Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՐՇ. Տ. ՄԱԿԱՐ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆԸ
Երկուշաբթի, 8 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանքի գրասենեակին մէջ ընդունեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը: Առաջնորդ Սրբազանը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց թեմին կատարած աշխատանքները, յատկապէս՝ երկրաշարժին պատճառով ստեղծուած դժուար պայմաններուն մէջ: Նորին Ս. Օծութիւնը գոհունակութեամբ հաստատեց, որ, Առաջնորդ Սրբազանին գլխաւորութեամբ, Ազգային Իշխանութիւնը եւ քոյր կազմակերպութիւններու մարմինները հետեւողական ու…