եղած է սիրելի ընդհանրապէս Տանիմարքայի ժողովուրդին ու յատկապէս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԻՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ՝ ՊԱՏԱՀԱԾ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Այս առաւօտ, 13 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահին՝ Հասան Ռուհանիին ուղղած իր նամակով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու յատկապէս Իրանի հայ համայնքին, իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Քերմանշահ նահանգին մէջ պատահած երկրաշարժին առիթով։   Իր ցաւակցական նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց նախագահին, որ կը բաժնէ իր եւ Իրանի ժողովուրդին ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ Կ՚ԸՆԴՈՒՆԻ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ տիար Գառնիկ Մկրտիչեանին։ Կեդրոնական վարչութիւնը եկած էր շնորհակալութիւն յայտնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ցուցաբերած երկարամեայ աջակցութեան ու վստահութեան, ինչպէս նաեւ զեկուցելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակին առնչուած յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին՝ խնդրելով Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը։   Նորին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԲԱԶՄԱԶԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐԵՒԵԼՔ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Այս առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Բազմազանութեամբ արեւելք» ոչ-կառավարական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները։ Վերջերս Լիբանանի մէջ հաստատուած յիշեալ կազմակերպութիւնը կը ծրագրէ իր անդամակցութիւնը ընդլայնել՝ ներառելով Միջին Արեւելքի այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ, քրիստոնեայ թէ՛ իսլամ։ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց նշեալ նախաձեռնութիւնը՝ շեշտելով Միջին Արեւելքին մէջ բազմազանութիւն պահելու եւ համագործակցաբար զայն աւելի ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը։

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ իւրայատուկ տեղ եւ դեր ունին Կիրակնօրեայ վարժարանները։ Այս ծիրէն ներս, Կիրակի, 5 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Մայրավանքին Կիրակնօրեայ վարժարանին աշակերտները, գլխաւորութեամբ Կիրակնօրեայ Վարժարաններու բաժանմունքի վարիչ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեանի. ներկայ էին նաեւ վարժարանին ուսուցիչներն ու ծնողները։ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Կիրակնօրեայ վարժարաններու…

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նամակ մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն։     Պրն. Նախագահը առաջին հերթին կը վստահեցնէ, որ Ֆրանսան «միջազգային իր դաշնակիցներուն հետ պիտի շարունակէ աշխատիլ ի խնդիր խաղաղութեան եւ ապահովութեան, յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս, պահպանելով ցեղային ու կրօնական զանազանութիւնը եւ ինքնութիւնը, որ շրջանի իւրայատուկ յատկանիշներէն մէկը կը հանդիսանայ։ Ֆրանսան նաեւ…

Հայ Համալսարանականներու Հունձքին 2016-2017 Կրթական Տարեշրջանին Գնահատանքի Երեկոյ

«ՄԵՆՔ ԱՅՍՕՐ ԱՄԷՆ ՏԵՂ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՕ՛Ն ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ, ՁԱՅՆԻ՛Ն, ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱ՛Ն»   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա.  ԿԱԹՈՂԻԿՈՄ   Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումին, Ուրբաթ, 3 Նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ համալսարանականներու հունձքին 2016-2017 կրթական տարեշրջանին գնահատանքի երեկոյ։   Այս առիթով իր արտասանած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ

2 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ կառավարութեան արտաքին մարդասիրական օժանդակութեան գրասենեակի տնօրէն Տանիէլ Պէյէլերը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Կեդրոնական Դրամանատան նախկին փոխ-կառավարիչ՝ Դոկտ. Մկրտիչ Պուլտուքեանի։ Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցիլ Զուիցերիոյ պետութեան կողմէ Սուրիոյ կատարուելիք մարդասիրական օժանդակութեան մասին։ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց քրիստոնեայ համայնքներուն ու…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՄԻՋԵՒ

Երէկ, 1 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Սէուտական Արաբիոյ իշխանութեան ներկայացուցիչ եւ Վիէննայի մէջ հաստատուած Ապտալլահ Բ. թագաւորին կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Ֆէյսալ Պին Մուաամմար, ընկերակցութեամբ ութ անձերէ բաղկացած բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը։ Նշենք, որ Դոկտ. Մուաամմար նախապէս դիւանապետն էր Ապտալլահ Բ. թագաւորին եւ ապա նշանակուեցաւ Վիէննայի մէջ թագաւորին կողմէ հինգ տարիներ առաջ հաստատուած կրօններու, մշակոյթներու…

