20 February, 2023

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԿԱԹՈՂԻԿէ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՍԻՆՈՏՈՍԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2023-ի առաւօտուն, Հարիսայի մէջ բացումը կատարուեցաւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ սինոտոսականութիւնը զարգացնելու նուիրուած համագումարին՝ «Սինոտոսական Եկեղեցւոյ Համար Գործակցութիւն, Մասնակցութիւն Եւ Առաքելութիւն» խորագրով: Համագումարին ներկայ էին Միջին Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներ, եպիսկոպոսներ եւ Վատիկանէն ժամանած քարտինալներ։

 

Այս առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, յիշեալ համագումարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Կաթողիկոսարանի Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: Յայտնենք, որ յիշեալ համագումարին մասնակցելու համար յատուկ հրաւէր յղուած էր Վեհափառ Հայրապետին: