30 March, 2023

«ՓՐՕՃԵՔԴ ՈՒԱԹԱՆ» ԾՐԱԳՐԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը «Փրօճեքդ Ուաթան» ծրագրի Գործադիր վարչութեան: Լիբանանեան քաղաքական այս նոր նախաձեռնութեան մաս կը կազմեն երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ, նախկին արտաքին գործոց նախարար Շարլ Մալեքի զաւակը՝ դոկտ. Հապիպ Մալեք, Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հուսէյն Ալ-Հուսէյնիի զաւակը՝ Հասան Ալ-Հուսէյնի, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Ասաատ Էիտ, հայ կաթողիկէ համայնքի պատասխանատուներէն Անթուան Գալայճեան, փաստաբան մեթր Էտի Խալաֆ եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի դասախօս Թանիա Թապեթ: Նախաձեռնութեան նպատակն է Լիբանանի վերականգնումը՝ զանազան բնագաւառներու առնչուած ծրագիրներու եւ գործընթացքներու իրագործումով:

 

Ներկաները ընդհանուր գիծերով ներկայացուցին իրենց առաջադրած ծրագիրը եւ անոր իրականացման հանգրուանները: Վեհափառ Հայրապետը՝ ողջունելով Լիբանանի գոյակցութեան պահպանումը եւ միասնականութեան ամրապնդումը նպատակադրող որեւէ ծրագիր, շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ըլլալ իրատես եւ առաջնահերթութիւնները ճշդել ներկայ պայմաններու լոյսին տակ: Նորին Ս. Օծութիւնը յիշեցուց, որ երկրին նախագահի ընտրութիւնը եւ ընկերատնտեսական կեանքի վերականգնումը անյետաձգելի հրամայականներ են, որոնց նկատմամբ էական է, որ բոլոր պատասխանատուները առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայեն: