ՅՈՒՇ ԵՐԵԿՈՅ՝ ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ

Երբ պահը հասնի եւ մահկանացուներուս՝ այս կեանքին հրաժեշտ տալու ժամանակը գայ, որքան ալ մեզի համար վաղ կամ անագան թուի այդ, հոս մնացողներս մեր հոգիներուն ու սրտերուն մէջ կը կրենք մեկնողին ֆիզիքական բացակայութեան եւ ոգեղէն ներկայութեան յառաջացուցած զգացումներուն դրոշմը։ Իսկ երբ մահացողը մեր ազգային կեանքին մէջ իր կնիքը ձգած ըլլայ, այդ մեզ կը դնէ թէ՛ իր կորուստը սգալու եւ թէ՛ իր արժանաւոր ձեռքբերումները նշելու յանձնառութեան դիմաց։

 

Կաթողիկոսարանի, ե՛ւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, շրջանակին մտաւորական եւ մտերիմ բարեկամը, Ժիրայր Դանիէլեանը, մենք կորսնցուցինք Օգոստոս 2020 թուականին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած իր աչքերուն կորուստով եւ աւելի ուշ՝ Նոյեմբեր 2022-ին, առյաւէտ։ Ասով հանդերձ, Դանիէլեան տեւական ներկայութիւն մնաց, ու կը մնայ ցայսօր, Կաթողիկոսարանի մտաւորական առաքելութեան մէջ իր ունեցած վաստակին շնորհիւ։ Անոր կեանքին ու վաստակին նշումը կատարուեցաւ 27 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, նախագահութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

 

«Յուշ Երեկոյ Ժիրայր Դանիէլեանի» վերնագիրով հանդիսութիւնը առիթ եղաւ նաեւ իրեն նուիրուած «Անկրկնելի Ժիրայր Դանիէլեանը» խորագրեալ հատորին շնորհահանդէսի կայացումին։ Ձեռնարկին խօսք առին փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, որ նաեւ հատորին խմբագիրն է, դոկտ. Երուանդ Քասունի եւ Կարօ Յովհաննէսեան։

 

Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան։ Ան յայտնեց, որ Վեհափառ Հայրապետը աւելի կանուխ պիտի նշէր Ժ. Դանիէլեանի նուիրուած յուշ երեկոն, սակայն պայմաններու պարտադրանքով յետաձգուեցաւ։ Տէտէեան ընթերցեց Դանիէլեանի մահուան առիթով իր առցանց հրապարակած սրտի խօսքը, ուր վեր առաւ Ժիրայր անկեղծ բարեկամը, գրչի ու մտքի ընկերակիցն ու գործակիցը, ազգային, կրթական ու հասարակական կեանքին մէջ մնայուն ներկայութիւն ունեցող մտաւորականը։ Ան խօսեցաւ Դանիէլեանի անկոտրում կամքին մասին՝ գէթ ազդուած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն, ու հաստատեց, որ Դանիէլեանին ձգած վաստակն ու արժանիքները, թեթեւ ու սրամտութեամբ լեցուն կատակներուն կողքին, պիտի շարունակուին յիշուիլ։

 

