ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԱՐՈՆԻԹ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Կիրակի, 19 Մարտ 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Կիպրոսի մարոնիթ համայնքի առաջնորդ Սալիմ Եպիսկոպոս Սֆէյրին։

 

Սֆէյր Եպիսկոպոս պարզեց Կիպրոսի մէջ մարոնիթ համայնքին կացութիւնը ու յատկապէս շեշտեց մարոնիթ եւ հայ եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ ու եղբայրական յարաբերութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, բարձր գնահատանքով ողջունեց Կիպրոսի մէջ մարոնիթ եւ հայ եկեղեցւոյ միջեւ մշակուած սերտ յարաբերութիւնը ու կարեւորութեամբ շեշտեց յիշեալ եկեղեցիներուն միջեւ մշակուած եղբայրական յարաբերութեան ամրապնդումն ու անոր զարգացման անհրաժեշտութիւնը։

 

Ապա, Նորին Ս. Օծութիւնը լայն շրջագծի մէջ խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան գլխաւոր երեսներուն մասին։ Ան անդրադարձաւ Լիբանանի ներկայ ընկերատնտեսական կացութեան եւ հայ համայնքին որդեգրած դրական ու հաւասարակշռուած դերակատարութեան՝ իբրեւ Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը: Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցաւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան նիւթը։

 

Ապա, Հայրապետը փոխադարձ այցելութիւն կատարեց Կիպրոսի մարոնիթ համայնքի առաջնորդարան, իր կողքին ունենալով Կիպրոսի հայոց թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեան, Կիպրոսի թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Սեւակ Կիւրիւնլեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: Մտերմիկ հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը լանջախաչ նուիրեց մարոնիթ առաջնորդին եւ փոխադարձաբար նուէրներ ստացաւ անկէ:

 

Գիշերը, մարոնիթ առաջնորդը ընթրիք սարքեց՝ ի պատիւ Հայրապետին: