Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հալէպահայութեան տուած իր միօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ, Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2023-ին, Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնին առիթով մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում եւ աջահամբոյր։
Վեհափառ Հայրապետը այս առիթով շնորհաւորեց Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը՝ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուելուն առիթով եւ գնահատեց ընտրութեան առաջին իսկ օրէն անոր բերած ծառայութիւնը, յատկապէս աղէտալի երկրաշարժի օրերուն, երբ ժողովուրդի զաւակներուն կողքին կենալով գօտեպնդեց զանոնք: Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն թեմի նախկին առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի ծառայութեան: Հայրապետը նաեւ գնահատեց Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնը, Կրօնական Ժողովը եւ բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն ազգանուէր գործունէութիւնը՝ յայտնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը, եւ հրաւիրեց բոլորը յառաջիկայ օրերուն միասնաբար աշխատելու՝ հալէպահայութեան կեանքը վերականգնելու ի խնդիր:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցին Վարդանանց նուիրուած «Թէ հայրենեաց» երգը եւ «Ի վեհ բարձանց» Հայրապետական եւ «Կիլիկիա» մաղթերգերը։