«ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ»Ի ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ ԸՆԹԵՐՑՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, 12 Յունուար 2025-ի կիրակնօրեայ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան ընթերցեց 2025 տարուան Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրը՝ նուիրուած «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման»։ Ներկայ ժամանակներու հրամայականները ի միտի ունենալով, Հայրապետը իր այս հռչակագիրով դիտել կու տայ, որ աւանդութիւնը սերտօրէն առնչուած կ՚ըլլայ տուեալ ազգի մը կեանքին ու հոլովոյթին հետ եւ վճռական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Ինչպէս ծանօթ է, 9 Յունուար 2025-ին, Լիբանանի Հանրապետութեան Խորհրդարանը նախագահ ընտրեց լիբանանեան բանակի հրամանատար Ժոզէֆ Աունը: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորական նամակ մը յղեց նորընտիր նախագահին՝ ողջունելով անոր ընտրութիւնը եւ ընդգծելով, որ այս ընտրութեամբ նոր էջ մը կը բացուի Լիբանանի ժամանակակից պատմութեան մէջ: Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, որ վերջին տարիներու Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներէն ետք…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Ուբբաթ, 10 Յունուար 2025-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Նորին Ամենապատուութիւն Աֆրամ Բ. Ասորի ուղղափառ Պատրիարքին միջեւ: Պատրիարքի կողքին հանդիպումին ներկայ էին երկու առաջնորդ սրբազաններ, իսկ Վեհափառ Հայրապետի կողքին՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: Հանդիպման…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՊՐՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Չորեքշաբթի, 8 Յունուար 2025-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը ներկայացնող պատուիրակութեան այցելութիւնը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին հինգ անձեր՝ զանազան նախարարութիւններու մաս կազմող: Պատուիրակութեան պարտականութիւնն է մօտէն քննել Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն պարզած ներկայ վիճակը ու անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Կիպրոսը, իր կարգին, կատարուելիք ուսումնասիրական աշխատանքը պիտի ներկայացնէ Եւրոպական…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՄԷՋ ՀՐԴԵՀԻՆ ՍՏԵՂԾԱԾ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ

Անցնող ժամերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մի քանի առիթներով կապ հաստատեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի հետ եւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Լոս Անճելոսի մէջ ծայր առած հսկայ հրդեհի հետեւանքներուն ի տես։ Նորին Սրբութիւնը յատկապէս հետաքրքրուեցաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու անոնց բնակարաններուն կացութեամբ։ Այս առումով առաջնորդ սրբազան հայրը…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ

Չորեքշաբթի, 8 Յունուար 2025-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Սուրբ Ծննդեան ու նոր տարուան տօներուն առթիւ շնորհաւորական այցելութիւնը Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ։ Հանդիպման Վեհափառ Հայրապետին ու Հոգեւոր Տիրոջ կողքին ներկայ էին հոգեւոր հայրեր։ Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումը առիթ եղաւ անդրադառնալու Հայաստանի ներքին ու արտաքին կեանքը յուզող հարցերու, Լիբանանի…

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

«ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՀԵՏ – Ա՛ՅՍ Է ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄԸ ԲԵԹՂԵՀԷՄԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան, Աստուածայայտնութեան եւ մկրտութեան տօները հանդիսաւորապէս նշուեցան հայրապետական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ, ձեռամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2025-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Սուրբ խորանին վրայ Վեհափառ Հայրապետին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 4 Յունուար 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց վերապատուելիներէ ու հայ աւետարանական համայնքին պատկանող աշխարհականներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, զոր կը գլխաւորէր Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահ վերապատուելի դոկտոր Փօլ Հայտոսթեան։ Այցելութեան հիմնական նպատակն էր Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան 100-ամեակին առիթով պատրաստուած յուշանուէրին յանձնումը Վեհափառ Հայրապետին։ Հանդիպումը առիթ եղաւ նաեւ քննարկելու Լիբանանի…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Հինգշաբթի, 2 Յունուար 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց եւ նոր տարուան ու Քրիստոսի ծննդեան տօներուն առթիւ զինք շնորհաւորեց Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա Արքեպիսկոպոսը։ Այս առիթով պապական նուիրակը Հայրապետին յանձնեց Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին շնորհաւորական նամակը։ Հանդիպման ընթացքին յատկապէս քննարկուեցաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը, որ պիտի կայանայ յառաջիկայ 9 Յունուարին։

2025 ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Աստուծոյ օրհնութեամբ, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ միաբան հայրերու, դպրեվանեցիներու ու հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ, Չորեքշաբթի, 1 Յունուար 2025-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ 2025 նոր տարուան անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը. պատարագիչն էր Կիլիկեան Ուխտեալ Միաբանութեան անդամ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան։ Սուրբ Պատարագի աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհաւորական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութենէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու համար անոր հայրապետական ու հայրական օրհնութիւնն ու քաջալերանքը: Հանդիմպան ներկայ էին Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան Լիբանանի ներկայացուցիչ Սեպուհ Այնթէպլեան, շրջանային վարչութեան մօտ Հ.Յ.Դ. կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը,…

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԵՑԱՒ 2025 ՏԱՐՈՒԱՆ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՕՐԱՑՈՅՑԸ

Հրամանաւ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսաւ 2025 թուականի եկեղեցական օրացոյցը։ Օրացոյցը կը պարունակէ հայ եկեղեցւոյ տօները, հոգեպարար արարողութիւններու ընթացքին երգուելիք շարականները, աստուածաշնչական ամէնօրեայ ընթերցուածները եւ ծիսական այլ մանրամասնութիւններ։ Օրացոյցի աւարտին կը գտնուի Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեան, Դպրեվանքի ուսանողութեան, ուսուցչական կազմին եւ Կաթողիկոսարանին ենթակայ հաստատութիւններու պաշտօնէութեան անուանացանկերը, ինչպէս նաեւ թեմերու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԱՏՈՒՑՈՂ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԿԸ ՄՆԱՅ ԻՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՆՊԱՏԱԿԻՆ»   ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու նախօրեակին, հայրական այցելութիւններով իր օրհնութիւնը կը բաշխէ ազգային-ընկերային ծառայութիւն մատուցող հաստատութիւններուն: «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ» Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2024-ին, Նորին Սրբութիւնը այցելեց «Թռչնոց Բոյն»ի փոքրիկներուն՝ խնդակցելով անոնց տօնական ուրախութեան: Այս…

ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԳԻՐ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻՆ ԵՒ Հ.Հ. ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻ ՀԻՄՆԱՐԱՐ ԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ

Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2024-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հիմնարար Գիտական Գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Համագործակցութեան Յուշագիրի ստորագրութիւն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանին, յանձինս Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հիմնարար Գիտական Գրադարանին, յանձինս Մայա Գրիգորեանի միջեւ: Անոնք համաձայնեցան.- — խորացում «մշակութային եւ գիտական-կրթական համագործակցութեան», — համադրում «թուային ճարտարարուեստի»,…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երեքշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին հետ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մօտ Աւստրալիոյ դեսպան Լինտըլ Սաքս, ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուին։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի առնչուած հարցեր, բնականաբար անդրադարձ կատարելով նաեւ յառաջիկայ Յունուարին Լիբանանի նախագահական ընտրութեան։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՆԱԱՄԱԹ ԱՖՐԱՄ

Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի պետական երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամի այցելութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին խորհրդակցութեան նիւթ դարձան Լիբանանի ներքին կեանքը յուզող խնդիրները եւ մասնաւորաբար յառաջիկայ Յունուար 9-ին տեղի ունենալիք Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը։ Յայտնենք, որ երեսփոխան Աֆրամ նախագահական ընտրութեան թեկնածուներէն մէկն է։

ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻՆ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐ ՍՏԱՑԱՆ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅԻՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՄԱՍՈՒՆՔԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ   Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի ու նախասարկաւագի տօնին առիթով, Կիրակի, 22 Դեկտեմբեր 2024-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հայրապետանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին սուրբ խորանը ծաղկած էր Դպրեվանքի սարկաւագաւաց դասով. աւելի՛ն՝ խորանը առաւել եւս կը ճառագայթէր «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս բերուած Ս«ուրբ Ստեփանոսի սրբազան մասունքով, որուն օրհնութիւնը բաշխուեցաւ հաւատացեալ…

«ՄԱՐԴՈՒ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՄԱՐԴԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» – Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 16 Դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կաթողիկոսարանի «Խորէն Ա.» կեդրոնին մէջ «Մարդու Ինքնաճանաչումը Եւ Քրիստոնէական Մարդաբանութիւնը» խորագրով դասախօսութիւն մը տուաւ հայագիտական կեդրոնի ուսանողներուն։ Դասախօսութեան ներկայ էին նաեւ միաբան հայրեր եւ հայագիտական կեդրոնին ուսուցչական կազմը։ Նորին Սրբութիւնը նախ յայտնեց, որ տուեալ նիւթով անգլերէն լեզուով հատորի մը պատրաստութեան աշխատանքի մէջ է, որովհետեւ թէ՛ կարեւոր…

Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Չորեքշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։ Այցելութեան նպատակն էր, նոր տարեշրջանի սկզբնաւորութեան, Հայրապետը իրազեկ դարձնել միութեան աշխատանքներուն եւ ստանալ անոր հայրապետական օրհնութիւնը։ Իր որդիական երախտագիտական զգացումները յայտնելէ ետք, Զաւէն վարդապետ Նորին Սրբութեան զեկուցեց միութեան 62-րդ…

ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հալէպ, 3 Դեկտեմբեր 2024 Վեհափառ Հայրապետը հայրաբար մօտէն կը հետեւի Հալէպէն ներս տիրող իրավիճակին եւ մեր մտահոգութիւնները կը բաժնէ Նկատի ունենալով մեր ժողովուրդին ընկերա-տնտեսական ներկայ վիճակը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հայրախնամ հովանաւորութեամբ ու տնօրինումով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութիւնը յառաջիկայ օրերուն, իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, պիտի փորձէ նիւթապէս օժանդակել մեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Ռ.Ա.Կ.Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 29 Նոյեմբեր 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը ստացաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը, առաջնորդութեամբ մարմինի ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի: Հանդիպման ընթացքին տոքթ. Տագէսեան Հայրապետին հակիրճ կերպով ներկայացուց կուսակցութեան վերջին շրջանին տարած աշխատանքները եւ յառաջիկայ ծրագիրները։ Հանդիպումը առիթ եղաւ արծարծելու Լիբանանը, Հայաստանը, Սփիւռքը եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանը յուզող…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՀԱԼԷՊԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Շաբաթ, 30 Նոյեմբեր 2024-ին, ամբողջ օրուան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շարունակեց մօտէն հետեւիլ Հալէպի մէջ զինեալ խմբաւորումներու յարձակումներու հետեւանքով ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակին։ Վեհափառ Հայրապետը, մնայուն կապի մէջ ըլլալով առաջնորդ սրբազանին եւ համայնքի պատասխանատուներուն հետ, իր բարձր գնահատանքը յայտնեց անոնց, որոնք բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատու ոգիով մօտէն կը հետեւին հայ համայնքին բարօրութեան։ Յայտնենք, որ զինեալ…

ԵՐԿՈՒ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՍՏԱՑԱՆ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐԸ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 24 Նոյեմբեր 2024-ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, երկու միաբան հայրեր՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան (դիւանապետ Կաթողիկոսարանի) եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան (տեսուչ Դպրեվանուց), արժանացան հայ եկեղեցւոյ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններուն։ Տուուչութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ.…

ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2024-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծայրագոյն վարդապետութեան թեկնածու միաբան հայրերուն աւարտաճառերու ներկայացումը։ Թեկնածու հայր սուրբերն են Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան եւ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան։ Ներկայացնելով իր աւարտաճառը՝ հայր Տաճատ նշեց, թէ ան Պօղոս սարկաւագ Գալէմեանի…

Հայ Հոգեւոր Պետերն Ու Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Շեշտեցին Համակարգուած Աշխատանքներու Շարունակութեան Հրամայականը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով, Հայ հոգեւոր պետերու եւ Լիբանանի հայ քաղաքական կուսակցութիւններու մարմիններու, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիկոյ Կաթողիկսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի դիւանի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, խորհրդակցական նիստ գումարուեցաւ Ուրբաթ, 22 Նոյեմբեր 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Խորհրդակցութեան հիմնական թեման Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակն էր եւ անկէ բխած հետեւանքներու դիմագրաւման հաւանական միջոցները։ Արամ…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երկուշաբթի, 18 Նոյեմբեր 2024-ին, Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի նոր վարչութիւնն ու երիտասարդական խորհուրդը, գլխաւորութեամբ երգչախումբի ղեկավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ստացան անոր հայրական օրհնութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին խմբավար հայր սուրբը, Հայրապետին ուղղած իր շնորհակալական խօսքը արտասանելէ ետք, ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց նոր վարչութեան եւ երիտասարդական խորհուրդին աշխատանքային ծրագիրները։…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ Ն.Ս. ԻԳՆԱՏԻՈՍ ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Երեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2024-ին, Աթշանէի ասորւոց վանքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Ն.Ս. Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքին միջեւ: Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեան եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: Իսկ Աֆրամ Բ. Պատրիարքին կողքին ներկայ էին Պէյրութի, Զահլէի եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 2024-ին, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի նորանշանակ վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ երգչախումբի ղեկավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ստացաւ անոր հայրական օրհնութիւնը։ Հայր սուրբը որդիական երախտագիտական իր խօսքը ուղղեց Հայրապետին՝ ընդգծելով, որ հակառակ բազմազբաղ ըլլալուն, Նորին Սրբութիւնը չի մոռնար իր շեշտը դնելու հայ երգին եւ երաժշտութեան վրայ: Հայր սուրբը ամփոփ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ռայի Պատրիարքին ներկայացուցիչը

Չորեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց մարոնի եկեղեցւոյ պետ Ռայի Պատրիարքին ներկայացուցիչ Նժէյմ եպիսկոպոսը՝ իր օգնականին ընկերակցութեամբ։ Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ էր Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Տոնոյեան։ Նժէյմ եպիսկոպոս Հայրապետին փոխանցեց ներկայ կացութեան առնչուած Ռայի Պատրիարքին մտահոգութիւններն ու պատկերացումները։ Նորին Սուրբ Օծութիւնը, իր կարգին, շեշտեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ ազդու…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆՆ ՈՒ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ուրբաթ, 8 Նոյեմբեր 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ յաջորդաբար ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի եւ Վատիկանի մօտ Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին դեսպան զօրավար Ճորճ Խուրիի։ Հայաստանի դեսպանին հետ հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, վերջին շրջանին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան հայոց թեմին Հայրապետին շնորհած հովուապետական այցելութեան եւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ 39 ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԲԱՑՈՒԱԾ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ 2024-2025 ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ

Իւրաքանչիւր հայ դպրութեան կեդրոն լոյսի փարոս մըն է հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ հայ դպրոցը կը մնայ մեր ինքնութեան եւ հայաշունչ դաստիարակութեան  հիմնական աղբիւրը: Ամսուան մը ակամայ ուշացումէն ետք, Երկուշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին, Խորէն Ա. Կեդրոնին մէջ (Ֆանար), տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայագիտական Կեդրոնի 2024-2025 կրթական տարեշրջանի վերամուտը: Յիշենք, որ Հայագիտական Կեդրոնը արդէն երրորդ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորական նամակը՝ ուղղուած Ա.Մ.Ն.ի նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփին

Նորին Վսեմութիւն Տանըլտ Թրամփ Ընտրեալ Նախագահ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սիրելի՛ Պրն. Նախագահ, Անհուն ուրախութեամբ կ՚ողջունենք Ձեզ, որպէս ընտրեալ նախագահ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու: Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեր ընտրութիւնը, որ վստահաբար խոստմնալից էջ մը պիտի բանայ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ: Արդարեւ, դուք Ձեր պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէք աշխարհի պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանին: Վստահ ենք, որ ահաւոր տագնապներով եւ…

ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2024-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութենէն վերադարձին, Հայրապետը միաբան հայրերուն ընդհանուր գծերով պարզեց այցելութեան յատկանշական երեսները։ Ապա, Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան պարզեց Լիբանանի հարաւային շրջաններէն եկած գաղթականներուն…

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՆԻՍՏ ԳՈՒՄԱՐԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը առցանց խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ գործող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Նիստին մասնակցեցան Ս.Դ.Հ.Կ.էն Վանիկ Տաքէսեան, Հ.Յ.Դ.էն Յակոբ Բագատունի եւ Ռ.Ա.Կ.էն տոքթ․ Աւետիս Տաքէսեան։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համահայկական խորհրդաժողովները համակարգող Շահան Գանտահարեան։ Նիստին հիմնական օրակարգը կը վերաբերէր Լիբանանի…

ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ՝ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի վեհարանի դահլիճին մէջ, Երեքշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2024-ին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք մը կայացաւ։ Հաւաքի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես Մայրավանքին թէ թեմերուն մէջ միաբան հայրերուն տարած աշխատանքներուն եւ մանաւանդ անոնց ունեցած հաւատարմութեան՝ թէ՛ իրենց ստանձնած պատասխանատու պաշտօններուն եւ թէ՛ մեր Սուրբ Աթոռին…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

21 Սեպտեմբեր 1991-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը հռչակեց իր անկախութիւնը՝ ձերբազատելով Խորհրդային Միութեան անդամակցութենէն։ Արդարեւ, ամէն տարուան Սեպտեմբերի 21-ին հայ ազգը հպարտութեամբ կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնը։ Արդարեւ, Կիրակի, 22 Սեպտեմբեր 2024-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք (գոհաբանական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութեամբ կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Հայոց Թեմ։ Այս այցելութիւնը կը ներառէ Պոսթընի, Շիքակոյի, Տիթրոյթի, Փրովինսի եւ այլ շրջաններու հայկական համայնքները։ Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի (2023) Հայրապետը այցելած էր նոյն թեմին այլ շրջանները։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ այցելութենէն առաջ, Նորին Սրբութիւնը կը մեկնի Զուիցերիա՝ կարճ շրջանի մը համար։ Հովուապետական…

ՖՐԵԶՆՈՅԻ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԺԱՄԱՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ ԵՒ ՍՏԱՑԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Լիբանան ժամանեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան խորհուրդի բժիշկները, գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեանի։ Արդարեւ, Երեքշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2024-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց վերոյիշեալ խորհուրդի բժիշկները։ Խորհուրդի նախագահը Վեհափառ Հայրապետին յայտենց իր եւ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ

Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2024֊ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ։ Եղբայրական սիրոյ ու գործակցական ոգիի արտայայտութեան առընթեր, յիշեալ այցելութեան նպատակն էր ողջունել Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի մարմնոյն Վատիկանէն Լիբանան փոխադրութեան նախաձեռնութիւնը։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու երջանկայիշատակ հոգեւոր տիրոջ ծառայութեան՝ թէ՛ իբրեւ Վատիկանի հաւատոյ տարածման բաժանմունքի նախագահ եւ թէ՛ որպէս…

ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՌՈՒՊԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՄԻԱՑԱՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ

Ռուպի պատրաստութիւնը Դպրեվանքի ամենագեղեցիկ աւանդութիւններէն մէկն է, որ տեղի կ՚ունենայ ամէն տարի Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին։ Ռուպը խաղողի հիւթով պատրաստուած ու եփուած անոյշն է, որ Դպրեվանքին մէջ ընդհանրապէս որպէս նախաճաշ կը հրամցուի միաբան հայրերուն եւ դպրեվանեցիներուն։ Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 11 Սեպտեմբեր 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի պարտէզին մէջ, այցելեց ռուպի պատրաստութեան վայր,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԱՌՑԱՆՑ ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական կեդրոնի 2024-2025 կրթական տարեշրջանի դասաւանդութիւնները պիտի սկսին Երկուշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2024-ին, նորահաստատ Խորէն Ա. կեդրոնին մէջ, Ֆանար: Կրթական եռամեայ ծրագիրը կ՚ընդգրկէ հայերէն լեզու եւ գրականութիւն, հայերէն քերականութիւն, գրական գիտելիքներ, գրաբար, հայոց պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, մատենագիտութիւն, բանահիւսութիւն, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, հայ մշակոյթի պատմութիւն, ընդհանուր հոգեբանութիւն,…

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ՝ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԻՒՐԸ

Երեքշաբթի, 3 Սեպտեմբեր 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, ընդունեց Լիբանանի մօտ Գանատային դեսպան Սթեֆանի ՄըքՔալըմ։ Հանդիպումը առիթ եղաւ ընդհանուր գիծերով անդրադարձ կատարելու Կազայի պատերազմին, Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, Հայաստանի ու Գանատայի յարաբերութեան, Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք կենսոլորտի նուիրուած համագումարին եւ Գանատայի հայ համայնքին շուրջ։ Դեսպանը ընթրիքի հիւրը եղաւ Վեհափառ Հայրապետին։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 29 Օգոստոս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազեն: Այս առիթով, դեսպան Ալ-Խազեն Հայրապետին պարզեց Վատիկանի կողմէ տարուող աշխատանքները՝ Լիբանանը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն լուծում տալու ճիգերու շուրջ: Դեսպանը նաեւ Վեհափառ Հայտապետին փոխանցեց Վատիկանի մէջ վերջերս Նորին Սրբութեան տուած դասախօսութեան դրական արձագանգներուն մասին տեղեկութիւններ։ Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, իր…

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԵՑԱՒ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ 50 ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԸ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսաւ «Շնորհալի» երգչախումբի յոբելեանականին նուիրուած «50 Տարի Երաժշտութիւն Եւ Ինքնութիւն» խորագիրով յուշամատեանը։ Յուշամատեանը համապարփակ ներկայացումն է երգչախումբին երկարամեայ գործունէութեան, որուն ամբողջացման համար խմբագրակազմը դիմած է Կաթողիկոսարանի «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթին, ինչպէս նաեւ անհատներու ու նախկին անդամներու վկայութեան։ Յառաջաբանէն ետք հատորը կը բացուի Կաթողիկոսարանի երգչախումբի հիմնադիր հայրապետ երջանկայիշատակ Տ.Տ.…

Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ հոգեւոր տէր

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ

Երեքշաբթի, 20 Օգոստոս 2024-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ, որուն կ՚ընկերանար օգնական եպիսկոպոս Լիբանանի հայ կաթողիկէ համայնքին Գերապայծառ Տ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահ։ Հանդիպման Հայրապետին կողքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Կաթողիկոսարանի “Կիլիկիա” մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ.…

Սուրբ Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օր

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՏԱՂԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՅՐ

Ուրբաթ, 16 Օգոստոս 2024-ի իրիկունը, աւանդութիւն դարձած սովորութեան համաձայն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Սուրբ Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան առիթով պատրաստութեան ընթացքի մէջ եղող մատաղի պատրաստութեան վայրը։ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Ս. Աստուածածին Վանքի պատասխանատու հայր սուրբին, Դպրեվանքի տեսչութեան ու աշակերտութեան, Մայրավանքի տիկնաց յանձնախումբին եւ մատաղի պատրաստութեան լծուած կամաւորներուն կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց բոլոին նուիրական աշխատանքն ու…

ԱՂՕՐՀՆԷՔ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով նաեւ կը նշենք Սուրբ Աստուածածին Վանքի ուխտի օրը։ Այս առիթով, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը, ամբողջ շաբթուան ընթացքին, կը կազմակերպէ հոգեւոր լսարաններ, որոնց ընթացքին կը կատարուին հոգեւոր խորհրդածութիւններ, աղօթասացութիւններ եւ սաղմոսասացութիւններ։ Այս հոգեւոր խորհրդածութիւնները ուխտաւորներուն առիթ կ՚ընծայեն ա՛լ աւելի խորանալու Աստուածամօր կեանքին ու առաքելութեան պատգամին։ Առ…

Պիքֆայա, Սուրբ Աստուածածին Վանք, Վեհարան, Անթիլիաս, Մայրավանք

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅԱԶԳԻ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐ

Անցնող օրերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Գոլոմպիայի մօտ Լիբանանի դեսպան Արա Խաչատուրեանը եւ Քաթարի մօտ Լիբանանի հիւպատոս Շանթ Վարդանեանը: Ողջունելով անոնց այցելութիւնը՝ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց որպէս դիւանագէտներ անոնց բերած ծառայութիւնը Լիբանանին: Ան յիշեցուց, որ Լիբանանի գլխաւոր համայնքներէն մէկն է հայ համայնքը՝ իր պարտաւորութիւններով ու իրաւունքներով: Ուրախութեամբ հարկ է հաստատել , որ մեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց կարգ մը թեմերու առաջնորդ սրբազան հայրերը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹԵՄԱԿԱԼ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ

Անցնող քանի մը օրերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կարգ մը թեմերու նորընտիր առաջնորդները.- Կիպրոսի Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան եւ Յունաստանի Հայոց Թեմի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԷՍԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Մաշտոցեան Մատենադարանի նախաձեռնած Հայագիտական Միջազգային Քոնկրէսին, որուն բացումը կատարուեցաւ Ուրբաթ, 19 Յուլիս 2024-ի առաւօտուն: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան ներկայ գտնուեցան պաշտօնական բացման: Այս միջոցին կազմակերպուած «Գրատօն» հայագիտական գիրքի ցուցահանդէս-տօնավաճառին, ուր ներկայացուեցան Հայաստանի եւ Սփիւռքի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԻՐՈՎ ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆԸ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ

Կ՚ուզենք յայտնել մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, յատկապէս Կիպրոսի հայութեան, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը, Հայրապետական գիրով, Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեանը նշանակեց Կիպրոսի Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ: Սրբազան հայրը շուտով պիտի ստանձնէ իր նոր առաքելութիւնը: Կոմիտաս սրբազան անցնող տասնամեակներու ընթացքին վանական ու թեմական զանազան պաշտօններ վարած է Սուրիոյ, Յունաստանի եւ Վենըզուելայի մէջ: Դպրեվանքը աւարտելէ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՁԵՌԱԳՐԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ՆԻՍՏԻՆ

Չորեքշաբթի, 17 Յուլիս 2024-ին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան իր մասնակցութիւնը բերաւ հայ հոգեւոր ձեռագրական կեդրոններու հիմնադիր առաջին նիստին, ուր Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւններն ու ողջոյնները փոխանցեց եւ զեկուցեց Կաթողիկոսութեան ձեռագրական ժառանգութեան մասին։ Ժողովը քննարկեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 12 Յուլիս 2024-ին, Լիբանանի Գարակէօզեան Հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան եւ Ռաքէլ Քէչէճեան ու Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեան այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու համար անոր հայրական օրհնութիւնը։ Անոնք Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեցին Գարակէօզեան հաստատութեան աշխատանքներուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներու մասին: Հանդիպումը առիթ եղաւ նաեւ անդրադառնալու մեր ժողովուրդին դիմագրաւած բժշկական, ընկերային եւ մտային առողջութեան վերաբերող խնդիրներն ու մարտահրաւէրները։…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ 2023-2024 ՀՈՒՆՁՔԻՆ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄԸ

Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի 2023-2024 կրթական տարուան վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 9 Յուլիս 2024-ի յետմիջօրէին, Դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» սրահին մէջ, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Հանդիսութեան ներկայ էին միաբան հայրեր, բաժանմունքի յանձնախումբի անդամներ, Կեդրոնի ուսուցիչներ, ուսանողներ եւ շրջանաւարտներու ընտանիքներ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կեդրոնի տեսուչ Ահարոն Շխրտըմեան։ Ան դիտել տուաւ, որ յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԻՐԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԱՍՈՒՏ ՓԵԶԵՇՔԵԱՆԸ

Երկուշաբթի, 8 Յուլիս 2024-ին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանին ուղղած իր յատուկ նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, թեմերուն եւ յատկապէս Իրանի հայութեան, ջերմօրէն շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը՝ որպէս նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան:   Իր նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով հայ եւ պարսիկ ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Իրանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Շաբաթ, 6 Յուլիս 2024-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայրենիքին ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ ընդհանրապէս հայ կեանքը յուզող խնդիրներուն եւ տարածաշրջանը դիմագրաւող տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ռ.Ա.Կ.Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 5 Յուլիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Լիբանանի վարիչ մարմինի պատուիրակութեան այցելութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առնչուող հարցեր եւ մասնաւորաբար Լիբանանի այժմու կացութեան վերաբերող զարգացումներ:

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՏՊԱՐԱՆԷՆ ԼՈՅՍ ԿԸ ՏԵՍՆԵՆ ԱՐՄԵՆԱԿ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆԻ «ԴԺՈԽՔԷՆ ԴՐԱԽՏ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԵՒ ՀՍԿՈՒՄԻ ԺԱՄԱԳԻՐՔԻՆ Ե. ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

«ԴԺՈԽՔԷՆ ԴՐԱԽՏ» Հայոց ցեղասպանութեան եւ կամաւորական բանակի վերաբերեալ Արմենակ Անդրանիկեանի յուշագրութիւնը՝ «Դժոխքէն դրախտ» վերնագրեալ, լոյս կը տեսնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տպարանէն։ Հատորին խմբագիրն է Վազգէն Ղուկասեան։   Խմբագրական նշումներուն մէջ Ղուկասեան կը գրէ, որ գիրքը պատումն է Անդրանիկեանի կեանքի առաջին երեք տասնամեակներուն (1893-1920) եւ կարեւոր վկայութիւն է նախքան ցեղասպանութիւնը Կարնոյ Քղի գաւառի աւելի քան…

«ՀԱՍԿ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔ»Ը ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՏՊԱՐԱՆԷՆ

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսսաւ «Հասկ հայագիտական տարեգիրք»ի ԺԳ. տարուան թիւը՝ ձօնուած Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850-ամեակին։ Հատորին խմբագիրն է «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։   Հրատարակութիւնը իրականացաւ մեկենասութեամբ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ ընտանիքին՝ ի յիշատակ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի։   Արամ Ա.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 1 Յուլիս 2024-ի երեկոյեան, Յունաստանի Հայոց Թեմի Երեսփոխանական Ժողովը արտակարգ նիստ գումարեց՝ օրակարգ ունենալով նոր առաջնորդի ընտրութիւն։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պաշտօնական նամակը, ուղղուած ժողովին, ընթերցուելէ ետք, ժողովին ներկայացուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ղրկուած ընտրելիներու ցանկը՝ բաղկացած երեք միաբան հայրերէ։ Ապա կայացաւ առաջնորդի ընտրութիւն եւ ձայներու մեծամասնութեամբ Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդ ընտրուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒՀԻՆ

Շաբաթ, 29 Յունիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քրիստոսի Միացեալ Եկեղեցւոյ նախագահուհի դոկտ. Քարէն Թոմփսընի, ընկերակցութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Մ.) եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեանին: Նախագահուհին Լիբանան այցելած էր ներկայ գտնուելու Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Մ. 100 ամեակի հանդիսաւոր պաշտամունքին եւ 77-րդ Համաժողովին։…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երեքշաբթի, 2 Յուլիս 2024-ին, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Հայաստան կատարած իր այցելութենէն ետք, հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայաստանը, Սփիւռքը եւ Լիբանանը յուզող շարք մը խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու:

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 29 ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կիրակի, 30 Յունիս 2024-ին, Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք (Գոհաբանական Աղօթք)՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր Ս. Աթոռի արժանընտիր գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 29-րդ տարեդարձին առիթով։ Միաբան հայրեր Ս. Խորան բարձրացան եւ գոհաբանական աղօթքներով, շարականի երգեցողութեամբ եւ…

«ԽՍՏԱՊԱՀԱՆՋՈՒԹԻՒՆԸ, ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՄՔԸ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ ՄԵՐ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՐԱԳՐԻՆ ՈՒ ԿԵԱՆՔԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այսպէս բնորոշեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան նկարագիրը, կեանքը ու կոչումը, եպիսկոպոսաց դասուն եւ ապա վանաբնակ միաբանութեան հետ յաջորդաբար իր ունեցած հանդիպումներու ընթացքին: «Մենք անհատ միաբաններ չենք, այլ Միաբանութիւն ենք՝ հաւաքական մէ՛կ անձնաւորութիւն: Այս գիտակցութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կոչուած ենք մտածելու ու գործելու, ծառայելու ու կազմակերպելու մեր անհատական ու հաւաքական կեանքը,…

«ADANA PROJECT»Ը ՍՏԱՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 26 Յունիս 2024-ի առաւօտեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայաստանէն ժամանած «Adana Project» խումբը։ Խումբը Լիբանան կը գտնուի, յառաջիկայ օրերու ընթացքին, լիբանանահայ արուեստասէր հանրութեան առջեւ համերգով հանդէս գալու համար։ Խումբի անդամները Վեհափառ Հայրապետին հակիրճ կերպով ներկայացուցին խումբի կազմութեան հոլովոյթը, նպատակը եւ ազգային ու մշակութային առաքելութիւնը։ Արամ Ա.…

ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

«ՓՈԹՈՐԻԿԻ ՄԷՋ ՄՆԱՑԱԾ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆԱՒԸ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ ՆԱՒԱՊԵՏԻ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Այսպէս արտայայտուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Երեքշաբթի, 25 Յունիս 2024-ին, մարոնիթ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքերքէի մէջ կայացած Լիբանանի քրիստոնեայ ու իսլամ հոգեւոր պետերու հաւաքին։ Մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ Ռայի պատրիարքին հրաւէրով տեղի ունեցած յիշեալ հաւաքի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Ռայի պատրիարք, քարտինալ Փարոլին, Արամ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ.Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երկուշաբթի, 24 Յունիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հ.Յ.Դ.ի Հայաստանի գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ.ի Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ու Կեդրոնական Կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայաստանի ներքին կացութեան եւ վերջին շրջանին տեղի ունեցող զարգացումներուն:

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԵԶՐԱՓԱԿԷ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԼՍԱՐԱՆԻ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը, իր բազմաճիւղ գործունէութեան ծիրէն ներս, միշտ յատուկ կարեւորութիւն տուած է հոգեւոր լսարաններու։ Այս ուղղութեամբ, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիլիկեան Ուխտի միաբան հայրեր շաբաթական դրութեամբ Մայրավանքէն ներս կը կատարեն աստուածաշնչական սերտողութիւններ ու հոգեւոր դասախօսութիւններ։ Անցնող իննը ամիսներու ընթացքին, ամէն Երեքշաբթի առաւօտ, Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 18 Յունիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մուճթապի Ամանին, ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական պատասխանատուներուն: Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը եւ այս ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում: Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով Արցախի հարցին՝ շեշտեց արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը, միջազգային հովանաւորութեան ներքեւ, եւ յիշեց Ազրպէյճանի մօտ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՆԿԱԽ ՔԱՂԱՔԱԳԷՏՆԵՐ» ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց «Քրիստոնեայ Անկախ Քաղաքագէտներ» խմբակցութիւնը: Այցելութեան նպատակն էր քննել Լիբանանը յուզող հիմնական հարցերը, ինչպէս նաեւ տեղեակ դառնալ մի քանի օրեր առաջ Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան կատարած այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն:

ԵՐԵՔ ԴՊՐԵՎԱՆԵՑԻՆԵՐ ՄԻԱՑԱՆ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ԴԱՍՈՒՆ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, երեք դպրեվանեցիներ՝ Մինաս կիս. Ճանսըզեան, Յովհաննէս կիս. Պայտունեան եւ Գէորգ կիս. Եագուպեան, ձեռնադրութեամբ ստացան հայ եկեղեցւոյ երեք նուիրապետական աստիճաններէն առաջինը՝ սարկաւագական կարգ։ Ձեռնադրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Կիրակի, 9…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Շաբաթ, 8 Յունիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի։ Հանդիպման առանցքը Հայաստանի մէջ եւ տարածաշրջանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներն էին։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Ս.Դ.Հ. ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՏՈՔԹ. ՀԱՄԲԻԿ ՍԱՐԱՖԵԱՆԻ

Ուրբաթ, 7 Յունիս 2024-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան, ընկերակցութեամբ նոյն կուսակցութեան Լիբանանի վարիչ մամինի անդամներուն։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները։ Շեշտուեցաւ Հայաստանը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն դիմաց մեր ազգի ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը։

ԴՊՐԵՎԱՆԵՑԻ 9 ՍԱՆԵՐ ԿԸ ՄԻԱՆԱՆ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴՊԻՐՆԵՐՈՒ ՈՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԵՐՈՒՆ

Կիրակի, 2 Յունիս 2024-ին, հայ եկեղեցին նշեց Կաթուղիկէ Ս. Էջմիածնի տօնը։ Արդարեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին, ձեռամբ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի տեսչական կազմէն Հոգշ. Տ.…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆՈՒՀԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Չորեքշաբթի, 29 Մայիս 2024-ին, շուրջ մէկ ժամ հանդիպում կայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Լիբանանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանուհի Լիզա Ճոնսընի միջեւ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան յատկապէս Լիբանանի հետ կապուած շարք մը հարցեր՝ մասնաւորաբար Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն, ընկերատնտեսական տագնապի յաղթահարում եւ ընդհանուր բարեկարգում: Այս հարցերուն գծով Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց իր…

«ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՉԻ՛ ԿՐՆԱՐ ԱՆՏԱՐԲԵՐ ՄՆԱԼ Ի ՏԵՍ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՔԱՆԴՈՒՄԻՆ» — Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

«Քիչ առաջ իմացանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Սարդարապատ մուտքի ժամանակ ոստիկաններուն կողմէ եղած խոչընդոտին մասին։ Խստօրէն կը դատապարտենք այս մեծապէս ամօթալի երեւոյթը, որ խոտոր կը համեմատի մեր ազգի վարքագիծին եւ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներուն։ Ո՞ւր կ՚երթայ Հայաստանը՝ մեր սիրելի Հայրենիքը, որուն անկախութեան ու յաւերժութեան ի խնդիր դարեր շարունակ մեր սուրբերը աղօթեցին, մեր նախահայրերը…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մօտէն կը հետեւի Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ այս գծով Վեհափառ Հայրապետները մնայուն կապի մէջ են իրարու հետ։ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Մայիս 28-ի պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց Հայաստանի անկախութիւնը, հողային ամբողջականութեամբ ու անվտանգութեամբ, ամուր պահելու հրամայականը, որպէս գերագոյն արժէք մեր ողջ ազգին համար։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց մեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ

Ուրբաթ, 24 Մայիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.) Լիբանանի վարիչ մարմինին ներկայացուցիչները: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ընդհանրապէս Հայաստանէն ներս տիրող վերջին զարգացումներուն եւ մասնաւորաբար Լիբանանի այժմու կացութեան, ինչպէս նաեւ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ միջ-կուսակցական գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը՝ մեր գաղութները յուզող հարցերուն շուրջ:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 20 Մայիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդին՝ Այաթուլլահ Ալի Խամինիին յղած նամակով, իր խոր ցաւակցութիւնը յայտնեց ժամեր առաջ ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով իրենց կեանքը կորսնցուցած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Ալ-Սայէտ Իպրահիմ Ռայիսիի, արտաքին գործոց նախարարին, Արեւելեան Ատրպատականի կառավարիչին եւ անոնց ուղեկցող պետական անձնաւորութիւններու մահուան առիթով: Նորին Ս. Օծութիւնը նաեւ…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ԱՆԻ ՊԷԶԻՔԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 19 Մայիս 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հանգուցեալ ազգային բարերար Անի Պէզիքեանի մահուան քառասունքին առիթով։ Արարողութեան ներկայ էին հանգուցեալին ամուսինը՝ Ալեքքոն, եւ զաւակները՝ Արամն ու Զարեհը, Իտալիայէն ու Զուիցերիայէն ժամանած։ Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Կաթողիկոսարանի սեղանատան մէջ, հանգուցեալի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՍ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐԸ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՅԱՏՈՒԿ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ ԵՒ ԳԱՒԱԶԱՆ ԿՐԵԼՈՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՑԱՆ

Օրհնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիլիկիան միաբանութեան չորս աբեղաները՝ Հոգշ. Տ. Եզեկիէլ Աբղ. Սելլումեան, Հոգշ. Տ. Եսայի Աբղ. Էօրտէքեան, Հոգշ. Տ. Եզրաս Աբղ. Թէնէքէճեան եւ Հոգշ. Տ. Եղիա Աբղ. Մալխասեան, ներկայացուցին Վարդապետութեան աստիճանի թեկնածութեան իրենց աւարտաճառերը եւ յընթացս կիրակնօրեայ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, յատուկ արարողութեամբ, ստացան նշեալ աստիճանները։ Աւարտաճառի ներկայացում եւ պաշտպանութիւն…

ԱՐԱՄ Ա․, ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ․ ԵՒ ԱՖՐԱՄ Բ․ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 10 Մայիս 2024-ին, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ․ Ղպտի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետը եւ Նորին Սրբութիւն Աֆրամ Բ․ Ասորի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետը միօրեայ հանդիպում մը ունեցան Ղպտի Եկեղեցւոյ Պատրիարքարանին մէջ, Գահիրէ, Եգիպտոս։ Յիշեալ հանդիպումը մաս կը կազմէ երեք հոգեւոր պետերու միջեւ երկու տարին անգամ մը տեղի ունեցող աշխատանքային հանդիպումներու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԾՈՒԻԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆԸ

Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. պատգամաւոր եւ «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպչական ներկայացուցիչ Ալպէր Պալապանեանի։ Հանդիպման նպատակը եւ քննարկումներուն առանցքը Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներն էին եւ յատկապէս Երեւանի…

ԵՐԿՈՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Երեքշաբթի, 7 Մայիս 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կապ հաստատելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ՝ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց նոյն օրը Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան գծով՝ Հայաստանէն ներս ստեղծուած կացութեան առնչուած։ Վեհափառ Հայրապետները տեսակէտներու փոխանակում ունեցան Հայաստանը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն շուրջ, մասնաւորաբար Տաւուշի մարզէն ներս ստեղծուած կացութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 6 Մայիս 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակութեան Լիբանանի վարիչ մարմնի ատենապետ՝ Վանիկ Տագէսեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Բագրատունի, եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ տոքթ. Աւետիս Տագէսեան։   Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց միջ-կուսակցական գործակցութիւնը եւ կարեւորութեամբ շեշտեց զայն աւելի ծաւալելու հրամայականը։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՊԷՍ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը իր 51-րդ նիստին ընթացքին Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան ընտրեց որպէս թեմակալ առաջնորդ։ Այս առիթով ժողովի դիւանը պաշտօնական նամակով մը ընտրութեան արդիւնքները փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ խնդրեց անոր վաւերացումը։ Նորին Սրբութիւնը Հայրապետական պաշտօնագրով մը իր օրհնութիւնը տուաւ ժողովական անդամներուն եւ վաւերացուց Սրբազանին ընտրութիւնը։ Գեղամ սրբազան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը: Վարչութեան անդամները Հայրապետին ներկայացուցին Միութեան աշխատանքային յառաջիկայ ծրագիրները, յատկապէս Մայիս ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք Մայիսեան Փառատօնին առնչուած: Այս ուղղութեամբ շրջանային վարչութեան անդամները խնդրեցին Նորին Սրբութեան բարձր հովանաւորութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ եւ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ ՎԵՐԱՇԵՇՏԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՈՒՐ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Երեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին անոնք խորհրդակցեցան Հայաստանը յուզող ներկայ խնդիրներուն ու տագնապներուն շուրջ:   Վեհափառ Հայրապետները վերաշեշտեցին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը ու անվտանգութիւնը ամուր պահելու հրամայականը եւ այս ուղղութեամբ հայ եկեղեցւոյ անխախտ յանձնառութիւնը:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Հայաստանի եւ Յունաստանի դեսպանները: Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ Նորին Սրբութեան զրոյցը կեդրոնացաւ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ Ապրիլ 24-ի նշումին վրայ՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ: Յունաստանի դեսպանուհի Տեսփինա Քուքուլոփուլուն եկած էր իր զօրակցութիւնը յայտնելու հայ ժողովուրդին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով: Ան յայտնեց, որ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը եւ Նորին Սրբութիւնը Ֆրանսիս Պապին կողմէ նամակ մը յանձնեց Հայրապետին։   Վեհափառ Հայրապետին եւ պապական նուիրակին խօսակցութեան առանցքը դարձաւ ընդհանրապէս Լիբանանի կացութիւնը եւ յատկապէս նախագահական ընտրութիւնը։

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՈՒՐԲԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԾԱՂԿԵՊՍԱԿՆԵՐՈՒ ԶԵՏԵՂՈՒՄ

Այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը կը նշենք ա՛լ աւելի ծանր մարտահրաւէրներու ներքոյ, սակայն առանց կորսնցելու փրկութեան մեր հաւատքը ու արդարութեան տիրանալու մեր պայքարի ոգին։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ի սկզբանէ ըլլալով ճակատագրակից իր ժողովուրդին, նաե՛ւ պայքարակից է անոր դատին։ Առ այդ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ի առաւօտուն, Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ…

«ԱՊՐԻԼ 24-Ը ՍՈՍԿ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԻ ՕՐ ՉԷ, ԱՅԼ ՄԵՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ԿԱՄՔԸ ԱՌԱՒԵԼ ԱՄՐԱՑՆԵԼՈՒ ԿՈՉ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի մէջ, Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչման առիթով։ Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին մեծ թիւով հայորդիներ եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ։…

«ԱՐՑԱԽԸ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ԱՆՑԵԱԼ ՉԷ ԵՒ ԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Կիրակի, 21 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական պագամ յղեց հաւատացեալ ժողովուրդին՝ հիմնականօրէն անդրադառնալով արցախահայութեան տագնապին գծով լուծումներ որոնելու եւ արցախահայութեան տուն վերադառնալու իրաւունքը հաստատելու պայքարին մէջ հայ եկեղեցւոյ առած քայլերուն։ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագին, հաւատացեալներու…

ԱՐՑԱԽԻ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 20 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գրասենեակին մէջ հանդիպում մը կայացաւ Արցախի առնչուած եւ յատկապէս Արցախի հայութեան վերադարձի ու քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցերուն գծով: Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր եւ առաջին նախագահ դատախազ դոկտ. Լուիս Մորենօ Օքամփօ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան եւ…

ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԴԱՏԱԽԱԶ ԴՈԿՏ. ԼՈՒԻՍ ՄՈՐԵՆՕ ՕՔԱՄՓՕ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ, Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր ու առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մորենօ Օքամփօ դասախօսեց լիբանանահայ կազմակերպութիւններու, կրթական ու ընկերային միութիւններու, կուսակցական եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներուն ներկայութեան։ Դասախօսուոթեան նիւթն էր «Ցեղասպանութեան հռչակագրի հռչակումէն 75 տարի ետք, ինչո՞ւ աշխարհը կը ձախողի հռչակագրի հրամայականներուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՐԷԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԴՈԿՏ. ԼՈՒԻՍ ՄՈՐԵՆՕ ՕՔԱՄՓՈՅԻ

Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր եւ անոր առաջին դատախազ (2003-2012) Դոկտ. Լուիս Մորենօ Օքամփօ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ լայնօրէն անդրադառնալու Ազրպէյճան-Արցախ-Հայաստան վերջին տարիներու յարաբերութեանց, Արցախի դէմ Ազրպէյճանի 44-օրեայ պատերազմին, Արցախի շրջափակումին եւ անոր հետեւած Արցախի ժողովուրդի բռնագաղթին եւ Արցախի հայութեան դատը միջազգային օրէնքի լոյսին տակ Միջազգային Քրէական…

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ԿԱՐԵՒՈՐ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

— Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, «Թռչնոց Բոյն»ի հաստատման 100-ամեակին նուիրուած, «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Հայ Որբերը» հատորին շնորհահանդէսը եւ քննարկում տեղի պիտի ունենայ «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ, Ճըպէյլ — Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, պիտի դասախօսէ Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր եւ առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մորենօ Օքամփօ: Նիւթ՝ «Ցեղասպանութեան հռչակագրի հռչակումէն 75…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Վերջին օրերուն, Վեհափառ Հայրապետին այցելած պաշտօնական հիւրերու կարգին յիշենք հետեւեալները.- — Քանի մը օրեր առաջ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը, որուն հետ քննարկեց Հայաստանին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը։ — Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութեան փոխ նախագահուհի դոկտ. Մաթին Նաժըմ Քթայլին, եւ քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԻՇԽԱՆԻ ԿԱՐԳ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԲԱՐԵՐԱՐ ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆԸ

Ընդառաջելով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի խնդրանքին եւ ի գնահատութիւն երկար տարիներու ազգանուէր ու եկեղեցանուէր գործունէութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Իշխանի Կարգ»ի շքանշանով պարգեւատրեց բարերար Երջօ Սամուէլեանը։ Այս առիթով հրապարակուած Հայրապետական սրբատառ կոնդակին մէջ Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ կերպով բնութագրած է եկեղեցական ու ազգային բնագաւառին մէջ բարերար…