«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԲԱԶՄԱԶԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀԵԼ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յունաստանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած Աթէնքի երկրորդ միջազգային համագումարին իր արտասանած խօսքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց Միջին Արեւելքի կեանքին ու պատմութեան իւրայատուկ երեւոյթը կազմող ցեղային, կրօնական ու մշակութային բազմազանութիւնը պահելու հրամայականը։ Մեկնելով այս շեշտաւորումէն եւ անդրադառնալով Միջին Արեւելքի դիմագրաւած ներկայ տագնապներուն, Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը ամփոփեց հետեւեալ չորս կէտերուն մէջ.-  …

«ԺՈՂՈՎՐԴԱՆՈՒԷՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է»

ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կիրակի, 29 Հոկտեմբեր 2017-ին, Աթէնքի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պատգամ մը ուղղեց ժողովուրդին՝ յատկապէս շեշտելով եկեղեցին ժողովրդանուէր ծառայութեան վերածելու հրամայականը։   Իր հայրապետական պատգամին սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Յունաստանի Հայոց Թեմի նորընտիր առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Աթէնք եւ օդակայանին մէջ արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան։ Վեհափառ Հայրապետին բարի գալուստի եկած էին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Ֆատէյ Չարչողլեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Պօղոս Չոլաքեան, պետութեան ներկայացուցիչը, Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ, քահանայ հայրեր եւ ազգայիններ։   Ապա Նորին Սրբութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԶՈՒՆԻԷՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երէկ, 26 Հոկտեմբեր 2017-ին, Վեհարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ազունիէյի ազգային բուժարանի խնամակալութեանը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու հիւանդանոցին կատարած աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն։ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց հետզհետէ հիւանդանոցին ծաւալող գործունէութիւնը ու յատկապէս անոր կատարած ծառայութիւնը բժշկական խնամքի կարօտ ազգայիններուն ու լիբանանցիներուն։ Նշենք, որ հիւանդանոցը բժշկական իր այլ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Այս առաւօտ, 27 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Աթէնք՝ ընդառաջելով Յունաստանի Արտաքին Գործոց նախարարի հրաւէրին։ Յաջորդող օրերուն Վեհափառ Հայրապետը պիտի մասնակցի պետութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունենալիք միջազգային համագումարին՝ յատկացուած Միջին Արեւելքին եւ ընդհանրապէս ներկայ ընկերութեան մէջ կրօններու ու մշակոյթներու համակեցութեան ու երկխօսութեան։   Սոյն համագումարին Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ պիտի ըլլայ Յունաստանի հայոց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԿԱՐԵՒՈՐԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԲԱՐԵՐԱՐ ՏԻԿ. ՎԵՐՈՆԻՔ ԿԱՐԵՒՈՐԵԱՆԸ

Երէկ, 24 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Տոքթ. Յարութիւն եւ Վերոնիք Կարեւորեան» հիմնադրամի բարերար Տիկ. Վերոնիք Կարեւորեանը՝ ընկերակցութեամբ նոյն հիմնադրամի յանձնախումբի անդամ Միմի Եոզկաթեանի։ Յայտնենք, որ շուրջ երկու տարիներ առաջ, Տիկ. Վերոնիք ի յիշատակ իր ամուսնոյն՝ Տոքթ. Յարութիւն Կարեւորեանի, 725.000 ամերիկեան տոլարի դրամագլուխով հիմնած էր մշակութային ֆոնտ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Այսօր, 24 Հոկտեմբեր 2017-ի յետ միջօրէին, կրթական վերամուտի սեմին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան զանազան բնագաւառներուն առնչուած հանդիպումներու ու աշխատանքներու կողքին, նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ միաբանութեան Տնօրէն Ժողովին հետ։   Ողջունելով Տնօրէն Ժողովի նոր անդամները, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց միաբանութեան վանական կեանքին հոգեւոր, մտաւոր ու վարչական երեսներուն առաւել ներդաշնակութիւն ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ԲԱՐԵՐԱՐԻՆ ՀԵՏ

 Պրիւքսէլ իր կեցութեան կարճ շրջանին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի բարերարին՝ Տէր եւ Տիկ. Ալէքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու հետ։ Ազգային բարերարը միաժամանակ ատենապետն է յիշեալ թանգարանի յանձնախումբին։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ թանգարանի յանձնախումբի փոխ-ատենապետ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։   Հայր Սուրբը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց…

«ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԻՆ ԳԾՈՎ՝ ԱՆԱՐԴԱՐ ԿԸ ԳՏՆԵՆՔ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ՄՕՏԵՑՈՒՄԸ»

  ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ   Այս առաւօտ, Պրիւքսէլի մէջ գտնուող Եւրոպայի Խորհրդարանի սրահին մէջ, Հայ Դատի եւրոպական գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած համագումարի բացման նիստին, իր պատգամը ուղղելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը խիստ կերպով քննադատեց Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարանի հապճեպ ու անարդար մօտեցումը Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին գծով։   Արդարեւ, երեք…

«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՏԱՊՆԴԵԼ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ՄՕՏԵՑՈՒՄՈՎ»

ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ   Այս առաւօտ, 18 Հոկտեմբեր 2017-ին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ Եւրոպայի հայ համայնքներու չորրորդ համագումարին։   Համագումարի բացման իր պատգամին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց մեր ժողովուրդի պահանջատիրութեան համապարփակ մօտեցում որդեգրելու հրամայականը։ Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Անցնող տասնամեակներուն մեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՊՐԻՒՔՍԷԼ

Այս առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Զուիցերիա, ուր աշխատանքային հանդիպումներ պիտի ունենայ իր հեղինակած The Armenian Church անգլերէն գիրքին գերմաներէն ու ֆրանսերէն թարգմանութեանց առնչուած։ Յաջորդ օրը, Նորին Սրբութիւնը պիտի մեկնի Պրիւքսէլ ընդառաջելով Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահին հրաւէրին, իր պատգամը ուղղելու Եւրոպայի Խորհրդարանէն ներս տեղի ունենալիք Հայ Դատի նուիրուած հաւաքին։

ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ ԵՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 88-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 15 Հոկտեմբեր 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ տեսչական պատարագ՝ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Օրուան պատարագիչն է Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան։ Պատարագի աւարտին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Վեհարանի դահլիճ, ուր հանդիսաւորապէս տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի ուսումնական-կրթական նոր տարեշրջանի բացումը։ Բացման հանդիսութեան ներկայ էին…

ՈՍԿԵԴԱՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ

Հայ ժողովուրդի անցեալը եւ ներկան յաճախ նոյնանման տագնապներով եւ մտահոգութիւններով կը բնորոշուի, որոնց դիմաց նոյնանման մարմաջներով եւ տեսիլքով զինուած անհատներ եւ հաստատութիւններ անպակաս են հայ կեանքի իրականութեան մէջ:   Տագնապը մտահոգութիւն կը ծնի, իսկ մտահոգութեան միակ սպեղանին կրնայ ստեղծագործութիւնը կամ գիւտը ըլլալ: Ստեղծագործութեան մեծութիւնը ցոյց կու տայ մտահոգութեան ահաւորութիւնը:   Արդ, որքա՜ն ահաւոր էր Մեսրոպ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԿԱԶՄԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Երէկ, 12 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի ուսումնական-կրթական տարեշրջանի սեմին տեղի ունեցող ուսուցչական կազմի ժողովին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Ողջունելով ուսուցիչ-ուսուցչուհիները եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնելով անոնց կատարած աշխատանքին՝ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ Դպրեվանքէն ներս անոնց կատարածը էապէ՛ս հոգեմտաւոր առաքելութիւն է։ Դպրեվանքը սովորական դպրոց մը չէ, այլ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայութեան լծուելու համար…

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երէկ, 12 Հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երկար հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապէթ Րիչըրտի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան թէ՛ Լիբանանի ներքին կացութեան եւ թէ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումներուն առնչուած հարցեր։ Քննարկուած հարցերուն գծով Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց իր տեսակէտները, իսկ դեսպանը…

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Այս առաւօտ, 12 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշեր այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք, ուր հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։   Վերջերս նշանակուած ըլլալով Ֆրանսայի դեսպան Լիբանանի մօտ, Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառոյցները, թեմերը եւ առաքելութեան զանազան բնագաւառները։ Որպէս նախկին դեսպան Իրանի մօտ եւ մօտէն ճանչցած ըլլալով Իրանի հայութիւնը, Նորին…

ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ «ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ»-Ի ՄԻՆՉ ԱՅԺՄ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ 14 ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

10 Հոկտեմբերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկը կազմակերպած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ նուիրուած յուշամատեաններու շարք» մատենաշարի 14 հատորներու շնորհահանդէսը («Ատանայի հայոց պատմութիւն», «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի», «Պատմութիւն Անթէպի հայոց (Ա.)», «Պատմութիւն Անթէպի հայոց (Բ.)», «Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը», «Դիւցազնական Ուրֆան եւ…

ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Այսօր, 10 Հոկտեմբեր 2017-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան օժանդակութեամբ, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Ինստիտուտին մէջ տեղի պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ հրատարակուող «Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ նուիրուած յուշամատեաններ»-ու մատենաշարին շնորհահանդէսը։ Նշենք, որ ցարդ հրատարակուած են Ատանայի, Տարօնի, Անթէպի (2 հատորով), Հաճընի, Ուրֆայի, Կիւրիւնի, Քեսապի, Մարաշի եւ Զէյթունի, Կեսարիոյ (2 հատորով), Արաբկիրի (2…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԱՐԱՐԱՏ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2017-ին առաւօտեան, Պիքֆայայի վանքի իր նստավայրին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը ընդունեց «Արարատ» օրաթերթի պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ օրաթերթի տնօրէնուհի Տիկ. Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանի եւ ընկերացկութեամբ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի անդամ Տոքթ. Սարգիս Պետիկեանի եւ Սահակ Ղարիպեանի։   Հանդիպման ընթացքին խօսակցութիւնները կեդրոնացան Հայրենիք-Սփիւռք յուզող հարցերուն շուրջ, ուր Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Սփիւռքի մէջ հայապահպանման կարեւորութիւնը…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը նախապատրաստուի արժանավայել կերպով նշելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը։   Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կապուած պատմական, մշակութային, հոգեւոր, ռազմական եւ այլ մարզերու մէջ արձանագրուած իրագործումները լուսարձակին տակ առնելու, վերլուծումներ կատարելու եւ ընդհանրապէս անոնց այժմէականութիւնը շեշտելու համար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ծրագրէ Ապրիլ 2018-ին կազմակերպել Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան յատկացուած համահայկական համագումար…

«ՍՈՒՐԻՈՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ՀԱՄԱՐ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն վերականգնումի կարեւորութիւնը շեշտող այս բառերով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հոլանտայի եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ՝ Րընէ Տը Րէօվէր եպիսկոպոսը, որուն կ՚ընկերանար նշեալ խորհուրդի ծրագիրներու պատասխանատու Դոկտ. Ֆիժէ Տուիմի եւ տեղեկատուական բաժանմունքի խորհուրդի վարիչ Դոկտ. Րոպ Վան Ուիժընի։     Լիբանան եւ Սուրիա այցելութիւն տուող այս պատուիրակութեան նպատակն է մօտէն տեղեակ դառնալու եկեղեցիներու…

ՌԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Հինգշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, Պիքֆայայի վանքի իր նստավայրի գրասենեակին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Սերխիօ Նահապետեանը: ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեան, Լիբանանեան Խորհրդարանի մէջ ՌԱԿ-ի նախկին երեսփոխան, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ Յակոբ Գասարճեան եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿ ԿԱՊՐԻԷԼ ԳԱՉԻԱ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ

Հինգշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2017-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Պապական նուիրակ Կապրիէլ Գաչիա Եպիսկոպոսը, որուն կ՚ընկերանար անոր փոխանորդը։ Պապական նուիրակը եկած էր Լիբանանէն ներս իր ութ տարիներու ծառայութեան աւարտին, եւ իր նոր պաշտօնատեղին՝ Ֆիլիփփինի կղզիները մեկնելէն առաջ, Վեհափառ Հայրապետին իր բարեմաղթութիւնները ներկայացնելու։   Այցելութիւնը առիթ մը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱԿ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Այսօր երեկոյեան, 4 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ՝ Տիար Վարդան Նազիրեանի, Լոս Անճելըսէն, ընկերակցութեամբ Տիար Յարութիւն Երկանեանի՝ Հայաստանի ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն եւ յատկապէս Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան՝ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

  1 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Եկեղեցեւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան նորընտիր վարչութիւնը՝ առաջնորդութեամբ միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Թաթուլ Աբղ. Գարտանաքեանին։   Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով նոր վարչութեան ընտրութիւնը՝ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց ՀԵՀՈՄ-ի տարած աշխատանքներուն, որոնց նպատակը մեր երիտասարդութիւնը համախմբել է Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին…

ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ԵՒ Ս. ՄԸՍՔԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՆԵՐԸ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

3 Հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք այցելեցին Պիքֆայայի եւ Ս. Մըսքի քաղաքապետները, որոնք ընդունուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։ Յայտնենք, որ Ս. Աստուածածին Վանքը աշխարհագրականօրէն կը գտնուի յիշեալ երկու շրջաններու սահմանագիծին վրայ եւ, հետեւաբար, մօտէն կը գործակցի երկու քաղաքապետութիւններուն հետ։ Հանդիպումին ներկայ էին Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան եւ Ս. Մըսքի…

ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

1 Հոկտեմբեր 2017-ի իրիկուան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ վանաբնակ միաբաններու հաւաք մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ։ Միաբանական հաւաքի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան եւ Հոգշ. Տ. Պսակ Աբղ. Թէփիրճեան, եւ իրենց մտածումներն ու մաղթանքները բաժնեցին միաբան եղբայրներու հետ ի խնդիր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան առաքելութեան առաւել…

ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

19-էն 21 Սեպտեմբեր 2017-ին, Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ Ուղղափառ ու Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Սուրբ Գիրքի Միացեալ Ընկերութեան մնայուն յանձնախումբին հանդիպումը։ Սոյն ժողովին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանը, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանը։ Խօսք առնելով Կոմիտաս Սրբազանը ժողովականներուն փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ.-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

30 Սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց ղպտի եկեղեցւոյ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախկին քարտուղար դոկտ. Կրկէս Սալէհը։ Դոկտ. Սալէհ Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Թաուատրոս Բ. պատրիարքին ողջոյնները եւ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց առնչուած կարգ մը հարցերու գծով անոր տեսակէտները։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց ընդհանրապէս…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի մէջ ընդունեց Ալեքս եւ Սեւակ Շիմշիրեան եղբայրները, որոնք եկած էին Վեհափառ Հայրապետին յայտնելու իրենց որդիական երախտագիտութիւնն ու ստանալու անոր օրհնութիւնը։   Շիմշիրեան եղբայրները Վիեննայի «Volkskundemuseum Wien» ֆոլքլորի թանգարանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով, թէ՛ որպէս հայ եւ թէ՛ որպէս Լիբանանցի, իրենց մասնակցութիւնը բերած…

ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՝ ՄԵԾ ՎԿԱՅԻՆ ՄԱՍԻՆ

20 Սեպտեմբեր 2017-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ, երկու Վեհափառ Հայրապետներու նախագահութեամբ ու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանին (1943-52) նուիրուած վաւերագրերու եւ արխիւային նիւթերու ժողովածուներուն շնորհահանդէսը։ Երկու հատորներու մէջ ամփոփուած ժողովածուները կ’ընդգրկեն Հայաստանի Ազգային եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արխիւներուն մէջ ի պահ դրուած վաւերագրերն ու արխիւային նիւթերը։ Առաջին հատորը տպուած…

ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՎԱՒԵՐԱԳՐԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԱԾՈՒՆԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ

20 Սեպտեմբեր 2017-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ, ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներուն, տեղի ունեցաւ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին նուիրուած վաւերագրերու եւ արխիւային նիւթերու երկու ժողովածուներուն շնորհահանդէսը: Ժողովածուները կ՚ընդգրկեն Հայաստանի Ազգային եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արխիւներուն մէջ պահուած վաւերագրերն ու արխիւային նիււթերը: Վաւերագրերուն…

Նոր Հրատարակութիւն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»-ի 90-րդ հատորը՝ «Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ. փաստաթուղթերու եւ նիւթերու ժողովածու» Բ. հատոր։ Գործին խմբագիրն է Պատմական գիտութիւններու թեկնածու Գոհար Աւագեանը։   Հատորը կը պարունակէ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսի արխիւները, որոնք կը գտնուին Մեծի Տանն Կիլկիիոյ Կաթողիկոսութեան արխիւատան մէջ։ Հատորին մէջ…

ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՆՈՐ ՈՐԱԿ ՏԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամը՝ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովին (18-20 Սեպտեմբեր 2017, Երեւան)     Ջերմօրէն կ’ողջունենք Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովը «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագրին տակ դնելու ճիշդ որոշումը. եւ կը յուսանք, որ ներկայ համաժողովը կը դառնայ Հայաստան-Սփիւռք իրապաշտ երկխօսութեան եւ համահայկական խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու լուրջ քննարկման եզակի առիթ։   Կ’ողջունենք յատկապէս համաժողովի խորագրին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ՕՐՀՆԷ ԴՊՐԵՎԱՆԵՑԻՆԵՐՈՒ ՌՈՒՊԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

13 Սեպտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Դպրեվանքի այգին եւ իր ներկայութեամբ օրհնեց խաղողահաւաքի եւ ռուպի պատրաստութեան դպրեվանեցիներուն տարած աշխատանքը։ Նշենք, որ խաղողահաւաքն ու ռուպի պատրաստութիւնը Դպրեվանքի տարիներու աւանդութիւնն է, որ սկսած է հոգելոյս Արտաւազդ Արք. Թրթռեանին կողմէն։ Ռուպի պատրաստութիւնը ո՛չ միայն դպրեվանեցիներուն համար ուրախալի աշխատանք մըն է, այլ նաեւ առիթ մը՝ հաւաքուելու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԱՏԱՐԵՑ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՄԱՐԶԷՆ ՆԵՐՍ

Միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կարեւոր բնագաւառներէն մէկը կը կազմէ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ո՛չ միայն միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բարձրագոյն մակարդակի վրայ ղեկավարի դիրքեր ստանձնած է, այլ՝ քաջալերողը Հայ Եկեղեցւոյ գործօն ու հետեւողական մասնակցութեան յիշեալ մարզէն ներս։ Եկեղեցին ժողովուրդը ըլլալով, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ եկեղեցականներուն առընթեր աշխարհականներուն եւ յատկապէս…

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԳԱՐԼԱ ԽԻՃՈՅԵԱՆԸ

Շաբաթ մը առաջ, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջին Արեւելքի ընդհանուր պատասխանատու նշանակուեցաւ Գարլա Խիճոյեանը։ Շրջանի որպէս պատասխանատու անոր պարտաւորութիւնները կ՚ընդգրկեն եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններու մշակում, Միջին Արեւելքին առնչուած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ծրագիրներու ճշդում ու հետապնդում, ինչպէս նաեւ յատուկ նախաձեռնութիւններու իրագործում։ Գարլա Խիճոյեանի կենսագրականը հարուստ է։ Ան եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանին վայելող Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանականներու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԺԸՆԵՒԻ ԷՔԻՒՄԷՆԻՔ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ

Ժընեւ իր կարճ կեցութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը առիթ ունեցաւ այցելելու քաղաքէն դուրս գտնուող էքիւմէնիք ուսումնական կեդրոնը (Ecumenical Institute):   Յայտնենք, որ այս կեդրոնը մաս կը կազմէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին, ուր կ՚ուսանին աշխարհի զանազան եկեղեցիներէն եկող համալսարանականներ, եւ ուր տեղի կ՚ունենան նաեւ միջ-եկեղեցական հանդիպումներ։ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին իր ատենապետութեան շրջանին, Նորին Սրբութիւնը կարեւոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԳԾՈՎ ՄԱԿ-Ի ԲԱՆԱԳՆԱՑ ՏԸ ՄԻՍԹՈՒՐԱՅԻ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Ժընեւի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ սուրիական տագնապի գծով ՄԱԿ-ի բանագնաց Ստեփան Տը Միսթուրայի հետ։ Վեհափառ Հայրապետին կողքին հանդիպման ներկայ էին Արմենօֆաս-ի նախագահ Փրոֆ. Թենի Սիմոնեան եւ Կաթողիկոսարանիս Տեղեկատուական գրասենեակի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։ Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ Վ. ՊՐՈՒԼՀԱՐԹԻՆ ՀԵՏ

6 Սեպտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վ. Պրուլհարթին հետ։ Վերջինս Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի պատասխանատուն էր, իսկ այժմ ան Զուիցերիոյ Արտաքին Գործոց փոխնախարարն է ու Միջին Արեւելքի հարցերու կարգին Սուրիոյ առնչուած հարցերու գծով կը գործակցի ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Տը Միսթուրայի հետ։ Յայտնենք նաեւ, որ Պրուլհարթ միաժամանակ զուիցերիական կառավարութեան…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԱՂԻ ԽՈՐՀՐԴԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան Հրատարակչական Հիմնադրամի 21-րդ հատորը՝ «Հոգեւոր տաղի խորհրդաբանութիւնը», Անթիլիաս, 2017, 328 էջ, Հայկազուն Ալվրցեանի հեղինակութեամբ։   Հատորը կը խօսի Սուրբ Գիրքին՝ քրիստոնէական եւ յատկապէս հայկական միջնադարեան մշակոյթին հիմքը ըլլալուն մասին, իր հոգեւոր, բարոյական ու գաղափարական եւ եկեղեցւոյ դաւանաբանական առանցքներով։ Հեղինակը կը նշէ, թէ հայ եւ…

ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ (Ե. ՀԱՏՈՐ)

 Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Յակոբ Օշականի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» Ե. Հատորը, որուն մէջ ներառնուած են Հայ Գրականութեան իրապաշտ սերունդի գրողներ, Արփիար Արփիարեան, Լեւոն Բաշալեան, Գրիգոր Զօհրապ, Հրանդ, Տիգրան Կամսարական, Արշակ Չօպանեան, Զապէլ Ասատուր եւ ուրիշներ: Իւրաքանչիւր հեղինակ իր ոճով կրցած է իր ներքին յուզումներն ու սլացքը արտայայտել եւ հարստացնել Արեւմտահայ գրականութիւնը: Գէորգ…

Նոր Հրատարակութիւն

Մեր ժողովուրդի թանկագին զաւակներուն ուրախութեամբ կ’ուզենք յայտնել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրօնական եւ Դաստիարակչական Հրատարակութիւններու Բաժանմունքը հրատարակեց «ԵՐԵՒՄԱՆ, ՎԵՐԱՑՄԱՆ, ՎԱՐԱԳԱՅ ԵՒ ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ ՏՕՆԵՐԸ» խորագիրը կրող գիրք մը։ Գիրքը կ’օգնէ հաւատացեալ ընթերցողին ներթափանցելու խաչի խորհուրդին եւ ճանչնալու անոր զօրութիւնը։ Գիրքը գրեց Բաժանմունքի Վարիչ՝ Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան։  

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ «ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԲԱՆԱԿՈՒՄ»-Ի ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ

23 Օգոստոս 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Այնճար, հանդիպելու համար Լ.Օ.Խ.-ի կազդուրման կայանին մէջ ընթացք առած Կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպած «Աստուածաշունչի Բանակում»-ին մասնակցող երեխաներուն եւ պատանիներուն հետ։ Վեհափառ Հայրապետին բարի գալուստ մաղթեց բաժանմունքին վարիչ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան։ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հօր իր տուած այցելութեան ու յատկացուցած ժամանակին համար եւ ամփոփ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ԱՊԱՔԻՆՈՒՄ ԿԸ ՄԱՂԹԷ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՎԻՐԱՒՈՐ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

 22 Օգոստոսին, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանիս Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. մանուէլեան եւ Վեհափառ Հայրապետին գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Աբղ. Շարոյեան, այցելութիւն տուին լիբանանեան բանակին ծայրայեղական զինեալ խմբաւորումներուն դէմ մղած ճակատամարտի ընթացքին վիրաւոր զինուորներուն։ Հայր սուրբերը աղօթեցին եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեցին անոնց։ Նշենք, որ «Բարձրունքներու Արշալոյսը» անունով լիբանանեան բանակի զինուորական գործողութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

21 Օգոստոս 2017-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահ՝ Նապիհ Պըրրիի երկու ներկայացուցիչներուն։ Սոյն հանդիպման ներկայ էր նաեւ Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հայ համայնքի ներկայացուցիչ՝ Տոքթ. Ժան Սալմանեան։ Հիւրերը, առաջին հերթին, Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին Խորհրդարանի Նախագահին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները, եւ ապա Նորին Սրբութեան փոխանցեցին պաշտօնական…

ՀԵՀՈՄ-Ը ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

3-5 Օգոստոս 2017-ին, Եգիպտոսի Ս. Մարկոս Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Համաշխարհային Քրիստոնեայ Ուսանողներու Միութեան (World Students Christian Federation (WSCF)-ի շրջանային ժողովը։ Յանուն Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան, ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ Կարէն Եօսուլքանեանը։ Յիշենք, որ ՀԵՀՈՄը տարիներէ ի վեր գործունեայ աշխոյժ անդամ է եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի բոլոր…

ՀԵՀՈՄ-Ը ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԵՐԷ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՇԽԱՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

30 Յուլիսէն 4 Օգոստոս 2017-ին, Նասըր (Եգիպտոս) քաղաքի Ս. Մարկոս Կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Համաշխարհային Քրիստոնեայ Ուսանողներու Միութեան Միջին Արեւելքի 32-րդ համաժողովը։ Սոյն ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի տարբեր երկիրներէ ուսանող երիտասարդներ, եւ յանուն ՀԵՀՈՄի իր մասնակցութիւնը բերաւ Սթիւ Ազատեանը: Յիշեալ համաժողովին խորագիրն էր «Խաղաղութիւն` Ընդդէմ Բռնութեան»։ Հաւաքի ընթացքին խաղաղարար ղեկավարի պատրաստութեան մէջ եղող համալսարանական…

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԻՐ ՏԱՐԵԿԱՆ ԶԵԿՈՅՑԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՅԻՇԷ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՊԱՀԱՆՋՔԻ ԴԱՏԸ

15 Օգոստոս 2017-ին, Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Րէքս Թիլըրսըն, իր տարեկան զեկոյցին մէջ աշխարհի զանազան շրջաններու մէջ կրօնական ազատութեան ներկայացուցած ներկայ վիճակին մասին խօսելով նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ։   Արդարեւ, զեկոյցին մէջ յիշուելէ ետք թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը անցնող տասնամեակներու ընթացքին կրօնական փոքրամասնութիւններէն բռնագրաւած կալուածները 2016 տարուան ընթացքին եւս չվերադարձուց իրենց իրաւատէրերուն, այս ծիրէն ներս…

«Յուշամատեան»ներու շարքին նորագոյն հրատարակութիւնը

Կորսուած գիւղի մը պատմութիւնը…             Այսօր ո՞վ կը յիշէ Րումտիկինը, որ ատենին եղած է Կեսարիոյ հիւսիսակողմը շուրջ 40 քիլոմեթր հեռու գտնուող հայաբնակ փոքր գիւղ մը, ինքնիր մէջ ծուարած։ Նոյնիսկ իր անունը կարելէ չէ գտնել Արեւմտահայաստանը ներկայացնող տարբեր քարտէզներու մէջ անգամ։ Անշուշտ՝ Րումտիկինը կը յիշեն Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ Րումտիկինցիներու անմիջական յետնորդները։             Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով…

ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԸ ՈՂՈՂՈՒԵՑԱՒ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀՈԾ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՄԲ

Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնը յատուկ տեղ եւ իմաստ ունի մեր ժողովուրդի ազգային ու հոգեւոր կեանքին մէջ։ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի «Ուխտի Օր»ը ամէն տարի կը տօնախմբուի հանդիսաւորապէս, յատուկ արարողութիւններով եւ ժողովրդական աւանդութիւններով։ Արդարեւ, 12 Օգոստոս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու ու հաւատացեալներու հոծ բազմութեան, Պիքֆայայի Ս.…

