Շաբաթ, 11 Մարտ 2023-ի գիշերը, «Լէոնտիօ» սրահին մէջ, Յունաստանի հայոց թեմին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի: Յայտագրին, Յունաստանի Քոմոթինի եւ Թեսաղոնիկէ շրջաններէն Աթէնք համախմբուած երիտասարդներ, հրամցուցին ազգային երգերէ կտորներ ու ներկայացուցին հայ մշակութային ժառանգութենէն պարեր։
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց «Ազատ Օր» թերթի խմբագրապետ Քերոբ Էքիզեան։ Ան իր խօսքը կեդրոնացուց Վեհափառ Հայրապետին 1996 թուականին Յունաստան կատարած հովուապետական անդրանիկ այցելութեան ընթացքին արտասանած խօսքին վրայ, ուր Նորին Ս. Օծութիւնը կոչ կ՚ուղղէր սփիւռքահայութեան՝ վերակազմակերպելու ու վերկանգնելու հայ գաղութները: Էքիզեան անդրադառնալով Հայրապետին 2022 եւ 2023 թուականները Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներուն նուիրելուն՝ ըսաւ, որ ան իր գահակալութեան առաջին իսկ օրերէն, ուր որ գտնուեցաւ, Անթիլիասի Մայրավանքի սրբազան խորանէն մինչեւ Հայաստանի ամէնէն պաշտօնական բեմերը, ահազանգեց ու խօսեցաւ Սփիւռքի մասին՝ մանաւանդ արտասանելով «Հայրենիքը կը պարպուի, Սփիւռքը կը մաշի» ծանրակշիռ խօսքը, որուն հրատապութիւնը կը շարունակէ յատկանշել հայ կեանքը իր ամբողջութեամբ։ Ան լուսարձակի տակ բերաւ Վեհափառ Հայրապետին միջ-եկեղեցական նպաստը, եւ յառաջիկայ օրերուն Նորին Սրբութեան ունենալիք միջ-եկեղեցական հանդիպուները նկատեց իբրեւ պերճախօս վկայութիւն՝ անոր միջ-եկեղեցական հանգամանքին: Էքիզեան իր խօսքին մէջ նաեւ յիշեց, թէ Վեհափառ Հայրապետը ոչ միայն համազգային ղեկավար դէմք մըն է, այլեւ միջազգային հեղինակութիւն է: Ան իր խօսքի աւարտին յիշեց Յունաստանի հայ գաղութին բերած նպասը հայ կեանքէն ներս։
Ապա, խօսք առաւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան, որուն խօսքին առանցքը կազմեց գաղութը գործօն մասնակցութեամբ վերակազմակերպելու ու վերականգնելու հրամայականը։
Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան խօսք առնելով՝ ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետին 28-ամեայ ծառայութիւնը։ Ան Նորին Ս. Օծութիւնը ներկայացուց իբրեւ հայ կեանքի տիտաններէն մէկը եւ հայ եկեղեցւոյ մեծ հայրապետներուն արժանաւոր յաջորդը։ Ապա, առաջնորդ սրբազանը, յանուն Յունաստանի հայոց թեմին, իբրեւ ախոյեանութեան խորհրդանշան, Հայրապետին նուիրեց ձիթենեաց ոսկեզօծ պսակ։
Արդարեւ, ընդառաջելով Յունաստանի հայոց թեմի փափաքին, Վեհափառ Հայրապետը «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանով պարգեւատրեց Ստեփան Մաթէոսեանն ու Մաննիկ Աշըրեանը եւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով՝ Արա Մանկոյեանն ու Տիրուհի Գալֆայեան-Ղալիլէանը՝ հայ մշակոյթին մէջ ու գաղութի կեանքէն ներս անոնց տարիներու ունեցած ծառայական վաստակին համար: Իր հայրական խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը, վեր առնելով հայ մշակոյթը, անոր բարոյական սկզբունքներն ու ազգային արժէքները, կարեւորութեամբ շեշտեց զանոնք ոչ միայն պահելու, այլեւ ապրելու ու զարգացնելու հրամայականը։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ մշակոյթը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս սովորական երեւոյթ մը չէ: Առանց հայ մշակոյթին՝ հայ ազգը պատմութեան փոթորիկներուն մէջ պիտի կորսուէր: Սակայն մեր մշակոյթին շնորհիւ մնացինք կանգուն դժուարութիւններուն եւ տագնապներուն մէջ՝ նոյնիսկ ջարդերէն ետք: Վեհափառ Հայրապետը, անդրադառնալով հայ արժէքներուն, ըսաւ. «Մշակոյթ, բարոյական սկզբունքներ եւ հոգեւոր արժէքներ, մեզի համար դարձան անբաժանելի մէկ ամբողջութիւն: Հոգեւորը մեր կեանքին մէջ հայացաւ. հայը իր հոգիով ու աւանդութեամբ՝ քրիստոնէական նկարագիր ստացաւ. բարոյականը՝ մեր մշակոյթային ու ազգային տեսլականին, ձգտումներուն, իղձերուն եւ տագնապներուն էութիւնը դարձաւ: Եւ մենք այս արժէքներով մեր ինքնութիւնը կերտեցինք»։ Ան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց ձեռնարկը ճոխացնող յունահայ երիտասարդութիւնը: