Ծէս

Ծէսը Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքին մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ։ Հայկական ծիսակատարութիւնը նախապէս եղած է Բարսեղ Կեսարացիի եւ Աթանաս Աղեքսանդրացիի ծէսերու խմբագրութիւնը, որ աւելի ուշ Հայ Եկեղեցւոյ հայրերու եւ աստուածաբաններու կողմէն մշակուած է՝ հասնելու համար ներկայ իրավիճակին, 15-րդ դարէն սկսեալ։ Հայկական ծէսը, որ ընդհանրապէս ունի արեւելեան արարողութիւններու եւ աւանդութիւններու յատկութիւններ, խօսքի եւ գործի ու երաժշտութեան եւ կատարումի պատշաճ համակցութիւնն է։ Ս. Պատարագի լեզուն գրաբարն է։ Վերջին տասնամեակներուն, Եկեղեցին իր Պատարագին մէջ կը ներառէ նաեւ արդի հայերէնը, որպէսզի առիթ ընծայէ աւելի մեծ թիւով հաւատացեալներու իրենց մասնակցութիւնը բերելու։

ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ս. Պատարագը բաժնուած է երկու հիմնական բաժիններու՝ Բանի Պատարագ  եւ Հաւատացելոց Պատարագ։ Բանի Պատարագը ունի եօթը ժամերգութիւններ, որոնք են՝

  • Գիշերային Ժամ՝ Հայր Աստուծոյ ուղղուած, արշալոյսէն առաջ կատարուող
  • Առաւօտեան Ժամ՝ Որդիին ուղղուած, կանուխ առաւօտուն կատարուող
  • Արեւագալի Ժամ՝ Սուրբ Հոգիին ուղղուած, արեւածագէն առաջ կատարուող
  • Ճաշու Ժամ՝ երեք մասերէ բաղկացած,- ժամը 9:00-ինը՝ ուղղուած Սուրբ Հոգիին, ժամը 12:00-ինը՝ ուղղուած Հօր եւ ժամը 15:00-ինը՝ ուղղուած Որդիին։
  • Երեկոյեան Ժամ՝ Որդիին ուղղուած, արեւնամուտէն առաջ կատարուող։ Հայ Եկեղեցւոյ համար, Երեկոյեան Ժամերգութեամբ ծիսական օրը կ՚աւարտի եւ նոր օր կը սկսի։
  • Խաղաղական Ժամ՝ Սուրբ Հոգիին եւ Աստուծոյ Խօսքին ուղղուած, մայրամուտէն ետք կատարուող
  • Հանգստեան Ժամ՝ Հօր ուղղուած եւ գիշերը կատարուող

Այս ժամերգութիւնները կ՚ընդգրկեն սաղմոսներ, աղօթքներ, գոհաբանութիւններ, աղերսանքներ, շարականներ, օրհներգներ եւ մեղեդիներ, որոնք կը միտին հաւատացեալին հոգեւոր սնունդ եւ ուղղութիւն պարգեւելու։ Եկեղեցական բոլոր արարողութիւնները կը պարունակեն Հին եւ Նոր Կտակարաններէն ընթերցանութիւններ, որոնք ընտրուած են ըստ օրուան խորհուրդի, սուրբի կամ տօնի։ Անցեալին, այս ժամերգութիւնները օրական դրութեամբ կանոնաւոր կերպով կը կատարուէին, իսկ ներկայիս, գործնական պատճառներէ մեկնած, գիշերային, առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերգութիւնները ամէն օր կը կատարուին, իսկ արեւագալի, խաղաղական եւ հանգստեան ժամերգութիւնները միայն Մեծ Պահոց շրջանին կը կատարուին։

Յատուկ օրհնութիւններ եւ աղօթքներ կը կատարուին տարբեր առիթներով, օրինակ՝ քառասնօրեայ երեխայի տաճար ընծայումին, դպրութեան արարողութեան, նշանուած զոյգերու մատանիի օրհնութեան, տնօրհնէքին՝ ընդհանրապէս նոր բնակարանի, կամ Ս. Ծնունդի եւ Ս. Զատիկի տօներու առիթով, խաղողօրհնէքին՝ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին առիթով, պարտէզի օրհնութեան, ջրօրհնէքին, աղօրհնէքին եւ հացի օրհնութեան։ Յատուկ արարողութիւններն են նաեւ Անդաստանը, որ աշխարհի չորս անկիւններու օրհնութիւնն է եւ կը կատարուի մեծ տօներու, եւ Դռնբացէքը, որ Ծաղկազարդին օրը կը կատարուի։ Յատկանշական է Մատաղի օրհնութիւնը. մատաղը Աստուծոյ նուիրուած շնորհակալական նուէր մըն է, որ կարելի է նաեւ նուիրել հոգեհանգիստի առիթով։ Այս վերջին սովորութիւնը կու գայ Հին Կտակարանէն։ Վաղ ժամանակաշրջանի եկեղեցական կեանքին մաս կը կազմէր ոչխարի թէ՛ հաւու մատաղը, որ կ՚եփուէր եւ կը բաժնուէր աղքատներուն։

Ծիսակատարութիւններուն ընդմէջէն Հայ Եկեղեցին զարգացուց եկեղեցւոյ համայնքին նկարագիրն ու հոգեւորականութիւնը։ Ան նաեւ շեշտեց հոգեւոր կեանքի ուղղութիւնը՝ քաջալերելով տարբեր կերպերով աղօթքներու արտայայտութիւնը, որուն մէջ անձնական աղօթքները կարեւոր տեղ կը գրաւեն։ Այս պատճառով, ծիսական աղօթքներուն կողքին, Եկեղեցին բոլոր տարիքի հաւատացեալներու տրամադրութեան տակ դրած է հայ եւ համաշխարհային եկեղեցւոյ հայրերու եւ սուրբերու աղօթքներ։ Այս աղօթքները, որոնք կարճ եւ դիւրամատչելի կերպով գրուած են, կ՚արտասանուին ճաշէ առաջ, նախքան նոր գործի մը կամ ճամբորդութեան մը ձեռնարկելը, դժուարութեան պահուն, քնանալէ առաջ եւ օրուան տարբեր պահերու։