ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՏՊԱՐԱՆԷՆ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՆ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՏԵՆԻ ԺԱՄԱԳԻՐՔԵՐԸ
Հրամանաւ եւ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսան վերահրատարակութիւնները «Ժամագիրք Ատենի»ին եւ «Փոքրիկներու Ժամագիրք»ին։ «Ժամագիրք Ատենի»ն կը պարունակէ «Հրաժարիմք»ը, հայ եկեղեցւոյ եօթը ժամերգութիւնները եւ մեծ պահքի կիրակիներու Սուրբ Պատարագի սկիզբի ու աւարտի բաժինները։ Սոյն ժամագիրքին վերահրատարակութիւնը իրականացաւ հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմին մեկենասութեամբ։ Իսկ «Փոքրիկներու Ժամագիրք»ը կը պարունակէ կիրակմուտքի եւ…