3 April, 2023

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԸ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴՈՒԵՑԱՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով ողջունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանք հաւաքուած հոծ թիւով հաւատացեալները, ի մասնաւորի երիտասարդ ընտանիքները, որոնք համախմբուած էին տօնախմբելու մեր Փրկչին՝ Քրիստոսի յաղթական մուտքը խորհրդանշող Ծաղկազարդը, իսկ՝ իրենց մանուկները՝ ստանալու Հայրապետին օրհնութիւնը։

 

Կիրակի, 2 Ապրիլ 2023-ին, Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագը եւ Մայր Տաճարի ղօղանջներուն ներքոյ մանուկներուն թափօրը գլխաւորեց։ Հուսկ, Նորին Ս. Օծութիւնը Վեհարանի պատշգամէն Հայրապետական պատգամով ողջունեց բազմահազար հայորդիները՝ ըսելով.-

 

«Սա ի՜նչ ոգեշնչող տեսարան է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս։ Մեր ժողովուրդի զաւակները, հակառակ երկրէն ներս տիրող տնտեսական ու ընկերային տագնապին, հաւատքի մղումով այսօր եկած են Աստուծոյ տունը, մեր ազգին տունը, որպէսզի միասնաբար ողջունենք Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ։ Սա պահուն, ձեր բոլորին աղօթքներուն թարգմանը կ՚ըլլամ, երբ Երուսաղէմ մուտք գործող մեր Տիրոջ ուղղելով իմ աղօթքս՝ կ՚ըսեմ.- «ո՜վ Տէր, եկուր եւ ծազկազարդէ մեր ազգին կեանքը։ Ծաղկազարդէ մեր ազգին կեանքը երկնային բարիքներով, շնորհքներով ու պարգեւներով։ Ամրապնդէ մեր ազգին սէրը ու միասնականութիւնը, ամէ՛ն տեղ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ։ Ո՜վ Տէր, Արցախը շրջապատող ամէն տեսակ շղթաները քանդէ՛ Քու Աստուածային զօրութեամբդ։ Հեռացուր Հայաստանի սահմաններէն անոնք, որոնք կը փորձեն հարցականի տակ առնել մեր հայրենիքին գերիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը։ Ո՜վ Տէր, մեր կեանքը ամէն տեղ եւ մեր ընտանիքներուն ու զաւակներուն կեանքը լեցուր իմաստութեամբ ու առողջութեամբ։ Թող մեր կեանքէն հեռանայ ամէն տեսակ չարիք եւ մեր կեանքը լեցուի Աստուածային օրհնութեամբ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»։

 

Պատգամէն ետք հաւատացեալները միաձայն երգեցին «Կիլիկիա» օրհներգը եւ Հայրապետական մաղթերգը։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր մօտ ընդունեց մանուկները եւ իր հայրական ու Հայրապետական օրհնութիւնը բաշխեց անոնց։

 

Յիշատակութեան արժանի է, որ Կաթողիկոսարանի կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչները յանձն առած էին Մարավանքի շրջափակին զարդարանքները, ինչպէս նաեւ փոքրիկներուն համար նախատեսուած նուէրները։