Ապա բեմ բարձրացաւ գրականագէտ փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեանը։ Ան առաջին հերթին պատիւ համարեց մեծատաղանդ, ժամանակակից, ընտիր բանասէր, մատենագէտ, պատմաբան ու խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեանի մասին խօսիլը։ Դիտել տալով բանասիրութեան բարդ ասպարէզ ըլլալը՝ ան վկայեց, որ Ժ. Դանիէլեան տիրապետած էր բանասիրութեան երեք հիմնական բաժիններուն՝ գրականութեան պատմութեան, տեսութեան եւ քննադատութեան, եւ հմուտ էր անոր ամէնէն դժուար բաժնին՝ մատենագիտութեան։ Դանիէլեան իր գործին բացառիկ գիտակ մըն էր, եւ անոր իւրաքանչիւր գործը արժանի է գիտական աստիճանի։ Փրոֆ. Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ Դանիէլեանին գրութիւնները խիտ են եւ բովանդակալից, իսկ ուսումնասիրութիւնները լոկ որոնումներ չեն, այլ՝ յայտնաբերութիւններ։ Աւելի՛ն, Դանիէլեան ըմբռնած էր բանասիրութեան իւրայատուկ լեզուն եւ հասկացութիւնները եւ գիտական, բանասիրական շարադրանքի լեզուով կ՚արտադրէր իր գործը՝ բան մը, որ եզակի էր Սփիւռքի մէջ։ Փրոֆ.ը ցաւ յայտնեց Դանիէլեանի տեղը թափուր մնալուն համար, սակայն համոզում արտայայտեց, որ անոր մասին ուսումնասիրութիւններ պիտի կատարուին, որովհետեւ ան այն հեղինակն է, որ գիտական հարուստ ժառանգութիւն ձգեց։ Այս գծով, բանախօսը յատկապէս նշեց կարեւորութիւնը «Մատենագիտութիւն Ընդդէմ Ցանկագրութեան» մատենագիտական ճշդումներու այն վիթխարի աշխատանքին, որ եթէ Ժիրայր Դանիէլեան չաշխատասիրէր, ոչ ոք պիտի կարենար կատարել այդ գործը։

 

Այնուամենայնիւ, 4 Օգոստոսի պայթումը շատ բան փոխեց Ժիրայրին կեանքին մէջ։ Ան կորսնցուցած էր իր տեսողութիւնը եւ փոխադրուած՝ Պոսթըն։ Հեռաձայնին մէջէն արձագանգող ձայնին դողդողումը արդէն կը մատնէր անոր հոգեվիճակը, որ վայրէջքի մէջ էր, պատմեց փրոֆ. Տէր Խաչատուրեան։ Անոր 80-րդ տարեդարձին առիթով փրոֆ. Ե. Տէր Խաչատուրեան յօդուած մը հրապարակած էր, որմէ բխեցաւ վաստակաշատ Դանիէլեանի գործը արտացոլացող հատորի մը հրապարակումին գաղափարը։ Բանախօսը յայտնեց, որ Ժ. Դանիէլեան ընդդիմացած էր այդ գործի ձեռնարկումին՝ տարբեր պատճառաբանութիւններ տալով, բայց աւելի ուշ՝ համոզուած։

 

Ներկայացնելով «Անկրկնելի Ժիրայր Դանիէլեանը» հատորը, փրոֆ. Տէր Խաչատուրեան թուեց Ժիրայր Դանիէլեանի ի պատիւ կատարուած պարգեւատրութիւնները՝ 70-ամեակի նշում, Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի կողմէն պատուոյ դոկտորականի տուուչութիւն, Թէքէեան կեդրոնին, Լրագրողներու Միութեան, Ազգային Գրադարանին մէջ թէ այլուր կատարուած պարգեւատրութիւններ, որոնց մասին դժբախտաբար ոչ մէկ թղթակցութիւն պահուած է՝ ի բացառեալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ 2005 թուականին Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանի տուչութեան, որուն Սրբատառ Կոնդակով, բացման խօսքով ու բանախօսութեամբ կը սկսի հատորը՝ «Իր Մեծարումը» վերնագիրով։ Ասոր կը յաջորդէ «Իր Գործը»ն, որ կը բաղկանայ իր գործը ներկայացնող 14 յօդուածներէ։ Գիրքին երրորդ բաժինը կը կրէ «Իր Խօսքը» վերնագիրը ու կ՚ընդգրկէ Յակոբ Վարդիվառեանին ու Պարոյր Աղպաշեանին հետ ունեցած իր ընդարձակ հարցազրոյցները. իսկ վերջինը՝ «Իր Անձը», որ կը ներկայացնէ իր մասին գրուած եօթը յօդուածներ։

 

Փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան խօսքը աւարտեց անդրադառնալով ասուպի երեւոյթի։ Ան ըսաւ, որ թէեւ ասուպ տեսնելով մենք կը մտածենք, որ աստղ մը վար ինկաւ, սակայն խորքին մէջ աստղը կը մնայ ու իր ետեւէն լուսաւոր հետք կը ձգէ։ Նոյնն է պարագան Ժիրայր Դանիէլեանին. ան լուսաւոր մարդ էր, բացառիկ անհատականութեամբ, եւ անոր թողած հետքը իր գործերն են, իսկ յիշատակը լուսաւոր է, ըսաւ ան։

 

Օրուան երկրորդ բանախօսն էր դոկտ. Երուանդ Քասունին, որ խօսեցաւ Ժիրայր Դանիէլեանին հետ 60 տարուան բարեկամութեան մասին։ Ան նշեց, որ Դանիէլեան երիտասարդ տարիքէն ընկերային հասարակական կեցուածք ունեցող մարդ էր՝ անզիջող, բայց՝ ոչ յամառ։ Ան մեծ ներդրում ունեցած էր Հայկազեան համալսարանի հայագիտական գրադարանին կազմաւորման, մանաւանդ գրքահաւաքի աշխատանքին մէջ։ Քասունի պատմեց, որ Ժիրայրն ու ինք յաճախ սեփական գիրքերէ ձերբազատուիլ ուզողներու մօտ կամ Լիբանանի պատերազմի օրերուն փողոցը տարբեր պատճառներով ծախու դրուած հայերէն գիրքեր «ազատագրելու» կ՚երթային. Ժիրայրը իր անոյշ լեզուով եւ զրուցելու բացառիկ տաղանդով կ՚ընկերանար գիրքերուն տէրերուն հետ, որ նաեւ առիթ կ՚ըլլար աւելի յարմար գիներով վերցնելու գիրքերը։ Նշելով գիրքերու ու գրականութեան հանդէպ յատուկ սէր տածող Դանիէլեանին այլ «մոլութիւն»ը, դոկտ. Քասունի ըսաւ, որ ան թունդ ֆուտպոլասէր էր, այնքան մը որ այն ժամերուն, որ իր սիրած Արարատ խումբը խաղար, Խորհրդային Հայաստանի մասին ակնարկելով, ան կը քաշուէր իր տան մէջ այն մէկ անկիւնը, ուր Երեւանի ալիքը կը հասնէր, ու առանց ընդհատումի կը հետեւէր խաղին։ Դանիէլեան մինչեւ իսկ Հայկազեան համալսարանին մէջ կազմակերպած էր զրոյց մը Երեւան Ռատիոյի ֆուտպոլի մեկնաբան Սուրէն Պաղտասարեանի հետ։

 

Դոկտ. Քասունի խօսեցաւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի Դ. հատորին մէջ Դանիէլեանին կատարած լիբանանահայ մամուլին մասին 50 էջնոց ընդարձակ ուսումնասիրութեան մասին՝ նշելով, որ այդ մէկը Ժ. Դանիէլեանին առաջին լուրջ ուսումնասիրութեան յօդուածը ըլլալու էր, որմէ ետք ան բազմաթիւ այլ գործերով պիտի հիմնէր իր համբաւը։ Վկայակոչելով Ժիրայր Դանիէլեան խմբագիրը, դոկտ. Քասունին ըսաւ, որ ան հսկայ աշխատանք տարած է Հայկազեանի Հայագիտական Հանդէսին ծանօթագրութիւններու եւ մէջբերումներու վերանայման ու խմբագրական աշխատանքին մէջ, «Երիտասարդ Հայ» եւ «Շիրակ» պարբերաթերթերուն եւ վերջապէս՝ «Կամար»ին խմբագրութեամբ։ Դոկտ.ը ցաւով անդրադարձաւ 4 Օգոստոսի ահաւոր պայթումի հետեւանքով Դանիէլեանին թափին կասեցման, ու մաղթեց, որ Ժիրայր Դանիէլեանին վաստակը քաջալեր հանդիսանայ այլոց՝ շարունակելու համար մատենագիտական աշխատանքներ։

 

Ձեռնարկին երրորդ բանախօսն էր Կարօ Յովհաննէսեան։ Ան ըսաւ, որ կարելի չէր պատկերացնել այսպէս մտաւորական բնոյթով ձեռնարկ առանց Ժիրայր Դանիէլեանին, որ մեռաւ իր էութեան անբաժան մաս եղող միջավայրէն հեռու։ Եւ թէեւ հեռու էր Լիբանանէն, սակայն լաւատեղեակ էր անոր կեանքի բոլոր ձեռնարկներուն ու գործերուն, իրենց ամբողջական մանրամասնութիւններով։ Յովհաննէսեան ըսաւ, որ սիրելիի մը մահը պարապութիւն կը ստեղծէ սիրեցեալներուն մօտ, եւ այդպէս ալ պարապութիւն մը ձգեց Դանիէլեանի մահը, մանաւանդ, երբ Դանիէլեան մնայուն շարժումի մէջ էր օրուան ընթացքին՝ խմբագրական, հրատարակութեան պատրաստութեան, ուսուցչական, ուսումնասիրական, բանասիրական եւ իր այլ աշխատանքներով։ Յովհաննէսեան պատմեց, որ Պոսթընի մէջ Դանիէլեանին տուած այցելութեան չէր գտած իր եռանդուն բարեկամ Ժիրայրը. հոգեկան բեկումը ու ընկճախտը կլանած էին անոր հոգին՝ որքան ալ փորձէր թաքցնել այդ։ Ժիրայր Դանիէլեանին ի պատիւ մեծարանք մը պիտի կատարուէր Պոսթընի մէջ, բայց ան այլազան պատճառներու բերումով ջնջած էր այդ։ Այնուամենայնիւ ան կ՚ուզէր, որ անպայմանօրէն լոյս տեսնէր իրեն նուիրուած հատորը, որովհետեւ կ՚ուզէր յիշուիլ, ինչպէս ոեւէ հարազատ մտարաւորական կամ իրաւ մարդ, ըսաւ բանախօսը։ Հաշտուած էր իր մարմինին մէջ ամրօրէն բոյն դրած հիւանդութեան հետ եւ գիտէր, թէ վեց ամիսէն մէկ տարուան կեանք ունէր։ Ատով հանդերձ Ժիրայր Դանիէլեան ազնուական մնաց այս յայտնութեան դիմաց, հաստատեց Կ. Յովհաննէսեան։ Խօսելով անձին մասին, բանախօսը յայտնեց, որ յանձնառու մտաւորական էր ան եւ ունէր իր անկախ գաղափարական աշխարհայեացքը՝ հիմնուած ազգի, հայրենիքի եւ մարդկայնութեան հասկացողութեան վրայ։ Կ՚ատէր միջակութիւնները եւ օժտուած էր մտաւորականի բարձր արժէքներով։

 

Յովհաննէսեան շարունակեց, որ Ժիրայր Դանիէլեան պարբերականներ ու գիրքեր խմբագրեց եւ աւելի քան հինգ տասնամեականեր հրատապարակումներ կատարեց։ Տարիներու սահումին հետ զարմանալի յամառութեամբ մը բազմապատկուեցաւ իր եռանդը, որ սակայն, ցաւ ի սիրտ, կանգ առաւ 4 Օգոստոսի չարաղէտ պայթումին պատճառով։ Յովհաննէսեան ընդգծեց, որ Ժիրայր Դանիէլեան իր հոգին աւանդեց 25 Նոյեմբեր 2022-ին, բայց մէկն էր Պէյրութի պայթումի նահատակներէն, որովհետեւ ոչինչ կրցաւ արտադրել այդ աղէտալի թուականէն ետք՝ բացի քանի մը յիշատակներու գրառումէն։

 

Յովհաննէսեան եզրափակեց, որ Ժիրայրներու անդարձ մեկնումը անհրապոյր կը դարձնէ մեր կեանքը՝ մանաւանդ, որ  մեր մտաւորական ընտրանիի ընտիրներէն մէկն էր ան ու տակաւին տալիք ունէր՝ յատկապէս մատենագիտական բանասիրական մարզին մէջ։ Իր մահով հարցը կը դրուի մտաւորական պատրաստելու յոյժ կենսական հարցին, որովհետեւ մեր լաւագոյն տարրերը մէկը միւսին ետեւէն անդարձ կը մեկնին, ու մեր մտաւորական դրամագլուխը հետզհետէ կը պարպուի, ըսաւ ան ու մաղթեց, որ Ժիրայրներու տերեւաթափին յաջորդէ նոր Ժիրայրներու գարունը։

