«ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ՇԱՂԱԽԵՆՔ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ»
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Կիրակի, 9 Ապրիլ 2023-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանք հաւաքուած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը՝ տօնելու մեր Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Զատկական Հայրապետական Ս. Եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը յղեց իր Հայրապետական պատգամը։
Նորին Ս. Օծութեան առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ «Կիլիկիա» մատենադարանի, հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։
Հաւատացեալներու կողքին Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը՝ իր տիկնոջ հետ, դեսպանատան անձնակազմէն պատուիրակութիւն մը, մեր Ս. Աթոռին Ազգային Կեդրոնական Վարչութենէն անդամներ, քաղաքապետներ եւ քաղաքական ու ազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան հաւատքով շաղախելու մեր կեանքը։ Իր Հայրապետական պատգամին որպէս մեկնակէտ ընտրած էր հրեշտակին խօսքը՝ ուղղուած Քրիստոսի գերեզմանը այցելող կիներուն. «մի՛ վախնաք. Քրիստոսը հոս չէ, այլ յարութիւն առաւ»։ Արդարեւ, «Քրիստոսի Յարութիւնը կը կազմէ առանցքը ու նպատակը քրիստոնէական կեանքին ու վկայութեան», յիշեցուց Նորին Ս. Օծութիւնը։ «Քրիստոսի Յարութիւնը յաղթանակն էր կեանքին՝ մահուան դէմ, երկինքին՝ Աստուծմէ հեռացող երկրին դէմ. բարիին՝ չարին դէմ։ Քրիստոսի Յարութեան հաւատքը դարձաւ ամուր կռուանը եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Հակառակ պատմութեան հալածանքներուն Քրիստոսի Յարութեան հաւատքով զօրացած եկեղեցին պատգամաբերը դարձաւ մահուան վրայ Աստուծոյ Որդիին տարած յաղթանակին»։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան մեր ժողովուրդի տագնապալից կեանքին մէջ։ «Մեր պատմութիւնը ահաւոր տագնապներով լեցուած է. մեր եկեղեցին երբեք չէ վհատած, այլ Քրիստոսի Յարութեան հաւատքով դարձած է ամուր կռուան մեր ազգին ու հայրենիքի գոյութեան, զօրեղ վահան՝ մեր ազգն ու հայրենիքը ընկճելու ու գերելու ամէն տեսակ փորձերուն դէմ։ Չմոռնանք, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք մեր եկեղեցին մեր ազգի կեանքին մէջ դարձաւ Յարութեան հաւատքով ամրապնդող եւ մեր հաւաքական կեանքը Յարութեան շունչով թրծող յարուցեալ Քրիստոսի պատգամաբերը։ Մեր եկեղեցին իր առաքելութեամբ ու ծառայութեամբ մեր ազգին փոխանցեց Քրիստոսի թափուր գերեզմանէն ճառագայթող յարուցեալ կեանքի յոյսը եւ կեանքի չարիքներուն ու մահուան դէմ պայքարելու յարութեան հաւատքը», շեշտեց Հայրապետը։
Խօսելով ներկայ ժամանակներուն մասին՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Մեր ժողովուրդի պատմութեան ներկայ տագնապալից ժամանակներուն, երբ Արցախը նոր ցեղասպանին կողմէ կը մնայ շրջափակուած, երբ Հայաստանը նոյն ցեղասպանին կողմէ միշտ կը մնայ ենթակայ յարձակումներու, մարդկային իրաւունքներու ու արժէքներու դէմ նկատուող այս կացութեան դիմաց, մեր եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ։ Մեր հայրենիքին ու ազգին պաշտպանութեան պայքարի առաջին գիծին վրայ եղած է միշտ մեր եկեղեցին՝ Վարդանանց պատերազմէն սկսեալ մինչեւ Սարդարապատ ու Արցախ։ Այսօր յարուցեալ Քրիստոս իր եկեղեցւոյ ճամբով կոչ կ՚ուղղէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ յԱրցախ, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի՝ ըսելով մի՛ վախնաք, ես ձեզի հետ եմ։ Յարուցեալ Քրիստոսի մահուան դէմ տարած յաղթանակով հզօրացած մենք պէտք է շարունակենք մեր պայքարը յանուն արդարութեան, յանուն իրաւունքի ու արժանապատուութեան, յանուն Արցախի, Հայաստանի եւ մեր ազգի հզօրութեան», պատգամեց Նորին Սրբութիւնը։
Յաւարտ Ս. Պատարագին, Հայրապետական թափօրը մեծաշուք հանդիսութեամբ ուղղուեցաւ Վեհարան, ուր բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» օրհներգը եւ Հայրապետական մաղթերգը։ Ապա, Հայրապետը օրհնեց ներկայ հաւատացեալները՝ անգամ մը եւս աւետելով՝ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։
Հուսկ, Հայրապետը Զատկական շնորհաւորութիւնները ընդունեց Վեհարանի դահլիճին մէջ։