Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ

Սփիւռքին պարզած գոյավիճակն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները նկատի ունենալով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2022 եւ 2023 թուականները յաջորդաբար հռչակած էր «Սփիւռքի Տարի»՝ լուսարձակի տակ բերելու աշխարհացրիւ հայ գաղութներուն մտահոգութիւններն ու տագնապները: Անցնող տարուան ընթացքին շեշտուեցաւ Սփիւռքեան հայ կեանքի ինքնաքննութիւնը։ Իսկ այս տարուան Հայրապետական հռչակագրով Նորին Սրբութիւնը թելադրեց, քննարկումներէ անդին, քննարկել գործադրութեան հեռանկարներուն եւ միջոցներուն կարելիութիւնները՝…