 

Վերջապէս, իր եզրափակիչ Հայրապետական խօսքը փոխանցեց Նորին Ս. Օծութիւնը։ Վկայակոչելով Ժիրայր Դանիէլեանին հետ իր մտերմութիւնը, Հայրապետը ըսաւ, որ զինք ճանչցած է տարբեր ժամանակներու, տարբեր հանգամանքներով եւ տարբեր շրջագիծերէ ներս։ Ան նշեց, որ առաջին անգամ Դանիէլեանին հանդիպած է 1971-ին, Հայրապետին՝ Հայկազեան համալսարան գրաբարի դասաւանդութեան օրերուն, երբ Ժ. Դանիէլեան պատասխանատուն էր Հայկազեանի հայագիտական գրադարանին ու իր փոքր գրասենեակին մէջ ընդունելով այն ժամանակ Արամ աբեղան՝ օգտակար կը հանդիսանար երիտասարդ ուսումնասէրին։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեց, որ այդ ժամանակ խումբ մը երիտասարդներ, ներառեալ Ժիրայր Դանիէլեան, Հայագիտականի ամպիոնի վարիչ Վահէ Օշականի քաջալերանքով, հրատարակեցին «Երիտասարդ Հայ» պարբերաթերթը՝ նպատակ ունենալով հայ երիտասարդին կեանքին մէջ դրական յեղափոխութիւն յառաջացնել, որ սակայն գտնուեցաւ աւանդական կուսակցութիւններու ընդդիմութեան դէմ յանդիման եւ դադրեցաւ հրատարակուելէ։ Հայրապետը շարունակեց, որ Ժիրայր Դանիէլեան ճանչցած էր նաեւ Լիբանանի թեմի իր առաջնորդութեան օրերուն, երբ Դանիէլեան՝ իբրեւ տնօրէն դրական մասնակցութիւն կը բերէր կրթական ծրագիրներուն եւ կրթական մշակներու հետ ժողովներուն։ Եւ վերջապէս, Հայրապետը ճանչցած էր զինք Կաթողիկոսարանէն ներս՝ որպէս Դպրեվանքի ուսուցիչ, Կաթողիկոսարանի Արեւմտահայերէնի պաշտպան աշխատանքներու ներգործող, Հայագիտական կեդրոնի պատասխանատու, հրատարակչական աշխատաքներու մէջ աշխատող՝ յատկանշականօրէն մատենագիտութեան աշխատանքի եւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ յուշամատեաններու շարքերուն։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով, որ Ժիրայրին մասին ինչ որ ըսուեցաւ երեք բանախօսներուն կողմէն արժան է եւ ճիշդ։ Ան բանասէր էր բառին ամբողջական առումով, որ նաեւ, իբրեւ տնօրէն եւ ուսուցիչ, սերունդներ պատրաստեց ու իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ Լիբանանի հայութեան մշակութային կեանքէն ներս։ Նորին Ս. Օծութիւնը ըսաւ, որ Մուշեղ Իշխան իր գիրքերուն մասին բանաստեղծութիւն մը գրած է, ուր կ՚ըսէ՝ «սիրելի գիրքեր, ես պիտի երթամ, դուք պիտի մնաք». Ժիրայրը գնաց, սակայն իր գրած, պահած, հաւաքած, պաշտպանած, սիրած ու սիրահարուած գիրքերը պիտի մնան եւ այդ գիրքերով Ժիրայրը պիտի մնայ։ Յարգա՛նք իր յիշատակին։ Թող Աստուած երկնային օթեւաններուն մէջ ընդունի սիրելի Ժիրայրին հոգին, եզրափակեց Հայրապետը իր խօսքը։