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԸ՝ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՈՒԽՏԱՏԵՂԻՆ

Հովանաւորութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, այս տարի եւս Աստուածամօր նուիրուած աննախընթաց հոգեպարար շաբաթ մը ապրեցան մեր ժողովուրդի հաւատաւոր զաւակները։ Արդարեւ, 7-11 Օգոստոս 2017-ի առաւօտները, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի շաբթուան եւ համանուն եկեղեցւոյ 65-ամեակին առիթով, կազմակերպուեցաւ դասախօսութիւններու շարք մը՝ նուիրուած Կիլիկեան շրջանի ուխտատեղիներուն, իսկ երեկոները մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Դասախօսութիւնները ներկայացուեցան…

ԱՐԲԱՆԵԱԿԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՈՒՂՂԱԿԻ ՍՓՌՈՒՄ 12 ՕԳՈՍՏՈՍ 2017

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աստուածածին վանքի շրջափակէն ներս մատուցուելիք Սուրբ եւ անմահ Պատարագը ուղղակի պիտի սփռուի արբանեակային Noursat Broadcast պատկերասփիւռի կայանին կողմէ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պիտի նախագահէ Պատարագին եւ հաւատացեալներուն փոխանցէ օրուան պատգամը։ Ձեր շրջաններուն մէջ սփռումի բոլոր մանրամասնութիւնները հաճեցէք գտնել ստորեւ ներկայացուած ցանկին մէջ։   Live television…

«ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ ԻՐԵՆՑ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԼԻՈՎԻՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ԵՆ, ԱՅԺՄ ՏԷՐ ՊԷՏՔ Է ԿԱՆԳՆԻՆ ԻՐԵՆՑ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Վերջին երկու օրերուն Մարոնիթ Պատրիարքարանի ամառանոցին՝ Տիմանի մէջ տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի պատրիարքներու հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր վերարժեւորումի ենթարկելու քրիստոնէական ներկայութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս։ Հանդիպումը շրջանի կաթոլիկ պատրիարքներու տարեկան հանդիպումն էր՝ իրենց եկեղեցիներուն յատուկ օրակարգի հարցերով։ Այս տարի նաեւ հրաւիրուած էին շրջանի Ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, որպէսզի միասնաբար քննեն ընդհանրական բնոյթ ունեցող հարցեր, մտահոգութիւններ…

ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐ՝ «ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՆՔ ԵՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻՆՔ`ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՎ» ՄԻՋԹԵՄԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

    «Վերանորոգենք եւ վերանորոգուինք` մասնակցելով» միջթեմական երիտասարդական համագումարին երկրորդ օրը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 9 օգոստոս 2017-ին, Անթիլիասի «Կիլիկիա» թանգարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ: Այս օր յատկացուած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած դատին եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի առաքելութեան եւ աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Բերիոյ եւ Կիպրոսի թեմերուն երիտասարդներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու մտահոգութիւններուն…

«ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՆՔ ԵՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻՆՔ`ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՎ» ՆԻՒԹՈՎ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՄԻՋԹԵՄԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին, երէկ` Երեքշաբթի, 8 Օգոստոս 2017-ին «Կիլիկիա» թանգարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ ընթացք առաւ շրջանային միջթեմական երիտասարդական համագումարը` «Վերանորոգենք եւ Վերանորոգուինք` մասնակցելով» ընդհանուր նիւթով: Այս համագումարին կը մասնակցին 30 երիտասարդներ Լիբանանի, Բերիոյ, Քուէյթի եւ շրջակայից, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի ու Կիպրոսի թեմերէն:   Նշենք, որ այս համագումարը արձագանգն…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԵՒ ՆՈՐ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

           8 Օգոստոս 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցած միաբանական հաւաքի ընթացքին, ինչպէս միշտ, Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան ու յատկապէս միաբանութեան ծառայութեան առնչուած ծրագիրներ ու աշխատանքներ։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահեց միաբանները հետեւեալ նշանակումներու մասին.-   Վանական նշանակումներ.-          — Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԴԱՏԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՓԱՍՏԱԲԱՆԸ

  4 Օգոստոս 2017-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքի Դատին գլխաւոր փաստաբաններէն՝ Ճէմ Սօֆու Օղլուին հետ։ Խորհրդակցական հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Դատի Իրաւական Յանձնախումբի անդամներէն Դոկտ. Նորա Պայրաքտարեանը։        Հանդիպումի ընթացքին քննուեցան դատական գործընթացքին ներկայ հանգրուանը եւ յառաջիկայ…