Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 108 ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ՝ ԱՅԼ ԸՆՏՐԱՆՔ ՉԿԱՅ»   Ճակատագրական է ներկայ հանգրուանը մեր ազգի պատմութեան։ Մութ ամպերով է ծածկուած երկնակամարը հայ կեանքին։ Անորոշ է Արցախին ու Հայաստանին առջեւ բացուած հորիզոնը։ Կարելի չէ այլապէս բնութագրել մեր ազգի կեանքին պարզած ներկայ պատկերը։   Գիտե՛նք, իրապաշտութիւնը երբեմն յուսահատութեան կրնայ առաջնորդել։ Սակայն հաւատքով զինուած, կամքով պրկուած ու միասնական ոգիով գօտեպնդուած, որպէս…