Հնատիպեր եւ Գանձատուն


Կաթողիկոսարանի հնատիպերու հաւաքածոյին մաս կը կազմեն աւելի քան 2000 հատորներ, որոնք տեղադրուած են մատենադարանի երրորդ յարկի հնատիպերու յատուկ սրահի մը մէջ: Հատորները ցանկագրուած են համաձայն հեղինակներու անուններուն, վերնագիրներուն եւ տպագրութեան թուականներուն: Հաւաքածոն հարուստ է հազուագիւտ հատորներով։